ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Երուսաղէմի մէջ հայեր բնակութիւն հաստատած են քրիստոնէութեան տարածման առաջին դարերէն:
Քրիստոնէութեան պետական կրօն հռչակումէն ետք` Դ. դարուն, Երուսաղէմի մէջ հիմնուեցան հայկական վանքեր եւ եկեղեցիներ:
Սրբոց Յակոբեանց վանքը կառուցուեցաւ Դ. դարուն, Սիոն լերան բարձունքին, հոն, ուր իր նահատակութենէն ետք` 62-ին, թաղուած էր Յիսուսի ազգական եւ Երուսաղէմի եկեղեցւոյ առաջին հայրապետ Յակոբոս Տեառնեղբայր առաքեալ:
Արաբներու կողմէ Երուսաղէմի գրաւումէն ետք, Է. դարուն, կազմաւորուեցաւ Հայոց պատրիարքութիւնը` իբրեւ կեդրոն ունենալով Սրբոց Յակոբեանց վանքը:
Հայոց սեփականութիւն ճանչցուեցան Սուրբ Յակոբեանց վանքը իր կալուածներով, Սուրբ Յարութեան տաճարին մէկ մասը եւ Բեթղեհէմի Սուրբ Ծննդեան տաճարին մէկ մասը:
Սուրբ վայրերուն մէջ գործող դաւանակից ղպտի, եթովպիական եւ ասորի եկեղեցիները գտնուած են Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան հոգեւոր իշխանութեան ներքեւ:
Իրերայաջորդ բոլոր իշխանութիւնները` արաբական, խաչակիրներու, մեմլուքներու եւ օսմանեան, վերահաստատած են յոյներուն եւ լատիններուն հետ հայոց համահաւասար իրաւունքները Երուսաղէմի եւ Սուրբ վայրերու քրիստոնէական սրբավայրերուն նկատմամբ:
Օսմանեան տիրապետութեան ժամանակ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան կապուեցան Սուրիոյ, Լիբանանի, Կիպրոսի եւ մինչեւ 1839 նաեւ Եգիպտոսի հայ համայնքները:
* * *
Ուխտագնացութիւնը հաւատքի եւ հաւատարմութեան արտայայտութիւն է, եւ հայոց համար ուխտաւորութեան գերազանց վայրը մնաց Երուսաղէմը:
Հայկական բոլոր շրջաններէն ամէն տարի ուխտագնացութիւններ կը կազմակերպուէին դէպի Երուսաղէմ:
Ամէն թաղի եկեղեցի մասնաւոր արարողութիւններով, «Ճանապարհ ճշմարտութեան» երգով եւ «նշանաւ»-ով ճամբու կը դնէր ուխտաւորները:
Ցամաքի ճամբով ուղեւորութիւնները, հետիոտն, կամ` ձիով, էշով, ջորիով, օրեր ու շաբաթներ տեւող, կ՛ըլլային տաժանելի: Կարաւանները կը հանդիպէին գողերու, յելուզակներու եւ բազում փորձութիւններու: Հալէպի եւ Լաթաքիոյ հոգետուներուն մէջ հանգստանալէ ետք, անոնք կը շարունակէին իրենց ճանապարհը:
Պոլիսէն, Ռոտոսթոյէն, Իզմիթէն, Իզմիրէն եւ Կիլիկիոյ ծովափերէն առագաստանաւերով ուղեւորուողները Միջերկրականի ջուրերուն վրայ ալեկոծումներու կը բռնուէին եւ ծովահէններու կը հանդիպէին: Անոնք նարինջի պարտէզներով շրջապատուած Յոպպէ (Եաֆա) ցամաք կ՛ելլէին եւ հայոց Սուրբ Նիկողայոս վանքը կ՛իջեւանէին:
Ուխտաւորները Երուսաղէմ կը հասնէին Սուրբ Զատկուան տօնի նախօրեակին: Հոն հասած կ՛ըլլային աշխարհի չորս ծագերէն տարբեր ազգերէ ուխտաւորներ: Ամբողջ քաղաքը եռուզեռի մէջ կ՛ըլլար:

Սուրբ Յակոբեանց վանքը հազարաւոր ուխտաւորներով լեցուած կ՛ըլլար: Ուխտաւորներուն սենեակներ եւ անկողիններ կը տրամադրուէին, անոնց սնունդ կը հայթայթուէր, իսկ ձիերը, էշերը, ջորիները ախոռներուն մէջ կը պահուէին:
Ուխտաւորները կը մասնակցէին Աւագ շաբթուան կրօնական արարողութիւններուն, իսկ Սուրբ Զատկուան Ճրագալոյցին, Յարութեան տօնին եւ յաջորդող օրերուն Քրիստոսի Լուսգերեզմանը այցի կ՛երթային: Լուսգերեզմանը տեսնելու համար մարդիկ զոյգ-զոյգ կը մօտենային անոր, եւ, ըստ բախտի, այր թէ կին, ով որ ըլլար ընկերը մէկուն` անմիջապէս լուս-ախպար եւ լուս-քուր կ՛ըլլար: Անոնք իրարու հարազատ եւ սիրելի կը դառնային եւ այնուհետեւ ազգական կը նկատուէին: Ոչ մէկ անպատեհութիւն մէկուն սասունցի, կարնեցի կամ մարաշցի, միւսին վանեցի, ակնցի կամ խարբերդցի ըլլալէն, ընդհակառակը` նշան բախտաւոր աստղի տակ ծնած ըլլալու:
Ուխտաւորները իրենց բազուկին վրայ խաչանիշ դաջել կու տային:
Վերադարձը տեղի կ՛ունենար յունիս-յուլիս ամիսներուն: Քաղաքը տօնական օրերու հանդիսաւորութիւն կը ստանար, եւ ուխտաւորները պատշաճ ընդունելութեան կ՛արժանանային: Ուխտաւոր ունեցող ամէն տուն կերուխում կը պատրաստէր. գլխաւոր ուտելիքը կ՛ըլլար բրինձէ կամ ձաւարէ փիլաւ եւ ալիւրէ պատրաստուած հրուշակ: Բարի գալուստի այցելութիւնները կը շարունակուէին օրեր եւ շաբաթներ:
Երուսաղէմ ուխտի գացած անձերը մահտեսի (արաբերէն մուգտեսի` Երուսաղէմ ուխտի գացած) կամ հաճի կը կոչուէին:
* * *
Հին Երուսաղէմ պարսպապատ է, դարպասներով եւ կ՛ընդգրկէ Հայկական, Քրիստոնէական, Իսլամական եւ Հրէական թաղերը, եւ Տաճարի լերան վրայ` Հարամ էլ Շարիֆը` Աքսայի մզկիթը:
Քրիստոնէական թաղը կ՛ընդգրկէ Հին քաղաքին հիւսիս-արեւմտեան կողմը. հոն կը գտնուին Սուրբ Յարութեան տաճարը, յոյն ուղղափառ, յոյն կաթողիկէ եւ լատին պատրիարքութիւնները, ղպտիներու Տէյր Սուլթան վանքը, լատին ֆրանչիսկեաններու Սուրբ Փրկիչ վանքը (որուն վանականները Սուրբ Յարութեան տաճարի պահակ կը նկատուին), ինչպէս նաեւ Օմարի եւ Խանգա Սալահիա մզկիթները:
Իսլամական թաղը կ՛ընդգրկէ Հին քաղաքին հիւսիս-արեւելեան կողմը եւ ամէնէն ընդարձակն ու մարդադաշտն է:
Հրէական թաղը կ՛ընդգրկէ Հին քաղաքին հարաւ-արեւելեան կողմը. հոն կը գտնուին շարք մը սինակոկներ, իսկ Արեւմտեան կամ Լացի պատը յուդայականութեան մեծագոյն սրբավայր է:
* * *

Հայկական թաղը, Հին Երուսաղէմի հարաւ-արեւմուտքը, Սիոն լերան բարձունքին, կ՛ընդգրէ Սուրբ Յակոբեանց Մայր տաճարը, Սուրբ Թորոս մատուռ-ձեռագրատունը, Սուրբ Հրեշտակապետաց եկեղեցին, պատրիարքարանը, հոգեւորականներու, աշխարհականներու եւ ուխտաւորներու բնակութեան թաղերը, գրադարանը, տպարանը եւ Ժառագաւորաց ու Թարգմանչաց վարժարանները:
Հայկական թաղին բոլոր շինութիւնները եւ հողերը, հիւսիսէն հարաւ, Սուրբ Փրկիչ գերեզմանատունէն մինչեւ Ասորիներու Սուրբ Մարկոսի վանքը 450 մեթր երկարութիւն, իսկ արեւելքէն արեւմուտք, պարտէզներու ետեւի կողմէն մինչեւ արեւելեան կողմը գտնուող տուներուն ծայրը 300 մեթր լայնութիւն ունին եւ կ՛ընդգրկեն 150 հազար քառակուսի մեթր տարածութիւն:
Հայկական թաղին հիւսիսային-կեդրոնական մասը` 175 մեթր երկարութեամբ, 100 մեթր լայնութեամբ եւ 18 հազար քառակուսի մեթր տարածութեամբ, կ՛ընդգրկէ Սուրբ Յակոբեանց Մայր տաճարը եւ Սուրբ Թորոս մատուռ-ձեռագրատունը (ուր աւելի քան չորս հազար ձեռագիր մատեաններ կը պահուին): Մայր տաճարէն արեւելք տպարանն է, հիմնուած` 1833-ին:

Մայր տաճարին հարաւ-արեւմտեան կողմը պատրիարքարանն է: Կէս կամար անցքին վրայ կը բարձրանայ սեղանատան շէնքը: Քիչ անդին ժառանգաւորաց վարժարանն է (հիմնուած` 1843-ին):
Կեդրոնական մասին մէջ կը գտնուին վանականներու, աշխարհականներու եւ ուխտաւորներու բնակութեան թաղերը` մէջէ մէջ բաւիղանման անցքերով: Թաղերէն ոմանք նուիրատուի բնակավայրին անունը կը կրեն` Կոստանդնուպոլիս, Իզմիր, Պուրսա, Թոքաթ, Ատանա եւ Խրիմ: Պուլղուր թաղը հացահատիկներու շտեմարանն էր: Իսկ Շորաթաղի մէջ ուխտաւորներուն անկողինները կը պահէին: Շորաթաղի շէնքին ներքնայարկը ախոռն էր: Դէպի արեւմուտք «Գալուստ Կիւլպէնկեան» գրադարանն է: Սրբոց Թարգմանչաց վարժարանը հիմնուած է 1929-ին: Քիչ անդին «Էտուարտ եւ Հելէն Մարտիկեան» թանգարանն է: Հայկական թաղին հարաւ-արեւելեան կողմը Սուրբ Հրեշտակապետաց եկեղեցին է, կոչուած` Առաջին բանտ եւ կառուցուած է Աննա քահանայապետի տան վայրին վրայ. հոն կատարուած էր Յիսուսի հարցաքննութիւնը եւ եկեղեցին նուիրուած է Տիրոջ առաջին չարչարանքներուն եւ բանտարկութեան յիշատակին:
Բոլոր կառոյցները քարաշէն են, հաստ պատերով, ցած դուռերով, փոքր պատուհաններով եւ կամարակապ առաստաղներով:
Հայկական թաղը եւ մանաւանդ մայրավանքին դիրքը, Սիոն լերան պատմական եւ նուիրական նշանակութեամբ, սքանչելի է` բաց հորիզոնով եւ մաքուր ու հովասուն օդով:
* * *
Երուսաղէմի Հայկական թաղէն դուրս, Սիոն լերան բարձունքին, Սիոնի դարպասէն հարաւ կը գտնուի հայոց Սուրբ Փրկիչ վանքը:
Սուրբ Փրկիչ կառուցուած է Կայեափա քահանայապետի տան վայրին վրայ: Հոն բանտարկուած է Յիսուս, եւ վանքը կոչուած է Փրկիչի բանտի վանք:
* * *
Հայ, յոյն եւ լատին եկեղեցիները պաշտօնապէս ճանչցուած եւ հաստատուած են իբրեւ Երուսաղէմի Սուրբ Յարութեան տաճարի եւ Բեթղեհէմի Սուրբ Ծննդեան տաճարի երեք իրաւատէրեր: Սահմանուած են իւրաքանչիւրի իրաւունքները, բաժինները, պաշտամունքի օրերն ու ժամերը, իւրաքանչիւր տեղի սրբազան իրերու քանակը եւ պատասխանատուութիւնը:
Առաջին Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ, երբ բրիտանացիք գրաւեցին Երուսաղէմը, հաստատեցին հայոց դարաւոր իրաւունքները:
Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութիւնը 1929-ին, Սուրբ Էջմիածնի համաձայնութեամբ, Դամասկոսի եւ Պէյրութի թեմերը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան յանձնեց:
Արաբ-իսրայէլեան 1948-ի պատերազմէն ետք Արեւելեան Երուսաղէմ անցաւ Յորդանանի գերիշխանութեան տակ: 1967-ի վեցօրեայ պատերազմէն ետք Հին Երուսաղէմ անցաւ Իսրայէլի վերահսկողութեան տակ:
* * *
Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց առաքելական աթոռը հայ եկեղեցւոյ նուիրապետական չորս աթոռներէն մէկն է: Պատրիարքը արքեպիսկոպոսի աստիճան ունի, կ՛ընտրուի միաբանութեան կողմէ եւ կապուած է Սուրբ Էջմիածնի Ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան:
Սուրբ Յակոբեանց զինուորեալ միաբանութիւնը Սուրբ Տեղեաց մէջ հայոց դարաւոր եւ նուիրական իրաւունքներուն պահապանն է:


