Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մհեր Ջուլհաճեան» Շարադրական Մրցանքին Արժանացած Այս Տարուան Աշակերտներուն Գրութիւնները

Մայիս 4, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Mher-(2)_50416

Այսօր, չորեքշաբթի, 4 մայիս 2016-ի երեկոյեան «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Մհեր Ջուլհաճեան» միջդպրոցական շարադրական մրցանքի մրցանակաբաշխութիւն:

Ստորեւ կը հրատարակենք միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու առաջին երեք մրցանակներուն տիրացած աշակերտներուն շարադրութիւնները խմբագրական եւ սրբագրութեան շատ տարրական միջամտութեամբ միայն, որպէսզի պահպանուի աշակերտներուն գրութիւններուն հարազատութիւնը եւ շարադրութիւններուն իսկական պատկերը:

«Ա.»

Հա՛յ Ըլլալ…

Հա՛յ ըլլալ…

Այս երեք տառերուն ետին պարփակուած խորիմաստ բառերուն մասին կարելի է խօսիլ առ յաւէտ: Հաւատարիմ, անձնուրաց եւ յայտնատես: Այս բառերը կը նկատուին իւրաքանչիւր իսկական հայի նկարագիրը կերտող հիմքերը: Իսկական հայը կը նմանի աշտարակի մը: Աշտարակ մը, որուն անկիւնաքարը կը հանդիսանայ քրիստոնէութիւնը: Աշտարակ մը, որ կառոյցով թէպէտեւ խոնարհ է, բայց իր ինքնութեամբ եւ առաքելութեամբ վեհ ու երկնասլաց է:

Հա՛յ ըլլալ…

Դիւրին բան չէ հայ ըլլալը… Ճիշդ է, որ լոկ երեք գեղեցիկ ու մեսրոպաշունչ տառերէ կազմուած է, բայց անոր իմաստը արժեւորելու եւ Քրիստոսի «լուծին ու բեռին» գրեթէ հակապատկերը ներկայացնող ծանր, բայց քաղցր «լուծն ու բեռը» կրելը բոլորովին դիւրին չէ:

Հա՛յ ըլլալ…

Արտաքինէն չխաբուինք…

Հայ մը, ամէն բանէ առաջ, արժեւորելու համար իր «սուրբ» անուանումը, պէտք է հաւատայ կուրօրէն, թէ ի՛նք յատուկ է իր «կոչումով»: Այո՛, հայերուն կոչումը երկնային է: Երկնային է իր ամբողջական առումով, որովհետեւ` «Մենք քիչ, ենք, սակայն մեզ հա՛յ են ասում: Մենք մեզ ոչ մէկից չենք գերադասում»: Երբ թերթատենք մեր բազմերանգ ու վերիվայրումներով ծանրաբեռնուած հարուստ պատմութիւնը, կը տեսնենք, որ` «Եթէ գերել ենք` լոկ մեր գիրքերով, եթէ տիրել ենք` լոկ մեր ձիրքերով: Պարզապէս մահն էր մեզ սիրահարուել, իսկ մենք ինքնակամ նրան չենք տրուել, ու երբ ճարահատ մեր հողն ենք թողել, ուր էլ որ հասել, որտեղ էլ եղել, ջանացել ենք մենք ամէնքի համար, շիներ ենք կամուրջ, կապել ենք կամար, ամէն տեղ հերկել, հասցրել բերքեր, ամէնքին տուել միտք, առած, երգեր: Պաշտպանել նրանց հոգեւոր ցրտից, ամէն տեղ թողել մեր հոգուց մասունք եւ նշխար սրտից»:

Հա՛յ ըլլալ…

«Մեզ պէ՛տք են մոլեռանդ հայեր…»:

Իւրաքանչիւր ազգի մէջ, ի մասնաւորի հայութեան մէջ, անկիւնադարձային եւ որոշիչ դեր կը խաղան լեզուն ու մշակոյթը: Մեր պարագային, մանաւանդ լեզուի պարագային, հարիւրապատիկ կը շեշտուի այս հարցը, որովհետեւ իր գլուխը առած ու սրընթացօրէն սուրալով, դէպի համաշխարհայնացում վազող այժմու աշխարհին մէջ մեր յենարանը կը հանդիսանայ մեր լեզուն:

Մենք եւ մեր պատմութիւնը, կը նմանինք սարդի բոյնին եւ անոր թելերուն:

Մեր հազարամեակներ հաշուող պատմութեան ընթացքին ունեցած ենք սեւ ու մութ օրեր: Օրեր,  երբ օտարին բռնատիրութիւնը եւ դաժան լուծը, ձմեռնային անսիրտ եւ վայրագ փոթորիկներու պէս, կը բռնանային ու կը ճնշէին մեր ազգային արժանիքները:

Սարդին բոյնն ալ ահարկու եւ փոթորկաշունչ հովերէն կը փրթի, սակայն միշտ կը շարունակէ իր թելերը կապուած պահել իրեն: Մեր պարագային սարդին բոյնը կը ներկայացնէ մեր սուրբ ու տառապած հայրենիքը, իսկ մեր գեղազարդ ու քնքուշ լեզուն` ցիրուցան թելերը:

Այժմ մեր լեզուն կը կարօտի դեսպաններու: Դեսպաններ, որոնք հաւատարմութեամբ, անձնուրացութեամբ եւ յայտնատեսութեամբ պիտի ծառայեն մեր լեզուին: Այդ դեսպանները հա՛յ ուսուցիչներն են: Ուսուցիչներ, որոնք իրենց գործերով եւ դրական ներդրումով, օրինակելի եւ տիպար օրինակներ կը դառնան մեր մատղաշ հոգիներուն ու միտքերուն: Ուսուցիչներ, որոնք մոլեռանդ հայեր դաստիարակելով` իրենց խոնարհ, բայց եւ այնպէս անգին «երկու լուման» կը դնեն մեր մշակոյթի գանձանակէն ներս եւ իրենց «Ճիտին պարտքը» կատարած կ՛ըլլան:

Մեր հայրենիքը կը կարօտի նախ հաւատարիմ, անձնուրաց եւ յայտնատես, քաջասիրտ ու քաջարի զինուորներու, որոնք ամէն բանէ գերիվեր կը դասեն իրենց բազմաչարչար ու արիւն բուրող հայրենիքին հողերուն ապահովութիւնը եւ կը յօժարին պէտք եղած պարագային իրենց կայտառ արիւնով առաւել եւս գեղազարդել մեր հայրենիքին սուրբ հողը:

Մեր Դատը…

«Ո՜վ մարդկային արդարութիւն, թող ես թքնե՛մ քու ճակտիդ…»:

Այս անարդար ու դաժան կեանքէն ներս, այս քաղաքական սին ու շահամոլութեամբ լեցուն օրերուն, մենք մեր շահերը, մեր «Արդար Դատը» շահելու համար պէտք է գօտեպնդուինք մենք մեզմով: Հայը հային թիկունքը եւ թեւը բռնէ, բարձրանայ ու բարձրացնէ, յիշէ՛, յիշեցնէ՛ ու պահանջէ՛: Որովհետեւ` «Մենք քիչ ենք, այո՛, բայց կոչւում ենք հայ: Գիտենք դեռ չանցած վէրքերից տնքալ, բայց նոր խնդութեամբ ցնծալ ու հրճուիլ, գիտենք թշնամու կողը մխրճուիլ ու բարեկամին դառնալ աջակից, դուրս գալ մեզ արած բարութեան տակից, մէկի փոխարէն` տաս հատուցելով, յօգուտ արդարի ու արեգակի, գիտենք քուէարկել մեր կեանքով նախ, բայց թէ կամենան մեզ բռնի վառել, մենք գիտենք մխալ եւ կրակ մարել, իսկ եթէ պէտք է խաւարը ցրել, գիտենք մոխրանալ որպէս վառ կերոն: Մենք գիտենք նախ մեզ կրքոտ սիրել, բայց ուրիշներին միշտ էլ յարգելով»:

ՀԱՄԼԻԿ ՍՐԿ. ԶԱՔԱՐԵԱՆ
Դպրեվանք

Հայ Ըլլալ Ու Հայ Մնալ

Այս հսկայական տիեզերքին մէջ, միլիոնաւոր աստղերուն կողքին, աշխարհի վրայ շա՜տ փոքր տարածք մը գոյութիւն ունի: Դարերէ ի վեր գոյատեւած ու մինչեւ օրս գոյատեւող այդ հողին կը պատկանիմ ես. պապերս հոն արիւն, քրտինք թափած են, այդ օդը շնչած են, հոն` տանջուած, ուրախացած, լացած, հրճուած են… Հոն է, որ իմ պատմութիւնս գրուած է, անկում ու վերածնունդ ապրած է, մշակոյթս ծաղկած է, լեզուս հարստացած է:

Հայաստա՜ն, հայոց ազգի հայրենիք:

Կ՛ապրիմ հեռու այդ դրախտավայրէն, որուն զաւակն ու ժառանգն եմ: Այսօր, այս աշխարհայնացած մոլորակին մէջ, օտարութեան մէջ մնացած եմ, Հայաստանէն քիլոմեթրեր հեռու…

Յաճախ, ու երեւի ամէն օր կը լսեմ, թէ ինչպէս պէտք է հայ ըլլալ, թէ ինչ պէտք է ընէ հայը, որ իր ազգը գոյատեւէ… Այսօր դժուարացած է որոշել, թէ ի՛նչ կը նշանակէ հայ ըլլալը: Արդեօ՞ք եթէ անձ մը ազգութեամբ հայ է ու կը խօսի հայերէն, ուրեմն հայ է…

Երբ լսես Կոմիտասի «Կռունկ»-ը, կը փշաքաղուի՞ս… Երբ Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատրաստուած տեսերիզ մը դիտես, կը յուզուի՞ս, հոգիդ կ՛ալեկոծի՞… Երբ Հայաստանի պատկերներ դիտես, արիւնդ կ՛եռա՞յ: Եթէ հայ ազգի պատկանելիութիւնդ քու զգացումներուդ մաս կը կազմէ, ապա դուն իսկապէս հայ ես…

Այն «հայ»-երը, որոնք կ՛ամչնան հայ ծնած ըլլալէն, եթէ իրենց ձեռքի երակին անգամ մը նային, պիտի տեսնեն, որ հոնկէ 6000 տարուան պատմութիւն ունեցող արիւն կը հոսի… Այն «հայ»-երը, որոնք պարտաւոր չեն զգար հայոց պատմութիւնը սորվելու, պէտք է գիտնան, որ անիկա իրենց պատմութիւնն է, ուրիշին չի պատկանիր: Երբ աշխարհի վրայ հազարաւոր ազգերէն միայն փոքրամասնութիւն մը երկիր ունի, ու մենք ալ անոնց շարքին ենք, պէտք է անպայման հպարտ ըլլանք մեր ինքնութեամբ…

Հայ ըլլալու հպարտութենէն բացի, բոլորս ալ պարտաւորութիւններ ունինք մեր ազգին, հայրենիքին ու մեր Սուրբ Դատին նկատմամբ:

Ապրելով սփիւռքի մէջ` հայ մնալու խնդիրը աւելիով կը դժուարանայ մեզի համար: Սկսեալ ամէնէն տարրական պայմանէն` իւրաքանչիւրս պարտաւոր ենք լաւապէս տիրապետել մեր մայրենիին, պահպանել մեսրոպեան ուղղագրութիւնը, խօսիլ մաքուր լեզուով, չմոռնալով անշուշտ, որ այսօր կարեւոր մարտահրաւէր մըն է արեւմտահայերէնի պահպանումը, որովհետեւ անհետացման ենթարկուող լեզուներու ցանկին մաս կը կազմէ:

Այսօր, օտար հողի վրայ ապրելով, ունենալով Լիբանանը իբրեւ ծննդավայր, քաղաքացիական կարեւոր պարտականութիւններ ունինք անոր հանդէպ: Բայց անպայման պէտք է գիտնանք, որ ամէն հայու ապագան Հայաստանի մէջ է, բոլորս ալ միանալով, օր մը պիտի երթանք ու հայոց հողին վրայ պիտի ապրինք` յաղթահարելով բոլոր դժուարութիւնները: Երբ ծառ մը արմատախիլ ըլլայ, կը չորնայ, կը փճանայ ու կը մեռնի. այդ օրինակին հետեւելով` պէտք է կառչած մնանք մեր սիրելի հայրենիքին:

Յաճախ կը մտածեմ, թէ Լիբանանի մէջ ապրիլս թերութիւն մը կը հանդիսանա՞յ հայրենիքիս համար:  Միշտ կը բորբոքիմ ու կը բողոքեմ, բայց երբեմն ալ կը մտածեմ, որ իմ կրկնակ պատկանելիութիւնս լաւութիւն մըն է հայրենիքիս համար. սորված լեզուներս, օտար մշակոյթներու ծանօթ ըլլալս ու բոլոր փորձառութիւններս անպայման պիտի ծառայեն հայրենիքիս…

Այսօր ամէն հայ պարտաւոր է իր զաւակը հայկական դպրոց տանելու, իրաւունք չունի նոյնիսկ հայերէն գրել-կարդալու, հայոց պատմութիւն սորվելու իրաւունքը այդ երեխային ձեռքէն խլել: 100 տարի ետք Հայոց ցեղասպանութենէն, այս բոլորը կատարելով, անուղղակիօրէն ծառայած կ՛ըլլանք նաեւ Հայ դատին: Այսպիսի հայեր ըլլալով միայն ո՛չ ըսած կ՛ըլլանք Ցեղասպանութեան, ցոյց կրնանք տալ, որ մենք պիտի գոյատեւենք: Անշուշտ կարեւոր է նաեւ, որ ակադեմական գետնի վրայ, այսօր արհեստավարժ հայերէնի, հայոց պատմութեան ուսուցիչներ պատրաստենք, ցեղասպանագէտներ, պատմագէտներ, դիւանագէտներ պատրաստենք, որպէսզի ամբողջապէս օգտակար դարձած ըլլանք մեր ազգին, հայրենիքին ու Հայ դատի ճանաչման…

ՍԷՐՈՒԺԵԱՆ ՆԱՐՕՏ
Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան

Հայ Ըլլալ

Հայ ըլլալ…

Հայ ըլլալը կ՛ընդգրկէ` կրել մեր երակներուն մէջ հազարաւոր տարիներու արիւն, ընդունիլ մեր ինքնութիւնը, գիտնալ մեր պատմութիւնը, պահպանել մեր մշակոյթն ու սովորութիւնները…

Հարիւր տարիներ առաջ թուրքը գործեց քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը` Հայոց ցեղասպանութիւնը, մեզի քշեց ու տարաւ օտար ափեր, փորձեց բնաջնջել մեզ այս աշխարհին երեսէն, սակայն հայ ըլլալով է, որ մենք կրցանք գոյատեւել սփիւռքի մէջ եւ մինչեւ օրս չենք մոռցած մեր արմատները:

Սակայն ի՞նչ կը նշանակէ հայ ըլլալ…

Կարգ մը անձերու համար հայ ըլլալ կը նշանակէ հայրենի հողին վրայ ապրիլ, թէկուզ կրել դժուարութիւններ եւ պարտադրուիլ երկրին ծանր պայմաններուն, սակայն կառչած մնալ այդ սուրբ հողին: Ճի՛շդ է, մեր հայրենիքը Հայաստանն է, ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանը, եւ մենք երբեք պիտի չընդունինք զայն յանձնել ճիւաղ թուրքին, սակայն պէտք է ընդունինք իրականութիւն մը. բոլորս կ՛ուզենք վերադառնալ մեր տուները, ապրիլ մեր հայրենիքին մէջ, սակայն բոլորը չեն, որ այդ կարելիութիւնը ունին: Այժմ կը գտնուինք սփիւռքի մէջ եւ պիտի փորձենք հեռուէն օգտակար ըլլալ մեր հայրենիքին` մասնակցելով դրամահաւաքներու, որոնք պիտի ծառայեն Հայաստանի եւ Արցախի բարգաւաճման, ինչպէս նաեւ` հետապնդելով հայոց լեզուի ու մշակոյթի պահպանումը:

Սփիւռքի մէջ ապրելով` հայապահպանումը միակ ձեւն է գոյատեւելու եւ չձուլուելու օտար ժողովուրդներու հետ եւ այս հայապահպանումը կ՛ենթադրէ մայրենի լեզուին պահպանումը: Այդ մէկը կը յաջողինք կիրարկել մեր զաւակները ուղարկելով հայկական վարժարաններ, ուր անոնց պիտի ուսուցանուին հայերէնն ու հայոց պատմութիւնը, եւ ուր պիտի ստանան հայեցի դաստիարակութիւն եւ պիտի կերտուին որպէս նոր սերունդն ու ապագան: Եթէ նոր սերունդը ձուլուի, ապա անկասկած հայ պիտի չմնայ սփիւռքի մէջ, հետեւաբար հայերէնի պահպանումը կարեւոր է գոյատեւելու համար: Գալով հայոց պատմութեան, եթէ անձ մը չի գիտեր իր երկրին պատմութիւնը, աշխարհագրութիւնը, դարերէ ի վեր անցած լաւ ու վատ օրերը, սխրանքներն ու տկարութիւններ, ապա իրաւունք չունի այդ երկրի քաղաքացի կոչուելու:

Կ՛ըսեն, թէ այն անձը, որ կ՛ուրանայ իր ազգը,  հայրենիք չունի:

Ճի՛շդ է, որովհետեւ, եթէ ուրացար քու ինքնութիւնդ, ուրիշ ազգ մը ինքնաբերաբար պիտի չընդունի եւ իր երկրի առաւելութիւնները պիտի չընծայէ քեզի, հետեւաբար հայ ըլլալու կէտերէն մէկն է ընդունիլ ինքնութիւնը:

Վերջապէս, հակառակ ուրիշ ժողովուրդներու, հայերը ունին ապրելու նպատակ, հայերը դարերէ ի վեր կրած են զրկանքներ, տառապած են բիրտ ցեղերու ստրկութեան տակ, ենթարկուած են Ցեղասպանութեան, կորսնցուցած են իրենց հողերն ու տուած` մէկուկէս միլիոն նահատակներ, եւ այդ պատճառով է, որ այժմ կը գտնուինք սփիւռքի մէջ, հետեւաբար կայ ու միշտ ալ պիտի ըլլայ օտար երկիրներու մէջ ապրելու ձուլումի վախն ու անոր դէմ աշխատանքը: Մենք կ՛ապրինք պայքարելու եւ յաղթահարելու համար այդ բոլոր դժուարութիւնները, կ՛ապրինք ամէն օր այն վախով, որ այսօր կանք, վաղը չկանք, հետեւաբար այս օտարութան դէմ պայքարելու ճարն է Հայ դատը հետապնդել: Հայ դատը հետապնդելով` կը հասկնանք պահանջել մեր հողերը, մէկ ու կէս միլիոն անմեղ զոհերու արեան գինը, մեր տուները, կալուածներն ու հարստութիւնները: Երբեք պէտք չէ մոռնանք այդ բոլոր տանջանքներն ու աւերածութիւնները, որովհետեւ եթէ մենք մոռնանք, Թուրքիոյ առիթ տուած պիտի ըլլանք, որ մեր պահանջները անտեսէ եւ չկատարէ: Այս Հայ դատի հետապնդումը կ՛ըլլայ կազմակերպելով քայլարշաւներ, հացադուլեր եւ ձեռնարկներ, որոնք կ՛ոգեկոչեն Հայոց ցեղասպանութիւնը, արցախեան շարժումը, կամ ինչպէս նաեւ` Ջաւախքի կցումը Հայաստանի: Մենք արդէն խառնուած ենք ուրիշ ժողովուրդներու հետ, սակայն եթէ չկառչինք Հայ դատին, վերջնականապէս պիտի մոռնանք մեր ինքնութիւնը, Թուրքիոյ ուղղուած մեր պահանջները, պիտի մոռնանք, թէ մենք ինչո՛ւ կը գտնուինք սփիւռքի մէջ, պիտի անտեսենք հայութիւնը` դառնալով օտարամոլ, եւ այս օտարամոլութեան հետեւանքը պիտի ըլլայ աշխարհի եզերքէն հայերու անհետացում:

Հա՛յ ժողովուրդ, եթէ չես ուզեր մնալ առանց ինքնութեան ու հայրենիքի, դառնալ օտարամոլ, եւ եթէ կ՛ուզես ըլլալ տիպար հայ, պէտք է պահպանես քու մայրենի լեզուդ, հայոց պատմութիւնն ու մշակոյթը, հետապնդես Հայ դատի աշխատանքները եւ ձգտիս ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի հասնելու: Հակառակ անոր որ տարբեր կարծիքներ ունինք իւրաքանչիւրս եւ անմիաբան ենք, բայց պէտք է պահպանենք մեր դարաւոր երթը եւ չթողնենք, որ թշնամին հասնի իր նպատակին` հայերու վերացումը:

ԱՐԵՆԻ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ
Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան

Վարդահեղեղ Արշալոյսը

Կողոպուտ, սպանդ, ջարդ, տեղահանութիւն, բռնակալութիւն, եղեռն, սպանութիւն… Կրկին ու կրկին նոյն զարհուրելի բառերը կը կազմեն մեր բռնութեան շղթան ու կը հարուածեն հայ հոգիին անմատչելի սահմանները:

Այս մեծ փոթորիկին ուժեղ ձայնէն հայոց երկիրը դղրդաց: Արիւնոտ օրերը բաժնեցին հայ ժողովուրդը ու հեռացուցին զայն իր հայրենիքի տաքուկ շունչէն: Անոր աչքերը արիւն լացին, եւ կարմիր հեղեղ ողողեց երկիր դրախտավայրը: Ա. Համաշխարհային պատերազմէն ետք թուրքերը ծրագրեցին ոչնչացնել հայ անմեղ ժողովուրդը: Անոնք չարչարեցին հայերը, կախաղաններ բարձրացուցին եւ ողջ-ողջ մարմիններ թաղեցին: Նոյնիսկ բնութեան մէջ գտնուող սրտառուչ հոգիները վիշտով կը դիտէին անմեղ դիակները եւ սառած հայեացքները, որոնք հանգչած էին քարքարոտ գետնին վրայ: Տխրութիւնը թառած էր անոնց ուսերուն վրայ, անոնց ծանրաբեռնուած հոգիներուն մէջ ճարճատող կրակը աւելի ու աւելի կը ժայթքէր` սրտաճմլիկ դարձնելով զանոնք:

Դո՛ւք անսիրտ ու վայրագ թշնամի` թուրք, գիտէի՛ք, թէ այդ սրտառուչ հոգիները` աղաւնիները վստահ էին,  որ պիտի չկարենաք մարել հայ ժողովուրդին յարութեան ճրագը, յոյսն ու փայլուն ապագան: Դուք մի՛շտ կը ձախողիք, որովհետեւ չկրցա՛ք «թանգարան դրուելիք հայը» ձեր կողմ զետեղել: Հայ ժողովուրդին հոգիներուն մէջ միշտ կը ղօղանջէր, թէ` «Միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն»: Այս գաղափարով յեղափոխութիւնը մեծ դեր խաղցաւ պայքարի ու վրէժխնդրութեան մէջ:

Հայ ժողովուրդը իր պատմութեան մէջ միշտ կը յիշէ իր նուիրեալ զաւակները, ինչպէս` Արշաւիր Շիրակեան, Սողոմոն Թեհլիրեան, Արամ Երկանեան, Ստեփան Ծաղիկեան եւ ուրիշներ: Անոնք հայ հերոսներուն շարքին յաւերժութեան պատուանդան տուին եւ եղան վրիժառու հերոսներ, որոնք արժանացան փառաբանանքի: Անոնք նաեւ եղան «Նեմեսիս»-ի հետախոյզները, որոնք գտան թուրք ոճրագործներուն թաքստոցը ու ահաբեկեցին զանոնք:

Մահատեսիլ Տէր Զօրի տառապանքէն եւ Եղեռնի արիւնոտ օրհասներէն ետք, մեր հայրենիքը կը ծաղկի ու կը ժպտի աշխարհին սիրաժպիտ վարդի մը պէս: Արդէն տարիներ անցան` մեր ետին ձգելով պատմութեան դաժանելի իրականութիւնը: Սակայն հայ ժողովուրդը միշտ ցանեց իր հոգւոյն մէջ յոյսի վարդերը, իր շինարար ոգիով վերակերտեց ամէն բան, ինչ որ փլուզեց թշնամին եւ իր ճակատը պայծառ պահեց: Մենք ունեցանք նաեւ մտքի մտաւորականներ ու մշակներ, որոնք արթնցուցին հայու անմար ոգին նոր սերունդին մէջ, եւ գծեցին անոնց ազատութեան եւ փրկութեան ճանապարհը:

Միասնաբար պէտք է բարձրացնենք մեր ձայնը` հասնելու համար մեր սրբազան լերան, որ կարօտը ունի տեսնելու իր զաւակները, եւ ան կը սպասէ այն օրուան, որ պիտի քանդուի բռնութեան շղթան եւ ազատօրէն պիտի գրկէ իր տարագիր ժողովուրդը:

Հայ ժողովուրդը չյուսահատելով խոչընդոտներէն` լուսաւորեց փոթորկոտ տարիները: Իր խիզախութեամբ կրցաւ անհետացնել արհաւիրքի փոշին` իրեն հետ տանելով չար ոգիներուն նզովքները:

Օտար ափերու հովանիին տակ սփիւռքահայութիւնը կ՛ապրի իր պապերուն թախիծը: Անոնց շաւիղներուն հետեւելով` միշտ իր ամուր բռունցքը վեր բռնած կը պահէ, եւ միւս կողմէ` երգելով յաղթանակը:

Ուրեմն պէտք է պատուենք Մհեր Ջուլհաճեանը, որ նահատակուեցաւ Արցախի կռիւներուն ընթացքին, ու միւս մարտիկները, որոնք հայոց պատիւը բարձր պահեցին: Ինչպէս կ՛ըսէ Աւետիս Ահարոնեան. «Անոնք խիզախ կեանքով մահը հեգնեցին եւ հպարտ մահով մեր սեւ կեանքին փայլք տուին»:

Ո՛վ հայ ժողովուրդ, պէտք է յանդգնութեամբ շարունակենք մեր պահանջատիրութեան ուղին` հասնելու համար մեր նպատակին ու մեր արդար իրաւունքներուն:

ՀԱՊԷՇԵԱՆ ՄԱՐԻԱ
Ազգ. Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարան

 Հայոց Ցեղասպանութիւնը
Եւ Այսօրուան Հայը

Ի մտի ունենալով, որ այս տարի 100-ամեակն է Հայոց ցեղասպանութեան, կ՛ուզեմ լուսարձակի տակ առնել քանի մը կարեւոր կէտեր` անդրադառնալով Ցեղասպանութեան ենթարկուած հայերուն պարտաւորութիւններուն:

Երբ կ՛ըսենք, թէ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակն է այս տարի, կը խօսինք հարիւր տարիներու մասին, որոնց ընթացքին ջարդի ենթարկուած հայերուն յաջորդողները չյանձնուեցան եւ չյուսահատեցան, այլ պայքարեցան եւ ամէն ճիգ թափեցին իրենց մտքին մէջ ունենալով միայն մէկ նպատակ, որն է` հայ ազգին գոյատեւումը:

Մեր նախնիները լիուլի կատարեցին իրենց պարտականութիւնը, իսկ այժմ ժամը հասած է, որ մենք, իբրեւ հայ, շարունակենք անոնց սկսած առաքելութիւնը: Նախապայման է, որ իւրաքանչիւր հայ գործի լծուելէ առաջ քաջ գիտնայ, որ ինք պիտի գործէ ազգի մը համար, որ փորձուեցաւ թուրքին կողմէ եւ եղաւ ոչնչացման վտանգին տակ, սակայն այս բոլորով հանդերձ, մինչեւ օրս կը գոյատեւէ:

Այսօրուան մեր պարտականութիւնները շատ են. պէտք է մեր ամէնօրեայ ապրելակերպով յիշեցնենք թուրքին, որ իր գործած ոճիրը չէ մոռցուած եւ ոչ ալ պիտի մոռցուի. պէտք է գիտակցինք, որ միութեան մէջ կայ զօրութիւն, եւ ձեռք ձեռքի տալով ու զիրար յորդորելով` աշխատինք, մեր բաժինը բերենք եւ ի հարկին` չարչարուինք, մինչեւ որ տիրանանք ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանին:

Սփիւռքահայութեան ապագան մեր ձեռքն է. մենք կ՛ընտրենք մեր ճամբան` դէպի ձուլում կամ դէպի գոյատեւում: Գոյատեւելու եւ մեր երազին հասնելու համար պէտք է ապրինք իբրեւ հայ` ծառայելով Հայ դատին, եւ ըլլանք կեանքի բոլոր դժուարութիւնները համբերատարութեամբ տանողներ: Կարեւոր է նշել նաեւ, որ մեր ճամբուն վրայ պիտի հանդիպինք խոչընդոտներու, սակայն պէտք չէ ըլլանք անոնց պատճառով յուսահատողներ, այլ զանոնք դիմագրաւելով` ազատութեան ձգտողներ…

ՄՈՒՇԵՂ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ
Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ

Ճեղքուած Հայելիները

Ցեղասպանութիւն մը վերապրի՞լ… ինչպէ՞ս կարելի է արտայայտել այդ զգացումը, վախն ու տառապանքը, մանաւանդ երբ ջարդուած ազգը քուկդ է: Ինչպէ՞ս կարելի է ականատես ըլլալ այդպիսի ոճրագործութեան մը: Ինչպէ՞ս կարելի է մոռնալ: Այդ տեսիլքները կը մնան վերապրողին մտքին մէջ, որքան ալ փորձէ ջնջել զանոնք իր աչքերէն արցունքներով:

Կը ճանչնամ ծերունի մը, որ վերապրած է Հայոց ցեղասպանութենէն: Տեսնելով իր արտաքինը` կարելի է ըսել, թէ կեանքը վիրաւորած է զայն եւ անոր նուիրած է վէրքեր, որոնք բնաւ չեն բուժուիր: Աչքերը կարմրած են լալէն, ձայնը քաշուած` հեծկլտալէն, իսկ գիծերը իր երեսը զարդարող`  խոր, բայց, ոչ, կարելի չէ զանոնք բաղդատել իր վէրքերուն խորութեան:

Իրապէս լեզուս կը բռնուէր եւ կը մոռնայի այդ բոլոր բառերը, որ սորված եմ, երբ մտիկ կ՛ընէի իր պատմութիւնը: Իրեն համար ցաւ մըն էր վերյիշելը, բայց կ՛ուզէր պատմել մեր արիւնլուայ պատմութիւնը: Կը նստէր իր աթոռակին վրայ եւ կը նայէր ինծի. երբեմն պէտք չունէի լսելու իր ձայնը, իր խօսքերը: Կ՛ըսեն, թէ աչքերը մեր հոգիին հայելիներն են, եւ իր հայելիները ճեղքուած էին, կը տեսնէի իր տառապանքը իր աչքերուն մէջ:

Կը պատմէր իր գիւղին մասին, իր հօր ու մօր մասին, իր մանկութեան մասին, որ թուրքերը ջարդած էին 1,5 միլիոն հայու հետ: Երբ կը լսէր թուրքերուն անունը, կրակ մը կը վառէր այդ ճեղքուած հայելիներուն մէջ: Կը պատմէր թուրքերուն գազանութիւնները, անմարդկային գործերը: Կը պատմէր, թէ ինչպէս իր մայրը սորվեցուցած էր հայերէնը, ու կը յիշէր իր մօր վերջին խօսքերը` «Դուն հայ ես եւ հայ պիտի մնաս». այս նոյն նախադասութիւնը եղաւ իր վերջին խօսքը եւս:

Ցեղասպանութենէն վերապրած հայերը շատ դժուար պայմաններու մէջ պահեցին իրենց հայ լեզուն, իսկ մե՞նք… մենք, որ ունինք բազմաթիւ ճամբաներ, որ բարելաւենք մեր մայրենի լեզուն, կամաց-կամաց կը մոռնա՞նք զայն: Ո՛չ, մենք պիտի չշեղինք մեր ճամբէն եւ պիտի իրագործենք մեր պապերուն վերջին մաղթանքը: Թուրքերը կը կարծեն, որ ուժաքամ եղած ենք, վստահ ոչ, հայերը պիտի վերադարձնեն իրենց հողերը, որովհետեւ մենք պիտի զօրանանք եւ դեռ շատանանք:

ԱՒԱԳԵԱՆ ԿԱԼԻ
Ազգային Ե. Մանուկեան քոլեճ

Հայոց Ցեղասպանութեան
100-Ամեակը

Մենք ամբողջ դարէ մը ի վեր կը յիշենք Ցեղասպանութիւնը իր մէկուկէս միլիոն անմեղ նահատակներով, որոնք ինկան առանց գիտնալու պատճառը:

Այս տարի, 100-ամեակը շատ աւելի արձագանգ ձգեց, որովհետեւ ամբողջ հայութիւնը, աշխարհի բոլոր անկիւններէն, մէկ մարդու պէս ոտքի ելաւ` գոչելով. «Կը պահանջենք մեր հողերը», «Կանք, պիտի լինենք ու դեռ շատանանք», եւ թէ` թուրքը գառնուկի մորթով աղուէս է ու իր սուրերէն արիւն կը հոսի:

Ինծի ամենաշատը տպաւորեց Վատիկանի 12 ապրիլի պատարագը, որ նուիրուած էր Հայոց ցեղասպանութեան, որուն ես անձամբ ներկայ էի: Հակառակ բազմալեզու կատարուելուն` շատ մեծ աղմուկ հանեց եւ կատղեցուց թուրքը, որովհետեւ Ֆրանչիսկոս պապը առաջին պապը եղաւ, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը եզրակացուց որպէս «20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը»` զօրակցելով հայութեան ձայնին:

Կը կարծեմ, որ այս պատգամը ճիշդ իր նպատակին կը ծառայէր, որովհետեւ Վատիկան անակնկալօրէն Թուրքիոյ տուաւ իր բերնին համը, թէեւ թուրքը չըսաւ իր մեղան, չխոստովանեցաւ իր կատարած ոճիրը` որպէս ցեղասպանութիւն, ըսաւ, թէ պատերազմի պատճառով բազմաթիւ հայեր օսմանեան պետութենէն գաղթեցին դէպի Սուրիա եւ Լիբանան` օգտագործելով Տէր Զօրի ճանապարհը եւ բաւարար պաշար չունենալով` մեռան, բայց շատ մը երկիրներ ճանչցան զայն, ընդունեցին ու զօրակցեցան հայերուն:

Այս բոլորէն սորվեցանք, թէ ժողովուրդ մը իր աշխատանքն ու ճիգը չխնայելով` կրնայ տեղ մը հասնիլ եւ այս պարագային իր հարցը ծանօթացնել ամբողջ աշխարհին: Այժմ Հայոց ցեղասպանութիւնը դարձած է համաշխարհային հարց, այսինքն ամբողջ աշխարհը հետաքրքրուած է անով, ինչպէս նաեւ սկսած է անդրադառնալ թուրքին գազանական սկզբունքներուն, հաւատալ այն առածին, որ կ՛ըսէ, թէ օձէն ձուկ չի ծնիր, այսինքն ներկայի թուրք սերունդը անմեղ չէ, իր նախահայրերուն արիւնարբու ոճիրներէն ետք:

Հոս չվերջացաւ մեր հարցը, մեզմէ իւրաքանչիւրը մինչեւ վերջին շունչ պիտի պայքարի, մինչեւ որ հասնինք մեր նպատակին վերադառնանք դէպի մայր հայրենիք, սիրելով միութիւնը, չանելով վատութիւն, որպէսզի բարձր մնայ հայ ազգը եւ հայ անունը:

ԱՔՃԵԱՆ ՆԱՆՈՐ
Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճ

Մեծ Հայրս

Քանի մը տարի առաջ, ապրիլ 24-ի քայլարշաւէն վերադարձիս այցելեցի մեծ հօրս: Սովորաբար իր դէմքը արեւին նման կը փայլէր եւ ուրախութիւն կը տարածէր իր շուրջիններուն, սակայն այդ օրը ան շատ տխուր կ՛երեւէր: «Յիշատակները կամաց-կամաց կը կրծեն իր սիրտը», փսփսաց մայրս: Մանուկի մը հետաքրքրութեամբ խնդրեցի մեծ հօրմէս, որ պատմէ իր տխուր եւ գիշերուան պէս սեւ անցեալը:

Նախապէս շինարար մեծ հայրս, արցունքը աչքին, դողդողացող ձեռքը ուսիս դրած` կը պատմէր. «1915-ին Կեսարիոյ մէջ սկսան կոտորածները: Յանկարծ մեր տունը խուժեցին շուրջ տասը թուրք զինուորներ, մօրս ձեռքէն խլեցին փոքր եղբայրս` Ռազմիկը, իսկ զիս ձերբակալեցին եւ «զինուորութեան» տարին: Ի՜նչ զինուորութիւն, դժոխք մըն էր: Ամբողջ օրը ճամբայ փորէ՛, երկաթուղի բա՛ց, տօթ արեւին տակ` անօթի ու ծարաւ: Օր մը, երբ յոգնած-սպառած քարքարոտ գետնին վրայ քնացած էի, վերէն վար սեւ լաթերով փաթթուած անձ մը արթնցուց զիս երկու ոտքի հարուածով: Սարսափեցայ: Կարծեցի, թէ զիս սպաննելու պիտի տանին այդ հրէշները: «Սո՛ւս, առանց ձայնի ինծի հետեւէ՛, հիմա կը հասկնաս», ըսաւ ինծի շատ ծանօթ Տիգրանուհիին ձայնը: Ան իմ նշանածս էր, որ կամաւոր հիւանդապահուհի էր եւ վիրաւոր զինուորները կը բուժէր: Օրուան ընթացքին զիս տեսած էր եւ` որոշած, որ անպայման պիտի փախցնէ զիս»:

Շշմած մտիկ կ՛ընէի եւ կը փորձէի երեւակայել Տիգրանուհիին քաջութիւնն ու սէրը մեծ հօրս հանդէպ: Ան շարունակեց իր տառապանքներու պատմութիւնը. «Առաւօտուն ես ու Տիգրանուհին, ըստ մեր գիշերուան ընթացքին դրած ծրագրին, ճամբայ ելանք: Օրերով քալեցինք, սողացինք, հազարումէկ վտանգներէ անցանք: Աջ ու ձախ մերկ դիակները, անօթութենէն փայտի նման նիհարցած փոքրիկները կը տեսնէինք մեր երազներուն մէջ: Վերջապէս 1920-ին հասանք Լիբանան»:

Այդ ժամանակ միայն հասկցայ, թէ ինչո՛ւ մեծ հայրս «Ա՜խ, հեռացէ՛ք քովէս» պոռալով կ՛արթննար գիշերուան ընթացքին: Կը յիշեմ, թէ որքան կը յանդիմանէր, երբ դժգոհէի, կը խրատէր, որ միշտ ինքնավստահ ըլլամ եւ չյանձնուիմ ուրիշին: Ու միշտ կը կրկնէր. «Անապատը չմեռցուց զիս, բայց մեր հատուցումը չստանալը պիտի սպաննէ զիս»:

Ամէն գիշեր, նախքան քնանամ, կը վերյիշեմ իմ քաջ ու յամառ, կեանքին դէմ պայքարած մեծ հայրս ու մեծ մայրս` Տիգրանուհին եւ կը վերանորոգեմ ուխտս` միշտ պաշտպանը դառնալու այդ  Ցեղասպանութեան բոլոր զոհերուն:

ՆԱՐՕՏ ՄԵՐՏԽԱՆԵԱՆ
Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան

 

Նախորդը

Անդրադարձ Ցեղասպանութիւն, Հայաստան Եւ Թրքական Արտադրութիւններու Ներածումը

Յաջորդը

Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ Կառուցման 60-Ամեակին Առիթով. Խումբ Մը Արուեստագէտներու Կատարողութեամբ Հոգեւոր Համերգ

RelatedPosts

Վտանգուած, Բայց Ո՛չ Կորսուած Մեր Լեզուն, Մեր Մշակոյթը
Անդրադարձ

Լեզուափոխութիւնը Ուղեղի Ճկունութի՞ւն, Թէ՞ Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 24, 2025
Ազատէ՛ Դուն Քեզ Բոլորին Խրատներէն
Անդրադարձ

Ո՛չ Թէ Պարտքով, Այլ` Սրտանց

Հոկտեմբեր 24, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Նշմար. Ընդդէմ Մենատէրերու…

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?