Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ Ցեղասպանութիւն, Հայաստան Եւ Թրքական Արտադրութիւններու Ներածումը

Մայիս 4, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Ըստ էութեան, անբնական երեւոյթ է, փոխանակ` աւելի վարկաբեկիչ արտայայտութիւն մը ունենալու, այն համատարած անտարբերութիւնը եւ անհոգութիւնը Հայաստանը շրջափակող ցեղասպան թուրք պետութեան հանդէպ, որուն պատճառով վերջին քանի մը տարիներուն շուրջ 1500 միլիոն տոլարի զանազան տեսակի թրքական ապրանք ներածուած է Հայաստան:

Այլ խօսքով, Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն իւրաքանչիւր նահատակի դիմաց  «հայրենի» վաճառականներ եւ գնորդներ 1000 տոլարով կը վարձատրեն ցեղասպան թուրքը` օժանդակելով անոր տնտեսութեան հզօրացման: Հայաստանի վերանկախացումէն ի վեր ներածութիւններու գումարը կը հասնի 2200 միլիոն տոլարի, այսինքն իւրաքանչիւր քաղաքացի 733 տոլարով ցարդ մասնակցած է թրքական տնտեսութեան վերելքին… Միւս կողմէ, եթէ միայն 10 տոկոս շահ հաշուենք, «հայ» վաճառականներ իրենց կարգին 220 միլիոն կեղտոտ ու արիւնոտ տոլարի շահ ապահոված են: Դժբախտաբար շահամոլութեան մոլուցքը մեր ազգային արժանապատուութիւնը ոտնակոխ կ՛ընէ:

Ցուցարարներ թրքական արտադրութիւններու նմուշներ աղբաման կը նետեն
Ցուցարարներ թրքական արտադրութիւններու նմուշներ աղբաման կը նետեն

Տես` «Տուեալներ, որոնք խուսափում են հրապարակել. ինչպէ՞ս Թուրքիան դարձաւ Հայաստանի խոշորագոյն առեւտրային գործընկերը» 1-12-2015 (http://rusarminfo.ru/տուեալներ-որոնք-խուսափում-են-հրապարակ/): «Հայաստանի Ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալներով, Թուրքիան Հայաստանի հետ առաւել մեծ ծաւալի առեւտրաշրջանառութիւն ունեցող պետութիւնների հնգեակում է: Նրա մասնաբաժինը 3,9 տոկոս է: Թուրքիային գերազանցում են Իրանը (4,9 տոկոս), Գերմանիան (7,5 տոկոս), Չինաստանը (9,9 տոկոս) եւ Ռուսաստանը (23,7 տոկոս): Մինչ «Թուրքիայի կողմից հայկական ապրանքների ներածման հանդէպ սահմանուած է արգելք»: (Այս եւ յաջորդող ընդգծումները իմս` Յ. Չ.):

Ինչպէ՞ս…

Համատարած այս անտարբերութեան եւ անհոգութեան փաստերէն մէկը` այս նիւթով պրպտում կատարելու ընթացքին համացանցի վրայ հանդիպեցայ միայն քանի մը լրատուամիջոցներու, որոնք անդրադարձած էին ապրիլ 21-ին տեղի ունեցած բողոքի ցոյցին, կառավարութեան շէնքին դիմաց, ընդդէմ թրքական ապրանքներու ներածման եւ սպառման… այն ալ 24 ապրիլէն միայն երեք օր առաջ:

«Փանորամա»-ի ապրիլ 21-ի էջին մէջ կը կարդանք. «Մենք պահանջում ենք դադարեցնել թուրքական ապրանքների ներմուծումը Հայաստան եւ դրա սպառումը: Գնելով թուրքականը` մենք զինում ենք մեր թշնամի երկրների բանակը», նշած է «Յանուն օրէնքի» նախաձեռնութեան անդամ Ծովինար Կոստանեանը:

Նախաձեռնութեան անդամները իրենց հետ բերած էին թրքական ապրանքներ, որոնք կը փափաքէին այրել կառավարութեան շէնքին դիմաց, սակայն ոստիկանները անոնց թոյլ չտուին, որմէ ետք ցոյցին մասնակիցները ուղղակի զանոնք աղբաման նետեցին:

Ցոյցին մասնակից Վարդան Վարդանեան յայտնած է, որ հայկական շուկայի մէջ կան ո՛չ միայն թրքական, այլեւ ազրպէյճանական արտադրութեան ապրանքներ, որոնք հայ հասարակութիւնը կը գնէ եւ կ՛օգտագործէ: Իբրեւ ապացոյց` ան իրեն հետ բերած էր ազրպէյճանական արտադրութեան փոցղ (տրմուղ), որուն վրայ «Պաքու» գրուած էր: Ցոյցին մասնակիցներուն նօսր թիւը նաեւ ապացոյց է այս նիւթով հասարակութեան համատարած անտարբերութեան եւ անհոգութեան: Սոյն բողոքին` կառավարութեան ներկայացուցիչներուն եւ Ազգային ժողովի պատգամաւորներուն բացակայութիւնը զգալի էր:

Ցաւով կ՛իմանանք, որ սոյն ապրանքները կը հասնին եւ կը վաճառուին նաեւ Արցախի մէջ…

Քանի մը օր առաջ, բախտի հեգնանքով, վերոյիշեալ բողոքի ցոյցին օրը, «Հ1» կայանի լուրերու հաղորդման ժամանակ դիտեցինք տեսանիւթ մը, որ կը տեղեկացնէր Վրաստանի հետ նորակառոյց սահմանային անցքին մասին. այնտեղ երեւցաւ մէ՛կ բեռնատար, այդ ալ թրքերէն գրութեամբ հսկայ «սառնարան» բեռնատար մըն էր…

Ցուցարարները նաեւ տեղի՛ն մտավախութիւն յայտնած էին` մատնանշելով, որ թրքական արտադրութեան սննդանիւթերը կրնային կենսաբանական-քիմիական վնասակար նիւթեր պարունակել` երբե՛ք չդադրած Ցեղասպանութիւնը շարունակելու նպատակով:

«Ազատ տնտեսութեան» ջատագովներուն կ՛ըսենք` մեզ ոչնչացնել ուզող երկիրներուն հետ առեւտուր ընելու վարքագիծին պէտք է տալ ա՛յլ անուն, որակում, համազօր` բացայա՛յտ դաւաճանութեան: Կը մէջբերեմ նախագահ Սարգսեանի խօսքը` արտասանուած 12 փետրուար 2016-ի նոր սահմանադրութեան ուղերձէն. «Մենք պէտք է համակերպուենք այն մտքին, որ Մարտակերտից եւ Մարտունուց դէպի արեւելք եւ Գիւմրուց ու Արմաւիրից արեւմուտք մենք որեւէ իսկական գործընկեր չունենք: Մինչեւ հիմա ապրել ենք առանց նրանց` ապահովելով զարգացման աւելի կամ պակաս տեմպեր (չափեր): Համարենք, որ այնտեղ անյատակ ու անանցանելի ճահիճ է»:

Կը պահանջուի այս ուղերձը գործնականի վերածել յստակ օրէնսդրութեամբ, թէեւ ազգային արժանապատուութեան գիտակցութիւնը, հայրենասիրութիւնը եւ պարզ տրամաբանութիւնը բաւարար երաշխիք պէտք է ըլլան այս յոռի ու ազգադաւ գործունէութեան վերացումին ուղղութեամբ:

Թրքական ապրանքի սնտուկի նմուշ Երեւանի շուկային մէջ
Թրքական ապրանքի սնտուկի նմուշ Երեւանի շուկային մէջ

Երկիրներ հաւատարմագրուած դեսպանութիւններու (առեւտրական կցորդ) միջոցով է, որ կը համակարգեն ներածում եւ արտածում` համապատասխան խստագոյն ձեւակերպումներով, ապրանքի ծագումի վկայագիրներով եւ փոխադարձ համաձայնութիւններով ու օրէնքներով, ապրանքի տեսակ, քանակ, որակ, տուրքեր եւ այլն: Ինչպէ՞ս կարելի է օրինաւոր առեւտուր կատարել մեր երկրի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւն չունեցող եւ մեզ շրջափակող երկիրներու հետ:

Տնտեսութեան նախարար Արծուիկ Մինասեան այս բողոքին առիթով հարցումի մը պատասխանելով` ըսաւ, թէ երրորդ երկրէ ներածումի պարագային, որուն հետ դիւանագիտական յարաբերութիւն չունինք (Վրաստանի վրայով), այժմ օրէնսդրութիւն չկայ, եւ անհրաժեշտ է զայն գոյացնել: Եթէ ցարդ օրէնք չկայ, սա կը նշանակէ, թէ արգիլուա՛ծ է: Նոր օրէնքը պարզապէս պէտք է շեշտէ, արգիլուած ըլլալը: Ներածողը պէտք է փաստաթուղթեր ներկայացնէ հայկական սահմանին, որուն մէջ պէտք է նշուած ըլլայ ապրանքին ծագումը, այս պարագային` Թուրքիա կամ Ազրպէյճան: Առանց Հայաստանի դեսպանատան առեւտրական կցորդի մը վաւերացումին, 25 տարիներ շարունակ ինչպէ՞ս այդ ապրանքները մուտք գործած են Հայաստան` Թուրքիան դարձնելով հինգերորդ մեծագոյն արտածողը դէպի Հայաստան: Օրէնքի մը չգոյութեան պատճառով արդեօք ներածողը տուրք կը վճարէ՞, իսկ եթէ կը վճարէ, ո՞ր օրէնքին եւ փոխադարձ համաձայնութեան հիման վրայ: Սահմանի պաշտօնատարները կաշա՞ռք ստացած են ապօրինի ապրանքին մուտքը արտօնելով երկիր, թէ՞ բոլոր այդ ապրանքները մաքսանենգուած են:

Այս կապակցութեամբ «անտարբեր» ժողովուրդը երկու պատրուակ ունի. առաջին` թրքական արտադրութիւնը աւելի աժան է, եւ երկրորդ` կարգ մը ապրանքներու պարագային այլընտրանք չկայ: Եթէ այս պատճառաբանութիւնները ճիշդ են, տրամաբանական է հարցնել, թէ ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ նուազագոյնը 500 քիլոմեթր ճամբորդած եւ երկու սահմանի տուրք վճարած լոլիկը աւելի աժան է, քան` առատօրէն արտադրուող տեղական արտադրութիւնը: Միւս կողմէ, եթէ իսկապէս կարգ մը արտադրութիւններու ոչ թրքական այլընտրանքը չի գտնուիր, արդեօք աւելի մերձակայ ռուսական կամ իրանեան տարբերակ գոյութիւն չունի՞… անշո՛ւշտ գոյութիւն ունի: Եթէ այլընտրանք չկայ, ուրեմն միայն թշնամիէ՞ն կախեալ պիտի ըլլանք որոշ ապրանքներու պարագային…

Այս երեւոյթը ապացոյց է տնտեսական ռազմավարութեան չգոյութեան եւ նոյնիսկ` մեր «պաշտպանութեան համակարգին» մէջ զանցառումի: Ինչպէ՞ս վստահիլ փերեզակային մտայնութեան տէր այն քաղաքացիին, որ թշնամիին հետ գործընկեր է եւ նոյնիսկ մրցակից` հայկական արտադրութեան: Պարզապէս պէտք է պատրաստել ցանկը «այլընտրանք» չունեցող ապրանքներուն եւ հնարաւորինս արտադրել զանոնք Հայաստանի մէջ` նոր գործատեղիներ ստեղծելով, այլապէս զանոնք ներածել բարեկամ երկիրներէ:

«Ազդակ»-ի 26 դեկտեմբեր 2015-ի «Հայաստանի Հանրապետութեան եռամեայ զարգացման այժմէական ծրագիրի մը անհրաժեշտութիւնը» յօդուածով անդրադարձած էի գիւղատնտեսութեան առաջնահերթութեան` նպատակ ունենալով զարգացնել սննդեղէնի ինքնաբաւ համակարգ, գրեթէ ինչպէս որ է արդէն, որ սակայն կը կարօտի ռազմավարական բծախնդիր ու մանրամասն հետապնդումի, ճշգրտումի, լրացումի: Այլ խօսքով, պէտք է ապահովել կատարեալ սնունդի անհրաժեշտ բոլոր նիւթերու արտադրութիւնը եւ մթերումը սեփական միջոցներով` բաւարարելով բնակչութեան պահանջը եւ արտակարգ իրավիճակներու պարագային ունենալ նուազագոյնը քանի մը ամսուան պահեստ: Հայաստան հիմնականին մէջ իբրեւ «ագարակային ընկերութեան» եւ ջուրի առատութեան երկիր` աններելի է սննդեղէնի համար կախեալ ըլլայ արտերկրէն եւ ներածէ որեւէ տեսակի սննդեղէն, մանաւանդ` թշնամիէն: Ընդհակառա՛կը, Հայաստան եւ Արցախ կարողականութիւնը ունին դառնալու առաւելապէս սննդեղէն արտածող երկիրներ, եւ պէտք է այդ ուղղութեամբ աշխատիլ:

Այս համատարած անտարբերութեան երեւոյթին այլ դրսեւորումը կը կայանայ զբօսաշրջութեան մարզին մէջ: Երեւանի զբօսաշրջային ընկերութիւններու ծանուցումներուն մէջ անպակաս են դէպի Թուրքիա գովազդները` մեծադիր որմազդները, որոնք զետեղուած են անոնց ցուցափեղկերուն վրայ: Թուրքիա մեկնող հայ զբօսաշրջիկներուն թիւը նուազած է վերջերս, սակայն չէ դադրած: Այս ծիրին մէջ անհաւատալի է նաեւ վերջին տարիներուն հայկական ֆութպոլի քանի մը խումբերու մարզումի ճամբարները Թուրքիոյ մէջ:

Ամենացաւալին այն է, որ ներկայի դրութեամբ կարիքը կայ մեր հայրենակիցներուն բացատրելու, թէ ինչո՛ւ պէտք չէ սատար հանդիսանալ թրքական տնտեսութեան…

Յուսադրիչ ու դրական է «Յանուն օրէնքի» նախաձեռնութեան գործունեայ երիտասարդներուն աշխուժութիւնը` բացայայտելու եւ քաղաքացիներուն մէջ արթնցնելու զգօնութիւնը` մերժելու թրքական արտադրութիւնները:

Ապրի՛ք, տղաք:

Սոյն հարցը պէտք է Հայաստանի պատկան մարմիններուն ու ժողովրդային խաւերուն ուղղուած յոյժ կարեւոր պատգամ ըլլայ: Անմիջապէս պէտք է ձեռնարկել գործարաններ հաստատելու, որոնք պիտի արտադրեն այն «այլընտրանք» չունեցող ապրանքները: Տնտեսական բարգաւաճումը ժողովրդային կենսամակարդակի բարելաւում կ՛ենթադրէ, որ իր կարգին կրնայ դրականօրէն ազդել Հայաստանի ներկայ մեծագոյն աղէտին` արտագաղթին վրայ:

 

24 ապրիլ 2016

 

Նախորդը

«Տրամաբանական Չէ Խօսել Բանակցութիւնների Մասին»

Յաջորդը

«Մհեր Ջուլհաճեան» Շարադրական Մրցանքին Արժանացած Այս Տարուան Աշակերտներուն Գրութիւնները

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?