Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Մարդկութեան Դէմ Յանցագործութիւն
Հայոց ցեղասպանութեան 101-րդ տարելիցին, երբ յետադարձ ակնարկով մը նախորդ տարուան համահայկական պահանջատիրական մեր երթը արժեւորենք, ապա պիտի հաստատենք, որ Համահայկական հռչակագիրի հրապարակումով ամրագրուեցաւ մեր ազգային միասնականութիւնը ոչ միայն հայրենիք-սփիւռք միասնական գործելաոճի որդեգրումով, այլեւ` քաղաքական մեր պահանջներու յստակ բանաձեւումով եւ Հայ դատի պայքարը իրաւական, քաղաքական թէ քարոզչական դաշտերուն մէջ համադրուած ճիգերով շարունակելու վճռակամութեամբ: Հայոց ցեղասպանութենէն 101 տարի վերջ հայ ժողովուրդը համայն...




















