ՍԵՒԱՆ ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆ-ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Քեսապի աշունը հարուստ է իր բազմազան պտուղներով` թուզ, խաղող, սինձ, նուռ, դեղձ, սերկեւիլ եւ ուրիշ շատ պտուղներով, սակայն Քեսապի այս հարուստ աշնան պտուղներու բուրգի գագաթին կը բազմի խնձորը :
Մանուկ պարտէզէն վերադարձաւ` խնձորով լեցուն դոյլը ձեռքը: Տան սեմին տեղաւորելով զայն` Մանուշին ձայն տուաւ, որ դոյլը ներս առնէ: Ան պարտէզի լաւագոյն ու առողջ խնձորի հատիկները ընտրած էր: Դեհ, իր թանկագին զաւակներն ու թոռները պիտի ուտեն այդ խնձորը:
Փայլուն ու ախորժաբեր խնձորները սիրուն ձեւով մեծ ամանի մը մէջ տեղաւորուած` ճաշասեղանը զարդարած էին: Մանուկի ամէնէն փոքր թոռնիկը դէպի սեղան վազեց, սեղանին մօտիկ աթոռը անդին հրելով, խնձոր մը զատեց ու աջ ձեռքի հինգ մատներով գրկեց խնձորը եւ մեծ կտոր մը խածաւ: Երբ երկրորդ անգամ բերնին մօտեցուց զայն` ուտելը շարունակելու, խնձորին վրայ պզտիկ, ոսպի հատիկի մը չափ սպի մը նկատեց: Ան ծուռ-ծուռ նայեցաւ խնձորին, դժգոհ ու զզուած հայեացքով կոթէն բռնեց եւ սկսաւ կլոր-կլոր դարձնել զայն:
– Ի՞նչ կ՛ընես, գլխուս մէջ պտոյտ կը զգամ,- խնձորն էր` ձայնի բարձր հնչերանգով:
Տղան շուարած ու շշմած, խնձորը երկու ձեռքով բռնած` անոր նայեցաւ:
– Այո՛, այո՛, ես եմ, խնձորն է խօսողը: Եթէ դուն տեղեակ ըլլայիր, թէ ես ինչերէ՜ անցած եմ մինչեւ ձեռքերուդ մէջ հասնիմ, այս վերաբերմունքը չէիր ունենար ինծի հանդէպ,- ըսաւ խնձորը:
Տղան անդին հրած աթոռը սեղանին մօտեցուց, խնձորը ճաշասեղանին վրայ տեղաւորեց, ապշահար ու զմայլած հետեւեցաւ անոր ըսածներուն:
– Գարուն էր: Ծաղկած ծառի վարդ մըն էի, բայց հոտ չունէի: Ծառին վրայ շա՜տ ու շա՛տ ծաղիկներ էինք ու ծառը կը զարդարէինք: Գարնան տաքուկ շողերը թերթիկներս ու զիս տաքցուցին, ու ես ծառէն սնունդ առնելով` կամաց-կամաց կազմաւորուեցայ: Մերթ ընդ մերթ զեփիւռը այտերս շոյեց: Երբեմն գարնան տեղացած անձրեւները լոգցուցին ու թրջեցին զիս: Ո՜հ, սակայն երբեմն գարնան ցուրտ օրերուն, երբ ցուրտ հոսանքի անձրեւներուն կ՛ընկերակցէր անպիտան կարկուտը, ծառերուն ոստերը, մեր ձեռքերը դէպի երկինք բարձրացուցած, Աստուծոյ օգնութիւնը կը հայցէինք: Մեր ձայնը կը միանար պարտիզպաններու ձայնին, ու բոլորը մէկ «Տէ՛ր, ողորմեա» կը կանչէին: Եթէ կարկուտի հատիկները մեծ ըլլային, ծաղիկները իրենց ճիւղերէն պոկուելով, կ՛իյնային: Մայր ծառը, որ բոլորէն աւելի բանիմաց էր ու փորձառու, կը պատմէր, թէ ամէնէն դժուար պարագան այդ էր, երբ ծաղիկը միս ու ոսկոր կը կապէր, իսկ կարկուտը կ՛իջնէր կազմաւորուած խնձորին վրայ` զայն վնասելով եւ վիրաւորելով: Այս պարագային ծառի ամբողջ բերքը կը վնասէր:
Դառնանք իմ կեանքի պատմութեան: Քանի մը շաբաթ ետք ծաղիկիս թերթիկները ինկան ու հետզհետէ կազմաւորուելով` նախ խնձորի նորածին վիճակով երեւիլ սկսայ: Օ՜, այդ ընթացքին պարտիզպանը երբ ծառերուն մէջ կը շրջէր, անոր ուրախութիւնը անսահման կ՛ըլլար: Հետզհետէ հասունցայ, մեծցայ ու այս վիճակիս հասայ:
Գարնան վերջաւորութեան խնձորի պարտէզները պէտք է այցելել: Տօնածառի նման սիրուն կարմիր ու կանաչ խնձորներով կը զարդարուին պարտէզները: Պարտիզպանները այդպէս կ՛ըսեն, երբ մեզի կ՛այցելեն: Անոնք միշտ մեզի հետ կը խօսին, իրենց ուրախ ու տխուր տրամադրութեան վիճակները մեզի հետ կը բաժնեկցին: Երբ յոգնած ըլլան, մեր ծառերու կոճղերէն մէկուն վրայ կը յենին շունչ մը քաշելու համար: Երբ ուրախ ըլլան, բարձրաձայն կ՛երգեն, ու դրացի ծառերն իսկ երգերը կը լսեն:
Մէկ-մէկ իրենց ցաւերն ու գաղտնիքները մեզի հետ կը բաժնեկցին, մենք ալ անոնց գաղտնիքներու տոպրակն ենք, մեր ծառերու տերեւներով անոնց գաղտնիքները կը քողարկենք:
Իսկ մեր երեկոները… օրուան տաքուկ արեւի շողերէն ետք, երեկոյեան, ապա գիշերը, երբ հաճելի զեփիւռը փչէ, կը խանդավառուինք ու կը սկսինք պարել: Ճիւղերու վրայ առանձին խնձորները մենապար կ՛ընեն, իսկ զոյգ խնձորները իրարու հետ կը պարեն, մինչդեռ երկուքէն աւելի խնձորներու խումբը շուրջպար կը բռնէ: Երբեմն զեփիւռը աւելի կը զօրանայ, ու խնձորները մթնոլորտէն գինովցած` աւելի կը խանդավառուին, թըփ, անոնցմէ մէկը վար կ՛իյնայ, կը վիրաւորուի, իսկ բաժանումը դաժան ու դժուար կ՛ըլլայ: Կարմիր խնձորները աւելի փափուկ սիրտ կ՛ունենան: Անոնք բաժանումի չեն դիմանար, մէկը որ ինկաւ, խումբի միւս խնձորները, անոր ետեւէն կ՛իյնան, նոյնիսկ երբ կը քաղեն զանոնք: Սակայն կանաչ խնձորները զօրաւոր սիրտ ունին, բաժանումին կը դիմանան:
Պարտիզպանը բերքահաւաքը կը սկսի, երբ նկատէ խնձորներուն հասուննալը` գոյնով, չափով եւ համով: Պարտիզպանն ու անոր օգնականները դոյլերը ծառերու ճիւղերուն վրայ կը տեղաւորեն ագոլով (երկաթեայ կոր կախիչ): Նախ մեծ ու գոյն առած խնձորները կը քաղեն:
Բերքահաւաքի ընթացքին երբեմն բարձր խնձորներէն մէկը հը՜, եթէ իյնայ, իր վայրէջքին ընթացքին հետը ուրիշ խնձորներ ալ գետին կ՛իջեցնէ, այդպիսով վիրաւորեալ խնձորներու թիւը կ՛աւելնայ:
Անշուշտ խնձորները զանազան այլ դժուարութիւններու կը հանդիպին: Օրինակ` չորս-հինգ խնձորներ կ՛աճին մէկ ոստի վրայ, անոնցմէ մէկը եթէ որդնոտած ըլլայ, կը վարակէ իր ընկերները, ինչպէս` մարդ արարածը, երբ վատ ընկերոջ կը հանդիպի:
Երբեմն ծառերը բնութեան ջարդին ալ կ՛ենթարկուին: Այո՛, այո՛, մի՛ զարմանար: Երբ ծառի ճիւղերէն մէկը շատ բեռնաւորուած ըլլայ խնձորով, այդ ճիւղը երկար դիմադրելէ ետք, երբ խնձորներու ծանրութիւնը աւելի ու աւելի կը մեծնայ, բեռին տակ կը կքի ու թը՛խ` կը կտրուի: Այդ ճիւղին վրայ աճած բոլոր խնձորները գետին կ՛իյնան, ոմանք մահացու հարուած կը ստանան, ոմանք ալ պզտիկ հարուած կը ստանան: Բարեբախտաբար ճիւղին վերի բաժինին վրայ գտնուող խնձորները կը փրկուին, սակայն շուտով շուկայ կը ղրկուին` անոնց փոքր վնասները չբացայայտուած:
Է՜հ, է՜հ, դեռ ի՞նչ պատմեմ, բերքահաւաքի աւարտին, երբ հողագործը կռնակը ծառերուն տուած` պարտէզէն դուրս կու գայ, երբեմն ծառին վրայ կը մնան մոռցուած հատիկներ ալ, որոնք լուռ ու մունջ իրենց ճակատագիրին կ՛ենթարկուին: Աշնան թռչուններուն կեր կը դառնան, չէ՞ որ անոնք ալ անօթի են ու դրամ չունին խնձոր գնելու, կամ ալ երկար սպասումէ ետք, շատ հասունցած` ծառէն վար կ՛իյնան վիրաւորուած:
Եկո՛ւր, այսքանով բաւարարուիմ վերջին խօսքս ալ ըսեմ քեզի, մեր ուրախութեան աղբիւրն է ձեր համեստ ու ճոխ սեղաններու վրայ գտնուիլը, սակայն անկէ աւելի կարեւորը` մեր մայր ծառերը սիրով խնամելն է, որ յաջորդ տարիներուն ալ համեղ խնձոր ունենաք ու վայելէք:
Տղան խնձորին արցունքները սրբելով` երկու ձեռքերով ամուր գրկեց զայն, սիրուն ժպիտ մը գծուեցաւ դէմքին ու շարունակեց խնձորը ախորժակով ուտել` անոր սպին չնկատելով:


