Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ-Գաղութ

December 18, 2025
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սուրիա

Համազգայինի Հիմնադիր Նիկոլ Աղբալեանի Ծննդեան 150-Ամեակի Յիշատակում

Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղի գրական յանձնախումբին, 29 նոյեմբերին «Լեւոն Շանթ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գրական երեկոյ մը, որ նուիրուած էր գրականագէտ, քաղաքական ու կրթական գործիչ, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան պետական աւագանիի անդամ, ՀՅԴ-ի նուիրեալ գործիչ եւ Համազգայինի հիմնադիր Նիկոլ Աղբալեանի ծննդեան 150-ամեակին՝ առ ի յարգանք անոր մեծ վաստակին եւ ծառայութեան։

Համազգայինի գրական յանձնախումբին անունով բացման խօսք արտասանեց Սոնա Չալօղլեան, որ ըսաւ, թէ Աղբալեանի անունը կը մնայ հայ մտքի եւ կրթութեան խորհրդանիշը, անուն մը, որ կը թելադրէ լռութեան մէջ, կը ներշնչէ պայքարի ընթացքին ու կը լուսաւորէ երիտասարդութեան ուղին։

Այնուհետեւ Մարիա Պոտիկեան ներկայացուց Աղբալեանի կենսագրականը՝ յիշեցնելով, որ Նիկոլ Աղբալեանին անունը կը փայլի ոչ միայն իր գիտական ու քաղաքական գործունէութեամբ, այլեւ՝ անոր մարդկային նկարագիրով: Ան հաստատեց, որ Աղբալեան մէկն էր այն սակաւաթիւ դէմքերէն, որոնք գաղափարը կը վերածէին առաքելութեան, իսկ առօրեայ կեանքը՝ ծառայութեան:

Օրուան բանախօսն էր Քէսապէն ժամանած, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Կարօ Մանճիկեան, որ անդրադարձաւ Աղբալեանի գործունէութեան եւ գրական վաստակին։ Ան հաստատեց, որ Աղբալեան դրաւ Համազգայինի կանոնագրութեան առաջին կէտը եւ յստակօրէն ճշդեց Համազգայինի նպատակը, որն է՝ հայ ժողովուրդի կրթական մակարդակը բարձրացնել հայոց լեզուով, նաեւ՝ հայ հոգիով։ Առաջին՝ նոր սերունդին հայեցի կրթութիւն ջամբել, երկրորդ՝ նպաստել չափահասներու ինքնազարգացման եւ երրորդ՝ մշակել հայագիտութիւնը։ Ան ըսաւ, որ Աղբալեան անկեղծ ու մեծ յարգանք ունեցած է Հայ եկեղեցւոյ հանդէպ, աւելցնելով, որ Աղբալեանի կրօնը եղած են՝ հայ ազգը, հայոց լեզուն եւ հայ երգն ու մշակոյթը։

Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, եւ տեսերիզով ցուցադրուեցան Աղբալեանի գործունէութեան մասին վկայութիւններ, նաեւ ցուցադրուեցաւ արհեստական բանականութեամբ պատրաստուած տեսերիզ մը,  որ կը ներկայացնէր Նիկոլ Աղբալեանի խօսքը։

Աւարտին սրբազան հայրը տուաւ պատգամը։ Ան ըսաւ, թէ պէտք է Աստուծոյ փառք տալ, որ նման մտաւորականներ իրենց ներդրումը բերած են մեր ազգային, հոգեւոր եւ մշակութային կեանքի զարգացման գործընթացին։ Ան աղօթեց, որ մեր նախնիներու յիշատակը մեր մէջ վառ մնայ, եւ նման տիտաններով մենք զօրանանք ու գործենք։

ՀՄԸՄ-ի Հիմնադրութեան 107-Ամեակին Հոգեհանգստեան Պաշտօն՝ ՀՄԸՄ-ի Ննջեցեալներու Եւ Նահատակներու Հոգիներուն

Նախագահութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի, հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան, 30 նոյեմբերին, ՀՄԸՄ-ի 107-ամեակին առիթով, ՀՄԸՄ-ի ննջեցեալներու եւ նահատակներու յիշատակին հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։

Պատարագէն ետք, սրբազան հօր նախագահութեամբ, կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որուն աւարտին ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղի փողերախումբին եւ սկաուտներուն առաջնորդութեամբ ներկաները ուղղուեցան Ազգային գերեզմանատան մէջ գտնուող՝ ՀՄԸՄ-ի դամբարան, ուր Արմէն աբղ. Գալաճեանի առաջնորդութեամբ աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած ՀՄԸՄ-ական ննջեցեալներու հոգիներու խաղաղութեան համար, եւ երգեցին «Յառա՛ջ, նահատակ ցեղի անմահներ» քայլերգը: Ապա Արցախի գոյապայքարի ՀՄԸՄ-ական նահատակներու յուշակոթողին դիմաց մոմավառութիւն կատարուեցաւ, եւ փողերախումբը հնչեցուց Արցախի քայլերգը։

Այնուհետեւ ՀՄԸՄ-ի ընտանեկան պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ հաւաք։ Խօսք առաւ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային Սկաուտ խորհուրդի ատենապետ Նազօ Խաչոյեան, որ յայտնեց, թէ ամէն տարի նոյեմբեր ամսուն, միութեան հիմնադրութեան տարեդարձին առիթով աւանդութիւն դարձած է հոգեհանգստեան պաշտօն կատարել եւ յարգել յիշատակը ՀՄԸՄ-ի շարքերէն ներս ծառայած բոլոր այն անհատներուն, որոնք մեծ զոհողութեամբ եւ բարձր գիտակցութեամբ կերտեցին սերունդներ եւ դարձան օրինակելի ու տիպար ՀՄԸՄ-ականներ։

Աւարտին իր սրտի խօսքը ուղղեց Արմէն աբղ. Գալաճեան։ Ան ըսաւ, որ մեր պարտքն է մեծարել վաստակը միութեան հիմնադիրներուն եւ բոլոր ՀՄԸՄ-ականներուն, որոնք ծառայեցին յանուն ազգին ու հայրենիքին։

Հայ Երեք Համայնքապետներուն Օրհնութեամբ` «Արեւիկ» Կեդրոնի Ամանորեայ Խրախճանք

Կազմակերպութեամբ յատուկ կարիքներ ունեցողներու «Արեւիկ» կեդրոնի խնամակալութեան, 8 դեկտեմբերին «Նիւ Սպիտակ» ճաշասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Արեւիկ» կեդրոնի Ամանորեայ խրախճանքը՝ ներկայութեամբ հայ երեք համայնքապետերուն՝ Մակար արք. Աշգարեանի, Պետրոս արք. Միրիաթեանի եւ վերապատուելի դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի:

«Արեւիկ» կեդրոնի խնամակալութեան ատենապետ » Զարեհ քհնյ. Շաքարեան իր բացման խօսքին մէջ ողջունեց հայ երեք համայնքապետներուն հայրական քաջալերական ներկայութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց մնայուն զօրակցութեան համար։ Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր՝ կատարողութեամբ կեդրոնի սաներուն:

Աւարտին երեք համայնքապետներուն անունով սրբազան հայրը գնահատեց կեդրոնի խնամակալութեան տարած հոգատար աշխատանքը եւ հայրական զօրակցութիւն յայտնեց անոնց։

Միացեալ Նահանգներ

Հայ Դատը Լուսարձակի Տակ Առաւ Հայոց Ցեղասպանութեան Դասաւանդումի Ջանքերը

Նախաձեռնութեամբ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին 3 դեկտեմբերին Քոնկրեսի շէնքին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան դասաւանդումը Միացեալ Նահանգներու տարածքին ընդարձակելու նպատակով մշակուած՝ Ներկայացուցիչներու տան թիւ 2528 բանաձեւին վաւերացումը քաջալերելու միտող «Ցեղասպանութեան կանխարգիլում՝ կրթութեան միջոցով» խորագիրը կրող հաւաք մը։

Բանաձեւը կը խոստանայ հինգ տարիներու ընթացքին 10 միլիոն տոլար յատկացնել Հայոց ցեղասպանութեան դասաւանդումը ընդարձակելու ջանքերուն:

Հաւաքին ընթացքին Ցեղասպանութեան դասաւանդումի ծրագիրի ներկայացուցիչները տեղեկութիւններ տուին արդէն իսկ Միացեալ Նահանգներու 34 նահանգներուն մէջ իրականացուած դասաւանդումներուն եւ ուսուցիչներու պատրաստութեան աշխատանքներուն մասին եւ շեշտեցին դաշնակցային կառավարութեան աջակցութեան կարեւորութիւնը՝ ծրագիրին ջանքերը ընդարձակելու աշխատանքին մէջ։

Ներկայացումը ուղղակի սփռուեցաւ Հայ դատի եւ Ցեղասպանութեան դասաւանդումի ծրագիրի ընկերային ցանցերով։

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի քաղաքական հարցերու վարիչ Ալեքս Կալիցքի յայտնեց, որ Արցախի մէջ տեղի ունեցած ցեղասպանութիւնը անգամ մը եւս ցոյց տուաւ, թէ Ցեղասպանութեան դասաւանդումին ընդարձակումը որքա՛ն կարեւոր է ապագայ ցեղասպանութիւնները կանխելու համար։

Ցեղասպանութեան դասաւանդումի ծրագիրի համահիմնադիր եւ գործադիր վարիչ Ռաքսեն Մաքասճեան ներկայացուց մանրամասնութիւններ՝ ծրագիրին 25 տարիներու աշխատանքներուն մասին, յիշեցնելով, որ ուսուցիչներուն անվճար դասաւանդումի նիւթեր եւ այլ միջոցներ կը տրամադրուին Հայոց ցեղասպանութեան դասաւանդումը ճշգրիտ կերպով իրականացնելու նպատակով, սակայն ան ընդունեց, որ ծրագիրը միայն փոքր համեմատութեամբ ուսուցիչներու հասնելու կարելիութիւնը ունի նիւթական սահմանափակումներու պատճառով:

Իրենց կարգին, Ցեղասպանութեան դասաւանդման ծրագիրի կրթական հարցերու վարիչ Քերի Ֆլին եւ Վըրճինիայէն ուսուցչուհի Ալեքս Ռիտըլ տեղեկութիւններ տուին իրենց փորձառութիւններուն եւ դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին։

Նշենք, որ թիւ 2528 բանաձեւը ներկայացուած է քոնկրեսականներ Տինա Թայթըսի, Կաս Պիլիրաքիսի, Թետ Լիուի եւ Տէյվիտ Վալատաոյի ջանքերուն շնորհիւ։ Անիկա ներկայիս ունի 63 համահովանաւորներ։

Հայ Դատը Կը Զօրակցի Լենա Յովհաննէսեանի Ընտրապայքարին

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, որ իր վարչութեան երկար տարիներու անդամ Լենա Յովհաննէսեան որոշած է հրաժարիլ վարչութենէն եւ իր թեկնածութիւնը դրած է Նեւատա նահանգի Քլարք գաւառի յանձնաժողովի ընտրութիւններուն՝ ներկայացնելու համար Զ. ընտրատարածքը։

Այս առիթով Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնեց Յովհաննէսեանին՝ դրուատելով Հայ դատին զօրակցելու պայքարին մէջ անոր երկար տարիներու ծառայութիւնները։

Յանձնախումբի ատենապետ Օշին Յարութիւնեան ըսաւ, որ Լենա  Յովհաննէսեան երկար տարիներ եղած է համայնքին սիւներէն մէկը եւ յատկապէս կարեւոր աշխատանք տարած է Հայոց ցեղասպանութեան դասաւանդումը իրականացնելու համար Նեւատայի հանրային վարժարաններուն մէջ։

Լենա Յովհաննէսեան մեծապէս յարգուած իրաւաբան մըն է, որ 2023-ին արժանացած էր Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին՝ Սթիւ Արթինեանի անուան «Տեսլականով գործիչ» մրցանակին։

Նեւատայի Քլարք գաւառին մէջ կþապրին 2,3 միլիոն քաղաքացիներ, եւ անոր սահմաններուն մէջ կþիյնայ Լաս Վեկաս քաղաքը։ Յովհաննէսեան իրեն համար պատիւ կը համարէ ամերիկահայ համայնքին սպասարկելը՝ խոստանալով հաւատարիմ մնալ համայնքէն իրեն փոխանցուած՝ արդարութիւն ջատագովելու, ծառայելու եւ աւելի լաւ ապագայ կերտելու արժէքները։ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կոչ կþուղղէ Նեւատայի համայնքին՝ նեցուկ կանգնելու Լենա Յովհաննէսեանի ընտրապայքարին։

Նոր Ջուղա

Նոր Ջուղայի Ժառանգութիւնը Ներկայացնող Հայկական Տաղաւարը Սպահանի Զբօսաշրջութեան, Ձեռարուեստի Եւ Պանդոկներու 15-րդ Միջազգային Ցուցահանդէսին Մէջ

25-28 նոյեմբերին Սպահանի մէջ տեղի ունեցաւ Սպահանի զբօսաշրջութեան, ձեռարուեստի եւ պանդոկներու 15-րդ միջազգային ցուցահանդէսը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ Սպահանի հայոց թեմի Զբօսաշրջութեան գրասենեակը, եւ նախաձեռնութեամբ Սպահանի հայոց թեմի Թեմական խորհուրդին, պատշաճ կերպով ներկայացուց Նոր Ջուղայի հարուստ ժառանգութիւնը եւ պատմութիւնը։

Տաղաւարի մէկ բաժինին մէջ տեսերիզի միջոցով ներկայացուած էին Նոր Ջուղայի զբօսաշրջային ուղղութիւնները եւ նոր քայլուղիները, որոնք պիտի աւելնան Նոր Ջուղայի շրջագայութեան ծրագրին։

Տաղաւարի մէկ այլ բաժինը նուիրուած էր Նոր Ջուղայի Երաժշտական թանգարանին, ուր ցուցադրուած էր ազգային իշխանութեան ֆինանսաւորմամբ եւ նշեալ թանգարանի նուագարանաշինութեան աշխատանոցի համագործակցութեամբ պատրաստուած առաջին քնար նուագարանը։ Այս բաժնի այցելուները նաեւ հնարաւորութիւն ունեցան լսելու հայ երաժիշտներու յիշարժան երգերը՝ օգտագործելով տաղաւարին մէջ տեղադրուած երաժշտական կրպակը եւ ծանօթանալու հայերու երաժշտական ժառանգութեան։

Նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ Ս. Ամենափրկիչ վանքը Իրանի եւ Մերձաւոր Արեւելքի առաջին տպագրական կեդրոնն է եւ այն վայրը, ուր տպագրուած է նշեալ տարածաշրջանի առաջին գիրքը, տաղաւարին մէջ նախագծուած էր փոխադարձ գործունէութեան բաժին, ուր այցելուները կարող էին տպել վանքի եկեղեցւոյ տեսքով բացիկներ՝ իրենց հետ տանելով զանոնք որպէս յուշանուէր։

Այլ բաժնով ցուցադրուած էին հայ հոգեւորականներու հագուստի նմուշներ, նաեւ՝  Նոր Ջուղայի հայ կնոջ տարազը, ուր  այցելուներուն կը բացատրուէր զգեստի առանձնայատկութիւններն ու պատմութիւնը։

Տաղաւար այցելողները առիթը ունեցան հիւրասիրուելու հայկական սուրճով, գաթայով ու քաղցրաւենիքներով՝ միաժամանակ ծանօթանալով հայկական խոհանոցին։

Յայտնենք, որ սոյն ցուցահանդէսին  Զբօսաշրջութեան գրասենեակին մասնակցութիւնը նպաստեց նոր ձեռքբերումներու, հաստատուեցան համագործակցութեան նոր եզրեր եւ գործնական բազմաթիւ կապեր։

Յունաստան

ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէին Այցելութիւնը Առաջնորդ Սրբազան Հօր

Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Սահակ եպս. Եմիշեան 9 դեկտեմբերին Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի նորընտիր կազմին այցելութիւնը։

Սրբազանը շնորհաւորեց նորընտիր Կեդրոնական կոմիտէի անդամները եւ յաջողութիւն մաղթեց յառաջիկայ բոլոր ծրագիրներուն եւ աշխատանքներուն մէջ։

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ յունահայ գաղութին վերաբերող տարբեր հարցերու եւ յատկապէս ազգային եւ միութենական կառոյցներու վերակենսաւորման աշխատանքներուն վրայ, կառուցողական եւ բովանդակալից մթնոլորտով։ Երկու կողմերը շեշտեցին համադրուած եւ կենսունակ գործունէութեան անհրաժեշտութիւնը՝ յունահայութեան ազգային կեանքը աշխուժ եւ կազմակերպուած պահելու համար։

 Սարօ Զաւէնին Ցուցահանդէսը

Հովանաւորութեամբ՝ Յունաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան, Աթէնքի եւ համայն Յունաստանի պատրիարք Իէրոնիմոս արքեպիսկոպոսի, յունահայոց թեմի առաջնորդ Սահակ եպս. Եմիշեանի եւ Ատտիկէի մարզպետարանին, 4 դեկտեմբերին Աթէնքի «Մելինա Մերքուրի» մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ յունահայ հանրածանօթ արուեստագէտ Սարօ Զաւէնի «Եպիսկոպոս» խորագիրը կրող հոգեւոր բովանդակութեամբ  ցուցահանդէսին բացումը։

Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին լուսանկարչութեան բարձր որակի նմուշներ, որոնք կը պատկերացնէին իւրայատուկ մանրամասնութիւններ հայկական եւ բիւզանդական ոճ ներկայացնող եկեղեցիներէն։

Ցուցահանդէսին նպատակն էր գեղարուեստասէր հանրութեան ներկայացնել Հայաստանի, Յունաստանի եւ Լիբանանի պատմական եկեղեցիներու ու վանքերու ճարտարապետական հարստութիւնը, ներքին եւ արտաքին մասերու զարդանմուշները, ինչպէս նաեւ՝ անոնց հոգեւոր հարստութեան տարողութիւնը, որ կþարտացոլայ իւրաքանչիւր քարի ու շինուածքի մանրամասնութեան մէջ։

Երաժշտական ձեւաւորումը կատարուած է նոյնինքն արուեստագէտ Սարօ Զաւէնին կողմէ՝ տալով իւրաքանչիւր հոգեւոր կտորը դասական երաժշտական գործիքներու կատարողութեամբ, այսպէս ստեղծելով խորհրդաւոր մթնոլորտ մը սրահին մէջ։

Ցուցահանդէսը բաց է հանրութեան եւ մանաւանդ գեղարուեստական ոլորտին հետ զբաղող ուսանողներու եւ մասնագէտներու համար՝ ի մի բերելով հայ եւ բիւզանդական եկեղեցական ճարտարապետութիւնը արուեստագիտական պրիսմակին մէջ։

Արուեստագէտը կը յայտնէ, թէ փոքրուց զմայլած էր հայ հոգեւոր երաժշտութեան մեղեդիներով, որոնց հետ ընտելացաւ իր ծննդավայր Լիբանանի մէջ՝ եկեղեցի յաճախած պահերուն։ Տարիներ յետոյ, երբ առիթ ունեցաւ քանիցս Հայաստան այցելել, հրապուրուեցաւ հայրենի հողին վրայ կանգնած տասնեակ վանքերու ճարտարապետական իւրայատուկ ոճէն ու զարդաքանդակներէն։ Այս ընկալումը զինք մղեց լուսանկարելու սրբավայրերու մանրամասնութիւնները, ապա հայկական հոգեւոր երաժշտութեան հնչիւններուն տակ զանոնք ներկայացնելու գեղարուեստասէր հանրութեան։

Ցուցահանդէսը տեւեց մինչեւ 13 դեկտեմբեր։

Քուէյթ

Տոհմիկ Երեկոյ

Կազմակերպութեամբ Քուէյթի Համազգայինի  վարչութեան, 28 նոյեմբերին տեղի ունեցաւ տոհմիկ երեկոյ՝ ներկայութեամբ Քուէյթի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արսէն Առաքելեանի, այլ երկիրներու դեսպաններուն, Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան ներկայացուցիչին եւ գաղութի ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներուն։ Վարչութեան անունով խօսք առաւ Սամուէլ Լախոյեան, որմէ ետք ներկաները շրջեցան վեց տարբեր գաւառներու՝ Սասունի, Այնթէպի, Մարաշի, Ուրֆայի, Քիլիսի եւ Խարբերդի տաղաւարները, ուր ներկայացուեցան՝ իւրաքանչիւր գաւառի ձեռագործները, զարդերը, նկարներ, տարազները, երաժշտական գործիքներն ու ճաշատեսակները։ Ապա իւրաքանչիւր տոհմ գեղարուեստական յայտագիրով ներկայացուց իր գաւառի, պատմութիւնը, բարքերն սովորութիւնները։

Աւարտին դեսպան Արսէն Առաքելեան արտասանեց իր սրտի խօսքը, որմէ ետք գաղութի առաջնորդական տեղապահ Արտակ քհնյ. Քեհեայեան «Պահպանիր»-ով փակեց երեկոն։

Նախորդը

Նոր Տարուան Սեղանի Խորհրդանիշները

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ. Քափ». Նիքս Շահեցաւ Տիտղոսը

RelatedPosts

Լիբանանի Թեմի Ազգ. Վարչութեան Ատենապետ Գրիգոր Արսլանեան Այցելեց Ազգային Առաջնորդարան
Գաղութէ Գաղութ

Լիբանանի Թեմի Ազգ. Վարչութեան Ատենապետ Գրիգոր Արսլանեան Այցելեց Ազգային Առաջնորդարան

December 30, 2025
Հալէպահայերու Մէջ Վիրաւորներ  Չեն Արձանագրուած
Գաղութէ Գաղութ

Հալէպահայերու Մէջ Վիրաւորներ Չեն Արձանագրուած

December 24, 2025
Իրաքի Վարչապետը Բացումը Կը Կատարէ Պաղտատի  Ս. Գրիգոր Եկեղեցւոյ` Անոր Վերանորոգումէն Ետք
Գաղութէ Գաղութ

Իրաքի Վարչապետը Բացումը Կը Կատարէ Պաղտատի Ս. Գրիգոր Եկեղեցւոյ` Անոր Վերանորոգումէն Ետք

December 23, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.