Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական, Ամրապնդել Երկու Հանրապետութիւններու Անվտանգութեան Համակարգերը (Մայիսմէկեան Տօնին Առիթով)

Ապրիլ 30, 2016
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

HHK-HJD-42916

Ընթացիկ մայիս մէկը հիմնականօրէն մեր մտածումները կը կեդրոնացնէ հայրենիքի մէջ տիրող իրավիճակի հիմնական փոփոխութեան ի խնդիր որդեգրուած նոր սահմանադրութեան հիմնադրոյթներուն, սահմանադրութեան կենսագործման ուղիները մատնանշող նախագահի ելոյթի հիմնական բաժիններուն եւ այդ ճամբուն վրայ ՀՅԴ-ՀՀԿ համաձայնագիրով յայտարարուած առաջադրանքներուն վրայ:

Երեք փաստաթուղթերուն մէջ ալ իբրեւ արդար հասարակարգ ձեւաւորելու առաջնային նպատակը  կարմիր թելի պէս կ՛երեւան հակամենաշնորհային համակարգի կայացումը եւ մրցակցային դաշտի ձեւաւորումը` իբրեւ խթան տնտեսութեան զարգացման:

ՀՅԴ-ՀՀԿ քաղաքական համաձայնագիրը յատուկ բաժին ունի ընկերային-տնտեսական բնագաւառին յատկացուած: Այս փաստաթուղթին  1.2.4. համարանիշով բանաձեւուած կէտը հետեւեալն է. Գործադրել հակամենաշնորհային քաղաքականութիւն եւ գործնականին մէջ երաշխաւորել ազատ ձեռներէցութիւնը, տնտեսական գործունէութիւնն ու մրցակցութիւնը:

Այս բանաձեւումը ինքնին մեր երկրի տնտեսութեան զարգացման նոր մեկնարկ ապահովելու նախապայմանային դրոյթն է: Սերտօրէն փոխկապակցուած են այնտեղ ձեւակերպուած առաջադրանքները: Հակամենաշնորհային քաղաքականութիւնը ինքնին արդէն ազատ ձեռներէցութեան գործնական երաշխաւորումն է, որ իր հերթին կը սատարէ տնտեսական գործունէութեան եւ մրցակցային դաշտի կայացումին:

Այնքան ատեն որ կը յամենան մենաշնորհները, չ՛ապահովուիր զարգացումը: Եւ այս կէտը խորքին մէջ ամէնէն այժմէական հնչեղութեամբ կը կապուի մայիսմէկեան խորհուրդին: Մայիս մէկը աշխատաւորներու իրաւունքներու պաշտպանութեան օր ըլլալով, խորքին մէջ արդարութեան, հաւասար առիթի եւ ընկերվարական գաղափարաբանութեան մէջ ամրօրէն տեղ գրաւած մարդու իրաւունքներու յարգումի անսակարկելի անհրաժեշտութիւնը կը շեշտէ:

Նոյն փաստաթուղթին 1.2.7. յօդուածը ճիշդ այդ սկզբունքներուն կը վերաբերի: Աշխատանքային պայմաններու բարելաւման, ընկերային ապահովութեան եւ առողջութեան պահպանման ոլորտներու քաղաքականութեան հիմքին մէջ դնել անձի արժանապատիւ գոյութիւնը, աղքատութեան նուազեցումը, քորփորաթիւ ընկերային պատասխանատուութիւնը, պետական պարտադիր եւ կամաւոր ապահովագրական համակարգերու զուգահեռ գործունէութիւնը:

Մարդ-քաղաքացիակեդրոն է  մեր նոր սահմանադրութիւնը` քաղաքացիի եւ մարդու իրաւունքներու լիարժէք յարգումի իրաւաչափութիւններու ճշդումով: Անոր կենսագործման ուղիի մատնանշումի փաստով այս փաստաթուղթը կարեւոր ընդգծումներ կ՛ընէ այդ արժէքներու ի կատար ածման կարեւորութիւնը շեշտելով:

Այս բոլորը մայիսմէկեան խորհուրդի կենսագործման համար պետութենէ մը ակնկալուած հիմնադրոյթներ են: Անոնք աւելի քան անհրաժեշտ այժմէականութեամբ կը հնչեն, որովհետեւ մեր երկրին մէջ համակարգային փոփոխութեան արագացումի մասին հրամայական յուշում կատարեց Արցախի դէմ Ազրպէյճանի շղթայազերծած քառօրեայ (եւ շարունակուող) կայծակնային պատերազմը:

Փաստաթղթային այս կէտերը մեր երկրին անվտանգութեան հետ առնչութիւն ունին: Որովհետեւ դարձեալ նոյն փաստաթուղթին յղում կատարելով թիւ 3 համարանիշին տակ կարդանք.  «Զարգացնել եւ ամրապնդել Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անվտանգութեան համակարգերը»: Եւ պատահական չէ, որ անվտանգութեան առաջադրանքին անմիջապէս կը նախորդէ ընկերային-տնտեսական բնագաւառը, որ լռելեայն կ՛ընկալուի իբրեւ անվտանգութեան առաջադրանքի անմիջական հիմնաւորումը:

Նախորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

Յաջորդը

Մանչեսթըր Եունայթըտ Կ՛ուզէ Ձեռք Ձգել Օպամեյանկը

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?