50-60 տարի (թերեւս ալ քիչ մը աւելի) առաջ Խորհրդային Հայաստանէն «հայրենասիրական» երգեր կը հասնէին սփիւռք: Ամբողջ աշխարհի տարածքին ցրուած հայութիւնը կ՛իմանար, որ հոն կայ «Հայր Ստալին» մը, որ փառաբանանքի առարկայ է բանաստեղծներու եւ երգիչներու կողմէ (չխօսինք իշխանութեան ղեկին նստածներուն մասին): Այդ օրերուն լայն տարածում ունէին նաեւ ժողովուրդներու միջեւ եղբայրութիւն քարոզող երգերը (յստակացնենք. ո՞վ չ՛ուզեր, որ ժողովուրդները իրարու հետ այսօ՛ր ալ վարուին եղբայրներու պէս), որոնք դուրս չէին ձգեր… Հայաստան-Ազրպէյճան եղբայրութիւնը: Խաչատուր Աբովեանի նուիրուած աղուոր երգին (Հայաստանի վէրքի երգիչ, լուսապայծառ Աբովեան…) մէկ տողն ալ կը խօսէր հայ եւ ռուս ժողովուրդներու (քիչ մը հիմնաւորեալ) եղբայրութեան մասին:
Ստորեւ` «Բարեկամութեան երգ» խորագրեալ տաղ մը, որուն մէջ մե՜ծ աւետիս մը կը տրուի. «…Եղբայրացան Հայաստան, Ազրպէյճան»: (
Երգը քաղած եմ նախակրթարանի աշակերտութեան օրերու երգարանէս): Անիկա կը ձայնասփռուէր, կը հնչէր «հայրենասէրներու» տուներուն մէջ… Իսկ թէ նման «բանաստեղծութիւն» գեղարուեստական ի՞նչ արժէք ունի, արդեօք խնդուք պատճառող բառակոյտէ աւելի բա՞ն մըն է` արդէն ուրիշ հարց է:
***
Թշնամիին գործակատարը դարձած ՔՊ-ապետին ու գործակիցներուն վերջին տարիներու «քաղաքականութիւնը» շա՜տ բան կը յիշեցնէ այդ օրերէն, ժամանակաշրջան մը, որուն մասին ամբողջ հայութիւնը շատո՜նց կը խօսի անէծքով ու «թող այդ օրերը չվերադառնան» բաղձանքով, այդ դարաշրջանի կարգ մը վատ իրականութիւնները մինչեւ իսկ համեմատութեան կը դրուին թուրքին ոճրային արարքներուն հետ:
Այսօրուան մեր դժբախտութիւններէն մէկը այն է, որ ստալինականութեան արհաւիրքներն ու հալածանքները նողկանքով յիշողներէն զանգուած մը ձեռնածալ անտարբերութեամբ կը դիտէ ՔՊ-ականներու նմանօրինակ արարքները, չի տեսներ, չ’ուզեր համոզուիլ, որ ՔՊ-ապետն ու գործակիցները մրցումի ելած են ստալինականութեան հետ, որոշ գիծերու վրայ մինչեւ իսկ կը գերազանցեն բերիաները, չեկիստները եւ անոնց ձեռքերը դարձած կամակատար վարձկանները: Աւելորդ է աղաղակող իրականութիւններէն օրինակներու այստեղ ցանկագրումը:
«Ազգընտիր»-ին ու անոր կուրացած համակիրներուն պէտք է հարց տալ` գլուխները մրճահարելու ձեւով, փոխակերպելով Թէքէեանի մէկ նշանաւոր տողը. «Ի՞նչ մնաց, Հայաստան-Ազրպէյճան եղբայրութենէն ի՞նչ մնաց…»: Թէքէեան իր դրած հարցումին պատասխանած է` մնաց այն, «Ինչ որ տուի ուրիշին…»: Իսկ մէկը կասկած ունի՞, թէ համայնավարներու քարոզած հայ-ազերի եղբայրակցութենէն ոչինչ մնացած է, իսկ այդ «ոչինչ»-ին վրայ գումարուած են` բազում ոճիրներ, հայկական հողերու բռնագրաւում, յուշակոթողներու եւ մշակութային ժառանգութեանց փոշիացում: Մէկը կրնա՞յ հակառակը պնդել: Ուրե՞մն… Ի՞նչ բարեկամութեան եւ գործակցութեան մասին է խօսքը:
***
Վաղը պիտի գան օրեր, երբ այսօրուան «բարեկամութեան» եւ «խաղաղութեան, գործակցութեան» քարոզներն ալ պիտի մտնեն նողկալի յիշատակներու ցանկին մէջ. եւ այդ օրերը ուշ չեն, արդէն մտած ենք այդ արահետին մէջ: ՔՊ-ականներու պաղատանքները (պահ մը մոռնանք ընդդիմադիրներու կրկին ու կրկին հնչեցուցած ահազանգերը), թէ` «Թրամփի ուղի»-ն պէտք չէ կոչել «Զանգեզուրի միջանցք», մի՛շտ նոյն յոխորտալից պատասխանները կը գտնեն Պաքուի մէջ` նախագահէն մինչեւ ստորադաս պաշտօնեաներ, նոյնինքն` մամուլը: Թուրքիոյ մէջ կը հնչեն նոյնիմաստ արձագանգներ: ՔՊ-ականներու այն հաւաստիքները, թէ ազերիներու Հայաստան վերադարձի եւ հայկական ընդարձակ հողերու բռնագրաւման ազերիական ծրագիրները օրակարգի վրայ չեն, շատո՜նց դադրած են իմաստ ունենալէ: Աւելի՛ն. յստակ է, որ ՔՊ-ականներն ու համակիրներն ալ սկսած են չհաւատալ իրենց հնչեցուցած սուտերուն, կեղծիքներուն, սակայն նաեւ յամառօրէն կը շարունակեն քալել նահանջի, անձնատուութեան, առանց ճակատումի` պարտութեան երթալու (երկիրն ու ազգն ալ հոն հասցնելու) ուղիէն:
Անցեալի «եղբայրացան»-ներէն մնացած իրականութիւնը յստակ է: Անիկա բարձրագոչ հրաւէր է աչքերն ու գիտակցութեան պատուհանները լայն բանալու, որպէսզի օր առաջ վերջ գտնէ կեղծ խաղաղութեան խաբկանքը, մեր հայրենիքը վերագտնէ բնական վիճակը վերականգնելու բանալիները, զանոնք վստահի ընդդիմադիր ճակատին ու անոր շուրջ ձեռքերը միացնող հայրենապաշտպաններուն: Սա հրաւէր է բոլորին` Հայաստանի մէջ թէ սփիւռքի տարածքին:
9 դեկտեմբեր 2025
Յ. Գ.- Լուր տարածուեցաւ, թէ Փաշինեան փափաք յայտներ է, որ պատարագի պահուն հնչէ Հայաստանի քայլերգը: Արդեօք «Բարեկամութեան երգ»-ը այլ «ներշնչումներ» ալ կու տա՞յ իրեն…
Բարեկամութեան Երգ
Դարաւոր եղբայր ենք հուր երգերով,
Յաւիտեան միացանք կուռ ձեռքերով,
Սիրոյ սիրտ բարձրանում, տենչում ենք բարձրանում
Մէկտեղ հերկում, ցանում, կուռ ձեռքերով:Քոյր Արազ Արարատ, կեանքն ուրախ ու առատ, Եղբայր դարձան Հայաստան, Ազրպէյճան:
Բարձր է մեր ճակատը, լայն ու պայծառ,
Մեր աչքի լոյսն է, մայր հողը անծայր.
Մէկ է մեր բերքը նոր, գարունը մեր հըզօր, Դրօշակը փառաւոր ալ ու կարմրավառ:Քոյր Արազ Արարատ…
Թող հասնի այս երգը վառ արեւին,
Տարածուի աշխարհում հովին թեւին,
Ծաղկել է մեր չորս դին, մէկ է մեր մեղեդին
Հնչում է կաթոգին, խինդ լցնում հոգին:



