Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Քուէյթի Ազգային Վարժարանը Քուէյթահայութեան Բաբախող Սիրտն Է», Կ՛ըսէ Տոքթ. Ներսէս Սարգիսեան

Նոյեմբեր 10, 2016
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

dsc_2852

Ստորեւ կը ներկայացնենք հարցազրոյց մը, որ կատարուած է Քուէյթի Ազգային վարժարանի տնօրէն տոքթ. Ներսէս Սարգիսեանի հետ, որ անդրադարձած է կառոյցի պատմականին, հայերէն լեզուներու եւ նիւթերու դասաւանդման, դպրոցի առաքելութեան եւ ապագայի ծրագիրներուն:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ի՞նչ է Քուէյթի Ազգային վարժարանը:

ՆԵՐՍԷՍ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ.- Քուէյթի Ազգ. վարժարանը մանկապարտէզէն մինչեւ երկրորդական (պաքալորէա) դասարան ընդգրկող ազգային ուսումնակրթական կարեւոր հաստատութիւն մըն է, անիկա Արաբական ծոցի երկիրներու տարածքին մէջ գործող միակ ամէնօրեայ վարժարանն է, հիմնադրուած է 1960-ին, քուէյթահայ համայնքի զաւակներուն կողմէ, եւ հսկայական զոհողութիւններու շնորհիւ` վարժարանը կանգուն կը մնայ եւ աշխուժ ձեւով կը գործէ մինչեւ այսօր:

dsc_2834

Ի դէպ, Քուէյթի Ազգային վարժարանը կ՛ընդգրկէ երեք դպրոցներ, «Արեգակ մանկապարտէզ»-ը, նախակրթարանը, միջնակարգը եւ երկրորդականը. այս վերջինին արաբերէն անուանակոչումը «Ալ Թատամուն» երկրորդական վարժարան է, ուր կը կիրարկուի Քուէյթի ուսումնական պետական ծրագիրը, այսինքն աշակերտը կը պատրաստէ քուէյթեան պաքալորէայի: Սակայն ազգային մակարդակի վրայ վարժարանը մէկ ամբողջութիւն է, կը տնօրիուի մէկ վարչական անձնակազմով եւ մէկ հոգաբարձութեամբ:

Քուէյթի ազգային վարժարանը կը վայելէ Քուէյթի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ թեմի հովանաւորութիւնը: Աշակերտութեան ընդհանուր թիւը 2016-2017 ուսումնական տարեշրջանին կը կազմէ 398 հայ աշակերտներ (վարժարան կը յաճախեն բացառաբար հայ աշակերտներ) այս թիւը 1990-ին, իրաքեան ներխուժումէն առաջ հասած էր մինչեւ 900-ի: Վերջին տարիներուն աշակերտութեան թիւը կայուն վիճակ մը կը պարզէ անկախ անկէ, որ վերջերս դէպի Հայաստան եւ Քանատա տեղափոխման պատճառով, ինչպէս նաեւ կարգ մը քուէյթահայ ընտանիքներու կողմէ իրենց զաւակները օտար վարժարաններ (ամերիկեան, անգլիական եւ այլն) ղրկելու երեւոյթէն, որ սկսած է զարգանալ, ակներեւ է թիւի փոքր տոկոսի մը նահանջը:

Պաշտօնէութեան եւ ուսուցիչներու ընդհանուր թիւն է 56, որոնց մեծամասնութիւնը հայեր են:

dsc_2833

Հ.- Հայերէնի դասաւանդութիւնը ինչպէ՞ս կը կատարուի դպրոցին մէջ եւ ի՞նչ դժուարութիւններ կան:

Ն. Ս.- Հայերէնի դասաւանդութիւնը կը կիրակուի բոլոր կարգերուն մէջ, մանկապարտէզէն պաքալորէա, վարժարանին կողմէ որդեգրուած յատուկ ծրագրով, կ՛օգտագործուին զանազան դասագիրքեր, ծրագիրը կ՛ընդգրկէ կրօնի, հայոց լեզուի եւ հայոց պատմութեան եւ Հայ դատի (բարձր կարգերուն համար) դասապահեր: Հայերէն նիւթեր աւանդող  ուսուցիչները մեծամասնութեամբ իրենց դասաւանդած առարկային մասնագէտն են եւ վկայեալ ուսուցիչներ են:

Ծրագիրը մատուցելու ընթացքին յաճախ կ՛օգտագործուին արդիական միջոցներ (լսատեսողական եւ այլն):

Հիմնական դժուարութիւնը կը կայանայ այն կէտին մէջ, որ երկրորդականի մէջ հայոց լեզուի նիշը պետական վկայականին համար վճռորոշ չէ, բան մը, որ յաճախ աշակերտները եւ ծնողները կը մղէ անտարբերութեան:

Այսօր վարժարանին մէջ այս հարցը լուրջ քննարկման առարկայ է:

Երկրորդ` որդեգրուած ծրագիրը կարիքը ունի արդիականացման, ինչպէս նաեւ ուսուցիչներու վերակաւորման հարցը պէտք է որ մնայուն ձեւով իրագործուի:

Հ.- Քուէյթի Ազգային վարժարանի շրջանաւարտները ո՞ր համալսարաներուն մէջ կը շարունակեն իրենց բարձրագոյն ուսումը: Ի՞նչ դժուարութիւններ կան:

Ն. Ս.- Շրջանաւարտներուն կարեւոր մէկ տոկոսը իր բարձրագոյն կրթութիւնը կը շարունակէ Քուէյթի համալսարաներէն ներս, սուրիական պատերազմէն առաջ մեծ թիւով շրջանաւարտներ կ՛արձանագրուէին սուրիական համալսարաններուն մէջ, որոնց ծրագիրները ներդաշնակ էին ու մատչելի` քուէյթեան պաքալորէայի վկայականին տիրացողներու մակարդակին եւ գիտելիքներուն:

Այսօր Հայաստանի համալսարաններուն մէջ բարձրագոյն ուսումը շարունակող քուէյթահայ աշակերտներուն թիւը սկսած է աճիլ (պետական, ամերիկեան եւ այլ համալսարաններու մէջ), ինչպէս նաեւ կան շրջանաւարտներ, որոնք կ՛արձանագրուին Լիբանանի համալսարաններուն մէջ: Ի դէպ, այս պատկերին, վիճակագրական յատուկ տուեալներ հաւաքելէ ետք, վարժարանս այս տարի պիտի զարգացնէ եւ մնայուն ծրագրի վերածէ նախորդ ուսումնական տարին փոքր քայլերով սկսած ԹՈՖԸԼ-ի եւ ՍԱԹ-ի կարեւոր այլ ծրագիրներու կիրարկումը վարժարանին մէջ: Մեր նպատակն է շրջանաւարտներուն լայն առիթ ընծայել, որպէսզի կարենան մուտք գործել որեւէ համալսարան` առանց դժուարութեան:

Այս տարի ի գործ դրուած է նաեւ բարձր կարգերուն աշակերտները տարբեր համալսարաններու ծանօթացնելու ծրագիր մը, որուն ծիրին մէջ 27 նոյեմբերին Երեւանի ամերիկեան համալսարանէն պատուիրակութիւն մը, իր նախաձեռնութեամբ, պիտի այցելէ վարժարանս:

Հ.- Ինչպէ՞ս կը գնահատէք դպրոցին մասնակցութիւնը համահայկական ուսումնական եւ դպրոցական ձեռնարկներուն:

dsc_2782

Ն. Ս.- Կը կարծեմ, որ այս հարցը շատ կարեւոր է. Քուէյթի Ազգային վարժարանը պէտք է կարեւոր տեղ ունենայ համահայկական եւ յատկապէս սփիւռքեան դպրոցներու ցանցին մէջ. մենք մեկուսացած եւ ինքնանպատակ հաստատութիւն մը չենք. ճիշդ այդ պատճառով ալ կը կարեւորեմ մեր մանակցութիւնը (ուսուցիչներու եւ աշակերտներու) համահայկական ուսումնակրթական եւ դպրոցական, սփիւռքի եւ հայրենիքի բոլոր կարեւոր ծրագիրներուն մէջ:

Հիմա արդէն կը սերտենք այդ ծրագիրները, որպէսզի որոշենք մեզի համար նպատակայարմար մասնակցութեան եղանակը:

Հ.- Ի՞նչ նոր ծրագիրներ ունի վարժարանը, նիւթական վիճակը ինչպէ՞ս է, ի՞նչ դժուարութիւններ ունիք:

Ն. Ս.- Վերը յիշեցի արդէն քանի մը ծրագիրներ. հոս կ՛ուզեմ աւելցնել նաեւ, որ ծրագիր ունինք դպրոցը թուայնացնելու արդիական IT ի ծրագրով մը, բան մը, որ պիտի նպաստէ վարչական գործերու հեզասահ ընթացքին, տեղեկանքներու ճշգրիտ պահպանման եւ գործածութեան, ինչպէս նաեւ ծնողք- աշակերտ- դպրոց ներգործօն կապի մէջ պահելու իմաստով:

dsc_2791

Համայնքի տնտեսական վիճակը վերջին քանի մը տարիներուն շատ փայլուն չէ, կարիքաւոր ծնողներուն թիւը աճած է, բան մը, որ սկսած է ազդել դպրոցի պիւտճէին վրայ. հակառակ անոր որ Ազգային վարժարանի կրթաթոշակը Քուէյթի միւս վարժարաններէն համեմատաբար շատ աւելի մատչելի է:

Քուէյթի եկեղեցւոյ հիմնախնդիրը վերջին շրջանին առիւծի բաժինը կը խլէ համայնք նիւթական կարելիութիւններուն, ճիշդ այս պատճառով վարժարանս պիտի դիմէ հայկական վարժարաններուն օժանդակող համահայկական հաստատութիւններուն:

Հ.- Ծնողներուն ի՞նչ ունիք յայտնելիք:

Ն. Ս.- Կ՛ուզեմ ըսել, որ Քուէյթի Ազգային վարժարանը քուէյթահայութեան բաբախող սիրտն է, կարելի չէ այս համայնքը պատկերացնել առանց այս հաստատութեան, որուն հիմնադրութեան, պահպանման եւ զարգացման գործին մէջ կայ բոլոր քուէյթահայերուն ճիգն ու քրտինքը. դպրոցին շուրջ բոլորուիլը, նիւթաբարոյական նեցուկ ըլլալը պէտք է բոլորին հիմնական նպատակը ըլլայ:

Այս առիթով յաջողութիւն կը մաղթեմ մեր սիրելի աշակերտներուն, ինչպէս նաեւ` քուէյթահայ համայնքին եւ կը բաղձամ բարգաւաճում եւ յարատեւ զարգացում:

 

Նախորդը

Հայուն Երկուութիւնը

Յաջորդը

Գաղութէ Գաղութ

RelatedPosts

Հոգեկան Սլացք Եւ Աննկարագրելի Ապրում Է Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումը». Մաշտոց Թ. Ծ. Վրդ. Զահթէրեան
Հարցազրոյց

Հոգեկան Սլացք Եւ Աննկարագրելի Ապրում Է Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումը». Մաշտոց Թ. Ծ. Վրդ. Զահթէրեան

Հոկտեմբեր 15, 2025
Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ.  «Մարդը Աթլանթիսէն» Թատերախաղին Մասին Հեղինակ Վաչէ Ատրունիի Եւ Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի Հետ Յատուկ Հարցազրոյց
Հարցազրոյց

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ. «Մարդը Աթլանթիսէն» Թատերախաղին Մասին Հեղինակ Վաչէ Ատրունիի Եւ Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի Հետ Յատուկ Հարցազրոյց

Հոկտեմբեր 6, 2025
Զրոյց` Իրաքահայ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Կարապետ Գալուստեանի Հետ
Հարցազրոյց

Զրոյց` Իրաքահայ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Կարապետ Գալուստեանի Հետ

Սեպտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?