Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բաց Նամակ

May 5, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ստորեւ հրատարակուած նամականիին մէջ տեղ գտած միտքերն ու գաղափարները, տրամաբանական ըլլալով հանդերձ, կը կարօտին քննարկման եւ տեսակէտներու ու մօտեցումներու առաւել բիւրեղացման` վերջնական եզրակացութեան մը յանգելու համար, մանաւանդ որ «Ազդակ»-ի էջերուն մէջ կնոջական էջի առկայութիւնը աւանդութեան կարգ անցած է եւ երկար ատենէ մնայուն ու փնտռուած ներկայութիւն է թերթին մէջ: Բոլոր պարագաներու, նոր միտքերն ու առաջարկները կը մնան ընկալելի:

«Ա.»

Յարգելի՛ խմբագրութիւն «Ազդակ» օրաթերթի,

Այս նամակով կ՛ուզեմ բացատրել, թէ ինչո՛ւ կ՛առաջարկեմ այս օրաթերթին մէջ լոյս տեսնող «Կնոջական էջ»-ի անունի փոփոխութիւնը: Նախընտրեցի բաց նամակով դիմել ձեզի, որովհետեւ երկար տարիներէ ի վեր այս «Կնոջական էջ»-ը տեսնող բոլոր ընթերցողները իրաւունք ունին եւ պարտաւոր են հասկնալու, թէ ինչո՛ւ տուեալ էջին «կնոջական» անուանումը անարդար է բոլորին հանդէպ եւ յատկապէս նախատական` կիներուն:

Խնդիրը հիմնականին մէջ կը կայանայ տուեալ էջի բովանդակութեան եւ էջի անունին կապին միջեւ: Էջը հիմնականին մէջ կը բովանդակէ անձնական խնամքի (դիմայարդարում, կնոջական հագուստեղէն, մարմնի առողջութեան հետապնդում…), տնային գործեր դիւրացնելու կամ այլ թեթեւ նիւթերու մասին յօդուածներ, խոհագիրներ եւ բանաստեղծութիւններ: Ոչ մէկ խնդիր ունիմ օրաթերթին մէջ նման նիւթերով էջ մը ունենալուն հանդէպ: Խնդիրը երկու կէտի մէջ կը կայանայ: Առաջին` այս նիւթերը «կնոջական» կոչելը կ՛ամրապնդէ կիներու հանդէպ գոյութիւն ունեցող կարծրատիպերը, երկրորդ` նաեւ անարդար է տղոց հանդէպ, որովհետեւ անուղղակիօրէն կ՛ամրապնդէ նաեւ տղու կարծրատիպը:

Կարծրատիպը որոշ յատկութիւններով անձերու կամ ընկերային խումբի մը հանդէպ կազմուած պատկեր մըն է, որ հիմնուած կ՛ըլլայ ընդհանրացումներու, նախապաշարումներու եւ ոչ քննական դատողութիւններու վրայ: Կարծրատիպերու մեծամասնութիւնը իրականութեան չի համապատասխաներ: Ուշադիր պարզ դիտարկութիւններէ մինչեւ մասնագիտական ուսումնասիրութիւններ կը փաստեն, որ օրինակի համար` սխալ է այն մտածողութիւնը, թէ աղջիկները աւելի զգայուն կ՛ըլլան, քան տղաքը, կամ աղջիկները աւելի կարեւորութիւն կու տան իրենց արտաքին երեւոյթին, քան տղաքը: Նոյնիսկ եթէ այս երեւոյթները կը թուին ներկայ ըլլալ մեր կեանքին մէջ, անոնք արդիւնքն են ընկերութեան մշակումներուն: Ինքնին ճենտըրը (gender) ընկերային կառուցուածք մըն է: Հայրիշխանական ընկերութիւնները նպաստած են կիներու եւ այրերու բեւեռացումին, շեշտած են այլապէս չնչին տարբերութիւնները եւ կազմած են ուժեղ ու իշխող տղու եւ հեզ ու ենթակայ աղջկայ պատկերները: Սակայն չկան առարկայական տուեալներ, որոնք կ՛արդարացնեն այդ կարծրատիպերը: Նոյնիսկ եթէ ֆիզիքական գետնի վրայ տղան եւ աղջիկը կը տարբերին, ընկերային գետնի վրայ ոչ մէկ պատճառ կայ անոնց անհաւասարութեան: Իսկ հետաքրքրութիւնները, գործի ասպարէզները, հանրային կեանքի մասնակցութիւնը եւ ուրիշ շատ բաներ սահմանափակելը յստակօրէն անհաւասարութեան ստեղծում է:

Վերադառնալով էջին անունին, եթէ տուեալ էջը կնոջական է, հապա մնացեալ 9 էջերը այրերո՞ւ յատուկ են… Այդպէս հետեւցնել կու տայ այս վերնագիրը: Այն տպաւորութիւնը կը յառաջացնէ, որ կիները քաղաքական, ազգային, գաղութային, մշակութային եւ մնացեալ բոլոր լուրերով չեն (կամ պէտք չէ) հետաքրքրուին: Կիներու յարմար բաժինը հագուիլ-շքուիլ, ճաշ եփել, տան գործերով զբաղիլն է կարծես… Ահա՛ կարծրատիպի ամրապնդում: Լաւատես եմ, որ թերթի խմբագիրները եւ ընթերցողները չեն կարծեր, որ կին ընթերցողները միայն «կնոջական» էջը կը կարդան: Ուրեմն հինէն եկած սովորութիւններու եւ սխալ կարծրատիպերու պատճառով է միայն, որ տուեալ էջը ստացած է այս անուանումը: Հետեւաբար զայն փոխելն ալ շատ դիւրին է:

Կնոջ կարծրատիպը ամրապնդելու կողքին, նման երեւոյթներ նաեւ կ՛ամրապնդեն այր անհատի կարծրատիպը` «լուրջ» նիւթերով հետաքրքրուող, հանրային կեանքին մասնակից, քաղաքականացած, եւ այլն: Ինչո՞ւ տղաքն ալ չունենան «թեթեւ» նիւթերով զբաղելու առիթ: Ինչո՞ւ ճաշ եփել սիրող տղան ստիպուի ամչնալով «կնոջական» էջը բանալու (կամ նոյնիսկ չբանայ, որովհետեւ ինքը կին չէ): Բայց ինքզինքին հոգ տանիլը, ճաշ եփելը, տուն յարդարելը, բանաստեղծութիւն կարդալը բաներ են, որոնք որեւէ ճենտըրի պատկանող մարդ իրաւունք ունի ընելու եւ կ՛ընէ՛ կամ պէ՛տք է ընէ: Ինչո՞ւ զանոնք սահմանափակել կիներուն:

Առաջարկս էջը վերացնել կամ տղոց համար նոր էջ բանալ չէ: Էջի անուան փոփոխութիւնը կը լուծէ այս հարցը (նաեւ բնականաբար այս փոփոխութեան պէտք է ընկերակցի կիներու նկարներու կողքին այրերու նկարներու գոյութիւնն ալ, կամ կնոջական նորաձեւութեան յօդուածներուն կողքին նաեւ այրերու նորաձեւութեան յօդուածներու ներառումը): Մէկ խօսքով, «Կնոջական էջ»-ը դարձնել, օրինակի համար, «ապրելակերպ» (lifestyle) էջի, ինչպէս արդէն ուրիշ թերթեր ունին:

Կը յուսամ, որ «Ազդակ»-ի խմբագրութիւնը շուտափոյթ լուծում կը գտնէ այս խնդրին: Այնքան ատեն որ «Կնոջական էջ»-ը ներկայ է «Ազդակ» օրաթերթին մէջ, անհաւասարութիւնը, անարդար կարծրատիպերը եւ կիներու հանդէպ վիրաւորանքը կը մնան շեշտուած:

Յարգանօք`
ԱՐԵՒԻԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

29 մարտ 2016

Նախորդը

Ազերիներ Ապշած Են, Թէ Հայերը Ինչպէ՛ս Մէկ Օրուան Ընթացքին 100-է Աւելի Յատուկ Ջոկատայիններ Ոչնչացուցած Են

Յաջորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 101-Ամեակի Նշումներ

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.