Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան օրուան տօնակատարութիւնները աւանդական դարձած, սովորութեան կարգով կազմակերպուող ամեակներու նշումներ չեն: Հայկական ներկայ իրականութեան մէջ ամէնուրեք գործող կուսակցութիւնը պարտի տարին գէթ մէկ անգամ զեկուցելու հայութեան իր կատարածի մասին եւ մատնանշելու իր առաջադրանքները:
Պէյրութի մէջ կայացած տօնակատարութիւնը յատկանշական է այս իմաստով: Երկու խօսք առնողները` Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը եւ Բիւրոյի ներկայացուցիչը, խուսափեցան ճառային բնորոշումներէ եւ ներկայացուցին կատարուածին եւ կատարելիին մասին վերլուծութիւններ:
Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը իր խօսքին սկիզբը անդրադարձաւ Հայաստանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ տիրող տագնապալի վիճակներուն: Ապա իր խօսքը սահմանափակելով Լիբանանի եւ լիբանանահայութեան վերաբերող հարցերով, անդրադարձաւ օրակարգային անխտիր բոլոր հարցերուն. հայ համայնքի իրաւունքներու պաշտպանութիւն, իրաւազրկման մերժում, կայացած ընտրութիւններու մեկնաբանութիւն եւ երեսփոխանական յառաջիկայ ընտրութիւններու նախապատրաստութիւն, համայնքային ճշգրիտ ներկայացուցչութեան ապահովում, ընտրական եւ քաղաքական դաշինքներու ապահովում, Դաշնակցութեան քաղաքական աւանդական դիրքորոշումը իբրեւ բեւեռացումը մերժող ու համախմբող ուժ, ընկերային ու տնտեսական վատթար վիճակը դարմանող միջոցառումներ, կրթական մարզի կարեւորութիւնը: Ալպեր Պալապանեան անդրադարձաւ նաեւ ազգային ուժերու համախմբումին անհրաժեշտութեան` համայնքային իրաւունքները պաշտպանելու նպատակով: Հակիրճ կերպով անդրադառնալէ ետք Հայաստանի մէջ կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն, ան յիշատակեց դժուար ու անյուսալի թուացող պայմաններու մէջ կատարուած իրագործումները, ապա համախմբումի կոչ ուղղեց եւ խօսքը փակեց լաւատեսութեան շեշտով:
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան իր խօսքը փոխանցեց հեռակապի միջոցով: Բիւրոյի ներկայացուցիչին խօսքը գրեթէ ամբողջութեամբ նուիրուած էր Հայաստանի կացութեան:
Վերլուծելէ ետք անհատ, ժողովուրդ, ազգ, պետականութիւն եւ հայրենիք հասկացողութիւններու կապերը, Արմէն Ռուստամեան հաստատեց, որ «արժէք եւ իմաստ ունեցող ամէն ինչի առանցքում մեր հայկական ինքնութիւնն է»:
Պարտուողականութիւնն ու զիջողականութիւնը քաղաքական հաւատամքի վերածած իշխանութիւնը, պարտութիւնը յաղթանակ նկատելով կը վտանգէ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան գոյութիւնը: Փորձելով խաթարել հայկական ինքնութեան կենսական չափորոշիչները, իշխանութիւնը յառաջիկայ ընտրութիւններուն վերարտադրուելու համար կը դիմէ բռնատիրական վարչաձեւերուն յատուկ միջոցառումներու: Իշխանութիւնը չի խորշիր իրականացնելէ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ բոլոր պահանջները` խաբուսիկ խաղաղութեան մը պատրուակով:
Հայաստանի զարգացման մարտավարութեան մէջ անհրաժեշտ է կատարել կտրուկ փոփոխութիւն: Այդ փոփոխութիւնը կ՛իրականանայ շնորհիւ ազգային հիմնարար շահերը ապահովող կառավարութեան մը կազմութեան, որուն ընդառաջ Արմէն Ռուստամեան ութ կէտերով կը ներկայացնէ գործողութիւններու ծրագիր մը. Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ ներազգային համերաշխութիւն, դաշնակից երկիրներու հետ ռազմավարական գործընկերութեան վերականգնում, բանակի մարտունակութեան ապահովում, Ազրպէյճանի հետ յարաբերութիւններուն ազգային շահերու պաշտպանութիւն, արցախահայերու վերադարձի իրաւունքի ապահովում, Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հետապնդում, Թուրքիոյ հետ առանց նախապայմաններու բանակցութիւններ, երկրի սահմանադրական կարգի վերականգնում:
Այս առաջադրանքները իրականացնելու համար էական է ու անյետաձգելի Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ զօրաշարժի յառաջացումը, որ կ՛ենթադրէ բոլոր ազգային ուժերու համախմբում եւ համագործակցութիւն:
Յառաջիկայ 2026 տարին թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Լիբանանի, նաեւ ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքի համար, բախտորոշ ժամանակաշրջան պիտի հանդիսանայ: Հայութեան շահերու պաշտպանութեան համար համախմբումը հրամայական անհրաժեշտութիւն է: Մէկդի դնելով բոլոր տարակարծութիւնները եւ վէճերը, պէտք է բոլորուիլ Լիբանանի մէջ հայ համայնքի իրաւունքներու պաշտպանութեան, իսկ Հայաստանի մէջ ազգային նկարագրով նոր իշխանութեան մը կազմութեան հեռանկարով համախումբ պայքարի շուրջ:



