Գաղութէ-Գաղութ
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Մեծաթիւ Ուխտաւորներու Մասնակցութեամբ Ս. Աննայի Ուխտի Օրը Յիշատակուեցաւ Եագուպիէի Ս. Աննա Ուխտատեղի-Մատրան Մէջ Հանդիսապետութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի, կիրակի, 30 օգոստոսին, Եագուպիէի Ս. Աննա ուխտատեղի-մատրան մէջ յիշատակուեցաւ Ս. Աննայի ուխտի օրը` մասնակցութեամբ մեծաթիւ ուխտաւորներու: Սրբազան հայրը մատուցեց եպիսկոպոսական հանդիսաւոր ս. պատարագ, որուն ընթացքին ան Ս. միւռոնով օծեց մատրան նուիրուած երկու սրբապատկերներ` Աստուածամօր սրբապատկերը` նուիրուած...




















