Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անահիտը

April 30, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵԴԱ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ-ԽՏԸՇԵԱՆ

Anahid-Boulghourdjian_43016

Աշնան համատարած տերեւաթափի նման` տերեւները մէկիկ-մէկիկ կը թափին ու ձմրան հովին ու փոթորիկին հետ հողմացրիւ կ՛անհետանան տիեզերքի անհունութեան մէջ, տերեւ մը աւելի ի՜նչ պիտի փոխէ աշխարհի տերեւաթափէն: Գարուններուն  հետ ծաղկած ու պզտիկ պարտէզ մը ծաղկեցուցած կ՛անցնի ու կ՛երթայ միանալու  յաւերժութեան աստղայոյլերուն: Գարուն մըն ալ Անահիտն էր, որ իր պարտէզը շէնցուց մայրական գորովանքով ու անհուն սիրով ու ցանեց հունտեր` հաւատալով, ինչպէս ամէնքս, թէ գարունն է, որ կը յաւերժացնենք ու նոր ծաղկած ծիլերով ապագային կը նայինք գեղեցիկ երազներու իրականութեան վերածելու հաստատակամութեամբ:

Անահիտը եւս իր կեանքի երգը երգեց` շքեղացնելով, ձեռագործելով եւ ոչինչէն գեղեցիկը  ստեղծելով: Պարզ էին իր խօսքերը, առանց հնչեղութեան, յայտնելու իր սէրերն ու փափաքները, փոխանցելու իր մայրական խօսքը: Մեծ էին սակայն իր երազները, զորս փոխանցեց իր  զաւակներուն ու անոնց ընդմէջէն ապրեցաւ վայելքը նուաճումներու գոհունակութեան:

Գեղեցիկը ստեղծելու ճիգը իրեն համար ոգեւորութիւն էր եւ ոգեղէն ապրում: Որքան  դժուար ու յոգնեցուցիչ կամ ցաւցնող, այդքա՛ն կրկնակի կ՛ըլլար մարտահրաւէրը, որուն ծարաւ էր միտքը:

Շատ կանուխ տարիքէն ձեռագործելու`  ասեղնագործութիւն, կարել, հիւսել, նկարչութիւն թէ պարտիզամշակութիւն,  իր փխրուն ներաշխարհը  կազմող արտայայտութիւններն էին, եւ հոյակապ կերպով անոնք դրսեւորելու տաղանդը ունէր:

Կը սիրէր հագուստ կարել: Պատկերները դիտելով` կրնար բարդ ձեւագիտութեամբ  հագուստները ամենայն ճշգրտութեամբ միեւնոյնը վերարտադրել սքանչելի կերպով: Դասական ոճը , ճաշակը,  երանգապնակի վառ  գոյները եւ  վայելչութիւնը գիտէր ներդաշնակել եւ ստեղծել գեղեցիկը:

Ձեռագործը ուրիշ աշխարհ մըն էր իրեն համար: Ինք  կը գծէր իր օրինակները եւ կ՛ընտրէր գոյները: Կ՛աշխատէր այնպիսի բծախնդրութեամբ ու մաքրութեամբ , այնպիսի նրբութեամբ ու ճշգրտութեամբ ու արուեստով, որ իւրաքանչիւր  կտոր կարծես գեղեցիկին ու շքեղին համադրում մը ըլլար, ծաղկեփունջերու` գունագեղ ու զուարթ արտացոլումներով:

Դաշտերուն,  պարէտզին փոքրիկ դեղին, կապոյտ, կարմիր ծաղիկները կը հաւաքէր ու անոնց գոյներով եւ ուրուագծով  իր ծածկոցները կը ձեւէր: Կը յաջողէր բնութեան մէջ դիտածն ու երեւակայածը կտորին յանձնել ճարտարօրէն,  հարազատութեամբ, իւրայատուկ ոճով, ուր ներքին աշխարհի զգայնութիւնները կ՛արտացոլային իր ստեղծած պատկերներուն մէջ:

Կը սիրէր բնութիւնը, մանաւանդ` ծաղիկները, անոնց բոլոր տեսակները: Կը ցանէր, կը խնամէր, կը գուրգուրար, գիտէր, կը ճանչնար գրեթէ  իւրաքանչիւր ծաղիկի կեանքի յառաջընթացը` ինչպէ՛ս առաջին ծիլերը կ՛արձակուին, ինչպէ՛ս կ՛աճի, որքա՛ն երկար կը դիմանայ, ինչ ջերմութեամբ կ՛ապրի: Իր հոգին լեցուն էր բնութեան գեղեցկութեամբ եւ կենդանի բնութեան խայտանքով: Իր հոգեկան բաւարարութիւնը գտած էր բնութեան շլացուցիչ գեղեցկութեան եւ ծաղիկներու դիւթանքին մէջ, կարծէք` կը խօսէր անոնց հետ եւ կ՛ապրէր անոնցմով: Մինչեւ առաւօտ  կը լուսցնէր դիտելու համար հազուագիւտ այն ծաղիկը, որ ամիսներ խնամելէ ետք կը ծաղկէր տարին միայն մէկ անգամ,  այն ալ` կէս գիշերին եւ առաւօտը չծագած` արդէն կը խամրէր. Պել տը նուի, Գիշերուան գեղեցկուհի կը կոչուի հրաշագեղ այդ ծաղիկը: Իսկ Անահիտը, առտուն, մեզի կը պատմէր ուրախութեան բոլոր շեշտերով, որ ինչպէ՜ս վայրկեան առ վայրկեան հետեւած էր ծաղիկին  բացուելուն ու կատարելապէս ամբողջանալէ ետք,  կամաց կամաց ինքն իր մէջ ամփոփուելով`  խամրած: Այն, ինչ սովորական աչքով տեսանալի չէր մեզի համար, իրմէ չէր վրիպեր, խորունկ ու անծայրածիր  հորիզոն  մըն էր բնութիւնը իրեն համար, կենդանի, շնչող ու խօսուն: Բնութեան աղջիկն էր, հաղորդակից` անոր գաղտնիքներուն ու խորհուրդին ու բաբախուն անոր գեղեցկութեամբ:

Կը հաւատայինք, որ մեծնալով` բնութեան պիտի վերադարձնէր այն, ինչով բնութիւնը օժտած ու հմայած էր զինք:

Սակայն, ինչպէս հազարաւոր տաղանդաւոր հայուհիներ ժամանակի պարտադրած ընկերային հրամայականներուն ենթարկուելով, պիտի սանձէին իրենց հոգիին թռիչքները` տեղի տալով տոհմիկ բարքերուն` ամուսնութեամբ, զաւակներու զոհողութեան  եւ ընտանիքին նուիրուելու առաքինութիւններուն: Ինք եւս եղաւ եւ ըրաւ այդ բոլորը, իր սէրը ընտանիքին հանդէպ մղեց ինքզինք գերազանցելու` դառնալով կին ու մայր, պահելով նահապետական ընտանիքի մը աւանդական արժէքները:

Տարաւ  հետը  իր նոր տունը , իր ամուսնոյն ընտանիքին` այն, ինչ ժառանգած էր հօրը տունէն` հայերէնն ու հայ մշակոյթը, սէրը արուեստի հանդէպ եւ շէնցուց այն ազգային բարքերով  ու սովորութիւններով :

Սիրած էր ԼՕԽ-ը եւ անոր հաւատարիմ ծառայողը եղած էր տակաւին պատանեկան տարիներէն եւ իր սէրը նաեւ փոխանցեց իր ընտանիքի անդամներուն, որոնք հետագային պիտի արտայայտէին աւելի ցայտուն ու շօշափելի կերպով` ԼՕԽ-ին ու ազգին հանդէպ:

Իր տան սեղանները զարդարեց իր ձեռագործներով: Ծաղկամանները լեցուց իր ցանած ու աճեցուցած ծաղիկներով, իսկ թոռնիկները հագուեցուց իր կարած հագուստներով: Մատներուն տաղանդով լեցուց իր ներաշխարհն եւ լուսաւորեց իր շրջապատը:

Եւ երբ օր մը դաժան անհանգստութիւնը զինք դատապարտեց աթոռին ու ժամանակ մը ետք` մինակութեան, ամբողջութեամբ փարեցաւ աստուածատուր իր շնորհքներուն, որոնց ընդմէջէն առաւել եւս ճանչցաւ ինքզինք եւ աւելի ամրացաւ:

Իր երջանկութիւնը եւ սփոփանքը փնտռեց ոչ թէ այցելուներու կամ շրջապատին մէջ, այլ` ինքն իր մէջ, իր ներքին հոգեկան ներաշխարհին մէջ, որ այնքան հարուստ էր ու շքեղութեամբ յագեցած:

Գիտէր իր ժամանակը լաւագոյնս լեցնել նոյնիսկ ֆիզիքական  ամէնէն դժուար պահերուն` ձեռագործելով, ստեղծելով , ընթերցանութեամբ: Ուրախ  էր եւ լաւատես, նպատակասլաց ու մանաւանդ  ինքնավստահ` առանց երբեք ոեւէ մէկու գնահատականներուն սպասելու:

Կը սորվինք մինակ մնալ եւ ընդգրկել մեր անձը եւ կը յայտնաբերենք մեր իսկական էութիւնը: Շատ մը բաներ կեանքի մէջ մեզմէ  անանջատելի են եւ անկախ այդ իրողութիւններու առթած տարբեր զգայնութիւններէն, անոնք գոյութիւն ունենալով հանդերձ, մեր կեանքին իմաստը չեն`  ծնունդները, ամուսնութիւնները, մահերը, ծերութիւնը,  հիւանդութիւնները, ամէն տեսակի դժբախտութիւններն ու ապրումները, որոնք մեզ ուրախութիւն կամ վիշտ կը պատճառեն: Եւ անոնցմով չի վերջանար եւ հոն կանգ չ՛առներ կեանքը, ընդհակառակն, անոնք կը փոխարինուին այլ փորձառութիւններով, որոնք մեր սէրերը, ուրախութիւնները, վիշտը  կ՛այլափոխեն ստեղծագործութեան: Հո՛ս է, որ երեւան կու գայ իսկական անհատը իր էութեամբ ու տարողութեամբ: Անահիտը եւս ապրեցաւ այդ  ուրախ ու դառն ապրումները, սակայն կարողացաւ իշխել  ինքզինքին եւ պարտադրել իր անձին` ստեղծելով, ձեռագործելով:

Մինակութեան մէջ կը սորվինք խամրող բաղձանքներու յուսախաբութիւնները դառնութեամբ ըմպել ու վերդառանալ անցեալին հեռու իրականութեան տխուր ու տհաճ առօրեայէն եւ անցեալի քաղցր յուշերով վերապրիլ պայծառ ու գեղեցիկ օրերը մանկութեան: Եւ դարձեալ ուժ գտած վերադառնալ ներքին ձայնին: Անահիտը եւս իր մէջ ուժ գտնելով` կը վերադառնար բնութեան լռութեան ու խաղաղութեան եւ գեշերուան բացուող լոյսին հետ կը բացուէր նաեւ հոգին` գոյներու աշխարհին: Գեղեցիկին որոնման ճիգին մէջ կը մոռնար  իր ցաւերը ու հոգիին մէջ գունագեղ ծաղիկներու  երեւակայական պատկերները  ներդաշնակ ընտրութեամբ կը վերատադրէր կտորի վրայ:

Սէրը դէպի բնութիւնը եւ բնութեան գեղեցկութիւնը տեսնելու, անով ապրելու ցանկութիւնն էր, որ Անահիտին մէջ  կենսագործելու տենդը վառ պահեցին` մոռնալով իր ցաւերն ու քիչ-քիչ դէպի մահ տանող մղձաւանջը ընդունելով ու երկնային տնօրինութեամբ հաշտուելով անխուսափելիին հետ եւ կամքին զօրութեամբ մինչեւ վերջ մնաց լաւատես ու երախտաւոր:

Ամբողջ կեանք մը ապրած էր հնազանդութեամբ` ծնողքին, ընտանիքին, ամուսնոյն ու Աստուծոյ:  Լուռ ու անխուսափելի ինքնավստահութեամբ դժուարութիւններն ու դժբախտութիւնները նուաճեց  եւ մնաց իր ցաւերուն մէջ` անտրտունջ ու համբերող, իսկ կեանքի պայքարին մէջ` աննահանջ ու յաղթող:

Անահիտը այն հայն էր, որուն  համար ընտանեկան ու ազգային, նահապետական ու համայնական արժէքները աւելի կը գերակշռէին, քան` անհատական տենչերն ու իղձերը: Այդպէս պէտք էր որ ըլլայինք, երբ դարձեր էինք անհայրենիք եւ սփիւռք` պահելու համար ազգ ու ինքնութիւն:

Գիշերուան գեղեցկուհիին նման հազարաւորներ ծաղկեցան կեանքի գիշեր մը միայն ու լոյսը չծագած խամրեցան ու անցան:

Շուտով այս բոլորը կը դառնան անցեալ  եւ յուշ: Կորուստը սիրելիին կը վիրաւորէ սիրտը,բայց անոր յիշատակները կը կազմեն աւերակները, որոնցմով վստահօրէն պիտի այցուինք- եւ որոնց պիտի այցելենք սիրոյ ու կարօտի անտեղիտալի  քաշողականութեամբ` զինք վերակենդանացնելու ձայն տալու եւ իրեն կրկին ունկնդրելու անիմանալի առհաւութեամբ:

18 մարտ  2016

 

 

Նախորդը

Անահիտ Պուլղուրճեանի Յիշատակին

Յաջորդը

Յայտարարութիւն

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.