ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Արաբական լիկային կողմէ 1989-ի յունուարին Սէուտական Արաբիոյ, Ալճերիոյ եւ Մարոքի ներկայացուցիչներէն բաղկացած եռանդամ յանձնախումբ մը կազմուած էր, որ լիբանանեան տագնապի լուծման համար Քուէյթի մէջ լիբանանեան կողմերու միջեւ բանակցութիւններու ձեռնարկած էր:
Բանակցութիւնները յանգեցան Սէուտական Արաբիոյ Թաէֆ քաղաքին մէջ կայացած խորհրդակցութիւններուն:
Թաէֆի ժողովը բացուեցաւ 30 սեպտեմբեր 1989, լիբանանցի 62 երեսփոխաններու ներկայութեամբ, նախագահութեամբ` խորհրդարանի նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնիի եւ ներկայութեամբ եռանդամ յանձնախումբի նախարարական մարմինին:
Ժողովի բացման իր ճառին մէջ, Հիւսէյնի շեշտը դրաւ համախոհութեան մը գոյացման եւ Թաէֆի ժողովին յաջողութեան հրամայականին վրայ:
Նիստերը ընթացան տաք բանավէճերով եւ հակաճառութիւններով: «Արեւելքցի» երեսփոխանները ըսին, որ օտար եւ յատկապէս սուրիական ուժերու հեռացումէն առաջ կարելի չէ բանալ բարեկարգումներու թղթածրարը կամ ընտրել նոր նախագահ, մինչդեռ «արեւմուտքցի»-ները պնդեցին, որ բարեկարգումները առաջնահերթ են, իսկ սուրիական ուժերու հեռացման հարցին վճռումը պէտք էր ձգել ազգային միութեան կառավարութեան մը:
Ժողովը հաստատեց, որ Լիբանան արաբական ազատ եւ անկախ հանրապետութիւն մըն է, հիմնադիր մէկ անդամը Լիկային եւ ՄԱԿ-ին, ունի ժողովրդավար վարչաձեւ եւ կը յարգէ կրօնքի եւ գաղափարի ազատութիւնները:
«Արեւմուտքցի» երեսփոխանները հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը, որ կը բաղկանար քանի մը կէտերէ. համայնքային դրութեան ջնջում, նախագահը բանակի ընդհանուր հրամանատար չնկատել, խորհրդարանի անդամներուն թիւը ըլլայ 128, Սուրիոյ հետ մասնայատուկ կապերու հաստատում եւ զօրակցութիւն հարաւի դիմադրութեան:
Հոկտեմբեր 22-ին Թաէֆի ժողովը որդեգրեց արաբական բարեփոխուած ծրագիրը: Միւս կողմէ, զօրավար Միշէլ Աուն մերժեց գերիշխանութեան վերաբերող յօդուածները: Իր կարգին, Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտարարեց, որ Թաէֆի փաստաթուղթը չի գոհացներ ազգայնականներուն ձգտումները:
Թաէֆի ազգային համերաշխութեան փաստաթուղթը կը հաստատէր որ Լիբանան գերիշխան, ազատ եւ անկախ, արաբական, խորհրդարանական եւ ժողովրդավարական հանրապետութիւն է եւ վարչակարգը հիմնուած է իշխանութեանց բաժանումի սկզբունքին վրայ: Խորհրդարանը օրէնսդիր իշխանութիւն է եւ կը ղեկավարէ կառավարութեան քաղաքականութիւնն ու գործունէութիւնը: Հանրապետութեան նախագահը պետութեան գլուխն է եւ ազգային միասնականութեան խորհրդանիշը: Վարչապետը պատասխանատու է նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քաղաքականութեան: Նախարարաց խորհուրդը գործադիր իշխանութիւն է: Քաղաքական համայնքայնութեան ջնջումը պիտի իրագործուէր հանգրուանային ծրագիրի մը հիմամբ:
***
Կիրակի, 5 նոյեմբեր 1989-ին Քլէյաաթի զինուորական օդակայանին մէջ Ռընէ Մուաուատ հանրապետութեան նախագահ ընտրուեցաւ: Ընտրութենէն անմիջապէս ետք ան կատարեց սահմանադրական իր երդումը:
Նախագահի ընտրութենէն քանի մը վայրկեան ետք զօրավար Միշէլ Աուն յայտարարեց, որ մեկնելով սահմանադրական իր իրաւունքներէն եւ իր անշեղ սկզբունքներէն, Քլէյաաթի մէջ կատարուած ընտրութիւնը կը նկատէ անգոյ:
Հանրապետութեան նախագահ ընտրուելէն 17 օր ետք, եւ անկախութեան տօնին օրը, չորեքշաբթի, 22 նոյեմբեր 1989-ին Ռընէ Մուաուատ զոհ գնաց ռմբային ահաւոր ոճիրի մը:
Մուաուատի սպանութենէն 54 ժամ ետք, ուրբաթ, 24 նոյեմբերին, լիբանանեան խորհրդարանը Շթորայի Փարք պանդոկին մէջ հանրապետութեան նախագահ ընտրեց Իլիաս Հըրաուին, որ անմիջապէս տուաւ սահմանադրական իր երդրումը եւ յայտարարեց որ յանձնառու կը մնայ թայէֆեան ուղեգիծին: Վարչապետ Սելիմ Հըս կազմեց նոր կառավարութիւնը: Զօրավար Աուն ապօրինի նկատեց Հըրաուիի իշխանութիւնը, իսկ Հըրաուի իր կարգին վերջնագիր տուաւ Աունի, վերջ տալու բաժանուած վիճակին:
***
Բանակին եւ «Լիբանանեան ուժեր»-ուն միջեւ բախումները ծայր առին չորեքշաբթի, 31 յունուար 1990-ին, փաղանգաւորներու «Ապագայի տուն»-ին բանակին կողմէ գրաւումով եւ դէպի Տըպպայայի «Լիբանանեան ուժեր»-ու դիրքերը բանակին յառաջխաղացքով: Նաքքաշի մէջ բռնկած պատրոյգը շուտով պայթեցուց Այն Ռըմմանէէն մինչեւ Քեսրուան, Ամշիթ եւ Այուն Սիման տարածուող շրջաններուն մէջ շարք մը առանցքներ, ստեղծելով «ներքին սահմանագիծ»եր, որոնք իրարմէ կը բաժնէին բանակին եւ «Լիբանանեան ուժեր»-ուն հակակշիռին ենթակայ շրջանները: Սարպայի զօրանոցը անցաւ «Լիբանանեան ուժեր»-ուն ձեռքը:
Ռազմական բռնկումին առաջին զոհերէն եղաւ մամուլի լուսանկարիչ Ժորժ Սեմէրճեան, որ ծանրօրէն վիրաւորուեցաւ եւ քանի մը օր ետք մահացաւ:
Փետրուար 1-ի սաստիկ ռմբակոծումներուն ամէնէն աղէտալի քանդումը արձանագրուեցաւ Սին Էլ Ֆիլի, Էշրեֆիէի, Տորայի եւ Տըպպայայի մէջ: Ծանր վնասներու ենթարկուած հաստատութեանց շարքին էր հայ կաթողիկէ պատրիարքարանը, Ժեհթաուիի շրջան, եւ անոր դիմաց գտնուող հիւանդանոցը:
Արագածի ակումբի պահակներէն Վարուժ Պիլալեան, ակումբէն հազիւ դուրս ելած, երբ պահակութեան իր դիրքը կ՛ուղղուէր, հրթիռի մը պայթումին զոհ գնաց: Ան ծնած էր 1946-ին:
Այդ օր Ամշիթի զինուորական բոլոր կեդրոնները գրաւուեցան «Լիբանանեան ուժեր»-ուն կողմէ:
Յաջորդող օրերուն, Այն Ռըմմանէն, Սին Էլ Ֆիլ – Նահր Մոթ մայրուղին, Տըքուանէ- Ժտէյտէ – Նահր Մոթ առանցքները եւ մանաւանդ Անթիլիասն ու Տըպպայան բեմ դարձան ամէնէն սաստիկ ճակատումներուն:
***
Ահաւոր ռմբակոծումները առաւելաբար կեդրոնացած էին հայահոծ շրջաններուն վրայ. Էշրեֆիէ, Ռըմէյլ, Հայաշէն, Հաճըն, Պուրճ Համուտ, Տորա, Ռաուտա, Ֆանար, Ժըտէյտէ, Նահր Մոթ, Զալքա, Ժէլ էլ Տիպ, Անթիլիաս եւ Տըպպայա: Պուրճ Համուտն ու էշրեֆիէն մնացին զինուորական պաշարման օղակի մը մէջ:
Ստեղծուած կացութեան մէջ, հայ ազգային քաղաքական կազմակերպութիւններն ու բարեսիրական միութիւնները եղան գործօն ներկայութիւն ժողովուրդի կեանքին մէջ ու իրենց կարելիութեան սահմաններուն մէջ օգտակար հանդիսացան ժողովուրդի առօրեայ կարիքներուն ու դժուարութիւններուն:
Առաջնորդարանը միշտ բաց մնաց եւ Արամ սրբազան ներկայ եղաւ բոլոր աշխատանքներուն: Թաղականութիւններն ու տիկնանց միութիւնները իրենց կարելին ըրին եկեղեցիներու եւ վարժարաններու մէջ ապաստանած ժողովուրդին օգտակար ըլլալու համար:
Առաջնորդարանը իր ընկերային ծառայութեան նուիրուած սեփական միջոցներով, 1550 կարիքաւոր ընտանիքներու սննդաբաշխում կազմակերպեց:
Լիբանանահայ Օգնութեան խաչը, Արաքսի Պուլղուրճեան կեդրոնը եւ բոլոր ծառայութիւնները ահազանգային դրութեան մէջ դրուեցան:
Արաքսի Պուլղուրճեան կեդրոնը, որ պատերազմականօրէն տաք քանի մը գօտիներու ճիշդ կեդրոնը կը գտնուէր, հրաշքի համազօր գործունէութիւն տարաւ եւ գործեց օրական 24 ժամի դրութեամբ, ծառայութիւն տրամադրելով բոլոր կեդրոն հասնողներուն` հիւանդին եւ վիրաւորին, առանց կողմի եւ ազգութեան ու դաւանանքի խտրութեան: Օգնութեան խաչի կիներ եւ աղջիկներ, ամէն վտանգ արհամարհելով, ոմանք իրենց շրջաններէն ներս, ոմանք ալ քաղաքին մէկ կողմէն միւսը անցնելով, բարեսիրական տեղական թէ միջազգային բազմաթիւ կազմակերպութիւններու, դեսապանատուներու, պետական գրասենեակներու դուռերը բախելով մեծ քանակութեամբ դեղ ապահովեցին:
Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկը իր կարգին նպաստներ բաշխեց եւ հիւանդանոցներու վիրաբուժական ծանր գործողութեանց հաշուեցոյցը վճարեց եւ սուղ դեղերու ծախսերուն մասնակցեցաւ:
Հաուըրտ Գարակէօզեան մանկախնամ կեդրոնի ծառայութիւնները հիւանդ (եւ կամ առողջ) երեխաներու բուժման ու խնամատարութեան իմաստով երախտարժան գործ կատարեցին:
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը իր կարելիութիւնները ի սպաս դրաւ ժողովուրդին օգտակար հանդիսանալու համար:
Քարիթաս միջազգային բարեսիրական հիմնարկը եւս Պուրճ Համուտի մէջ սննդաբաշխում կատարեց եւ նպաստընկալ պարագաներուն դրամական օժանդակութիւն կատարեց:
Ջուրի եւ հացի սուր տագնապ ստեղծուած էր եւ փուռերուն առջեւ սպասողներու երկար շարքեր կը կազմուէին: Հացի տագնապը հայկական թաղերուն մէջ լուծուեցաւ, երբ շրջանի մեր ակումբները հացի ապահովման աշխատանքի ձեռնարկեցին եւ ի հարկին ձրի կերպով հաց բաժնեցին ժողովուրդին:
Պուրճ Համուտի ժողովրդային բնակարաններուն, Արագածի, Տորայի, Էշրեֆիէի ու Տըպայայի շրջաններու հայոց բնակարանները մեծ վնասներու ենթարուեցան: Կարգ մը շէնքեր ու յարկաբաժիններ ամբողջութեամբ քանդուեցան: Անթիլիասի, Ժէլ էլ Տիպի, Զալքայի, Նահր Մոթի, Տորայի ու Էշրեֆիէի շրջաններու հայոց խանութներն ու գործատեղիները եւս հսկայ վնասներու ենթարկուեցան կամ հրոյ ճարակ դարձան:
Վնասներու ենթարկուեցան կաթողիկոսարանը, առաջնորդարանը, Սրբոց Քառասնից Մանկանց, Սուրբ Սարգիս, Սուրբ Աստուածածին, Սուրբ Յովհաննու Կարապետ եւ Սուրբ Գէորգ եկեղեցիները, Պուրճ Համուտի եւ Ֆըրն Շըպպէքի գերեզմանատուները, Եղիշէ Մանուկեան, Սուրէն Խանամիրեան, Սրբոց Քառասնից Մանկանց, Աքսոր Գասարճեան, Կիլիկեան, Էհրամճեան, Սոֆիա Յակոբեան եւ Սահակ Մեսրոպեան ազգային վարժարանները: Կարգ մը ակումբներ ու մշակութային կեդրոններ եւս վնասներ կրեցին:
Կոյր ռմբակոծումներուն ու հրթիռարձակումներուն հետեւանքով զոհուեցան Արշակ Սահակեան, Աւետիս Տալտալեան, Մովսէս Յովհաննէսեան, Մանուկ Սեփէթճեան, Վարդան Գնթունի, Վերժին Կիւլումեան, Մարիամ Գալայճեան, Մաքրուհի Գրիգորեան, Ժոզէֆ Պիլէզիկճեան, Անթուանէթ Արթինեան, Սարգիս Թիթիզեան, տոքթոր Մեսրոպ Տէր Մեսրոպեան, Յարութ Խտըշեան, Ռոպէր Մաճառեան, Յարութիւն Չոգագլեան եւ Սարգիս Թօփալեան, Գէորգ Կէօպէքճեան արձակազէնի մը փամփուշտին զոհ գնաց, իսկ Խաժակ Զահթէրեան զոհուեցաւ Տըպպայայի կռիւներուն ընթացքին:
Պուրճ Համուտ պաշարուած ըլլալով կարելի չէր գերեզմանատուն երթալ, հետեւաբար զոհերն ու բնական մահով այս աշխարհէն հեռացողները «Ազդակ»-ի շէնքին եւ ծերանոցին կողքին թաղուեցան:
Ռմբակոծումներուն հետեւանքով վիրաւորուեցան բազմատասնեակ հայեր, աւելի քան 75 հոգի. անոնց մեծ մասը Արաքսի Պուլղուրճեան կեդրոնին մէջ բուժուեցաւ:
Ռմբակոծումներէն խոյս տալով, հարիւրաւոր հայ ընտանիքներ Այնճար ապստանեցան: Շրջանի պատասխանատու մարմինները ամէն ջանք թափեցին օգտակար հանդիսանալու համար գաղթական դարձած հայ ընտանիքներուն: Ստեղծուեցաւ գաղթականներու ընդունման յանձնախումբ: Գաղթականներէն ոմանք բարեկամներու մօտ իջեւանեցան, ոմանց բնակարաններ տրամադրուեցան, իսկ հետագային լեցուեցան նաեւ դպրոցներն ու ակումբներու սրահները: Իր կարգին, առաջնորդարանը նիւթական օժանդակութիւն տրամադրեց, կարիքաւոր ընտանիքներու սննդեղէն բաժնելու համար:
***
Ֆանար- Տըպպայա շրջանի, Ֆըրն Շըպպէք-Այն Ռըմմանէ գօտիին եւ Ատմայի ճակատամարտերէն ետք, արեւելեան շրջանին մէջ ստեղծուեցաւ իրողական նոր բաժանում մը: Սին էլ Ֆիլէն Շալուհի կեդրոն երկարող սահմանագիծին վրայ աւերիչ ճակատամարտ մղուեցաւ, բայց նորաստեղծ սահմանագիծը մնաց անխախտ:
Քֆար Շիմայի աւանդական սահմանագիծէն մինչեւ Թանգարան, Արդարութեան պալատ, Սին Էլ Ֆիլի հարաւային գօտին, Սալոմէի բոլորակը ու անկէ մինչեւ Նահր Մոթ եւ Անթիլիաս ու Տըպպայա տարածուող գօտին կը գտնուէր զօրավար Միշէլ Աունի հրամանատարութեան ենթակայ բանակին հակակշիռին տակ, ներառեալ` լեռնային Մեթնը եւ մինչեւ Սուք Էլ Ղարպի ճակատը տարածուող գօտին: Էշրեֆիէէն մինչեւ Նահր Մոթ տարածուող շրջանը, Սալոմէ-Հանքաշ գիծին հիւսիսային շրջանը, ինչպէս նաեւ` Նահր Քէլպի փապուղիէն դէպի հիւսիս` մինչեւ Ժիպէյլ տարածուող գօտին կը գտնուէր «Լիբանանեան ուժեր»-ու հակակշիռին տակ:
***
Նախագահ Իլիաս Հըրաուիի իշխանութեան պաշտօնական դիմումին վրայ սուրիական բանակը, իր կողքին ունենալով զօրավար Էմիլ Լահուտի հակակշիռին ենթակայ լիբանանեան բանակը, շաբաթ, 13 հոկտեմբեր 1990-ին յարձակման անցաւ զօրավար Աունի հակակշիռին ենթակայ շրջաններուն դէմ:
Սաստիկ ռմբակոծումները սկսան առաւօտեան ժամը 7:00-էն քանի մը վայրկեան ետք. գլխաւոր թիրախներն էին զինուորական կեդրոններ, խարիսխներ, Պաապտայի պալատն ու Եարզէի շրջանը: Պաապտայէն մինչեւ Ռումիէ, Զալքա, Անթիլիաս, Մզհէր, Տըպպայա, Պիքֆայա եւ Մոնթէ Վերտի տարածուող շրջաններ կորսուեցան սաստիկ ռմբակոծումէն բարձրացած հրդեհներու ծուխին եւ քանդումէն բարձրացած փոշիի ամպերուն մէջ: Ռմբակոծումներուն զուգահեռ, յարձակող ուժերը շարժեցան դէպի Մեթն, Հատէթ-Պաապտա ուղղութեամբ, Մոնթէ Վերտիէն Մքալլէսի ուղղութեամբ, իսկ Տուարէն` Պիքֆայայի ուղղութեամբ: Օդանաւեր եւս մասնակցեցան ռմբակոծումներուն:
Զօրավար Միշէլ Աուն ֆրանսական դեսպանատան Հազմիէի կեդրոնը ապաստանեցաւ, որմէ ետք, ժամը 9:30-ին յայտարարեց, որ իրեն ենթակայ ուժերը ենթարկուին զօրավար Էմիլ Լահուտի հրահանգներուն:
Բախումները ամենայն սաստկութեամբ շարունակուեցան մինչեւ յետմիջօրէի ժամերը:
Գործողութեանց հաշուեկշիռը եղաւ ծանր. ինկան հարիւրաւոր զոհեր եւ վիրաւորներ:
***
Լիբանանեան խորհրդարանը 1991-ի մարտին ներում շնորհեց մինչեւ այդ ժամանակ կատարուած քաղաքական բոլոր յանցագործութիւններուն համար: Նոյն տարուան մայիսին բոլոր կողմերու միլիսները (բացի Հըզպալլայէն) լուծուեցան: 1992-ի ամրան, քսան տարուան ընդմիջումէ ետք խորհրդարանական ընտրութիւններ տեղի ունեցան: Դիմադրութեան երկարատեւ պայքարի իբրեւ արդիւնք` 2000-ին իսրայէլեան ուժերը քաշուեցան հարաւէն, իսկ 2005-ին հեռացան սուրիական ուժերը: 2006-ի ամրան տեղի ունեցաւ իսրայէլեան յարձակումը Լիբանանի վրայ:
Տասնհինգամեայ քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին ինկան շուրջ 200 հազար եւ հաւանաբար աւելի զոհեր (յստակ տուեալներ կը պակսին, մանաւանդ որ տեղի ունեցած փոխադարձ ջարդերուն մասին հակասական յիշատակութիւններ կան), անհամար վիրաւորներ, տասնեակ հազարաւոր մարդ անդամալոյծ դարձաւ, իսկ գաղթականներուն եւ արտագաղթողներուն թիւը հասաւ մէկ միլիոնի: Բնակչութեան տեղաշարժը իր անդրադարձը ունեցաւ երկրի մարդագրական պատկերի փոփոխութեան վրայ:
Թէեւ պատերազմը աւարտեցաւ, բայց պատերազմին հետեւանքները կը յամենան երկրին մէջ, իսկ շրջանային տագնապները, ապահովական, տնտեսական եւ ընկերային իմաստով, իրենց անդրադարձը կ՛ունենան նաեւ Լիբանանի վրայ:
«Ազդակ»-ի պատմութեան ընդմէջէն, եւ առաւելաբար «Ազդակ»-ի հաւաքածոներու եւ արխիւներու օգտագործումով ներկայացուած այս շարքը այսպիսով իր աւարտին կը հասցնենք: «Ազդակ»-ի հաւաքածոները տակաւին անգնահատելի աղբիւր կրնան ծառայել Լիբանանի հայութեան պատմութեան ուսումնասիրութան իմաստով: