Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայրենիք»-ի Ապրիլեան 101-Ամեակի Բացառիկի Խմբագրական. Ոգեկոչում… Արցախեան Կամքով

Մայիս 5, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

stepanakert-memorial-complex10

Ոգեկոչում… Արցախեան Կամքով

Կանուխ նշուեցաւ 101-ամեակը:

Կարիք չկար սպասելու ապրիլ 23-24-ին:

Արդարեւ, հազիւ ապրիլ ամիսը սկսած, չորսօրեայ պատերազմ մը` Արցախի մէջ, բաւարար եղաւ հայորդին զգուշացնելու, թէ 101 տարի ետք միեւնոյն ոճով կը շարունակուի Ցեղասպանութիւնը` ՀԱՅԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ:

Թող չփորձուին արեւմտեան «էսթապլիշմընթ»-էն թրծուած նորելուկ պատմաբաններ եւ քաղաքագէտներ անտեղի վիճաբանութիւններ կատարել, թէ 2-5 ապրիլ 2016-ի պատահածները Արցախի մէջ ոչ մէկ կապ ունին Հայոց ցեղասպանութեան հետ:

1915-ի դէպքերը, իրադարձութիւնները, առանց դարձդարձիկ վերլուծումներ կատարելու եւ ծամծմելու, Հայոց ցեղասպանութիւնը պատահած էին Արեւմտահայաստանի (եւ ո՛չ թէ Թուրքիոյ արեւելեան հողամասէն ներս) մէջ, մինչդեռ 2-5 ապրիլի ընդհարումները պատահած էին Հայաստանի արեւելեան շրջանէն ներս, եւ այլ երկրի մը` Ազրպէյճանի կողմէ:

Միեւնոյն փանթրքական կիրքն է, որ կը կրկնուի Կովկասեան բարձրաւանդակին մէջ, ուր առաջնահերթ խոչընդոտը ՄԵՆՔ ենք:

Միեւնոյն թշնամիներն են թէ՛ արեւմտեան եւ թէ՛ արեւելեան սահմաններէն:

Թող երբեք չպնդե՛ն այդ պատմաբանները, թէ տարբեր հարցեր են Հայոց ցեղասպանութիւնն ու արցախեան հիմնահարցը:

Այս ամենագէտ պատմաբանները քաջատեղեակ են, թէ ռազմական դաշինք մը գոյութիւն ունի Անգարայի եւ Պաքուի միջեւ, եւ որեւէ վտանգ կրնայ առիթ մը ստեղծել, որ ներկայ դարաշրջանի սուլթան Էրտողանը օգնութեան փութայ իր դաշնակիցին:

Դիտեցինք ու լսեցինք բարբարոսութիւններուն մասին, ուր արդէն իսկ զոհուած զինուորներ ոչ թէ միայն չարչարուած ու անարգուած են, այլ նաեւ` անդամահատուած: Ի վերջոյ, ի՞նչ կարելի է սպասել երկրէ մը… կամ մշակոյթէ (… եթէ գոյութիւն ունի), որուն զինուորներէն մէկը, յանձին Ռամիլ Սաֆարովի, պատերազմի դաշտէն հեռու… շատ հեռու, ՕԹԱՆ-ի կազմակերպած մէկ հաւաքին, Պուտափեշթի մէջ կացինով սպաննած էր հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը: Դեռ աւելի՛ն. ի՞նչ սպասել երկրէ մը, որ զեղծարարութիւններ կատարելով եւ մեծ գումարներ տրամադրելով` կրցած էր բանտէն արձակել ոճրագործը եւ իբրեւ հերոսի ընդունիլ իր երկրէն ներս:

1915-ի միեւնոյն պատկերները կը կրկնուին միեւնոյն ՓԱՆԹՐՔԱԿԱՆ ոճով:

Ոճ մը, ուր խիղճ, մարդկային իրաւունքներ… պարզապէս մարդկութիւն գոյութիւն չունի: Ասոր վերջին փաստերն են Արցախի մէջ հազիւ 12 գարուններ բոլորած պատանին, 80 տարիքը թեւակոխած ծերունի զոյգը… եւ անշուշտ այդ արի հայ զինուորները, որոնք մինչեւ վերջին փամփուշտ պայքարեցան եւ ապա ինքնասպան եղան եւ յետ մահուան ազերիական բարբարոսութիւն` գլխահատուեցան կամ յաւելեալ չարչարանքի ենթակայ դարձան:

Այսպէս, կանուխ նշուեցաւ 101-ամեակը:

…Եւ այդ ալ` ի՜նչ միասնակամութեամբ, հաւատքով եւ հայրենասիրութեամբ` արցախեան կամքով:

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Նորվեկիոյ Եկեղեցւոյ Ներկայացուցիչը

Յաջորդը

Աշխարհի Մեծերու Դիմակները Վար Առնուած Են Ո՞ւր Են Հայազգի Միլիառատէրները (Մերօրեայ Հերոսամարտեր) Բ.

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Յանձնառու ՀՕՄ-ականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Յանձնառու ՀՕՄ-ականը

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում
Անդրադարձ

Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին
Անդրադարձ

Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?