1890-ին Թիֆլիսի մէջ հիմնուած ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնական նպատակը եղած է եւ կը շարունակէ ըլլալ համայն ազգի մը իրաւունքներու մնայուն պաշտպանը հանդիսացող զրահն ու սուրը` թէ՛ սփիւռքի տարածքին եւ թէ՛ Հայաստանի սահմաններուն մէջ: Զինանշանին վրայ զետեղուած սուրը, բահը եւ գրիչը հաւասարապէս կ՛օժանդակեն ամէն տեսակի ճակատամարտերու ընթացքին:
Հայ ազգը գոյատեւած է եւ պիտի շարունակէ գոյատեւել դաշնակցական գործիչներու անսահման զոհողութիւններուն շնորհիւ: Գիտակից դաշնակցականը միշտ պատրաստ է տրամադրելու իր ամէնէն թանկագինը` ազգին գերագոյն շահերուն տէր կանգնելու համար, ուր ալ գտնուի ան` սփիւռքի կամ հայրենիքի մէջ: Գիտակից դաշնակցականը նաեւ կրնայ սխալիլ, բայց եւ այնպէս, սխալը կ՛ընդունի եւ կ՛աշխատի սրբագրել զայն` առանց վարանելու: Հարկ է ըսել, որ միայն չգործող անձը չի սխալիր: Դաշնակցութիւնը միշտ տէր կանգնած է Հայ եկեղեցւոյ, որ, իր կարգին, հայոց ինքնութեան պահպանման գլխաւոր դերակատարներէն մին, մնայուն կերպով նեցուկ եղած է հայ դպրոցին եւ հայկական ակումբին:
80 տարի պոլշեւիկութիւնը չկարողացաւ չէզոքացնել մեր ազգային կառոյցները, եւ ի վերջոյ ազգը գոյատեւեց ու յաղթական դուրս եկաւ` ձախողութեան մատնելով հակառակորդներուն ամէն տեսակի ծրագիրները: Տարբեր տեսակի թշնամիներ դարեր շարունակ վտանգած են հայուն գոյատեւումը, անոնց սպառնալիքներուն խորքը միշտ եղած է նոյնանման. արդարեւ, արտաքին կամ ներքին թշնամիներ միշտ փորձած են բաժնել ազգը, որպէսզի դիւրութեամբ կարողանան տիրել անոր:
Անոնք ազգի գերագոյն շահերը ոտնակոխելով` որոշ ժամանակ կարողացած են իրենց անձնական շահերը ապահովել, բայց եւ այնպէս, շուտով վերջ գտած է շահագործողին ժամանակաւոր ուժը, որովհետեւ պատմութիւնը վկայած է հայ ազգի գոյատեւման պայքարի ոգին եւ կորովը, որոնք միշտ յաղթած են եւ պիտի յաղթեն, նոյնիսկ` հզօրագոյն հակառակորդին: Ճշմարտութիւնը միշտ յաղթած է սուտին, նոյնիսկ` եթէ սեւ ամպերը որոշ ժամանակ պատած ըլլան ճշմարիտ ուղին:
Դաշնակցութիւնը ծնունդ առած է այս պայքարող ժողովուրդի արգանդէն, որ ծնունդ տուած է նորանոր սերունդներու, որոնք դաշնակցական շունչով, դաստիարակութեամբ եւ գաղափարաբանութեամբ հասակ առնելով` ամրապնդած են գոյատեւելու պայքարի ոգին իրենց մէջ, գործած են մինչեւ օրս եւ պիտի մնան գործող ձեռքերը ըլլալ հզօր ազգիս հայոց: Շնորհաւոր 135-ամեակը ՀՅԴ-ին եւ անոր աշխարհասփիւռ ժողովուրդին:



