Յ. ՊԱԼԵԱՆ
«Մեզ ելք չեն թողել: Մենք պիտի դուրս գանք
ինքնամոռաց պայքարի…»
ՍԵՐԺ ՍՐԱՊԻՈՆԵԱՆ
«Մեզ ելք չեն թողել»… Իրաւի Խօսք: Պոռթկումը` գրականագէտ, ներհուն եւ յանդուգն մտաւորական Սերժ Սրապիոնեանի, հայ մարդ, որուն հետ ըլլալ` հարստացում էր յոյսի եւ միացման խոստումի տարիներուն, երբ ան սփիւռքի փոխնախարար էր: Նախարարութիւն, որ «ներսի եւ դուրսի» միջեւ փոխճանաչման կամուրջ էր, որ հիմա չկայ:
Նոթերուս մէջ արձանագրած էի իրատես հայրենատէր մտաւորականի սրտի խօսքը, որ կը ձուլէ` պատմութիւն, պարտքի գիտակցութիւն եւ անսեթեւեթ յանձնառութիւն, ազգի ներկայի եւ գալիքի ըմբռնում, տարբեր` քաղաքական եւ մտաւորական հանգամանաւորներու աւուր պատշաճի իմաստութիւններէն: Տարբեր` խորքով եւ բացած հորիզոնով:
Եթէ թափանցենք ըսուած միտքին մէջ, զայն իւրացնենք, էջ մրոտելու եւ խօսափող զբաղեցնելու, համաժողովներու եւ երթեւեկներու կարիք չի մնար:
Արդարեւ, մեր ժողովուրդը առաջնորդած են անելի, այդ եղած է նաեւ մեր մեղսակցութեամբ, ինչպէս ըսաւ հայ ակադեմիկոս մը, որ` «Մենք ալ մեր մեղքի բաժինը ունենք»:
«Մեզ ելք չեն թողել»… միտքը հասկնալ, ինչպէս իմաստասէր մը ըսած է` «Մերկ միամիտ հոգիով»:
Ազգովին փակուղիի մէջ ենք: Սերժ Սրապիոնեան ցոյց կու տայ ելքի ուղին, որ ինքնամոռաց պայքարն է:
Հայը, եթէ իրատեսութեամբ չհասկնայ, որ իր ազգը եւ իր Հայաստան հայրենիքը փակուղիի մէջ են, հաշտուած կ՛ըլլայ այն կացութեան հետ, որ ինք այլեւս պատմութեան մէջ չէ, շարունակութիւն չէ: Ինքզինք յարգող հայը` տիտղոսաւոր, հանգամանաւոր, համեստ շարքային, հանելով սպառողական եւ զբօսի քաղաքակրթութեան քուրջը, կը դադրի՞ համայնքային թիթեռնիկի թեւերով եւ տօնածառի քթթող լոյսերով խաղալէ, կը սեւեռէ՞ ի՛ր պատմութիւնը եւ կացութիւնը, որպէսզի գիտնայ, թէ ո՛վ եւ ի՛նչ է ինք` որպէս մարդ ներկայացողներու խումբին մէջ:
Ի՞նչ կ՛ըսեն պատմութիւնը եւ քարտէսները: Ո՞ւր է պատմութեան մէջ յիշուած ՀԱՅ ԱԶԳը, որուն մաս ենք, իրողապէս կամ յուշերով: Ո՞ւր է ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ: Ո՞ւր են եւ ի՞նչ են հայերը:
Կը յիշուին հայկական թագաւորութիւններ, անոնք ունեցած են` հայ բնակչութեամբ քաղաքներ, հայաբնակ տարածքներ, ընկերային եւ քաղաքական կեանք, մշակոյթ: Պատմութեան վկայութինը երեւակայական հնարանք չէ: ՀԱՅԱՍՏԱՆ կոչուած աշխարհին մէջ ապրած են, աշխատած եւ ստեղծագործած են բնիկներ, որոնք հայ էին, այդպէս ճանչցուած էին: Ո՞ւր են անոնք, ի՞նչ եղած են իրենց բնակած տարածքները, որոնք իրենց հայրենիքն էին, ուր կան անոնց ստեղծագործ կեանքի հետքերը: Հայ եւ Հայաստան կը յիշուին հեռուի եւ մօտի ազգերու պատմութեան մէջ: Այդ տարածքներու բնիկ ժողովուրդը փոխարինուած է ներխուժողներով: Օրէնքէ եւ սկզբունքէ ճառող քաղաքակիրթ (՞) մարդկութիւնը բարոյականանալու եւ յանուն արդարութեան որոշումներ կայացնելու ինքնիրեն իրաւունք շնորհելու համար պէտք է գիտնայ, թէ Հայաստան կոչուած աշխարհին մէջ ե՛րբ յայտնուած են թուրքը եւ ազերին: Անոնք ինչպէ՞ս ներկայութիւն դարձած են եւ ուրիշի հայրենիքը իրենց հայրենիք դարձուցած:
Ամպագոռգոռ անուններով օրէնք-իրաւունքի միջազգային պահակները երբեք չեն խօսած եւ չեն խօսիր հայերու կառուցած եւ անոնց կողմէ բնակուած քաղաքներու մասին, ուր հիմա հայեր չկան: Չեն ըսեր, թէ ինչո՛ւ անոնք հոն չեն, հոն չկան:
Ո՞ւր են հայկական քաղաքները եւ անոնց հայ չնակիչները: Կան անոնց աւերակները, կամ անոնք ունին տարբեր անուններ եւ նոր անունով բնակիչներ:
Գրեթէ վերացական դարձած ժողովուրդ ենք, մեր հայրենիքը օտարուած է եւ կը շարունակէ օտարուիլ, երէկ` Վան, Մուշ, Սասուն, Անի, Կիլիկիա: Մեր օրերուն օտարուեցան Շուշին, հայկական Նախիջեւանը եւ Արցախը: Կ՛օտարեն հայկական հետքը` եկեղեցի, կոթող, ինքնութիւն: Վերացական տարտղնուած ժողովուրդ, որ բնակիչ է նորանուն իրեն չպատկանող կայքերու: Աւելի ճիշդ` կացարաններու:
Յափշտակած են հայու կենսատարածքը եւ կը շարունակեն յափշտակել: Յուշ եւ մխիթարական պարգեւ է, Ռաֆայէլ Իշխանեանի սահմանումով, «հողակտոր»-ը` փոքրացած տարածք մը, զոր կը ծուատեն: Բռնագրաւողները հայու վերջին ապաստան տարածքին համար կ՛ըսեն` «Արեւմտեան Ազրպէյճան»: Ինչպէս որ Թուրքիա են` Անին իր պարիսպներով եւ հայ քրիստոնեայի կառուցած եկեղեցիներով, Վանը եւ անոր ծովակին վրայ կառուցուած դեռ կանգուն վկայ տաճարը: Այդ քարերու մրմունջը լսող չկայ: Արդարութիւն եւ համակեցութիւն անլսելի փուճ աղմուկ են:
Ո՞ւր փնտռել Ցեղասպանութեան ճանաչումներու աղմուկի հետեւանքները, խաղաղութեան վեհաժողովներու վճիռները, «մեծեր»-ու յանկերգ` շողոմ ճառ ու խօսքերը, խոստումները, գծած քարտէսները, որոնց համար հայերը, ուր ալ զարկած ըլլան իրենց վրանները, երախտագիտութեան հանդէսներ կը կազմակերպեն: Խաղի վերջին դիպաշարը «Զանգեզուրի միջանցք»-ն է, նոր արարը` հայկական կենսատարածքի առեւանգման, որուն համար հայը շնորհակալ պէտք է ըլլայ, քանի որ ըսին, թէ ան խաղաղութիւն պիտի բերէ: Խաղաղութի՞ւն, թէ՞ դէպի «Արեւմտեան Ազրպէյճան» տանող մայրուղի:
Ֆրանսացին կ՛ըսէ` «marchռ de dupes»` խաբեմ-խաբեսի փերեզակային առեւտուր, զոր կը պարտադրեն, եւ մենք կ՛ընդունինք: Հանդիսատես ենք ինքնիշխան Հայաստանէն «Զանգեզուրի միջանցք» կոչուած տարածքի օտարումին: Կանգ չեն առներ օտարումները: Արդէն ըսին, որ Հայաստանի բազմաթիւ բնակավայրեր թրքական անուններ ունին: Կը հասկնա՞նք ըսուածին նպատակը:
Այս հարցերու մասին երբ մտածենք եւ կացութիւնը չդիտենք մատներու արանքէն, եթէ ներսի եւ դուրսի քաղաքական աճպարարները մեզ ոտքի չեն քնացուցած, կրնա՞նք չհասնիլ Սերժ Սրապիոնեանի ազգային-քաղաքական անճապկում եզրակացութեան, որ` «Մեզ ելք չեն թողել»…
Հաստատում, որ իր հայրենիքի եւ իր գոյութենական խնդրին առջեւ կը կանգնեցնէ հայը, եթէ սպառողական եւ զբօսի քաղաքակրթութիւնը զինք չէ փտեցուցած եւ չէ այլասերած:
Արդ, «համաշխարհային» ազգը ի՞նչ պիտի ընէ, եթէ` «Մեզ ելք չեն թողել»: Կը մտածե՞նք, մտածա՞ծ ենք ելքի եւ ելքերու մասին:
Ելք եւ ելքեր` դէպի ո՞ւր, ի՞նչ ընելու համար: Ո՞վ կամ որո՞նք խափանած են եւ կը խափանեն ելքերը:
Եթէ ազգին առջեւ «ելք չեն թողել», պարտութեան հետ հաշտուած հայերը գտած են ելքեր, որոնք կը տանին իրենց հայրենիքէն դուրս տարբեր աշխարհներ, հիւսիս, հարաւ, արեւելք, արեւմուտք, միշտ իրենց «համաշխարհային ազգ»-ի սնափառութեան ուսապարկով:
Դեռ կը խօսինք, խօսողներ կան, էջ մրոտողներ, որոնք Շուշի, Հադրութ, Ստեփանակերտ կը հոլովեն, կ՛երգեն, յուզումներու առեւտուր կ՛ընեն: Ո՛չ ոք կը յիշէ` Վան, Մուշ, Սասուն, Զէյթուն, Սիս, Ատանա, Անի, Խարբերդ… Մինչեւ Լուիզիանա պէտք է երթալ իմանալու համար, որ հայուն Հաճըն քաղաքը յիշողներ կան:
Հիմա կան` Նոր Զելանտա, Ալմելօ, Բելգիա, Նետերլենտ, Լոս:
Հայերը գտա՞ծ են ելք` հասնելու համար նաեւ Կրինլանտ…
Երբ Սերժ Սրապիոնեան կ՛ըսէ` «Մեզ ելք չեն թողել», կը մտածէ նախահայրերու կտակած հայրենիքի տիրութեան տանող ելքի մասին: Հայը կարծէք կորսնցուցած է դէպի իր ՀԱՅՐԵՆԻՔ ՏԱՆ ճամբու ելքը:
Հայ քաղաքական միտքը, ներսի եւ դուրսի հայ մտաւորականութիւնը դադրա՞ծ են հետեւելէ Սերժ Սրապիոնեանի «Մեզ ելք չեն թողել» հաստատումին յաջորդող ազգի փրկութեան միտող կոչին` զայն որպէս օրակարգ ունենալէ, որ` «Մենք պիտի դուրս գանք ինքնամոռաց պայքարի»… պայքար, որ չըլլայ` երգ, պար, «տուրիզմ», «շոփփինկ», «նոր հայրենիք»-ներու որոնման կրկնուող արշաւ:
Պարտուեցանք եւ կորսնցուցինք Արցախը, որովհետեւ բնակելով տէր չեղանք հայրենի տարածքին: Կրկնած եմ, որ Արցախը ունէր Լիբանանի չափով տարածութիւն: Լիբանան ունի չորս միլիոն բնակիչ: Ի՞նչ էր Արցախի բնակչութեան թիւը: Իսկ ներսի եւ դուրսի հայութիւնը ի՞նչ ըրաւ Արցախի բնակեցման համար, որպէսզի այդ Հողը ներկայ Տէր բնակչութիւն ունենար:
Այսօր յիշուած ՀՈՂԱԿՏՈՐն ալ կը լքեն, կայ գաղթականական արշաւ, որուն պատճառով լայն պիտի բացուին «Արեւմտեան Ազրպէյճան»-ի դարպասները: Նոյն հունով կ՛ընթանան հայկական նկարագիր պահած գաղութները, որոնք հայրենիք չէին, բայց պահած էին ինքնութիւն եւ վերադարձի հեռանկար:
Բ. Աշխարհամարտի աւարտին տեղի ունեցած ներգաղթը չյանգեցաւ միացման եւ հայրենատիրութեան, չստեղծուեցաւ մէկութիւն, եղաւ արտագաղթ, որ դարձաւ սովորութիւն, հետեւեցան ուրիշներ ալ, որոնք Հողակտորին վրայ արմատ ունէին:
Լսելով Սերժ Սրապիոնեանը` հարց կու տամ, թէ` «Մենք պիտի դուրս գա՞նք ինքնամոռաց պայքարի», որո՞ւ դէմ, ինչո՞ւ, ինչպէ՞ս: Ո՞վ պիտի ըլլայ ինքնամոռաց պայքարի ինքնամոռաց առաջնորդը, ո՞վ պիտի հետեւի: Ատա՞կ ենք առաջնորդ ունենալու եւ անոր հետեւելու:
Ո՞վ պիտի պատասխանէ:
Գոյութենական վերջնական վտանգ կը սպառնայ Հայ Ազգին:
Կը զուարճանանք` հեղինակութիւններ ստեղծելով եւ քանդելով: Յետո՞յ ինչ…
Հին պատկերներու վրայ տեսած եմ սեղանի մը շուրջ ալեհեր եկեղեցականներ եւ անոնց կողքին հայ մտաւորականներ` անուններու յիշատակութեամբ: Այսօր անհնար է նման պատկեր երեւակայել, քանի որ կը քանդենք հեղինակութիւնները, զանոնք կը փոխարինենք բեմի եւ խօսափողի անորակ, անողնայար եւ աներազ փառատենչիկներով, որոնք խորթ են ազգին եւ հայրենիքին:
Հայ հարազատ մտաւորականութիւնը ոտքի պիտի կանգնի, ո՛չ յաւելեալ իրաւունքի եւ փառքի համար, այլ` յաւելեալ պարտքի, եւ մաքրէ հրապարակը ու մանր շահերու որսորդ նեխած հոգիները, ներշնչելու եւ առաջնորդելու համար ինքնամոռաց պայքարը, վասն Ազգին եւ անոր Հայրենիքին:
Հաւատամք կը դարձնե՞նք այն, որ ՀԱՅՈՑ ՀԱՅՐԵՆԻՔ ԵՒ ՀԱՅ ԱԶԳ վեր են եսերէ, կրպակի եւ թաղային շահախնդրութիւններէ, որոնք փտեցուցած են եւ կը փտեցնեն հայոց հոգիները:
ԺԶ. դարու ֆրանսացի բանաստեղծ Ժոաշիմ տիւ Պելլէ սրտի խօսք ըսած է իր հայրենիքին` Ֆրանսայի համար.
«Ո՜վ անգո՛ւթ, հիմա ի՞նչ կը պատասխանես ինծի,
Ֆրանսա, Ֆրանսա, պատասխանէ՛ իմ տխուր բողոքիս,
Բայց լոկ արձագանգը ձայնիս կը պատասխանէ:
Անգութ գայլերու մէջ կը քալեմ ցաւերուս հետ,
Կը փշաքաղուիմ զգալով
պաղ շունչը հասնող»*:
Տիւ Պելլէ հայ չէր, հայեր չէր ճանչցած: Ֆրանսա բառը եթէ փոխարինենք Հայաստանով, տողերը գրուած կ՛ըլլան «գայլերու» մէջ եւ իր ցաւերով քալող հայուն եւ Հայաստանի համար»:
Սերժ Սրապիոնեանին ո՛չ ոք շքանշան կու տայ, անոր համար յիշատակի երեկոներ կը կազմակերպէ, քանի որ «ելք չեն թողել»-ը հասկցող եւ «ելք փնտռելու» ցանկութիւն չկայ: Չենք անհանգստանար:
Ելքը ժամանակաւոր ըլլալու դատապարտուած «սփիւռքացում»-ը չէ, որ ժամանակ մըն ալ աթոռ-աթոռակով, «նոր հայրենիք»-ի եւ «լաւ ապրելու իրաւունք»-ի խաղերով պիտի կարծէ «ազգ ըլլալ եւ մնալ»:
Լինելութեան ճիշդ ուղին «ինքնամոռաց» պայքարն է… որձեւէգի խաղ չեղող կոշտ յանձնառութիւնը:
3 դեկտեմբեր 2025, Փարիզ
* Que me réponds-tu maintenant, ô cruelle ?
France, France, réponds à ma triste querelle,
Mais nul, sinon Echo, ne répond à ma voix.
Entre les loups cruels, j’erre parmi les plaintes,
Je sens venir l’hiver qui la froide haleine
D՛une tremblante horreur fait hérisser ma peau.
(Joachime du Bellay (Les regrets 1558)


