Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Պապական իշխանութիւնն ու շարժապատկերը շատոնց առնչուած են: Լեւոն 13-րդ պապը դարձաւ առաջին «շարժական պապը» 1896-ի յուլիսին, իսկ անոր յաջորդը՝ Պիոս Ժ.-ն, նկարահանուեցաւ 1907 թուականին: Ան եղաւ շարժապատկերի առաջին սուրբը, երբ սրբադասուեցաւ 1954 թուականին: Երկու տարի առաջ` 1952-ին, Հանրի Վիտոն զայն մարմնաւորած էր «Գաղտնի փակարան» (The Secret Conclave) շարժապատկերին մէջ, որ պապական ընտրութիւնը ստեղծող առաջին ժապաւէնն էր։
Պիոս պապը իրականութեան մէջ համաձայնութիւն չէր տար ժապաւէններուն եւ կþարգիլէր անոնց ցուցադրութիւնը եկեղեցիներուն մէջ 1909 թուականին:
Պիոս ԺԱ.-ը եւ Պիոս ԺԲ.-ը իւրաքանչիւրը հրապարակեցին շարժապատկերի գործիչներու պարտականութիւններու վերաբերեալ կոնդակներ, որոնք խորապէս ազդեցին Հոլիվուտի վրայ՝ Կաթողիկէ պարկեշտութեան լեգէոնի միջոցով:
Միայն քանի մը իրական կեանքի պապեր հասած են պաստառ՝ Մեծն Լեւոն պապը «Աթիլա» եւ «Փականի նշան» շարժանկարներուն մէջ (երկուքն ալ՝ 1954), Ալեքսանտր Բ. պապը՝ «Պեքեթ»-ի մէջ, (1964), Պօղոս Գ.ը՝ «Թիւտորները» (2007), Լեւոն 10-րդը՝ «Լուտեր»-ի (2003): Բայց միայն վերջին պապերը, ինչպէս` Յովհաննէս ԻԳ.- ը, Պօղոս Զ.-ն եւ Յովհաննէս Պօղոս Ա.-ը, եղած են ամբողջական կենսագրութեան առարկայ:
Պապեր նաեւ կան գեղարուեստական բազմաթիւ շարժանկարներու մէջ, ինչպէս՝ «The Godfather Part III»(1990), «Angels & Demons»(2009), «The Pope’s Exorcist»(2023) եւ բազմաթիւ կատակերգութիւններու, ինչպէս՝ «Naked Gun 33?: The Final Insult» (1994) եւ «The Pope’s Toilet» (2007):
Ոմանք աւելի հակասական եղած են, քան` միւսները, քանի որ «Il Pap’occhio» (1980) շարժապատկերը արգիլուած եւ գրաւուած է Եկեղեցին վիրաւորելու համար, մինչ «The Pope Must Die» (1991) վերանուանուած է «Pope Must Diet»՝ բացայայտ վիրաւորանք չտալու համար: Բայց եւ այնպէս, ամէն բան փոխուած է, երբ Պիոս ԺԳ.-ը (Ճուտ Լօ) սպիտակ արագութեամբ հանդէս կու գայ Փաոլօ Սորենթինոյի «Նոր պապը» (2019) ժապաւէնին մէջ, որ շարունակութիւնն է 2016 թուականի յայտնի երգիծանքի՝ «Երիտասարդ պապը»:
Յայտնի չէ, թէ արդեօ՞ք Հռոմի Ֆրանչեսկոս պապը միացած է, թէ՞ ոչ, թէեւ ան գործուն մասնակցած է Վիմ Վենտերսի «Pope Francis: A Man of His Word» (2018) եւ Ճիանֆրանքօ Ռոսիի «In Viaggio: The Travels of Pope Francis» (2022) շարժանկարներուն: Կը մնայ տեսնել, թէ արդեօ՞ք անոր յաջորդը այդքան մօտ կþըլլայ շարժապատկերին:
The Agony and the Extasy (1965)
Բեմադրիչ՝ Քերոլ Ռիտ
Սիքսթինեան տաճարի նկարազարդման մասին Իրուինկ Սթոնի մեծ ժողովրդականութեան արժանացած գիրքին պատշաճեցումը կրնայ ըլլալ ե՛ւ տպաւորիչ ե՛ւ մտերմիկ Միքելանճելոյի աշխատանքի եւ Հռոմի Յուլիոս Բ. պապին հետ անոր յարաբերութիւններու մէջ: Շարժապատկերի աստղեր Չարլթոն Հեսթընի (որպէս Միքելանճելօ) եւ Ռեքս Հարիսընի (որպէս պապ) կատաղութիւնը երբեմն կը թրթռայ այնպէս, որ անոնց բախումները շատ աւելի ազդեցիկ կը դարձնեն, քան` Յուլիոսի ռազմատենչ շեղումները եւ Միքելանճելոյի անփոյթ հաճոյքը Կոնտեսինա տէ Մետիչիի (Տիանա Սիլենտօ) հետ:Տինօ տը Լորենթիսի հռոմէական սթիւտիոյի մէջ կառուցուած վիթխարի նկարահանումները արժանացան ժապաւէնի հինգ անուանակարգերուն մէջ Օսքարի, եւ Ռեքս Հարիսըն յայտնուեցաւ Կոլտըն Կլոպ-ի հինգ թեկնածուներու ցուցակին մէջ: Նախաբանը անհերքելիօրէն շքեղ է, բայց թէ՛ Todd-AO, թէ՛ CinemaScope տարբերակներով լուսանկարուած պատկերները վիթխարի եւ փառայեղ են:
Ձկնորսին կօշիկները (1968)
Բեմադրիչ՝ Մայքլ Անտրսոն
Բեմադրիչ՝ Մայքլ Անտրսոն
MGM մտադիր էր Մորիս Ուեսթի հատորի շարժանկարի վերածումը ընել հեղինակաւոր արտադրութիւն մը: Տասնհինգ լուսանկարչական սարք ղրկուեցաւ Հռոմ` սփռելու 1965 թուականի Տիեզերական ժողովը։ Սակայն Ուեսթ եւ Ճէյմս Փոն (որոնցմէ ոչ մէկուն անունը նշուած է) դժուար կը ստեղծէին Վատիկանի համար ընդունելի բեմագրութիւն եւ Օսքարի առաջադրուած բեմայարդարումները ստիպուած էին կառուցել Չինեչիտայի մէջ, երբ նկարահանումներու արտօնութիւնը մերժուեցաւ։Դերասան Լի Մարվինին սկիզբէն առաջարկուած է Կիրիլ Լակոթայի դերը, որ կուլագէն կþազատի եւ Հռոմ կþուղարկուի խորհրդային վարչապետ Կամենեւի (Լորանս Օլիվիէ) կողմէ, այն յոյսով, որ ան կրնայ կանխել հաւանական դիմակայութիւնը սովահար Չինաստանի հետ: Բայց եւ այնպէս, Անթոնի Քուին ընտրուեցաւ եւ ան համոզիչ փոխանցեց մեկուսացումը Հռոմի պապին, որուն վստահուած էր անկարելի աշխատանք: Շարժապատկերը հմտօրէն կը համատեղէ հանդիսաւորութիւնն ու լարուածութիւնը` վերագնահատելով Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը։
Պապ Ժաննա (1972)
Բեմադրիչ՝ Մայքլ Անտրսըն
Առասպելական Եոաննէս Անգլիկուսը հաւանաբար 850-ականներուն երկու տարի Հռոմի պապ չէր: Բայց եւ այնպէս, Սիէնայի տաճարի 172 գաճէ կիսանդրիներու շարքին անոր ընդգրկումը հաւանական կը դարձնէ, որ ան իսկապէս գոյութիւն ունէր, եւ որ` Վատիկան դաւադրութիւն կազմակերպած է՝ հեռացնելով զայն պատմութենէն: Քանի որ ծանր փաստերը առաջնահերթ են, զարմանալի չէ, որ 1972 թուականի այս շարժապատկերը շատ տարբեր պատմութիւն մը կը պատմէ աւելի ուշ Հռոմի «Պապ Ժոան» (2009) եւ «Ժոան Պապ» (2016) ժապաւէններէն:
Լիվ Ուլման երկու դեր է խաղացած է սկզբնական տարբերակին մէջ, որ աւելի ուշ ջնջած է արտադրիչը (նոր տարբերակը հրապարակուած է որպէս «She… Who Would Be Pope»՝ 2009 թուականին:
Բացի Ժոանի՝ փողոցային քարոզիչի դերէն, որ Շարլըմայնի մահէն ետք տեղի ունեցած անկարգութիւններու ժամանակ քողարկուած էր որպէս տղամարդ, ան նաեւ կը մարմնաւորէ 20-րդ դարու աւետարանչական մը, որ կը խորհրդակցի հոգեբուժի հետ՝ պարզելու համար, թէ արդեօ՞ք ինք Ժոանի վերամարմնաւորումն է։
Հեռաւոր երկրէն (1981)
Բեմադրիչ՝ Քշիշտոֆ Զանուսի
Որպէս 455 տարուան առաջին ոչ իտալացի պապ՝ Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ը միշտ կը պատրաստուէր դիմելու շարժապատկերի գործիչներուն: Բեմագրութիւնները տարբեր որակի էին, սակայն անոր կեանքի պատմութեան տարբերակները գրաւած են Ալպերթ Ֆիննիի, Քերի Էլուեսի, Ճոն Վոյթի եւ Պեոտր Ատամչիկի մակարդակով դերասաններ։ «The Pole»-ը նոյնիսկ դարձաւ պապի առաջին շարժապատկերը, որ ունեցաւ իր սեփական շարժուն գծանկարով ժապաւէնը՝ «Յովհաննէս Պօղոս Բ.- Ամբողջ մարդկութեան ընկերը» (2006):
Սակայն անոր ամէնէն շատ նպաստեց հայրենակից Քշիշտոֆ Զանուսին, քանի որ կը հետեւի Քարոլ Վոյտիլային՝ սկսեալ անոր փոթորկոտ մանկութենէն` 1920-ականներէն, մինչեւ 1979 թուականին Քրաքովի մէջ մատուցուած յաղթական պատարագը:
Արխիւային նիւթերը եւ հետաքրքրաշարժ վերակառուցումը համատեղելով` Զանուսի կը խորհրդածէ Լեհաստանի նացիականներու եւ Խորհրդային Միութեան կողմէ բռնագրաւման մասին: «Բարոյական անհանգստութեան շարժանկար» իսկական ոճով ան նաեւ ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս այն ուժերը, որոնք ձեւաւորած են դիմադրութեան եւ յոյսի խորհրդանիշ դարձած պապը, ոգեշնչած են նաեւ Համերաշխութեան(Սոլիտարիթի) ոգին. ոգի մը, որ անոր օրհնութեան շնորհիւ այժմ այնքան դիւրաւ կարելի չէ լռեցնել։
The Conclave (2006)
Բեմադրիչ՝ Քրիստոֆ Շրիու
Միայն Պիոս Բ.-ը փակարանի մանրամասն արձանագրութիւնն ու Փոլ Տոնովանի հմայիչ բեմագրութիւնը հիմնուած են այս բովանդակութեան վրայ` միաժամանակ կեդրոնանալով Ռոտրիկօ Պորճիայի (Մանուել Ֆուլոլա) վրայ, որ մերկացուած է իր ոչ ժողովրդական հօրեղբօր՝ Կալիստոս Գ.-ի մահէն ետք: Մեծ պառակտման եւ Կոստանդնուպոլսոյ անկումին վերջին շրջանին տեղի ունեցած 18 փակարանային կարտինալները յայտնուած են քաղաքական դժուարին իրավիճակի մէջ:
Սակայն իշխանութեան համար պայքարը աւելի անձնական կը դառնայ, երբ տնօրինող Էնէաս Սիլվիուս Պիկկոլոմինին (Պրայան Պլեսետ) եւ ֆրանսացի խարդախ մը՝ Կիյոմ տþԷստուտուիլ (Ճէյմս Ֆոլքներ) կը դառնան պապական միակ կենսունակ թեկնածուները։
Պիոս ԺԲ. Հռոմէական երկինքի տակ (2010)
Բեմադրիչ՝ Քրիստիան Տուկուայ
Պիոս ԺԲ.-ը բախեցաւ Հռոմի և Ռազիայի նացիական բռնագրաւման: Անոր արձագանգը (կամ անոր բացակայութիւնը) դիտարկուած է գեղարուեստական եւ վաւերագրական շարք մը ժապաւէններու մէջ: Հակառակ Հռոմի պապի երանացման վերաբերող փաստաթուղթերու հրապարակման, որոնք վկայակոչուած էին պատկերասփիւռային այս հաղորդման մէջ եւ կը պաշտպանէին անոր դժկամութիւնը` դատապարտելու տեղահանութիւնները, վախնալով հրահրել հակազդեցութիւն, որ նման էր Նետերլանտներու մէջ 1942 թուականի յուլիսին, անոր հեղինակութիւնը կը մնայ խարխլած:
Քրիստիան Տուկուայի Պիոսը Վատիկանի Շինտլեր հռչակելու փորձը շատ յաճախ կը խարխլի անճշդութիւններով եւ ենթադրութիւններով եւ կþընկերանայ կեթոյի նուագախաղային սիրային պատմութամբ: Բայց եւ այնպէս, աւելի վերջնական որեւէ բանի ներկայիս բացակայութեան պայմաններուն մէջ այս խորապէս թերի շարժապատկերը առնուազն բանավէճեր հրահրելու արժանիք ունի:
Habemus Papam (2011)
Բեմադրիչ՝ Նանի Մորեթի
Նախապէս չորս շարժապատկերներու մէջ քահանայի դերակատար ըլլալով` Միշել Փիքոլին կարտինալի աստիճանի բարձրացաւ Նանի Մորեթիի՝ հաւատքի, զօրութեան եւ պատասխանատուութեան մասին սրամիտ ժապաւէնին մէջ: Մորեթի նաեւ կը մարմնաւորէ հոգեկան վերլուծաբանը, որ կը կանչուի, երբ նորընտիր կարտինալ Մելվիլ խուճապի տագնապ կþունենայ եւ ծպտուած կը փախչի Վատիկանէն:Այստեղ կայ «Սեվըճ Կրէյս»-ի (1986) արձագանգը, ուր Լէօ ԺԴ. (Թոմ Քոնթի) այլեւս ինքն իրեն արժանի չի զգար Աստուծոյ կողմէ ընտրուելու: Սակայն, ինչպէս Մորեթի ըսած է, ան աւելի նուազ հետաքրքրուած էր հաւատքը կասկածի տակ դնելով կամ պապականութիւնը քննադատելով, քան` ուսումնասիրելով սպասումները եւ մեզի ու դերերու եւ այն բաներու միջեւ եղած տարբերութիւնը, որոնք մենք իրականութեան մէջ կը կարողանանք ընել:
Տեսողականօրէն ուշագրաւ է վոլէյպոլի մրցաշարքը, որ Մորեթի կը կազմակերպէ, որպէսզի Հռոմի մէջ որոնողական խումբերը զբաղած պահեն փակուած կարտինալները, թէեւ դերասանը, որ փամփուշտը ինք ստանալու համար կը նետուի, այդ ընթացքին կոտրած է ոտքը…
Երկու Պապերը (2019)
Բեմադրիչ՝ Ֆերնանտօ Մէյրելես
Հռոմի Ֆրանչեսկոսի վախճանումէն ետք, «Նեթֆլիքս» դիտողներու թիւի 417 առ հարիւր աճ ստանալով, Էնթոնի ՄաքՔարթենի թատերախաղին պատշաճեցումը դժուար թէ կարողանայ պնդել, որ Աւետարանի ճշմարտութիւնն է: Կարտինալ Խորխէ Պերկոլիոն (Ճոնաթան Փրայս) երբեք չէ մեկնած Հռոմ, իր հրաժարականը ներկայացնելու Պենետիկտոս ԺԶ.-ին (Էնթոնի Հոփքինս): Այսպիսով, խօսակցութիւնը, որ կը գերիշխէ Ֆերնանտօ Մէյրելեսի շարժապատկերին մէջ, տեղի չունեցաւ։ Թէեւ ըսուած խօսքերը ճարպիկութեամբ հանուեցան ելոյթներէն եւ փաստաթուղթերէն՝ արտացոլացնելու պահպանողական գերմանացիի եւ յառաջադէմ արժանթինցիի հակադիր դիրքորոշումները:Իւրաքանչիւր առաջնորդ կրնայ վերապրիլ խայտառակութիւնը իր անցեալին մէջ, բայց անոնց մարդասիրութիւնը հմտօրէն կը փոխանցեն Փրայս եւ Հոփքինս, որոնք, ինչպէս եւ ՄաքՔարթեն, թեկնածու առաջադրուած են Օսքարի, BAFTA-ի եւ Golden Globe-ի: Ամէնէն աւելի յուսախափ ընողը այն է, որ պապերը երբեք փիցցա չեն կիսած 2014 թուականի աշխարհի բաժակի կիսաւարտականին իրենց ազգերը քաջալերելու ատեն, թէեւ տեսուչ «Ինսփեքթըր Ռեքս» իսկապէս Պենետիկտոսի սիրելի պատկերասփիւռային հաղորդաշարն էր:
Առեւանգուած (2023)
Բեմադրիչ՝ Մարքօ Պելոքիօ
32 տարի Սուրբ Պետրոսի աթոռին նստած Պիոս Թ.-ն ամէնէն երկար գահակալած պապն է։ Հռոմէական կարճատեւ հանրապետութեան ընթացքին աքսորուելէ ետք, ան պապական նահանգները վերադարձուց 19-րդ դարի Ռիզորճիմենտոյի ժամանակ եւ ինքզինք հռչակեց «Վատիկանի գերի»։Սակայն այս մակդիրը կրնար կրել նաեւ Էտկարտօ Մորթարան՝ Պոլոնիայէն հրեայ տղեկ մը, զոր 1851 թուականին հեռացուցած էին ծնողներէն, քանի որ հիւանդ մանկութեան տարիներուն զայն մկրտած էր կաթոլիկ ծառան:
Եթէ Ս. Սփիլպերկ, որ կը փնտռէր իր սեփական տարբերակին նկարահանման վայրերը, կարողանար գտնել տղայ մը, մարմնաւորելու մոլեռանդ Էտկարտոյի դերը, Մարքօ Պելոքիոյի բազմաթիւ մրցանակներու արժանացած վերստեղծուած ժապաւէնը երբեք չէր նկարահանուեր։ Սակայն Պելոքիօ բախտաւոր էր` գտնելով երիտասարդ Էնիա Սալան (որ նկարահանումներէն առաջ երբեք եկեղեցի չէր մտած), Փաոլօ Պիերոպոնի դառնացած Հռոմի եպիսկոպոսի դէմ խաղալու համար։



