Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայագէտ Ժան-Փիեռ Մահէ 6 Տարի Տրամադրած Է «Մատեան Ողբերգութեան»-ը Ֆրանսերէնի Թարգմանելու

Նոյեմբեր 8, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻԱ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ

jean-pierre-mahe_110816

Ֆրանսացի նշանաւոր հայագէտ, բանասէր եւ պատմաբան Ժան-Փիեռ Մահէ Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» աշխատութիւնը 6 տարուան ընթացքին ֆրանսերէնի թարգմանած է: Անոր համոզումով, հայերէնին եւ ֆրանսերէնին միջեւ կան նմանութիւններ, որոնք կ՛օգնեն աւելի դիւրութեամբ կատարելու թարգմանութիւնները:

«Առաջին անգամ Հայաստան այցելած եմ տակաւին 40 տարի առաջ, որմէ ետք սկսայ Նարեկացի ուսումնասիրել: Այն ատեն արդէն իսկ ֆրանսերէն թարգմանութիւն մը կար, անոր որոշ չափով ծանօթացած էի, սակայն որքան որ ճիշդ ըլլար, անիկա Նարեկին համը չէր տար: Բանաստեղծ Ռուբէն Մելիք ուզեց, որ նոր թարգմանութեան ձեռնարկեմ: Իրականութեան մէջ թերահաւատութեամբ սկսայ գործին` մտածելով, որ չ՛արժեր արդէն թարգմանուածը նորէն թարգմանել: Ու թէեւ կը հրապուրուէի  Նարեկի կերտողութեամբ, սակայն բուն իմաստը չէի հասկնար: Ատիկա տեւեց մինչեւ այն օրը, երբ կարդացի Հրաչեայ Թամրազեանի առաջին յօդուածները: Յանկարծ Նարեկը սկսայ նկատել ոչ թէ իբրեւ երկինքէն ինկած ասուպ մը, այլ` միջնադարեան Հայաստանի մէջ ծնած եւ Նարեկավանքին մէջ դաստիարակուած պատմական անձնաւորութիւն մը», լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ֆրանսացի հայագէտը:

Ժան-Փիեռ Մահէ հայերէն սկսած է սորվիլ իր հայրենիքին` Ֆրանսայի մէջ:

«Առհասարակ այն, որ երկու լեզուներուն մէջ ալ շեշտերը կը դրուին իւրաքանչիւր բառի վերջին վանկին վրայ, կը զգանք բանաստեղծական որեւէ բնագիր թարգմանելու ընթացքին, ատիկա շատ կ՛օգնէ կշռոյթը գտնելու համար: Եթէ հայերէնով տաղ մը կարդանք եւ շեշտերը լսենք, ճիշդ նոյնը պէտք է ֆրանսերէնով կրկնենք` օգտուելով բառերէն, որոնք նմանապէս վերջին վանկին վրայ շեշտադրուած կ՛ըլլան», եզրափակեց Ժան-Փիեռ Մահէ:

Նախորդը

Ըստ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի. Աշխարհի Վրայ Մօտ 385 Միլիոն Մանուկներ Կ՛ապրին Ծայրայեղ Աղքատութեան Մէջ

Յաջորդը

Զարեհ Խրախունիի Ծննդեան 90-Ամեակին Առթիւ

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?