Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անահիտ Պուլղուրճեանի Յիշատակին

April 30, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քառասուն օրեր առաջ անգամ մը եւս դաժան մահը իր անողորմ ներկայութիւնը պարտադրեց եւ վերջ դրաւ մեզի շատ սիրելի ընկերուհիի մը կեանքին` խոր վիշտ պատճառելով իր հարազատներուն ու Լիբանանահայ օգնութեան խաչի մեծ ընտանիքին:

Տիպար հայուհի եւ նուիրեալ ԼՕԽ-ական ընկերուհի Անահիտ Պուլղուրճեան կը հաւատար ԼՕԽ-ի մարդասիրական եւ բարեսիրական վեհ առաքելութեան, մինչեւ իր կեանքի վախճանը մնաց միշտ հաւատարիմ եւ քաջալերողը անոր գործունէութեան: Անդամ էր ԼՕԽ-ի «Արցախ» մասնաճիւղին, որուն վերելքին համար ունեցած էր նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւն: Ունէր ազնիւ ու բարեհամբոյր հոգի: Միշտ ժպտադէմ այս ընկերուհին իր համեստ եւ անձնուէր բնաւորութեամբ սիրուած էր բոլորէն եւ յարգանքը կը վայելէր իր շրջապատին:

Ան կողակիցն էր եւ քաջալերողը Լիբանանահայ օգնութեան խաչի մեծ բարերար հանգուցեալ Մելքոն Պուլղուրճեանին, որ իր երկու եղբայրներուն` Սարգիս եւ Յարութիւն Պուլղուրճեաններուն հետ,  իրենց մօր յիշատակը յաւերժացնելու նպատակով, գաղափարը ունեցած էին Պուրճ Համուտի հայահոծ շրջան Նոր Սիս թաղամասին մէջ հիմնելու անփոխարինելի կառոյց մը` ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը, որ կը հոգայ հայ ժողովուրդի ընկերային, տնտեսական եւ առողջապահական կարիքները` հասնելով հիւանդին, որբին եւ անտէր ծերունիին, հոգեկան գոհունակութիւն եւ խղճի հանգստութիւն պատճառելով ԼՕԽ-ի անդամուհիներուն:

Անահիտ Պուլղուրճեան ընտանիքի անգին մայր էր, իր ազգասիրութեան, ծառայասիրութեան եւ զոհողութեան ոգին փոխանցած էր նաեւ իր զաւակներուն` Սալբիին, Շողիկին եւ Վաչէին, որոնք հետեւելով իրենց ծնողներուն օրինակին` ճիգ չեն խնայեր սատարելու եւ ձեռք երկարելու ի խնդիր կարիքաւոր հայրենակիցներու բարօրութեան եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնի վերելքին:

Սիրելի՛ ընկերուհի Անահիտ,

Այսօր յուզումը պատած է քեզ ճանչցող բոլորին սրտերը, ինչպէս նաեւ մեզ` Շրջանային վարչութեանս: ԼՕԽ-ի մեծ ընտանիքին անունով մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք զաւակներուդ եւ հարազատներուդ` վստահեցնելով, որ յիշատակդ վառ պիտի մնայ մեր բոլորին սրտերուն եւ հոգիներուն մէջ:

Վարձքդ կատար, սիրելի՛ ընկերուհի:

Հողը թեթեւ գայ վրադ:

ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

 

Նախորդը

Մեծ Բարերարին Մեծահոգի Տիկինը

Յաջորդը

Անահիտը

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.