
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-քարոզչական յանձնախումբին ուրբաթ, 29 ապրիլ 2016-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Այնճարի «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ զեկուցական հանդիպում մը Սիսի կաթողիկոսութեան դատական հայցի հոլովոյթին մասին:
Հանդիպումին զեկուցաբերներն էին Լիբանանի պետական համալսարանի եւ Սպայից վարժարանի քաղաքական գիտութիւններու դասախօս եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու յանձնախումբի ատենապետ դոկտ. Նորա Պայրագտարեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու եւ տեղեկատուական բաժանմունքի պատասխանատու Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան:
Կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով բացման խօսք արտասանեց Լալիկ Խօշեան: Ան ըսաւ, թէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով կեանքի կոչուած բազմատեսակ նախաձեռնութիւններու շարքին կարեւոր տեղ ունի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին գլխաւորութեամբ յարուցուած դատը Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին մօտ` Սիսի պատմական կաթողիկոսարանի եւ անոր յարակից տարածքին վերատիրանալու նպատակով: Ան աւելցուց. «Հայոց ցեղասպանութեան զարհուրելի թուականէն 101 տարիներ ետք, մենք խրոխտ եւ անսասան պահանջատիրութեամբ մեր իրաւունքները իրաւատէրներուն վերադարձնելու աշխատանքին լծուած ենք ազգովին: Միւս կողմէ, մեր դարաւոր թշնամին ազրպէյճանցի-թուրք դիմակով այսօր կը փորձէ պղծել ղարաբաղեան մեր սրբատեղիները, սակայն մեր նուիրեալ ազատամարտիկները պիտի չարտօնեն երբեք, որ թուրքին նենգ սմբակները ոտնահարեն մեր արեամբ ու քրտինքով ձեռք բերուած հողն ու հայրենիքը»:
Ապա ան ներկայացնելէ ետք օրուան զեկուցաբերները, հրաւիրեց զանոնք, որպէսզի ներկայացնեն Թուրքիոյ դէմ բացուած դատին ներկայ փուլը, նախապատրաստական աշխատանքները եւ ակնկալութիւնները:
Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան ներկայացուց Սիսի կաթողիկոսարանի դատական հայցի հոլովոյթին պատմութիւնը, օրինական հիմնաւորումները, դժուարութիւնները եւ դատական հայցի ներկայ փուլին մանրամասնութիւնները:
Ան նշեց, որ Հայ դատի պահանջատիրութիւնը անպայման իրաւական հարթակ փոխադրելու նպատակով 2012-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կազմակերպած է միջազգային խորհրդաժողով մը: Խորհրդաժողովը քննարկած է այն բոլոր կարելիութիւնները, զորս կարելի է օգտագործել` դիմելու համար Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարան, ապա այն բոլոր կարելիութիւնները` բարեկամ երկիրներու մօտ դատ բանալու թուրք պետութեան դէմ:
Ան ըսաւ, թէ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը խորհրդաժողովի եզրակացութիւններուն վրայ հիմնուելով կազմած է յանձնախումբ մը` բաղկացած միջազգային դատաւորներէ, թուրք փաստաբաններէ եւ միջազգային օրէնքի մասնագէտներէ, որոնք թղթածրարները քննարկած եւ բիւրեղացուցած են: Ապա բաւական քննարկումէ ետք յանձնախումբը պատրաստած է օրինական եւ պատմական թղթածրար մը, որ 27 ապրիլ 2015-ին ներկայացուած է թրքական Սահմանադրական դատարան:
Ան դոկտ. Պայրագտարեան աւելցուց, որ ըստ այդ յանձնախումբի փաստաբանին, դատը կը գտնուի Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարարութեան մօտ, ինչ որ ինքնին մեծ նշանակութիւն ունի եւ կը փաստէ, թէ թրքական կառավարութիւնը մեծ ուշադրութեամբ մօտեցած է դատին: Փաստաբանը կը նախատեսէ նաեւ, որ մօտաւորապէս 5 ամիսէն արդարադատութեան նախարարութիւնը իր պատասխանը տայ Սահմանադրական դատարանին:
Այնուհետեւ Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան լուսանկարներով եւ տեսերիզներով ներկայացուց հոգեւորականներու պատուիրակութեան այցելութիւնը Սիսի կաթողիկոսարան, հոն հոգեհանգստեան պաշտօնի կատարումը եւ այս առիթով վեհափառ հայրապետի պատգամին ընթերցումը: Ան նաեւ ներկաներուն բացատրութիւններ տուաւ պատուիրակութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին:
Ան ներկաներուն ցոյց տուաւ Սիսի կաթողիկոսարանին ներկայ վիճակը լուսանկարներով, անոր վրայ գտնուող ներկայ կառոյցներուն ու բնակչութեան իրավիճակը եւ վերջին շրջանին կաթողիկոսարանին կրած փոփոխութիւնները:
Ձեռնարկի աւարտին զեկուցաբերները պատասխանեցին ներկաներուն հարցումներուն:


