Պոսթըն
Կիրակի, ապրիլ 24-ին Պոսթընի հայութիւնը նշեց Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակը: Առաջին հերթին, աւելի քան երեք հարիւր հայորդիներ ժամանած էին քաղաքի կեդրոնական շրջանին մէջ գտնուող Թուրքիոյ հիւպատոսարանին մօտ` խաղաղ ցոյց մը կատարելու: Մօտաւորապէս երկու ժամ տեւեց այս ցոյցը, որուն ընթացքին զանազան պաստառներ` «Թուրքիան եւ Միացեալ Նահանգները պէտք է որ ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը», «Արեւելեան Թուրքիան… Արեւմտահայաստանն է», «Հատուցում կը պահանջենք»:
Ցոյցը կազմակերպուած էր շրջանի Հայ երիտասարդական միութեան «Գարեգին Նժդեհ» մասնաճիւղին եւ «Սարդարապատ» կոմիտէին կողմէ:
Հայ երիտասարդական միութեան «Գարեգին Նժդեհ» մասնաճիւղին կողմէ խօսք առաւ Շանթ Մարուխեան, որ կոչ ուղղեց Թուրքիոյ` վերատեսութեան ենթարկելու իր քաղաքականութիւնը եւ ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Հայ երիտասարդական միութեան, Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Շրջանի Կեդրոնական վարչութեան անունով, խօսք առաւ Գառնի Արմէնեան, որ իր խօսքին մէջ յայտնեց, թէ Հայոց ցեղասպանութենէն ետք այլ ցեղասպանութիւններ կատարուեցան, որովհետեւ կտրուկ պատժական միջոցառումներու չդիմուեցաւ:
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Տիգրան Խալիկեանը, որ իր խօսքին մէջ յայտնեց, թէ պայքարը պիտի շարունակուի, մինչեւ որ ճշմարտութիւնը բացայայտուի: Խալիկեան նաեւ աւելցուց, թէ Էրտողանի վարչակարգը կը շարունակէ իր սուլթանական գործընթացը` շարունակ ճնշում բանեցնելով քիւրտերուն վրայ:
Ցուցարարները մեկնեցան «Ժառանգութեան այգի», ուր աւելի քան մէկ ժամ տեւող յայտագիր մը կազմակերպուած էր: Օրուան հանդիսավարն էր Անի Զարկարեանը, որ յայտնեց, թէ անվհատ եւ ամենայն ինքնավստահութեամբ ու համոզումով պիտի շարունակուի պայքարը, մինչեւ` ճանաչում եւ հատուցում: Ապա Զարկարեան բեմ հրաւիրեց Միտըլսեքսի շերիֆ Փիթըր Գութուճեանը, որ իր կարգին շեշտեց, թէ Մասաչուսեցի հայութիւնը պատրաստ է ամէն գնով պայքար մղելու թրքական լոպիին դէմ: Նաեւ խօսք առին պատմագէտներ` Ատամ Սթրոմ, Սուզան Մորանեան եւ Շանթ Մարտիրոսեան:
Այս հաւաքին ներկայ էին նաեւ քիւրտեր, որոնք կը ծածանէին հայրենի եռագոյնն ու քրտական դրօշ:
Ձեռնարկին ընթացքին կատարուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Նիւ Ճըրզի
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէին, շաբաթ, 23 ապրիլի երեկոյեան ժամը 8:30-ին նշուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակը Նիւ Ճըրզիի Սուրբ Վարդանանց եկեղեցւոյ սրահին մէջ, խուռներամ բազմութեան մը ներկայութեան:
Ուաշինկթընէն հրաւիրուած էր Հայաստանի դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեանը, ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Խաչիկ Մուրատեանը եւ թեմի առաջնորդական փոխանորդ Անուշաւան եպս. Դանիէլեանը, ՌԱԿ-ի, ՀՕՄ-ի, ՀՄԸՄ-ի, Համազգայինի, Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան եւ շրջանի այլ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:
Նախքան ձեռնարկը, եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ յատուկ արարողութիւն` մէկուկէս միլիոն մեր սուրբ նահատակներուն եւ հոգիներուն համար քանի մը շաբաթ առաջ հայրենիքը պաշտպանող քաջարի այն հայ զինուորներու, որոնք նահատակուեցան Արցախի սահմանին վրայ: Արարողութիւնը մատուցեց Անուշաւան եպս. Դանիէլեանը:
Հանդիսութիւնը սկսաւ օրուան յայտագիրը վարող Անի Մելքոնեանի բացման խօսքով: Դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեանը իր պատգամը անգլերէն եւ հայերէն լեզուներով փոխանցեց հանրութեան: Ան մատնանշելով 1915-ի Ցեղասպանութեան եւ մասնաւորաբար 2016-ի ապրիլի սկիզբը տեղի ունեցած արցախեան նոր գոյամարտէն ստացած դասերը` շեշտը դրաւ այսօրուան եւ ապագայի ընելիքներու վրայ:
«Մեր տղաները սահմանի վրայ արիւն են հեղում… մենք մի կաթիլ քրտինք թափենք նրանց օգնելու…», ըսաւ դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեան: «Համերաշխութիւնն է, որ պէտք է լինի մեր արդի նշանաբանը: Այսօր Արցախը մեր օգնութեան կարիքն ունի` ե՛ւ նիւթական, ե՛ւ քաղաքական: Անենք այն ամէնը, ինչ կարող ենք: Մեր տղաները սահմանի վրայ արիւն են հեղում… մենք մի կաթիլ քրտինք թափենք նրանց օգնելու համար: Սփիւռքի մեր եղբայրներն ու քոյրերը մշտապէս կանգնած են հայրենիքի կողքին: Այսօր եւս սփիւռքը ցոյց է տալիս աշխարհին, որ միասնական է Հայաստանի եւ Արցախի հետ: Որ պատրաստ է հայրենիքի ծառայութեանն ի սպաս դնել իր բոլոր ուժերը: Սփիւռքով բազմապատկւում է Հայաստանի ուժը, ամրապնդւում է մեր կարողութիւնը եւ յաղթելու վճռակամութիւնը», յայտնեց ան:
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Խաչիկ Մուրատեանը, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Հայը իր տան եւ հոգւոյն մէջ Արարատի պատկերն ունի: Ես մէկէ աւելի անգամ, Արեւմտեան Հայաստանի կողմէն դիտած եմ Արարատը, որուն ետին, գիտցա՛ծ եմ, որ Հայաստանն ու Արցախն է: Նոյնպէս` մէկէ աւելի անգամ ես Հայաստանի կողմէն դիտած եմ Արարատը, որուն ետին գտնուող հողամասը, միշտ գիտցա՛ծ եմ, որ Արեւմտահայաստանն է… Հայոց ցեղասպանութեան արդարութեան եւ պահանջատիրութեան հետապնդման ճանապարհը Հայաստանէն եւ Արցախէն կ’անցնի… Այդ ճամբան կ’անցնի նաեւ հայկական սփիւռքէն…»:
Խօսք առաւ նաեւ Անուշաւան եպս. Դանիէլեանը, որ ծանրացաւ հայ ժողովուրդի հաւատքին, տոկունութեան եւ հազարամեակներ երկարող յարատեւութեան վրայ: Ան յիշեց եւ օրինակներ բերաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Անթիլիասի դպրեվանքի իր ուսուցիչներէն եւ մասնաւորաբար անոնց շունչէն ստացած իր ազգային եւ հոգեկան հարստութիւնները եւ շեշտեց ամերիկահայ նոր սերունդներուն մէջ ազգային եւ քաղաքական ոգի սերմանելու անհրաժեշտութիւնը:
Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան կողմէ խօսեցաւ Երուանդ Քէշիշեանը` ընդգծելով հայրենիքին ծառայելու համար հայ երիտասարդութեան քաղաքական մարզին մէջ պատրաստութիւնն եւ պատրաստակամութիւն ունենալու կարեւորութիւնը:
Նիւ Եորք
Կիրակի, ապրիլ 24-ին, Նիւ Եորքի «Թայմզ» հրապարակին մէջ տեղի ունեցաւ հանրահաւաք, Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակին առթիւ: Հազարէ աւելի հայորդիներ ժամանած էին այս հաւաքին: Ներկայ էին սփիւռքահայն ու… Սումկայիթէն ու Պաքուէն բռնի ուժով գաղթած հայութիւնը:
Բացման խօսքը կատարեց Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի առաջնորդ Օշական արք. Չոլոյեանը: Ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին անմեղ զոհերու յիշատակը:
Միացեալ երգչախումբի կատարմամբ հնչեցին Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի քայլերգները: Այս հաւաքին խօսք առին ծերակուտականներ` Ֆրանք Փալոն, Սքաթ Կարեթ, Ռապըրթ Մենենտես, Չաք Շումըր, ինչպէս նաեւ` հայ եւ ամերիկացի քաղաքական գործիչներ, նաեւ` տարբեր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:
Ֆրանք Փալոն յայտնեց իր զօրակցութիւնը հայ ժողովուրդին` ըսելով, որ. «Մենք, իբրեւ ամերիկացիներ, այսօր ձեզի հետ կը կանգնինք ու կը պահանջենք ճանաչում եւ արդարութիւն հայ ազգին: Այս մէկը ոչ թէ սիրոյ կեցուածք մըն է, այլ պարտաւորութիւն է, որովհետեւ Ցեղասպանութիւնը մարդկութեան դէմ ուղղուած արարք է, եւ եթէ չդատապարտուի, կրնայ նոյն ոճրագործին կողմէ անգամ մըն ալ կրկնուիլ»:
Ռապըրթ Մենենտես կոչ ուղղեց բոլորին, որ պահեն յիշողութիւնը եւ բնաւ չմոռնան անցեալը: Ան կարեւոր նկատեց Հայկական հարցը հասցնել մինչեւ միջազգային դատական ատեան եւ ըսաւ, որ արդարութեան պէտք է զուգակցի նիւթական եւ բարոյական հատուցումը:
Չաք Շումըր նշեց, թէ անցեալի իրադարձութիւններուն արձանագրութիւնները պատմութիւնը պարզապէս յիշելու եւ անցեալը պահելու համար չէ միայն, այլեւ` ապագան գրելու համար, որպէսզի նոյնը չկրկնուի:
Չաք Շումըր ընդգծեց, որ բոլոր պարագաներուն ալ արդարութիւնը պէտք է երեւան գայ ուշ կամ կանուխ: Հայ ժողովուրդի իրաւունքն է արդարութեան հաստատումը, որ նոյնպէս բոլոր ժողովուրդներուն պատասխանատուութիւնն է, որովհետեւ պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ:
Շիքակօ
Շաբաթ, ապրիլ 23-ի յետմիջօրէին, աւելի քան հարիւր հայորդիներ խմբուեցան կեդրոնական շրջանին մէջ գտնուող Թուրքիոյ հիւպատոսարանին մօտ` խաղաղ ցոյցով մը նշելու համար Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակը:
Տարբեր տարիքի ցուցարարներ ժամանած էին: Ներկայ էին նոյնիսկ պատանիներ եւ ծերունիներ: Նաեւ քանի մը յոյներ ժամանած էին` իրենց զօրակցութիւն յայտնելու:
Ապահովական ուժերու հսկողութեամբ կատարուած այս ցոյցը անցաւ հանդարտ մթնոլորտի մէջ: Հազիւ քսանի շուրջ թուրքեր կազմակերպած էին հակահայ ցոյց մը` ծածանելով իրենց երկրին դրօշակը:
Քրանսթըն (Ռոտ Այլընտ)
Հինգշաբթի, Ապրիլ 21-Ին քաղաքապետարանի շէնքին մուտքին կատարուեցաւ դրօշակի արարողութիւն` կազմակերպութեամբ շրջանի Հայ դատի յանձնախումբին:
Քաղաքապետ Ալըն Ֆանկ ներկայ էր այս հանդիսութեան: Ան իր խօսքին մէջ յայտնեց, թէ Քրանսթընի հայութիւնը միշտ ալ տիպար եւ օրինակելի քաղաքացի եղած է:
Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի քայլերգներէն ետք օրուան հանդիսավար Րաֆֆի Ռշտունի բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ բեմ հրաւիրեց շրջանի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչներէն Անի Հարոյեանը: Ան ներկայացուց Արցախի ներկայ իրավիճակը:
Աւստրալիա
Կիրակի, 24 ապրիլ 2016-ին, հովանաւորութեամբ Ցեղասպանութեան 101-ամեակի Կեդրոնական յանձնախումբին եւ կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Աւստրալիոյ «Դրօ» կոմիտէի եւ անոր ուղեկից միութիւններուն, Սիտնի քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ արդարութեան տողանցքը` մասնակցութեամբ աւելի քան 3000 հայորդիներու:
Տողանցքը սկիզբ առաւ Սիտնիի «Հայտ փարք»-էն: Անցնելով քաղաքի «Մաքուարի» պողոտայէն եւ Ցեղասպանութիւնը ճանչցած Նիւ Սաութ Ուէլզի խորհրդարանէն` տողանցքը հասաւ Սիտնիի հանրային պարտէզ:
Տողանցքը կ’առաջնորդէր ՀՄԸՄ-ի նորակազմ շեփորախումբը:
Տողանցքին ներկայ էին Հայ առաքելական Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Աւետիս քհնյ. Համբարձումեան, Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ առաջնորդ վերապատուելի Յակոբ Սարգիսեան, ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէի ներկայացուցիչ Հայկ Գայսէրեան, ՀՄԸՄ-ի Աւստրալիոյ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Տիրան Վահրատեան, Համազգայինի Աւստրալիոյ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Վիգէն Քալողլեան, ՀՕՄ-ի Աւստրալիոյ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մարալ Փիլիպոսեան, Հայ դատի յանձնախումբի խնամակալ կազմի ատենապետ Գօգօ Սողոմոնեան, ինչպէս նաեւ` Աւստրալիոյ գաղութի մէջ գործող մարզական, բարեսիրական, մշակութային եւ երիտասարդական միութիւններու ներկայացուցիչներ: Ներկայ էին նաեւ Նիւ Սաութ Ուէլզ նահանգի խորհրդարանի անդամներէն եւ քաղաքական բարձրաստիճան պաշտօնեաներ:
ՀՄԸՄ-ի սկաուտները, ՀՅԴ Աւստրալիոյ երիտասարդական միութեան երիտասարդներն ու պատանիները, ՀՕՄ-ի անդամուհիները. Համազգայինի պարախումբի անդամները եւ ամէնօրեայ ու շաբաթօրեայ վարժարաններու աշակերտները Հայաստանի եւ Արցախի դրօշակները բարձրացնելով` տողանցեցին քաղաքին կեդրոնը եւ անցորդներուն բաժնուած թռուցիկներով բացատրեցին տողանցքի նպատակին մասին:
«Պոթենիք կարտընզ»-ի մէջ անգլերէն լեզուով ելոյթ ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտներէն Ժանեթ Նալպանտեան: Հայերէնով խրախուսիչ ելոյթ ունեցաւ ՀՅԴ Աւստրալիոյ երիտասարդական միութեան պարմանուհի Վանի Համամճեան: Ելոյթ ունեցաւ ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէի ներկայացուցիչ Հայկ Գայսէրեան: Արդարութեան տողանցքը վերջ գտաւ հոգեւոր հայրերու օրհնութեամբ եւ աղօթքով: Կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամ Արա Մկրտիչեան հաստատեց, որ տողանցքով հայութիւնը կը հաստատէ կառչածութիւնը իր դատին:
Ցեղասպանութեան 101 ամեակի առիթով եւ նպատակ ունենալով դաստիարակել Աւստրալիոյ հանրութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան մասին` ՀՅԴ Աւստրալիոյ երիտասարդական միութեան «Նիկոլ Դուման» եւ «Բեկոր» մասնաճիւղերու երիտասարդները կիրակի, 24 ապրիլ 2016-ին կազմակերպեցին Die-In Սիտնիի Փիթ փողոցի շուկային կեդրոնին մէջ:
Երիտասարդները իրենց ձեռքերուն ունէին պաստառներ, որոնց վրայ գրուած էր #ArmenianGenocide,#TurkeyFailed, We Demand Justice: Միեւնոյն ժամանակ երիտասարդականի այլ ընկերներ եւ ընկերուհիներ անցորդներուն կը բաժնէին թռուցիկներ, որոնց մէջ բացատրուած էր Die-In-ի նպատակը, ինչպէս նաեւ` ներկայացուած էր Ցեղասպանութեան ընթացքին Աւստրալիոյ ունեցած դերակատարութեան եւ ցուցաբերած մարդկային օժանդակութեան մասին վկայութիւններ:
ՀՅԴ Աւստրալիոյ երիտասարդական միութեան «Նիկոլ Դուման» մասնաճիւղի ատենապետ Արամ Թիւֆենքճեան ըսաւ. «Մեր նպատակն է ծանօթացնել մեր Դատը Աւստրալիոյ հանրութեան, մանաւանդ որ Ցեղասպանութեան ընթացքին աւստրալիացի բժիշկները, հիւանդապահները եւ զինուորները մարդկային օժանդակութիւն ցուցաբերեցին հայ ժողովուրդին: Լիայոյս ենք, որ նման տեսակի աշխատանքներով պիտի կարենանք ճնշում բանեցնել Աւստրալիոյ կառավարութեան վրայ եւ մղենք զայն ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը»:
Die-In հասաւ իր աւարտին կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին:
Հայոց Ցեղասպանութեան 101-Ամեակը
Ոգեկոչուեցաւ Վանքուվըրի Մէջ
Կիրակի, 24 ապրիլ 2016-ին ամբողջ վանքուվըրահայութիւնը հաւաքուած էր Վանքուվըրի Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշակոթողի կողքին գտնուող «Մաունթըն Վիու» գերեզմանատան դահլիճին մէջ, ոգեկոչելու 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն սրբադասուած զոհերու յիշատակը, կազմակերպութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան Պրիթիշ Քոլոմպիայի միացեալ յանձնախումբին:
Միասնական պատարագ տեղի ունեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայաստանեաց առաքելական եւ Ս. Վարդան Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցիներու կողմէ` պատարագիչ ունենալով Գեղարդ Ա. քհնյ. Կարապետեանը, իսկ քարոզիչ ունենալով` Հրանդ վրդ. Թահանեանը:
Աւելի քան 350 հայորդիներու ներկայութեամբ կայացած ձեռնարկին բեմավարն էր Օհան Կիւրէղեան:
Գեղարուեստական յայտագիրին մաս կազմեցին Վանքուվըրի ՀՅԴ «Քրիստափոր Միքայէլեան» պատանեկան միութեան մասնաճիւղի անդամներ եւ տաղանդաւոր պատանիներ:
Յիշատակման այս հաւաքին ներկայ էին հայ ժողովուրդի արդար դատին հաւատացող քանատացի քաղաքական դէմքեր: Խօսք առին` Պրիթիշ Քոլոմպիոյ օրէնսդիր մարմինի անդամ Ատրիան Տիքս, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ հպարտ է բաժնեկից դառնալու Վանքուվըրի հայ գաղութի եւ Վանքուվըրի Հայ դատի յանձնախումբին տարած աշխատանքներուն եւ ինքզինք կը նկատէ վանքուվըրահայ ընտանիքին մէկ անդամը:
Յատկանշական էր Պրիթիշ Քոլոմպիոյ խորհրդարանի նախագահ Լինտա Ռիտի ներկայութիւնը ամբողջ օրուան ընթացքին:
Օրուան բանախօսն էր Օթթաուայէն հրաւիրուած Արամ Աճեմեանը, որ ներկայացուց իր գիրքը` The Call From Armenia: Canada’s Response to the Armenian Genocide:
Պարգեւատրուեցան Հայոց ցեղասպանութեան Վանքուվըրի յուշակոթողի հեղինակը` Մաթիլտա Ասլիզատէն եւ քանդակագործ Համօ Իսմայէլեանը:
Ձեռնարկը վերջ գտաւ միասնական աղօթքով: