Յօդուածներ

Յայտարարութիւն

Լօխ-ի Մասնաճիւղերու Ձեռնարկներ

«Աղթամար» Մասնաճիւղ Ա.- Հայկական մանրանկարչութիւն Շաբաթ, 5 մարտ 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին Այնճարի ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութիւնն ու աշխատանոցի յանձնախումբը հիւրընկալեցին  Հայաստանի գիտութիւններու ակադեմիայի դասախօս եւ Տէրեան մշակութային կեդրոնի պատասխանատու Անի Մարգարեանը, «Ս. Զէթլեան» կեդրոնի, «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ: Հաւաքուած հայրենակիցներն ու հիւրերը նախ ծանօթացան դասախօսուհիին կենսագրականին, որ ներկայացուց մասնաճիւղի ատենապետ Ցողիկ Հաւաթեան: Ան շեշտը դրաւ նաեւ այնճարցիներուն սիրոյ,...

Անմխիթարական, Բայց Ոչ Յուսահատական Կացութիւն

Անմխիթարական, Բայց Ոչ Յուսահատական Կացութիւն

ԺԱՔ Յ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ Այս տարի Աշխատաւորներու միջազգային օրը կը նշուի ամբողջութեամբ անմխիթարական կացութեան մը մէջ: Արդարեւ, աշխատաւորներու իրաւունքներու ձեռք բերման, զանոնք հետապնդելու եւ պահանջելու իմաստով, վերջին քանի մը տարիներուն այդքան անհեռանկարային վիճակ մը չէր ստեղծուած, որքան այսօր: Եւ այս երեւոյթը մենք կը նշմարենք թէ՛ միջազգային, թէ՛ տեղական լիբանանեան եւ թէ՛ ներհայկական մակարդակներու վրայ: Միջազգային մակարդակի վրայ ամէնուրեք կը նկատուի նահանջ...

Տեսակէտ. Ինչո՞ւ Պէտք Է Տօնենք Մայիսի 1-ը

Տեսակէտ. Ինչո՞ւ Պէտք Է Տօնենք Մայիսի 1-ը

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ Արդի մարդկային ընկերութեան սկիզբէն եղած են ընկերային բաժանումներ եւ կենաց մահու պայքար` աւատապետներու եւ ճորտերու, տէրերու եւ ստրուկներու միջեւ. միշտ ալ աւելի ուժեղը ճնշած է տկարը, իսկ ճնշումի պատճառը միշտ ալ եղած է անարդար համակարգը. այդ անարդար համակարգի հիմքը դրամագլուխն է, որ հիմնուած է ընկերային բարեկեցութեան շուկայացման եւ տնտեսական անհատապաշտութեան վրայ: Ճարտարարուեստականացումէն սկսեալ աշխատաւորը դարձաւ իր տիրոջ ազատ...

Սիրելի Սաթենիկ Քեչեճեանի Յիշատակին. 1928 – 2016

Սիրելի Սաթենիկ Քեչեճեանի Յիշատակին. 1928 – 2016

ԱՐՄԻՆԷ ՄԻՆԱՍԵԱՆ Սաթենիկի ծնողները` Անուշ եւ Աւետիս Խաչիկեան, փրկուելով 1915 թուի Ցեղասպանութիւնից, միմեանց գտան Լիբանան` Պէյրութի որբանոցում: Սաթենիկը ծնուել է 18 յուլիս, 1928-ին, երկրորդը` ծնողների հինգ զաւակներից: Սաթենիկը շրջանաւարտ եղաւ աղջիկների Ս. Գրիգոր քոլեճից, որը ղեկավարում էր Պէյրութի Ժեզուիթական միաբանութեանը: Տասներեք տարեկանում նա կորցնում է հօրը. 1947-ին մայրը որոշում է ներգաղթել մայր հայրենիք` հաւատալով, որ իր 5 որբ զաւակները առաւել...

Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին Հովանաւորութեամբ`.  Սուրիահայ Աշակերտներու Գարնանային Դպրոց` Ազգ. Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճի Մէջ

Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին Հովանաւորութեամբ`. Սուրիահայ Աշակերտներու Գարնանային Դպրոց` Ազգ. Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճի Մէջ

Ուրբաթ, 22 ապրիլի յետմիջօրէին, Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճին մէջ բացումը կատարուեցաւ սուրիահայ աշակերտներու գարնանային դպրոցին: Դպրոցը կը համախմբէ Պուրճ Համուտ եւ շրջակայքը բնակող 155 սուրիահայ փոքրիկներ, որոնք 11 շաբթուան ընթացքին, շաբաթական երկօրեայ դրութեամբ (ուրբաթ կէսօրէ ետքերը եւ շաբաթ առաւօտները), պիտի հետեւին դաստիարակչական յատուկ ծրագիրի` բարելաւելու համար ուսումնական-կրթական իրենց մակարդակը: Դպրոցին բացումը նախաձեռնութիւնն է Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան...

Անկրկնելի  Հալէպը. Երբեմնի «Դպրոցներ»-ը … Ժողովրդային Գրադարանները

Յիշեցման Կարգով … Պատմութեան Համար

ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ «Ազդակ» օրաթերթի երկուշաբթի, 18 ապրիլի թիւով աշխարհասփիւռ  հայութիւնը ուրախութեամբ կարդաց «Առաջին անգամ ըլլալով Սուրիոյ խորհրդարանին մէջ հայ համայնքը կը ներկայացնեն երկու երեսփոխաններ` Ժիրայր Ռէյիսեան եւ դոկտ. Նորա Արիսեան»: Սուրիոյ հնգամեայ ճգնաժամին մէջ, աղէտալի եւ սրտաճմլիկ լուրերու եւ գաղութը ցնցող տագնապալի վիճակին դիմաց հաւանաբար միակ աւետիսն էր, որուն երկար ժամանակէ ի վեր կարօտը ունէինք, թէեւ կրթական եւ մշակութային կեանքի...

Հայաստանեան Անկիւն.  Արձանացած Բարութիւն` Կարաբալա

Հայաստանեան Անկիւն. Արձանացած Բարութիւն` Կարաբալա

ՄԱՐԳԱՐԻՏԱ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ   Տունը` Փողոց Աբովեան «Կարծես ծնուել է ծերացած` ծաղկէ զամբիւղը ձեռքին, կեանքը գինով է ծաղկեցրել բարի ժպիտը դէմքին»: Պապին Պօղոսեանի երգից մի հատուած է`  նուիրուած յայտնի երեւանցուն, ով սիրում էր գինի, բայց առաւել` ծաղիկներ: Սերունդներ առաջ մարդկային իր առանձնայատուկ տեսակով Երեւանում հանրայայտ էր երգի ու մեր պատմութեան հերոս ծաղկավաճառ Կարաբալան: Եթէ ժամանակին ճանաչուած եւ սիրուած էր նրա անձը,...

Հայաստանեան Անկիւն.  «Ուրուական» Դարձող Բերդ-Ամրոցը

Հայաստանեան Անկիւն. «Ուրուական» Դարձող Բերդ-Ամրոցը

ՄԱՐԳԱՐԻՏԱ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ «Ընդհանուր առմամբ շատ քիչ բան է յայտնի եղել Հայաստանի մասին, թէեւ մշակութային առումով Եւրոպան պարտական է նրան շատ բաներում: Պատմութեան սաղմնաւորման ժամանակ Հայաստանը քաղաքակրթութեան ակունքներից մէկն է եղել: Քրիստոնէական շրջանից հազարամեակներ առաջ Հայաստանի տնտեսութիւնը, արուեստները եւ յայտնի աւանդոյթները այն աստիճանի են զարգացել, որ նրա մշակոյթը քաջալերել է Եգիպտոսին, Յունաստանին ու Հռոմին` նիւթապէս ու հոգեպէս»: Բարեբախտաբար այս տողերի հեղինակ...

Պայքարը Կը Շարունակուի՛

ՀՐԱԿ Թ. ԱՒԵՏԱՆԵԱՆ Հայոց ցեղասպանութեան 101-րդ ամեակի ոգեկոչման անգամ մը եւս եկանք հսկումով պատուելու մեր անմեղ նահատակներու յիշատակը: Նահատակներ, որոնք այլեւս միմիայն թուրքի սուրին զոհերը չեն, այլ` նահատակներ, որոնք միացան մեր ազգային հոգեւոր կեանքի սուրբերու դասին: Այս տարի հաւաքուեցանք փաստելու համար, որ 100-ամեակով ոչ մէկ բան վերջ գտաւ: Ընդհակառակն, մենք կը շարունակենք մեր պահանջատիրական աշխատանքը նո՛յն թափով եւ նո՛յն եռանդով:...

«Ղարաբաղը Ձեզ Համար Սոսկ Տարածք Է, Մեզ Համար Սուրբ Հայրենիք»

ՀՐԱԿ-ԽԱՉԻԿ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ Գաղտնիք չէ, որ 1994-ի զինադադարը յաճախ կը խախտէր Ազրպէյճանի կողմէ: Արդարեւ, ան բազմիցս կը պատճառէր սահմանային ընդհարումներ, որոնք միշտ իրենց արժանի պատասխանը կը ստանային` սահմանապահ հայ զինուորներուն կողմէ: Միջազգային ընտանիքին լռութիւնը եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն ոչ վճռական որոշումները պատճառ դարձան, որ այս ոտնձգութիւնները շարունակուին ու դառնան աւելի յաճախակի: Արդարեւ, վերջին երկու տարիներուն Ազրպէյճան բազմապատկած է զինադադարի խախտումները,...

Պատեանին Տակ Չթաքնուինք

ՆԱՐԻՆ ԱԴԱՄԵԱՆ Հայ ազգը ընդհանրապէս բաժնուած է երկու հատուածներու: Առաջին հատուածը այն փոքրամասնութիւնն է, դժբախտաբար` փոքրամասնութիւն, որ նուիրուած է իր ազգին եւ ամէն գնով կ’աշխատի ի նպաստ Հայ դատին: Օրինակի համար, Հայոց ցեղասպանութեան 101-րդ տարելիցը ոգեկոչելու համար այս հատուածը կ’աշխատի եւ իր ամբողջ ժամանակը կը տրամադրէ նախաձեռնելու, կազմակերպելու եւ նոյնիսկ ներկայ գտնուելու տարբեր ձեռնարկներու` նպատակ ունենալով հետապնդել 101-ամեայ դատը, պահանջատիրութեան...

Նշեցինք, Պահանջեցինք,   Արձագանգեցին… Յետո՞յ…

Նշեցինք, Պահանջեցինք, Արձագանգեցին… Յետո՞յ…

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Այս հարցումն է, որ մեզ միշտ պիտի մղէ կրաւորականութեան չվերադառնալու, չբաւարարուելու ճանաչումներով, նպաստաւոր կարծիքներով, մեզի ուղղուած կարեկցանքի, զօրակցութեան կամ գնահատանքի արտայայտութիւններով: Մինչ այդ, անշուշտ, շահեկան է գիտնալ, թէ աշխարհը այս անգամ ինչպէ՛ս արձագանգեց: Միջազգային լրատու միջոցներ` թերթեր, կայքեր, պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի կայաններ աշխարահռչակ օսկարակիր դերասան, գործիչ Ճորճ Քլունիի`  միջազգային «Աւրորա» մրցանակաբաշխութեան մասնակցելու նպատակով Երեւան այցելութեան անդրադարձան` նշելով,...

Ակնարկ.  94-ի Պայմանագիրը` Առանցք

Ակնարկ. 94-ի Պայմանագիրը` Առանցք

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին «Պլումպըրկ»-ին տուած հարցազրոյցին հետեւեալ բաժինը խորիմաստ բովանդակութիւն կը բանաձեւէ եւ լոյս կը սփռէ բանակցային գործընթացի վերսկսման հայկական կողմի սկզբունքային դիրքորոշումներուն վրայ: «Ոչ թէ պէտք է զինադադար հաստատել, այլ վերականգնել զինադադարը, որուն մասին համաձայնագիր կնքած էինք 1994 թուականին ու նաեւ այդ համաձայնագիրը ամրապնդած էինք նոր համաձայնագիրով 1995 թուականին: Եւ ինչպէս կը տեսնէք, մինչեւ հիմա այդ պայմանաւորուածութիւնները կը պահպանուին,...

Խմբագրական «Ազատ Օր»-ի.  Կը Յիշենք Եւ Կը Պահանջենք Մեր Իրաւունքն Ու Արդարութիւնը

Խմբագրական «Ազատ Օր»-ի. Կը Յիշենք Եւ Կը Պահանջենք Մեր Իրաւունքն Ու Արդարութիւնը

Ապրիլ 24-ի 101-րդ տարելիցը կը դիմաւորենք հայաշխարհը նորովի փոթորկած վիշտի ու ընդվզումի ալեկոծ պայմաններու մէջ: Թրքական պետութեան ուղղակի եւ բացայայտ խրախուսանքով` Ազրպէյճան գրոհեց հայրենի մեր տարածքին վրայ եւ հայու արիւն հեղեց... Ապրիլ 2016-ի առաջին օրերուն, Արցախի հետ ազրպէյճանական սահմանի ամբողջ երկայնքին, համաթրքական մոլեգին հայատեացութեամբ, ազրպէյճանական զօրքը փորձեց յանկարծակի յարձակումով ճեղքել հայկական դիմադրականութեան ամրոցները, հայկական հող գրաւել եւ հայ զինուորի ու...

Խմբագրական «Հորիզոն»-ի.   Հատուցման Հանգրուանի Սեմին

Խմբագրական «Հորիզոն»-ի. Հատուցման Հանգրուանի Սեմին

Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակէն ետք, երբ հայկական կողմը պահանջատիրութեան իր կշիռքի նժարը ծանրացուց հատուցման հարցով, թրքական կողմը դիմեց ծաւալուն հակաքարոզչական գործընթացի, որուն ծիրէն ներս ամէնէն ցայտուն օրինակներն էին ակադեմական մակարդակի վրայ պատմութիւնը խեղաթիւրելու Անգարայի ճիգերը: Այսօր յստակօրէն սկսած է ուրուագծուիլ թրքական կողմին հակաքարոզչական պայքարի մարտավարութիւնը, որ ներկայ դրութեամբ կ՛ընթանայ հետեւեալ ուղղութիւններով. Ա.- Պատմութեան նենգափոխման նպատակաուղղուած գիտաժողովներու կազմակերպումն ու պատմական կեղծիքներու վրայ...

Խմբագրական «Ասպարէզ»-ի.  Նորոգուած Մեկնարկը Պէտք Է Նորոգ Ուժականութեամբ Ներարկել

Խմբագրական «Ասպարէզ»-ի. Նորոգուած Մեկնարկը Պէտք Է Նորոգ Ուժականութեամբ Ներարկել

Հարիւրամեակի ոգեւորութիւնը չկրցանք պահպանել, չկրցանք անոր ստեղծած մթնոլորտը աճող ուժականութեամբ լիցքաւորող մարտկոցներ կառուցել, որպէսզի պահանջատիրական պայքարը յարատեւօրէն կարենար մագլցում արձանագրել: Փաստօրէն տեղատուութեան մէջ ենք, եւ ամէնէն մտահոգիչը` այդ տեղատուութիւնը արդարացնելու տրամադրութիւններ կ՛երեւին մեր զրոյցներուն, վերլուծումներուն մէջ: Ի վերջոյ հարիւրամեակ էր` կ՛ըսենք, ու բնական էր, որ ժողովուրդը աննախընթաց մասնակցութիւն բերէր յոբելենական կարեւոր ձեռնարկներուն: Այո՛, կը թուի, թէ մենք ձախողեցանք Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի...

Ուշադիր Նայէք Այս Կնոջ Դէմքին

Ուշադիր Նայէք Այս Կնոջ Դէմքին

ՅՈՎԻԿ ԱՖԵԱՆ Զգացի՞ք, որ այս անգամ Օպամայի ասածին առանձնապէս ոչ ոք ուշադրութիւն չդարձրեց: Մինչդեռ այս անգամն ուրիշ էր: Ոչ թէ ասածը, այլ` հնարաւորութիւնը, այն վերջինն էր. յաջորդ տարի ապրիլի 24-ին Օպաման այլեւս Միացեալ Նահանգների նախագահ չի լինելու: Այնպէս որ, կա՛մ այս տարի ասում էր բառը, կա՛մ չէր ասում: Չասաց, բայց դա կարեւորը չէ, կարեւորն այն է, որ մեզ համար, ըստ...

Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Լուսանկարներու Ցուցահանդէս Մխիթարեան Միաբանութեան Վենետիկի Ս. Ղազար Մայրավանքին Մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Լուսանկարներու Ցուցահանդէս Մխիթարեան Միաբանութեան Վենետիկի Ս. Ղազար Մայրավանքին Մէջ

«Ժողովուրդի մը տառապանքէն անդին - Հայոց Ցեղասպանութեան յիշողութեան ուղիներով» լուսանկարներու ցուցահանդէս 24 ապրիլ 2016-ին Մխիթարեան միաբանութեան Վենետիկի Ս. Ղազար մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 101-րդ ամեակի յիշատակում: Հայ եւ օտարազգի հաւատացեալներու հոծ բազմութեան ներկայութեամբ` հանդիսաւոր Ս. պատարագ մատուցուեցաւ Մխիթարեան միաբանութեան ընդհ. Աբբահայր Եղիա ծ. վրդ. Քիլաղպեանի կողմէ: Աբբահայրը իր քարոզին մէջ շեշտեց կարեւորութիւնը այս նուիրական թուականին, մանաւանդ` յիշատակումը մեր...

ՀՅԴ Երիտասարդական Միութիւնը Խանգարեց Հայտար Ալիեւի Գիրքի Ներկայացման Ձեռնարկը

ՀՅԴ Երիտասարդական Միութիւնը Խանգարեց Հայտար Ալիեւի Գիրքի Ներկայացման Ձեռնարկը

Իր ապակողմնորոշիչ քարոզչութիւնը Յունաստանի մէջ կատարելու նպատակով, չորեքշաբթի 20 ապրիլի երեկոյեան, Աթէնքի մէջ Էթնիքի դրամատան «Վ. Քարածաս» ամփիթատրոնին մէջ գիրքի ներկայացում մը կազմակերպեց Յունաստանի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանութիւնը: Գիրքը նուիրուած էր Ազրպէյճանի նախկին նախագահ Հայտար Ալիեւին եւ ձեռնարկին հրաւիրուած էին խօսք ուղղելու յոյն քաղաքական գործիչներ, որ օրին ճանչցած էին Հայտար Ալիեւը: Անոնց շարքին էին Ազրպէյճանի մէջ նախկին դեսպաններ` Քարոլոս Ղատիս եւ...

Սթոքհոլմ. Շուէտահայութիւնը Իր Բողոքի Ձայնը Կը Բարձրացնէ

Սթոքհոլմ. Շուէտահայութիւնը Իր Բողոքի Ձայնը Կը Բարձրացնէ

Կիրակի, 24 ապրիլ 2016-ին, շուէտահայութիւնը ուղղուեցաւ դէպի Սթոքհոլմի թրքական դեսպանատան կից գտնուող (Dag Hammarskjölds) պողոտան, ուր տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց` ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան 101-րդ տարելիցին, եւ որուն ընթացքին դատապարտուեցաւ ցեղասպան Թուրքիան եւ անոր վարած ուրացող ու ժխտողական քաղաքականութիւնը: Ցոյցը կազմակերպած էր Շուէտի Հայկական միութիւններու համադրող մարմինը` համագործակցելով Շուէտի ՀՅԴ կազմակերպութեան հետ, եւ անոր ուղեկից միութիւններուն ներկայութեան: Ցոյցի աւարտէն ետք...

Page 937 of 1110 1 … 936 937 938 … 1,110

Արխիւներ