Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աւելի Քան Մայրենիի Բդեշխ Մը, Սփիւռքեա՛ն Արժէք Մը (Արմենակ Եղիայեանի Յիշատակին)

December 19, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter
 Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Քառասուն օրեր առաջ «Ազդակ»-ի, ապա հայկական այլ թերթերու մէջ երեւցաւ տոքթ. Արմենակ Եղիայեանի մահուան գուժը: Քանի մը առիթով իմացուցած էր, որ առողջական հարցեր կը դիմագրաւէ, տարիներ առաջ բաւական լուրջ անհանգստութիւն ունեցած էր, սակայն յաղթանակով դուրս եկած էր այդ ճակատամարտերէն: Հիմա անակնկալի եկած է նաեւ… ինք:
Պէյրութէն մինչեւ սփիւռքեան հեռաւոր ափեր գիրի սպասարկուներ եւ ընթերցողներ համակուեցան սուգով: Նոյն տարածքին մէջ (որքան որ հետեւած ենք մեր մամուլին) բազմաթիւ արձագանգներ արձանագրուեցան յարգանքի տուրք տալու համար առյաւէտ հեռացող հայուն եւ արժեւորելու վաստակը, ձգած աւանդը: Բոլոր ըսուած-գրուածները տեղին են, ու կասկած չունինք, որ իւրաքանչիւր սգացող ունի այն զգացումը, թէ կրնար ինչե՜ր աւելցնել արժեւորումներուն վրայ:
Ինչ որ պիտի արձանագրենք մեր կարգին, նկատի ունի այդ արտայայտութիւնները, ձեւով մը ձայնակցութիւն է ըսուածներուն: Անոնցմէ բան չենք ուզեր զեղչել հոս, այլ մեր նպատակն է, խղճի պարտք մը հատուցելու կողքին, կարգ մը գնահատականներու կարկինը քիչ մը աւելի ընդարձակել՝ հիմնուելով Արմենակին հետ մօտաւորապէս չորս տասնամեակներու մեր ծանօթութեան եւ տարբեր ոլորտներու մէջ գործակցութեան վրայ (նկատեցի՞ք, արդէն տոքթոր-ը մէկդի ձգեցինք ու անցանք մտերմականի փուլ): Այս ժամանակաշրջանը մեզ դարձուց տարտակից, եւ յաճախ, երբ ե-նամակով հաղորդակցէինք, զիրար անունով կոչելու կողքին, կը գործածէինք տարտակից եզրը: Հա՛, նոյն դաշտին մէջ ունէինք ուրիշ տարտակից մըն ալ՝ Յարութիւն Քիւրքճեանը, որ Արմենակը կանխեց վերջին ճամբորդութեան մէջ… (այլ ոլորտի մէջ այլ տարտակից մը, նմանապէս Յարութ անունով, Չէքիճեանը, մեկեցաւ քանի մը ամիս առաջ):
Պէտք կա՞յ ըսելու, որ մեր տարտերը կը բխէին ու մեր լեզուին եւ անոր պահապանը, մշակողն ու զարգացնողը կոչուած գրողներու ու թերթերու աշխատակիցներու հետեւողական նահանջէն, եւ սա տագնապի կը մատնէր Արմենակն ու բազմաթիւ այլ նախանձախնդիրներ. Արմենակին տարբերութիւնը այն էր, որ այս տագնապը իրեն համար վերածուած էր ամէնօրեայ յաճախանքի, հիւանդացնելո՛ւ չափ կը տառապեցնէր զինք: Այդ տառապանքը համաչափ կշռոյթով յաճախ դուրեանական պոռթկումի հասնող գրաւոր արտայայտութիւններու կը մղէր զինք՝ իրեն տալով Աստուծոյ տաճարը՝ մեր լեզուի անդաստանները մաքրելու առաքելութիւն մը: Ո՞վ պահած է հաշիւը վերջին տարիներուն ե-նամակով իր տարածած քննարկումներուն, ուսուցողակա՛ն էջերուն, որոնք հաւանաբար հազարներու հասած են: Այդ առաքելութիւնը ուսին առած էր ինքնակոչ կերպով, ու խաչանման բեռը տարաւ մինչեւ վերջին շունչը: Լա՛ւ գիտէր, որ գրեթէ միայնակ կը կրէր այդ «խաչը» (լծակիցները նոյն յաճախակիութեամբ չեն անդրադառնար տագնապին տարբեր երեսներուն), գիտէր նաեւ, որ երբ օր մը մեկնէր այս աշխարհէն, իր գործը իրե՛ն պէս շարունակող պիտի չըլլար: Քանի մը ամիս առաջ կարճ ե-նամակի մը մէջ ունէր անանձնական ողբ մը. մօտաւորապէս գրած էր. եթէ օր մը միւս աշխարհը երթամ, հայերէնի հոգը ո՞վ պիտի կրէ: Պատասխանիս մէջ մեղմ սաստ մը կար, թէ՝ մեկնելու մասին պէտք չէ մտածէր կամ մտահոգուէր, դեռ երկար ճամբայ ունէր իր առջեւ: Մաղթանքս երկար շունչ չունեցաւ…

Երկունքին Սկիզբը

Մասնագիտութեամբ եւ ասպարէզով ատամնաբուժ այս մարդը, ընթացիկ աշխատանքին կողքին, հաւանաբար անոր տրամադրած ժամանակին չափ, թերեւս՝ ա՛լ աւելի՝, ինքզինք նետած էր մեր լեզուի գաղտնիքներուն ու ԳԵՂին ուսումնասիրութեան ովկիանոսներուն մէջ՝ թափանցելու համար անոր բոլոր օրէնքներուն խորքը, հասնելու արմատներուն, զուգահեռաբար նաեւ հաճոյանալու անով արտայայտուողներու ստեղծած ալեակներուն մէջ լողալով: Մենք միակը չենք, որ ականատես եղած ենք անոր աշխատանքի ձեւին: Պէյրութ մեր վերջին այցելութեան օրերուն հանդիպեցանք իր դարմանատունը: Գրասեղանին ետին նստած՝ ընկղմած էր օրուան թերթերու ընթերցումին մէջ, ձեռքին՝ մատիտ մը. սեղանին տարածուող թերթին վրայ առատօրէն ցանուած էին գծիկներ, սիւնակներուն՝ մանր բացատրութիւններ: Թերթին կողքին՝ քանի մը բառարան (չէր ամչնար բառարանին դիմելու, երբ պէտք էր փոշի կուտակած բառերու ստուգումը կատարել, հասնիլ անոր ծննդեան, ի հարկին՝ պրպտել քանի մը բառարան): Դիմաւորեց ժպիտով, զրուցեցինք հին-նոր տարտերէ, պատմեց զինք դառնացնող բաներու մասին. այդ ու այլ առիթներով կþապրէր այն տագնապը, թէ իր ըրածը կը նմանի «ջուրի վրայ գիծ քաշելու», եւ այդ զգացումը լաւագոյն կերպով արտայայտութիւն գտաւ «պտտուիր, պտտուիր կարուսել» շարքով… Չանտեսենք միւս երեսը. իրենց ատամներուն դարմանումը Արմենակին վստահողներ վկայած են, որ նոյնքան բծախնդիր ու խղճամիտ ատամնաբուժ էր: Ի՜նչ խօսք, որ ան իր անունը արձանագրեց իբրեւ լեզուագէտ, մասնաւորաբար արեւմտահայերէնի պաշտպան: Զինք կարելի է կոչել ԲԴԵՇԽ մը. այս եզրին բառարանային բացատրութիւնը՝ սահմանագլուխի կամ ռազմավարական կարեւորութիւն ունեցող կէտի մը իշխան է, ունի լռելեայն իմաստ մըն ալ՝ արթուն պահակ ու իրեն վստահուած աւանդին հաւատարիմ պաշտպան:
Թէ՝ հայերէնին հանդէպ անոր հետաքրքրութիւնն ու պաշտամունքի հասնող սէրը ճի՛շդ ե՞րբ սկսած է, կարելի է միայն ենթադրութիւն ընել (հաւանաբար աշակերտութեան օրերէն, նաեւ՝ մեր հանճարեղ գրողներու ժառանգութեան ծանօթացման ճամբով): Այս խանդին առաջին փուլը եղած է ուսուցչական ասպարէզը՝ հայերէնի դասաւանդման մէջ իր բազմափուլ ծառայութիւնը, սկսելով կանուխ երիտասարդութենէն, երբ ատամնաբուժութեան ուսանող էր: Մայրենիին մաքրազտման, պահպանման եւ հարստացման նախանձախնդրութեան առաջին գործնական արտայայտութիւնը, որքան մեզի ծանօթ է, ի յայտ եկաւ մօտաւորապէս չորս տասնամեակ առաջ, երբ «Ազդակ»-ի էջերէն լոյս աշխարհ եկան անոր առաջին յօդուածաշարքերը, նշմարաձեւ սիւնակները, որոնք կը կրէին «Գուրգուրանք մայրենիին» ընդհանուր խորագիրը:
Ընթերցողը ականատես եղաւ, որ նոյն երկինքին տակ կայ հայորդի մը, որ բառին ամենալայն իմաստով սէր ու գուրգուրանք կը տածէ մեր լեզուին հանդէպ, լեզու մը, որ աւելի քան 150 տարի առաջ թեւակոխած էր դէպի բիւրեղացում տանող ուղի մը, կտրած էր մեր գեղապաշտ սերունդին ու անոր հաւատարիմ ժառանգորդներուն ներդրումները, զայն արուեստի մակարդակի բարձրացնող փուլերը:
«Գուրգուրանք»-ին հեղինակը այդ օրերուն ունէր հաճելի ոճ, հմուտ ուսուցիչի մը մօտեցումը (այդ ոճը մնաց ընդմիշտ): Մաղէ կþանցընէր օրաթերթերը, կþարձանագրէր լեզուական՝ ուղղագրական, քերականական, շարադասական եւ այլ տեսակի վրիպումներ, եւ հաղորդական զուարթախոհութեամբ, եւ ո՛չ թէ զայրոյթով, զանոնք կը յանձնէր ընթերցողին ու գրողներու, խմբագիրներու ուշադրութեան: Գիտէր, թէ սա աշխատանք է, որ մէկ օրէն միւսը կրնայ արդիւնք չտալ՝ սակայն վհատում, յուսահատութիւն չէր ճանչնար: Կրկնուած սխալ մը դարձեալ կþիյնար իր նշդրակին տակ, մի՛շտ կատակի մը ընկերակցութեամբ, զուարթախոհ նշումով մը:
Այդ օրերուն անձամբ ծանօթ չէինք Արմենակին: Ինք «արեւելեան» Պէյրութի բնակիչ էր, իսկ «Ազդակ»-ի խմբագրատունն ու տպարանը «արեւմտեան» Պէյրութ էին: Այդ շրջանին հազիւ թէ քանի մը անգամ հեռաձայնով զրուցած էինք (հեռաձայնի գիծերը կամակոր էին. ո՛չ բջիջային, ո՛չ ալ այսօր շա՜տ սովորական դարձած, մեր կեանքին անբաժանելի մասնիկները դարձած արդիական միջոցները…): Անձնական ծանօթութիւնը հաստատուեցաւ, երբ «Ազդակ» 1987-ի փետրուարին տեղափոխուեցաւ «արեւելք» եւ կարճ ատեն մը ետք իր տունը գտաւ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ: Արմենակը դարձաւ յաճախակի այցելու մը. միշտ հետը կը բերէր իր մեղմ ժպիտը եւ «նշդրակը»: Մատնացոյց պիտի ընէր վրիպակներ, սակայն աւելի՛ կարեւորը՝ ականատես պիտի ըլլար խմբագրական հեւքոտ աշխատանքին ու գոնէ զրոյցներու պահուն պիտի սկսէր հասկացողութիւն ցոյց տալ, թէ թարգմանական՝ օտար լեզուներէ հայերէնի ՎԵՐԱԾՄԱՆ գործը ինչպիսի՛ հեւք կը պարտադրէր աշխատողներուն, անխուսափելի կը դարձնէր ակամայ վրիպումները (այս առումով, օրաթերթի հեւքը անբաղդատելի է շաբաթաթերթի կամ այլ պարբերականներու հեւքին, ալ ո՜ւր մնաց՝ հատորներու պատրաստութեան աշխատանքին): Այդ հասկացողութիւնը պատճառ չէր, որ սխալներուն եւ աչք ծակող վրիպումներուն հանդէպ դառնար ներողամիտ, հանդուրժող, աչք փակող: (Ի դէպ, իրմէ առաջ մեր լեզուի այլ պահակներ ալ, նոյն նախանձախնդրութեամբ, սակայն նաեւ օրաթերթի հեւքին հանդէպ հասկացողութեամբ՝ իրեն պէս վարուած են. չենք ուզեր անուններ արձանագրել):
Եղաւ շրջան մը, որ յօդուածները դարձան հազուադէպ: Սա այն շրջանն էր, երբ կը պատրաստէր լեզուի դասագիրքերու շարքը: Աւելի ուշ, երբ մտանք համակարգչային հաղորդակցութիւններու դարաշրջանը, ինք ալ ընտրեց ե-նամակներու «ոճը» եւ այդ ճամբուն մէջ մնաց մինչեւ վերջ: Իր առաքումներէն բազմաթիւ սիւնակներ լուսաւորեցին մեր թերթերուն էջերը: Քիչեր զգացին Արմենակին դառնացման հոլովոյթը, անոր պատճառները: Վերջին տարիներուն իր նշումներն ու սրբագրութիւնները ոճի զգալի փոփոխութիւն կրած էին: Չէր ծածկեր իր զայրոյթը, երբ բազմիցս մատնանշուած սխալ մը դարձեալ կը փայլատակէր մեր այս կամ այն թերթին էջերէն: Իրեն համար (ինչպէս՝ ոեւէ նախանձախնդիրի) անբացատրելի ու ԱՆՆԵՐԵԼԻ էր մանաւանդ այն, որ բառ մը տարբեր ուղղագրութեամբ կþերեւէր նոյն էջին վրայ կամ նոյն թիւին մէջ… Այս զայրոյթը, խոտորողին ուղղուած վիրաւորանքը ունէր քողարկեալ դրսեւորում, կը հասնէր փոքր թիւով մտերիմներու, եւ ո՛չ թէ անպայման՝ մամուլին յղուած սիւնակներով: Արմենակին զայրոյթը դժգոհութիւն կը պատճառէր ոմանց, որոնք կ´առարկէին, թէ ան պէտք չունի վիրաւորական ըլլալու: Ինք, սակայն, ունէր տարբեր եւ արդա՛ր մօտեցում: Մարդիկ ինչո՞ւ պէտք էր վիրաւորական գտնէին իր կարգ մը սրբագրութիւններն ու տեղին թելադրանքները, երբ զանոնք կրկնած ու կրկնած էր տասնամեակներ շարունակ, փոխարէնը՝ շատ քիչ արդիւնք շօշափած էր, մինչեւ իսկ լսած էր, որ իր փաստացի, օրէնքներով հիմնաւորուած բացատրութիւններուն մասին ոմանք կþըսէին՝ «ատիկա Արմենակին կարծիքն է»: Եւ վիրաւորուողներուն մէջ կային այնպիսիներ, որոնք ամէն օր, օրը քանի մը անգամ կը նահատակէին մեր լեզուն: Արմենակին համար Մեծն Մաշտոցի եւ անոր հաւատարիմ ժառանգորդներուն աւանդը անհպելի էին, պէտք էր պաշտպանուէին ամէն գնով:  Ան հաւատամքի վերածած էր դարաւոր խօսք մը. Պղատոնը բարեկամս է, սակայն Ճշմարտութիւնը աւելի՛ լաւ բարեկամ է:
(Շար. 1
Նախորդը

Հիանալի Ժապաւէններ` Հռոմի Պապերու Մասին

Յաջորդը

Նիկոլ Աղբալեանի Ծննդեան 150-Ամեակի Արժանավայել Յիշատակում

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.