Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազերիներ Ապշած Են, Թէ Հայերը Ինչպէ՛ս Մէկ Օրուան Ընթացքին 100-է Աւելի Յատուկ Ջոկատայիններ Ոչնչացուցած Են

May 5, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

0429azerispecforces

Ազրպէյճանի մէջ ապշած են ապրիլի սկիզբը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դէմ ազրպէյճանական զինուած ուժերու սանձազերծած ռազմական յարձակման առաջին իսկ օրը 100-է աւելի զինծառայողներու կորուստի մասին համացանցի վրայ յայտնուած տուեալներով, որ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը մինչ այժմ կը շարունակէ թաքցնել ազրպէյճանական հանրութենէն:

Ըստ «Արմէնփրէս»-ի, համացանցի վրայ յայտնուած է ազրպէյճանցի լրագրող Էմին Ահմետպէյովի հարցազրոյցը Ազրպէյճանի հանրածանօթ երգահան, հասարակական գործիչ Ճաւանշիր Կուլիեւի հետ, որուն ընթացքին անոնք զարմանքով խօսած են, որ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան շարքային զինուորները յաջողած են յարձակման առաջին իսկ օրը ոչնչացնել հանրապետութեան տարածք ներխուժելու փորձ կատարած ազրպէյճանական բանակի այդքան յատուկ ջոկատայիններ: Ուշագրաւ է, որ զրուցակիցները նաեւ նշած են, որ Ազրպէյճանը եղած է առաջին յարձակողը Լեռնային Ղարաբաղի վրայ:

Ազրպէյճանական ձայնասփիւռի եթերով Էմին Ահմետպէյովի դիտարկման, որ Ազրպէյճանի 100 բարձրակարգ եւ արհեստավարժ յատուկ ջոկատայիններ ոչնչացուած եւ 500-է աւելի զինծառայողներ վիրաւորուած են ռազմական գործողութիւններու առաջին օրերուն, Ճաւանշիր Կուլիեւը տարակուսանք յայտնած է, թէ` «իսկ ինչո՞ւ սկսան եւ ինչո՞ւ կանգ առին»:

«Այդ հարցը ամբողջ ժամանակ գլխուս մէջ է, յետոյ` ռազմական գործողութիւններու մէկուկէս օրուան ընթացքին մօտ 100 ջոկատայիններ ոչնչացուեցան. ի դէպ, անոնք շարքային զինծառայողներ չէին, այլ` յատուկ նշանակութեան զօրքերու պատրաստուած տղաներ: Համացանցի վրայ արդէն կը յայտնուին անոնց լուսանկարները: Անոնք բոլորն ալ ամրակազմ, հասուն տղաներ են: Եւ անոնցմէ 100-ը սպաննուած են: Այդ օրերուն այնտեղ այդ ի՞նչ պատերազմ տեղի ունեցած է, որ մենք կորսնցուցինք այդ 100 լաւ պատրաստուած զինուորները», հարց տուած է Կուլիեւը` եւ ինքն ալ պատասխանած. «Անոնք մեր բանակի ընտրեալ զինուորականներն էին»:

«Կը մտածեմ` ի՞նչ շահեցանք ու ի՞նչ կորսնցուցինք այդ պատերազմին», ըսած է ան:

Միջազգային Պելլինկքէթ վերլուծական խումբը կը յայտնէ, որ իր «զգուշ գնահատականներով»` ապրիլի 1-5 Ազրպէյճանի կորուստը նուազագոյնը 400 զինծառայող է:

Նախորդը

Տօներ, Աւանդութիւններ. Համբարձում

Յաջորդը

Բաց Նամակ

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.