Կազմակերպութեամբ «Վանայ ձայն»-ին եւ հովանաւորութեամբ Մարաշի հայրենակցական միութեան շաբաթ, 30 ապրիլ 2016-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աշակերտներուն մօտ մայրենի լեզուի պահպանումն եւ ճիշդ գործածութիւնը քաջալերելու նպատակ հետապնդող «Ճիշդ հնչենք» յայտագիրի աւարտական հանգրուանն ու մրցանակաբաշխութիւնը, որ ուղղակիօրէն ձայնասփռուեցաւ «Վանայ ձայն»-էն:
Յայտագիրին բացումը կատարեց յայտագիրը պատրաստող եւ հաղորդավար Հուրի Փափազեան-Էմմիեան, որ իր խօսքին սկիզբը լուսարձակի տակ առաւ ընդհանրապէս 30-ամեայ «Վանայ ձայն»-ի առաքելութիւնը` շարունակել մնալ լիբանանահայութեան հարազատ սրտի զարկը, հայապահպանման աննկուն զինուորը` մերժելով ամէն ինչ, որ կը խանգարէ եւ կը տկարացնէ մեր ինքնութիւնը, մեր լեզուն եւ մշակոյթը:
Հայկական դպրոցներուն մէջ մայրենի լեզուին նկատմամբ ցուցաբերուած գուրգուրանքին եւ անոր ընծայուած կարեւորութեան առնչութեամբ ծնողներուն դրսեւորած զարմանքին, երբեմն ալ գանգատներուն մասին խօսելով` Հ. Փափազեան-Էմմիեան ըսաւ. «Մայրենի լեզուին կարեւորութիւնը թերագնահատելը կը նմանի մայրական կաթի օգտակարութեան մերժումին: Մեր պատանիները այսօր արտայայտուելու դժուարութիւն ունին: Ճիշդ է, ընկերային ցանցերը, ելեկտրոնային գործիքները իրենց ժխտական ազդեցութիւնը ունին, բայց այս երեւոյթը արդէն ինքնին կը հաստատէ, որ պէտք է անոնք լաւապէս զինուած ըլլան իրենց մայրենի լեզուով, սորվին, սիրեն ու գուրգուրան, հաւատան, որ այդ լեզուն զէնք է, ուժ է, պատիւ է եւ ինքնութեան պահպանման գրաւական է»:
Ան դիտել տուաւ, որ տարիներու թաւալքին հակառակ, «Վանայ ձայն»-ի կողմէ պատրաստուած յայտագիրներուն նպատակը կը մնայ նոյնը` պատրաստել պատասխանատու, գիտակից հայ մարդ, որպէսզի նմանները շարունակեն մեր սրբազան առաքելութիւնը եւ դառնան վաղուան հայ ուսուցիչը, տնօրէնը, մշակոյթի գործիչը, Հայ դատի պաշտպանները, Արցախի սահմաններուն հսկող զինուորները: Հ. Փափազեան-Էմմիեան շեշտեց, որ նման օրինակելի սերունդ պատրաստելու համար մեր ծնողները պէտք է գիտնան, որ հայեցի դաստիարակութիւնը, հայկական վարժարան յաճախելը, մայրենի լեզուին տիրապետելը հիմնական են ու անհրաժեշտութիւն` այսօր, աւելի քան երբեք` շեշտելով, որ այդ պայքարին մէջ «Վանայ ձայն»-ը կը մնայ ջահակիր` սփռելով հարազատ հայ երգը եւ այնպիսի յայտագիրներ, որոնք օգտակար կ’ըլլան նոր սերունդի պատրաստութեան ու մայրենի լեզուի պահպանման:
Հուրի Փափազեան-Էմմիեան տեղեկացուց, որ 2016-ին յայտագիրին մասնակցած են 16 վարժարաններէ 6-րդ, 7-րդ եւ 8-րդ դասարաններու 45 աշակերտներ:
Այս տարի եւս յայտագիրին վերահսկեց Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանի տնօրէն, լեզուաբան, հայագէտ Յովիկ Պերթիզլեան, որ գնահատեց արդէն 6-րդ տարին ըլլալով կազմակերպուող այս յայտագիրը` շեշտելով, որ մեր աշակերտներուն բերնէն ճիշդ հնչուող հայերէն լսելով աւելի եւս կը սիրահարի մեր գեղեցիկ մայրենիին: Ան հաստատեց, որ նման յայտագիրներ շատ կարեւոր են, որովհետեւ մրցակցութեան զուգահեռ պատգամ ունին փոխանցելիք եւ լեզուի գործածութիւնը աւելի հաճելի ու հարազատ կը դարձնեն:
Ապա տեղի ունեցաւ մրցումին աւարտական հանգրուանը: 6-րդ դասարանէն մրցանակակիր դարձաւ Դուին Հերկելեանը` Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպենկեան վարժարանէն, երկրորդ` Մարիա Գափլանեանը` Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանէն, 7-րդ դասարանէն մրցանակակիր` Մարք Մազաքեանը` Ս. Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանէն, իսկ երկրորդ` Ռոզալին Տիրակոսեան` Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանէն, 8-րդ դասարանէն մրցանակակից դարձաւ Ռիթա Սուլահեան` Հայ աւետարանական Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանէն, իսկ երկրորդ` Րաֆֆի Քէշիշեան` Ազգային Սուրէն Խանամիրեան քոլեճէն:
«Վանայ ձայն»-ի տնօրէն Աւետիս Կիտանեան այս առիթով դիտել տուաւ, որ տարեկան սովորութեան վերածուած այս յայտագիրը կը հաստատէ, որ ձայնասփիւռի կայանը հաւատարիմ է իր առաքելութեան: Ան ըսաւ, թէ Արցախի մէջ տեղի ունեցած վերջին զարգացումներու լոյսին տակ առաւել եւս լուսարձակի տակ պէտք է առնել այն երեւոյթը, որ հայապահպանումը կարեւոր զէնք է գոյատեւման, իսկ լեզուն` իսկական սրբութիւն:
Այս առիթով Աւետիս Կիտանեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեանին, որ 6-րդ տարին ըլլալով անընդմէջ ներկայ կը գտնուի «Ճիշդ հնչենք»-ի աւարտական հանգրուանին եւ մրցանակաբաշխութեան` կարեւոր նկատելով տնօրէններուն ներկայութիւնը իրենց աշակերտներուն կողքին` իբրեւ նեցուկ եւ քաջալերող ուժ, մանաւանդ որ նման յայտագիրի մասնակցելու համար աշակերտները ամբողջ տարի մը ժրաջան աշխատանք տարած են, ուստի անոնք արժանի են ամէն տեսակ գնահատանքի: Իր խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց յայտագիրի յաջողութեան սատարողներուն:
Ապա իր սրտին եւ գնահատանքի խօսքը արտասանեց Մարաշի հայրենակցական միութեան ատենապետ Ժան Մոմճեան, որ ըսաւ, թէ միութեան նպատակը տոհմիկ սովորութիւններու պահպանումը չէ լոկ, այլ, գիտակցելով հայ դպրոցին եւ հայ աշակերտին դիմագրաւած դժուարութիւններուն, ծառայել հայ գիրին, մշակոյթին եւ գրականութեան: «Արդարեւ, ինչ իմաստ ունի տէր ըլլալ նորակառոյց համալիրի մը եւ յաւերժացնել գրեթէ հարիւրամեայ միութիւն մը, եթէ անտէր պիտի թողունք հայ դպրոցն ու աշակերտը եւ մասնակից պիտի չդառնանք անոնց բարգաւաճման եւ մտային կարողութիւններուն դրսեւորման: Եթէ մենք չընթանանք այս ուղիով, ձախողած պիտի ըլլանք մեր ազգային առաքելութեան մէջ», ըսաւ Ժ. Մոմճեան, կոչ ուղղելով «Վանայ ձայն»-ին եւ հայկական դպրոցներու ղեկավարներուն` ըլլալու արթուն պահակները մեր ազգային ժառանգութիւններուն եւ քաջալերելու այն ձեռնարկները, որոնք կը նպատակադրեն լաւագոյնս արտայայտել հայ աշակերտին կարողութիւնները:
Իր խօսքը եզրափակելով` ան գնահատեց աշակերտները, տնօրէնները եւ «Վանայ ձայն»-ի անձնակազմը:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը: Իւրաքանչիւր մրցանակակիր ստացաւ 300.000 լիբ. ոսկի, իսկ 2-րդ հանդիսացող աշակերտները` 150.000 լիբ. ոսկի: