«Հայրենիք»-ի Ապրիլեան 101-Ամեակի Բացառիկի Խմբագրական. Ոգեկոչում… Արցախեան Կամքով
Ոգեկոչում... Արցախեան Կամքով Կանուխ նշուեցաւ 101-ամեակը: Կարիք չկար սպասելու ապրիլ 23-24-ին: Արդարեւ, հազիւ ապրիլ ամիսը սկսած, չորսօրեայ պատերազմ մը` Արցախի մէջ, բաւարար եղաւ հայորդին զգուշացնելու, թէ 101 տարի ետք միեւնոյն ոճով կը շարունակուի Ցեղասպանութիւնը` ՀԱՅԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ: Թող չփորձուին արեւմտեան «էսթապլիշմընթ»-էն թրծուած նորելուկ պատմաբաններ եւ քաղաքագէտներ անտեղի վիճաբանութիւններ կատարել, թէ 2-5 ապրիլ 2016-ի պատահածները Արցախի մէջ ոչ մէկ կապ ունին Հայոց ցեղասպանութեան...



















