Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փետրուար Ամսուան Գործունէութիւնները. Ազգ. Աբգարեան Վարժարանին Մէջ

Մարտ 1, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԵՆԱ ՔԷՇԻՇԵԱՆ 

Փետրուար ամսուան գործունէութիւնները Ազգային Աբգարեան վարժարանէն ներս այլազան եւ ճոխ ընթացք մը ունեցան այս տարեշրջանին:

Apkarian-5_030116Apkarian-3_030116Առաջինը Վարդանանց ճակատամարտի նշումն էր հինգշաբթի, 4 փետրուար 2016-ին, ատենամարզանքի կոկիկ յայտագրի մը ընդմէջէն, որ յաւուր պատշաճի կատարուեցաւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ եւ առիթ եղաւ, որ աշակերտները աւելի լաւ հասկնան Վարդանանց խորհուրդը` «Վասն կրօնի, վասն հայրենեացը»: Կարդացուեցաւ Վարդան Մամիկոնեանի ճառէն հատուած մը, Վարդանանցի յատուկ երգեր եւ արտասանութիւններ հնչեցին սուրբ խորանէն, եւ աշակերտները «հաղորդուելով» Վարդանանց նշանաբանով` «Մահ ոչ իմացեալ մահ է, մահ իմացեալ` անմահութիւն» մեկնեցան իրենց տուները:

Ուրբաթ, 5 փետրուարը Բարեկենդան էր: Այս առիթով մանկապարտէզի փոքրիկները իրենց դաստիարակներուն օժանդակութեամբ դասարան առ դասարան ծպտուեցան տարբեր տիպարներով ու խամաճիկին եւ ծաղրածուին հետ երգեցին ու պարեցին: Իրենց միացան նաեւ Ա. եւ Բ. կարգի աշակերտները եւ ամբողջ դպրոցը Բարեկենդանի ուրախ մթնոլորտը մինչեւ ծայր վայելեց:

Apkarian-2_030116

Դպրոց եւ եկեղեցի անբաժան են, այդ պատճառով ալ  եկեղեցական բոլոր տօները մեծ շուքով կը նշուին, մանաւանդ` 14 փետրուարին զուգադիպող Տեառնընդառաջը, որուն մասին նախակրթարանի աշակերտները իրենց դասագիրքերէն կը սորվին եւ գործնապէս կը մասնակցին կրակ վառելուն, ապա անոր շուրջ դառնալուն: Ամբողջ դպրոցը դարձեալ շարժումի մէջ կը մտնէ եւ լապտերներ առած` աշակերտութիւնը Աստուծոյ լոյսը կը տանի տուն:

Apkarian-1_030116Apkarian-4_030116Կեանքը միայն ուրախութիւն չէ. աշակերտները միայն ստանալով շատ բան չեն սորվիր, պէտք է սորվեցնել նաեւ տալը: Այս մտահոգութեամբ վարժարանիս պատասխանատուները յարմար նկատեցին Դ. Ե. Զ. կարգի աշակերտները տանիլ Ազգ. ծերանոց, որպէսզի անոնք սորվին իրենցմէ բաժին մը տալ եւ յարգել տարեցն ու անկարը: Այցելութիւնը կատարուեցաւ հինգշաբթի, 18 փետրուարին, դասապահերու ընթացքին եւ ուսուցիչներուն համար ալ անակնկալ էր աշակերտներուն կեցուածքը` յարգանք, կարեկցութիւն եւ յաճախակի այցելութիւն տալու փափաք: Շատերը ազդուեցան, բայց անկասկած իրենց կեանքին մէջ անկիւնադարձային օր մը եղաւ ծերանոց այցելութիւնը:

Նոյն օրը Ա. կարգի աշակերտները, իրենց հայերէնի դասը աւելի լաւ ըմբռնելու եւ գործնականապէս կիրարկելու համար, փոխադրակառքով շրջապտոյտ մը կատարեցին քաղաքին մէջ` ծանօթանալու համար քաղաքի պողոտաներուն, փողոցներուն- կամուրջներուն, գլխաւոր հրապարակներուն` իւրաքանչիւր քառուղիի կանգ առնելով եւ յարգելով ազդալոյսերը: Անոնք այցելեցին նաեւ հրշէջներու կեդրոն եւ ստացան բացատրութիւններ` հրշէջներու գործին եւ արագ շարժելու ընդունակութեան կարեւորութեան մասին:

Ծերանոցի այցելութենէն երկու օր ետք, շաբաթ, 20 փետրուարին, Զ. կարգի երկու աշակերտուհիներ, անհատական նախաձեռնութեամբ, կրկին այցելած են Ծերանոց, որպէսզի ուրախացնեն այդ ծերերը ու խոստացած են յաճախակիօրէն այցելել` պատասխանատուներու արտօնութեամբ:

 

Նախորդը

Անդրադարձ. Ներգաղթի Եւ Արտագաղթի Մասին, Եւ` Սուրիահայ Գաղթականները

Յաջորդը

Վերապրողները . Հեղինակ` Քեմալ Եալչըն

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?