Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազեզի Հայերը

Մարտ 2, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽԱՉԱՏՈՒՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Հալէպի քէմփին մէջ վերապրած լճեցիներ. առաջին կարգին մէջտեղը իրարու վրայ երկարած են հայրս՝ Սարգիս Պօղոսեան եւ քեռիս՝ Սարգիս Կիրակոսեան
Հալէպի քէմփին մէջ վերապրած լճեցիներ. առաջին կարգին մէջտեղը իրարու վրայ երկարած են հայրս՝ Սարգիս Պօղոսեան եւ քեռիս՝ Սարգիս Կիրակոսեան

Ժողովրդավարութեան անունով Սուրիոյ իշխանութիւնը տապալելու նպատակով հրահրուած ընդդիմադիր խմորումներուն սկիզբը զարմանքս չէի կրցած զսպել, երբ Արաբական լիկան առկախած էր Սուրիոյ անդամակցութիւնը ու անոր տեղ աթոռներ շնորհած էր Թուրքիոյ, Միացեալ Նահանգներուն, Ֆրանսային ու Սուրիոյ բարեկամ կոչուած, հիմա ցնդած երկիրներուն:

Սուրիոյ ազատ բանակին արձանագրած առաջին յաջողութիւններէն Ազեզի գրաւումն ու Թուրքիոյ սահմանին բացումը դէպի Հալէպ ազատ երթեւեկին թափ տուաւ քաղաքական, եւ զինուորական օժանդակութիւն հասցնելու համար ըմբոստներուն եւ Հալէպը կողոպտելու:

Այն ատեն Ազեզը ուշադրութեանս կիզակէտը չէր, գիտէի, որ թիւրքմեններով բնակուած էր: Ընտանեկան, գաղութային եւ յարակից հոգերուս աւելցաւ Հալէպի համար սրտիս զարկը: Այս պահուն թափառումներուս շարժառիթը Հալէպը չէ, Ազեզն է: Օրին չէի կրցած մանկական յիշատակներս պեղել` երեւան հանելու համար այդ ծրարին մէջ եղածները: Հիմա Ազեզի կորուստը սգալու անհրաժեշտութիւնը կը զգամ եւ յանցաւոր` մինչեւ հիմա ծրարը չբանալուս համար: Ինքնութեանս կազմին մէջ Ազեզի յիշատակներուս պարկը ծանր է:

Ինչո՞ւ այսքան ատեն հոգ չեմ ըրած եւ հիմա կ՛արթննամ թմբիրէս: Քանզի հիմա Ազեզը ծննդավայրիս` Արաբ Բունարէն ետքը, Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանին մղձաւանջը եղած է: Սուրիական բանակն ու քիւրտերը, ռուսական օդային ուժերուն օգնութեամբ, Հալէպէն Թուրքիոյ ճամբան կտրեր-առեր են եւ Ազեզին մօտեցեր, մինչ Թուրքիա կը չափէ-կը ձեւէ Սուրիա ներխուժելու ծրագիրին ունենալիք դրական եւ ժխտական հետեւանքները. այս իմ նիւթէս դուրս է:

Ազեզին սուգի արարման կարիքը իրապէս կը զգամ, որովհետեւ անցեալին Ազեզի մէջ շէն հայութիւն մը կար եւ անոր յիշատակը մոռացութեան տրուելու, ջնջուելու եւ անհետանալու վրայ է. եւ պէտք ունիմ այդ մասին խօսելու եւ սիրտս հանգստացնելու: Չեմ գիտեր, պէ՛տք է: Ցեղասպանութենէն վերապրած լճեցիներուն Հալէպի քեմփին մէջ առնուած խմբանկարին մէջ Ազեզի մեր լճեցի հայրենակիցներէն ոմանց դէմքը կը տեսնեմ, իսկ առաջին շարքի մանուկներուն մէջտեղի իրարու վրայ երկարածները հայրս` Սարգիս Պօղոսեանն ու լուսահոգի քեռիս` Սարգիս Կիրակոսեան են:

Մայրս` Մարին, Ազեզ ծնած մեծցած էր, այնտեղէն հարս գացած էր Արաբ Բունար եւ վեց զաւակներու ծնունդ տուած էր: Անոր համար մանկութեանս ամառները Ազեզի մէջ անցած են: Հիմա Ազեզի հայութեան մասին գրելիքս հիմուած է մանկական աչքերովս տեսածիս եւ զգացածիս վրայ, եւ պատումս մեծ ծնողացս հետ կապուած իրողութեանց վրայ խարսխուած է, ուստի նպատակս Ազեզի հայոց պատմութեան մասին ճշգրիտ տեղեկութիւններ տալ չէ, ես ամառները  հոն գացած եմ ծնունդէս մինչեւ Անթիլիասի դպրեվանք մուտքս` 1947-1961, բայց ըսածներս ճիշդ են:

Ամրան արձակուրդին հայրս Արաբ Բունարէն Հալէպ ու անկէ Ազեզ կը տանէր մեզ` մօրս ծնողացն ու քոյր- եղբայրներուն կարօտին գոհացում տալու համար: Ազեզի հայ շարժավարներէն Մեննանին անունը միտքս մնացած է, անոր ինքնաշարժները արդիական ու արագ էին: Հալէպէն Ազեզ երթալը Արաբ Բունարէն շատ աւելի կարճ եւ դիւրին էր, Եփրատէն նաւով անցնելու հարց չկար: Հալէպի պիստակ, անուշեղէն եւ այլն կը տանէինք իբրեւ նուէր, յարգի էին:

Հալէպէն Մեշհելէի ու Աֆրինի ճամբուն վրայ տեղէ մը դէպի վար, հիւսիս ուղի մը կը բաժնուէր, եւ հինգ-տասը քիլոմեթրէն Ազեզ կ՛ըլլայինք սառը ջուրի աղբիւրին քովէն անցնելէ ետք: Լուսահոգի Հրանդ քեռիս ու ընկեր Սիմոնը հեծիկով պտոյտի կ՛երթային: Երբ նախակրթարանս աւարտեցի, քեռիս իր «Փէօժօ» հեծիկը ինծի նուէր ղրկեց Արաբ Բունար:

Ամրան կիրակիներուն Հալէպի հայերը Աֆրինի ճամբով հանրակառքով ու անձնական ինքնաշարժներով Մեշհելէ կ՛երթային զբօսնելու եւ կերուխումի, ամբողջ օրը երգ ու պարի նուագով կ՛անցընէին, պարտէզներէն հոսող առուակներուն մէջ սեղան կը շտկէին: Մեշհէլէն մօտ էր Ազեզէն: Պայծառ գիշերներուն Քիլիս քաղաքը լոյսերու մէջ կը շողար: Հիմա, հոն, մօտերը ռմբակոծումէն ազատելու համար հազարաւոր ժողովուրդ հաւաքուած կը սպասէ, որ սահմանը բանան:

Ցեղասպանութենէն առաջ Քիլիսը Այնթապի մօտակայքը գտնուող հայահոծ քաղաք մըն էր…: Ազեզի հայութիւնը քիլիսցի, այնթապցի, կիլիկեցի եւ տիգրանակերտցի էր: Թրքախօսներ ալ կային:

Ազեզի հետ հոգեկան կապերս ակամայ խզուեցան 1963-էն ետք, որովհետև նոյն տարին ի Տէր հանգան Թադէոս մեծ հայրս, ու մայրս` Մարին, Հալէպի գերեզմանոցն են ննջեցեալ: Հրանդ մօրեղբայրս ընտանեօք Հալէպ փոխադրուելէն ետք, կապերս բոլորովին կտրուեցան: Քեռիս ՀՄԸՄ-ական վարչական եւ լաւ ֆութպոլիստ էր: Ազեզի ՀՄԸՄ-ի կազմը ամէն տարի Հալէպի զատկական պատմական միջմասնաճիւղային խաղերուն կը մասնակցէր:

Թադէոս մեծ հայրս խաղողի եւ ձիթապտուղի ծառերու այգի ունէր, եւ Հրանդ քեռիիս հետ Հալէպէն բերուած ամերիկեան եւ եւրոպական գործածուած, նորոգուած զգեստ կը վաճառէին:

Հալէպի մէջ Ազեզի խաղողով պատրաստուած ոգելից ըմպելի արտադրողները հայկական երեք հաստատութիւններ էին` Քիւրքճեան, Գէւոնեան եւ Բիւզանդեան: Օղիին հոտը հաճելի էր քիթիս. մութը չկոխած` Արաբ Բունարի մեր հայ եւ քիւրտ յաճախորդները պարապ շիշով կու գային, որպէսզի կալոնէն իրենց օղի լեցնէինք: Կալոնէն լեցուած օղին աւելի աժան էր:

Հայրս ամէն տարի Ազեզէն երկու թիթեղ ձէթ կը բերէր մեծ ծնողացս ու մեզի` պաշա՛ր:

Ազեզի քահանայ հայրերէն կը յիշեմ տեսած ըլլալ տէր Սահակն ու տէր Գարեգինը, եւ ուսուցիչներէն` մայրս քերականագէտ եւ գրագէտ Հաճեանին անունը կու տար: Շամիրամ մօրաքոյրս իր անուշ ձայնովը Սայաթ Նովայի երգերէն կ՛երգէր: «Անուշ» օփերայէն ալ պատկերներ ներկայացուցած էր դպրոցին մէջ եւ գեղեցիկ նկար մը ունէր ջուրի սափորը ուսին… Չորս քոյրերն ալ լաւ կ՛ասեղնագործէին ու կը կարէին:

Մեծ հօրս բակին մէջ տեղի ունեցան Շամիրամ եւ Անահիտ մօրաքոյրներուս հարսանիքի խնճոյքները. Հալէպէն եկան երգիչ Մարտոն ու իր նուագախումբը:

Ազեզէն փախուստ տուող գաղթականներ
Ազեզէն փախուստ տուող գաղթականներ

Ազեզի գաղութէն հայերը շատ կարճ ժամանակի մէջ գացին Հալէպ բնակելու: Ազեզի բնակիչները հայ եւ թուրք էին, քիւրտ ու արաբ ալ կային, բայց շուկան ու սրճարանը հայերէն եւ թրքերէն կը լսուէր: Հայերը քաղաքին կեդրոնական թաղերուն մէջ կը բնակէին, իսկ թուրքերը ո՞ւր կ՛ապրէին, չեմ գիտեր. շուկային ետե՞ւը, թէ՞ բաղնիքէն դէպի Թուրքիոյ սահմանի ճամբուն երկու կողմերու, թէ՞ գիւղերուն մէջ: Ես զիրենք շուկան ու սրճարանը կը տեսնէի:

Մեծ հօրս տունը բլուրին շատ մօտ էր. հայոց եկեղեցին, դպրոցը եւ ՀՄԸՄ-ի ու ՀԵԸ-ի ակումբները քանի մը փողոց վեր, ֆութպոլի դաշտէն առաջ էին: Ազեզը ունէր երկու կեդրոնական ճամբաներ, որոնց մէջտեղն ու կողքին էին բնակելի թաղամասերը. մէկը քաղաքին մուտքի շրջանակին շարունակութիւնն էր եւ թրքական սահմանը կ՛երթար, իսկ միւսը աջ կը դառնար եւ բլուրին մօտէն կ՛երթար կը լմննար շուկայէն առաջ: Ազեզի հայերը հագուստ, կերպաս, կօշիկ, մսեղէն ու կանաչեղէն կը ծախէին եւ արհեստաւոր էին:

Մենք Արաբ Բունարէն, իսկ Անժէլ եւ Շամիրամ մօրաքոյրներս Գամիշլիէն զաւակներով Ազեզ կը հաւաքուէինք, շաբաթավերջերուն ալ Հալէպէն ազգականներ կու գային եւ Մեշհելէ կ՛երթային. Տիրուհի մեծ մայրս եւ Թադէոս մեծ հայրս մեծ սիրով կը դիմաւորէին բոլորը եւ իրենց երկու մեծ սենեակներ, ընդարձակ բակ, խոհանոց-բաղնիք ունեցող տան մէջ կը հիւրասիրէին մեզ: Գիշերները բակն ու տանիքը քով քովի փռուած անկողիններուն մէջ կը քնանայինք…: Կէսօրէ ետքերը մայրս ու մօրաքոյրներս կ՛ուզէին քնացնել մեզ, որպէսզի խելօք մեծնայինք: Տասը- քսան պզտիկ էինք, մենք` վեց, Անժէլ մօրաքրոջս` հինգ, Շամիրամ մօրաքրոջս` հինգ եւ Անահիտ մօրաքոյրս, որ Հալէպ կը բնակէր` եւ երբեմն Ազեզ կու գային: Հրանդ քեռիս ալ տակաւին չէր ամուսնացած: Այդքան մանուկ ինչպէ՞ս չարութիւն պիտի չընէինք. հարկա՛ւ կ՛ընէինք. ու երբ մուէզինին կամ ալլահուաքպարին ձայնը աշխարհ կ՛առնէր, մօրաքոյրներս կ՛ըսէին, թէ մարդը մեծ տոպրակով փողոցէն կ՛անցնի եւ եթէ երեխայի ձայն լսէ, տոպրակին մէջ կը դնէ, կը տանի: Մատլէն զարմուհիս ալլահուաքպէրին ձայնէն լեղապատառ եղած կու լար, իսկ մենք կը պարտէինք անուշիկին ձայնը կտրել… ըսուածին սուտ ըլլալը գիտէինք, բայց` կը վախնայինք անոր ձայնէն, եւ ո՛վ գիտէ` ինչ տեսակ էր…

Ես շատ կ՛ուրախանայի, երբ Գամիշլիէն Յովսէփ, Կարպիս եւ Հրաչ Արապեաններն ու Խաչիկ Մղցեանը գային. համարեա՛ տարեկից էինք, միասին կը պտտէինք, բլուր կը բարձրանայինք, կամ անոր փէշէն` մեծ հօրս խանութն ու շուկան կ՛երթայինք, քաղցրեղէն եւ պայթուցիկ գնելու, տուներուն դռներուն առջեւը պայթեցնելու եւ արագ մը վազելով կծիկը դնելու…

Հոն թրքերէն երգերը ձայնասփիւռէն դուրս կը ցատկէին, ու ես շատ կը նեղուէի, չէի ուզեր, որ հայերս թրքերէն երգ մտիկ ընէինք, մանաւանդ եթէ պատմութիւնը տխուր ըլլար, ցաւալի է` ըսէին եւ մանուկի պէս լալու սկսէին, իրենց վիշտը տակնուվրայ ընէին, ու մենք իրենց վիշտին անծանօթ` լայինք իրենց ցաւին վրան, կ՛ուզէինք գիտնալ, թէ մեր մեծերը ինչո՞ւ միասին կ՛արտասուէին: Ուրախ պարեղանակներուն երբ թաշկինակը շարժելով մէջտեղ ելլէին ու «Հալայ» դառնային, կ՛ուրախանայի անոնց պարը դիտելէն, որովհետեւ այդ ատեն զիրենք ուրախ կը տեսնէի, եւ «Հալայ»-ը ինծի համար թրքերէն չէր, ուրիշ տեսակ բան մըն էր, պարեղանակ էր:

Ազեզի մէջ թրքերէն սորվիլը դիւրին էր ինծի համար, բայց ես կը հակառակէի ու բուռն կերպով կը պայքարէի անոր դէմ եւ մեր մեծերուն հետ կը վիճէի, քանզի թուրքերը այդ լեզուով էին կոտորած հօրենական ու մայրական մեծ ծնողացս ընտանիքները…

Փլատակ Ազեզը
Փլատակ Ազեզը

Հիմա համաշխարհային լրատուական շրջանակներուն տարածած նկարներէն կ՛երեւի, թէ Արաբ Բունարը կործանած է, բայց կ՛ըսեն, թէ վերաշինելու կամք ու ջանք կայ հոն: Հալէպի մէջ ալ շատ փլփլած շէնքեր, եկեղեցիներ, մզկիթներ, պատմական մշակութային մեծարժէք կառոյցներ կան. բերդն ալ վնասուած ու աւերուած է դժբախտաբար: Հարցն այն է, թէ խաղաղութեան հաստատումէն ետք ո՞վ եւ ինչպէ՞ս պիտի վերակառուցնէ զանոնք: Ի՞նչ գանձով պիտի վերաշինեն. ո՞վ, որո՞նք պիտի բանան իրենց քսակները «աւելի լաւերը» կառուցելու համար: Ունեցուածքն ու կորսնցուցած կալուածատէրն ու սեփականատէ՞րը, պետութի՞ւնը, քիւրտե՞րը, չափաւոր եւ սանձարձակ ընդդիմադի՞րները, ՏԱՀԵ՞Շ-ը, Սէուտական Արաբիա՞ն, Քաթա՞րը, Թուրքիա՞ն, Ռուսիա՞ն, Եւրոպա՞ն, Ամերիկա՞ն, ո՞վ իր քսակը պիտի բանայ այդ հիանալի քաղաքը վերաշինելու, եւ մարդոց վիրաւոր սիրտն ու հոգին բուժելու: Յիշեալները չէի՞ն, որ քանդելու եւ  սպաննելու համար հրապարակ ելան հերոս ու նահատակ ըլլալու եւ մեղսակցելու մարդկութեան դէմ կատարուած սարսափելի ոճիրին:

Այս օրերուն Ազեզի աշխարհաքաղաքական եւ զինուորական կարևորութիւնը առաւել եւս կը շեշտուի, եւ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը հազար կը չափէ ու կը կշռէ Սուրիա ներխուժելու ծրագիրի մը հաւանական հետեւանքները եւ կը պատրուակէ Ազեզի իր թիւրքմեն եղբայրներուն եւ շրջակայքի չափաւոր ու ծայրայեղ ընդդիմադիրներուն իրաւունքները պաշտպանելի իրաւունքն է, սահմանէն հեռացնելու համար քրտական եւ սուրիական ուժերը, եւ կրկին տիրելու համար Հալէպի մետաքսի ճանապարհին հետ կապուած օսմանեան կայսրական անսկիզբ ու անաւարտ երազին:

Ատենէ մը ի վեր Ազեզը, Արաբ Բունարն ու երկուքին միջեւ գտնուող հիանալի Հալէպը անգամ մը եւս տեսնելու տենչս օր աւուր կ՛աճի, բայց ինչո՞ւ կ՛ուզեմ տեսնել զանոնք, երբ անոնց տեսքը չափէն աւելի տխուր եւ ցաւալի է. աւերակաց վրայ թագաւորելու եւ լալո՞ւ պիտի երթամ, թէ՞ հոգիս կ՛ուզէ աղէտին վրայ ողբալ եւ անցեալին հանդիպիլ ձեւով մը, այնպէս` ինչպէս ամերիկահայ հայրենակցուհիիս 2003-ին պատահեցաւ, երբ Ամերիկան Իրաքի դէմ պատերազմ ելաւ, ան լացաւ ու ես իր լալուն պատճառը հարցուցի. «Տակաւին 11 սեպտեմբեր 2001-ի սուգը չըրինք, հիմա նորէ՞ն պիտի սկսինք», ըսաւ: Ես ու մե՞նք ալ Հալէպէն ու միւս տեղերէն հեռացած հայոց եւ արաբներուն բացակայութեան եւ իրենց լքուած ու քանդուած տուներուն եւ գործատեղիներուն կորո՞ւստը պիտի սգանք, ինչպէս որ դարեր առաջ մեր նախահայր Սուրբ Ներսէս Շնորհալին ըրաւ, երբ մեր սուրբ գրական հնամեայ Ուրֆան թշնամեաց ձեռքն ինկաւ, ու ան քերթեց «Ողբ Եդեսիոյ» երկը:

Եզրակացութի՞ւնս. Ազեզի մէջ հայկական գաղութ մը կար, այժմ անոր յիշատակը մնացեր է:

Նիս

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Մի Կարեւոր Վկայութիւն Ռուս-Թուրքական (Պոլշեւիկա-Քեմալական) Յարաբերութիւններ Սկզբնաւորման Մասին (Մայիս 1919թ.)

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?