Երեւանէն հոգեխռով լուր մը:
«Եւրասիա» կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ եւ կամաւոր աշակերտներու ձեռքերով, Կոմիտասի անուան պանթէոնի շրջափակը, Կամաւորի օրուան ընդառաջ, շաբաթավերջին մաքրուած է աղբերէ եւ չորցած տերեւներէ: Ուսուցիչներու առաջնորդութեամբ իրականացած աշխատանքը նախապէս ընդգրկած է հոգեւոր ու մշակութային այլ վայրեր: Այցելուներ գոհունակութիւն եւ գնահատանք արտայայտած են այս աշխատանքին ու ձեռք բերուած արդիւնքին համար: Տեսանիւթէն կ՛երեւի, որ մանուկներ եւ պատանիներ, երիտասարդութեան սեմին կանգնած տղաք ու աղջիկներ են աւլողները, տերեւները հաւաքողները:
Բազմաթիւ իմաստներով` ուսուցողական եւ ազնիւ գործ, որ իրականացած է նոր սերունդին ձեռքերով, կամաւորաբար, գիտակցաբար: Ուրեմն Հայաստանի մէջ ամէն բան սեւ ու գորշ չէ, կան` մեր երկնակամարը լուսաւորող աստղեր, ծիածանի կամարներ, ձեռքերը կամաւոր ու ազնիւ գործի առաջնորդող ուսուցիչներ:
… Այս տղաքն ու աղջիկները արդեօք կրնա՞ն գտնել Երեւանի ապականած կենսոլորտը դարմանելու ձեւը:
Այս տղաքն ու աղջիկները արդեօք կրնա՞ն նաեւ քաղաքական դաշտերը մաքրել ՔՊ-ական մոլախոտերէն, որոմէ՛ն, որ կը սպառնայ խեղդամահ ընել ո՛չ միայն հայրենապաշտպաններու խուրձերը, այլ նոյնինքն հայրենիքը` զայն իբրեւ զոհ մատուցելով թշնամիի որկորին:
1 դեկտեմբեր 2025



