Հայերէն «Էսդրատային» Երգի Ծնունդը (2)
ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ 1915-ի հայոց ցեղասպանութենէն տարիներ առաջ մեծ թիւով պանդուխտ հայեր, մեծամասնութեամբ` Խարբերդի եւ շրջակայ գաւառներէն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, առաւելաբար` Պոսթընի եւ Նիւ Եորքի շրջաններուն մէջ, հիմնած էին փոքրիկ հայկական գաղութներ:Դաշտահանդէսներու կամ այլ տեսակի միութենական ձեռնարկներուն, կ՛երգէին իրենց պապենական տուներէն սորված երգերը: Երաժշտական գործիքները առաւելաբար արեւելեան նուագարաններ էին` ուտ, սրինգ, սազ,մանտոլին, քլարինեթ, տհոլ եւ զուռնա: Քանի մը օրինակ` այդ...




















