Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մամուլի Խորհրդաժողովի Ընթացքին-Լուսանցքին` Զրոյցի Մը Ընթացքին Ըսուած Խօսքեր

Նոյեմբեր 8, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

balian_110816

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Կարինէ Աւագեան մամուլի խորհրդաժողովէն դուրս հանեց զիս` զրուցելու: Լրագրողները երբեմն անմիջականէ կամ ձեւականէ անդին գացող եւ հիմնականի վերաբերող հարցումներ կ’ուղղեն: Կամ` լսողը այդպէս կ’ընդունի հարցումը: Մեր զրոյցը արդէն հանրութեան սեփականութիւնը դարձած է: Հակառակ անոր որ ըսուածները լսուած են գէթ հետաքրքրուողներուն կողմէ, կ’ուզեմ կարգ մը գաղափարներ ընդլայնել:

Երբ կը հարցուի, թէ «ի՞նչ կարեւորութիւն կու տանք նմանօրինակ համաժողովներու եւ ի՞նչ են տպաւորութիւնները», կա՛մ ընդունուած կարգով «հայրենասիրական-հայասիրական» պատասխան կու տանք, կա՛մ կը փորձենք առարկայական գնահատում ընել, ինչ որ երբեմն կ’անհանգստացնէ, քանի որ յաճախ կը մտահոգուինք «եղածը փրկելու», «բացասական չըլլալու», «քաջալերելու», «միասնականութիւն պահելու» օգտակար համարուող վերաբերումով:

Ժողովի մէջ չէինք, եւ Կարինէ Աւագեանի հարցումին պատասխանեցի հիմնականի եւ հեռանկարի մտահոգութեամբ: Արդարեւ, նման հարցման անկեղծութեամբ պատասխանելը նեղ կացութեան կը մատնէ, քանի որ «համաժողովները անհաւասար ժողովներ» են, քանի որ ներկաներէն շատեր լրագրութեան եւ հրապարակագրութեան ասպարէզին հետ հազիւ թէ կ’առնչուին, եւ անոնց հետաքրքրութիւնները սահմանափակ են, թող թոյլ տրուի ըսել` թաղային մակարդակի են, տարին անգամ մը կամ երկու` ստորագրութիւն ցուցադրելու կը միտին: Սիրողական են: Իրենց իրական ասպարէզով լրագրութենէ եւ հրապարակագրութենէ փարսախներով հեռու են (խօսքը բոլորին չի վերաբերիր): Նման դրութեան մէջ հիմնահարցերը դժուարութեամբ կը քննուին, կամ ի միջի այլոց կը յիշուին եւ յաջորդ օրը կը մոռցուին:

Բազմիցս ըսած եմ, որ համաժողովները օգտակար կ’ըլլան, եթէ նիւթերը եւ զեկուցումները նախապէս ղրկուին կազմակերպող մարմինին, ընտրութիւն կատարուի` ըստ որոշուած օրակարգի, եւ ապա ղրկուին մասնակիցներուն: Այդ պարագային հարցեր կ’առանձնացուին, կը քննուին, եւ կարելի կ’ըլլայ եզրակացութիւններու յանգիլ, թերեւս` որոշումներ ալ կայացնել եւ անոնց իրականացման համար յանձնառութիւն ընդունիլ: Այս պարագային է միայն, որ համաժողովի մը համար կարելի կ’ըլլայ ըսել, որ արդիւնաւոր եղաւ:

Կարինէ Աւագեանին ըսի, որ բազմամարդ ժողովներու անպատեհութիւնը այն է, որ անոնք դիւրաւ կը վերածուին տեսակ մը հանրահաւաքի` «միտինգ»-ի: Կը լսուին հայրենասիրական ճառեր, որոնք կրնային ըսուիլ այս կամ ազգային տօնի առիթով, կամ` ընկերահամակրական ճաշկերոյթներու ընթացքին, եւ ոչ ոք կ’ըսէ, որ խօսողը ժողովին ժամանակը կը խլէ: Ինչպէ՞ս կարելի է վշտացնել հեռուներէն հայրենիք եկած բարի ազգայինը…

Համաժողովները եթէ օրակարգ ունենան եւ հարցեր քննեն, քննարկումները պէտք է ըլլան կլոր սեղանի շուրջ, արտայայտուին թեր եւ դէմ կարծիքներ` հիմնաւորումներով:

Ի հարկէ, համաժողով մը միշտ օգտակար է, կը հաստատուին ծանօթութիւններ, կը լսուին կարծիքներ: Բայց այդ բոլորը տեղի կ’ունենան նաեւ այցելութիւններու եւ բազմամարդ կամ սահմանափակ հանդիպումներու ընթացքին: Համաժողով մը պէտք է յատկանշուի իր լիցքով եւ եզրակացութիւններով: Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութիւնը, ըստ նպատակի, վիճելի չէ: Ցանկութիւնը պէտք է որ վերաբերի լիցքի, մէկ համաժողովէ յաջորդը արձանագրուած յաջողութեան եւ որակի բարելաւման:

Կարինէ Աւագեանը մտահոգութիւն ունի, երբ կը հարցնէ, թէ` «ըսէք, խնդրեմ, թէ ի՛նչ բան կը համարէք ճիշդ լրատուութիւն, լրագրողական աշխատանքի ճիշդ գործելաոճ»:

Այս հարցի մասին յաճախ գրած եւ խօսած եմ: Իմ խոր համոզումով, անհրաժեշտ է զարգացնել հետախուզական մամուլը, ներկայութեան մամուլը, որ կրնայ տանիլ արդարութեան եւ ճշմարտութեան, այսինքն պէտք է պեղել լուրը եւ երթալ դէպի լուրը: Մեր մամուլի լրատուութիւնը կը կատարուի «քաղուածաբար», ստացուած եւ խմբագրուած լուրերով, այսինքն մեր լրատուութիւնը երկրորդ կամ երրորդ արձագանգ է, ոչ լուրի աղբիւր, լրատուութիւն` գրասեղանի ետին նստելով: Կը կրկնեմ. պէտք է երթալ դէպի լուրը` չգոհանալով համացանցով ստացուածով: Գրասեղանի ետին նստած մնալով լրատուութիւն ընել` իսկական լրատուութիւն չէ: Լուրերու հետքով պէտք է երթալ, պեղել` հասկնալու համար, թէ ի՛նչ կայ լուրի ետին, ի՞նչ պատահած է եւ ի՞նչ կը պատահի, ի՞նչ են պատճառները: Երբ նախարար մը կը հրաժարի, լրագրողը կու տայ լուրը, բայց հոն պէտք չէ կանգ առնել, պէտք է բանալ փակագիծերը, փնտռել հրաժարականի (կամ հրաժարեցման) պատճառը, որպէսզի հասարակութիւնը լուսաբանուի, որովհետեւ լուսաբանուած ժողովուրդն է, որ ճիշդ ընտրութիւն կը կատարէ:

Կարինէ Աւագեան հարցում ուղղեց այն մասին, որ համաժողովի ընթացքին շատ խօսուած է լրատուամիջոցներու կողմէ օգտագործուող արհեստագիտութեան եւ համացանցին ընծայած նոր կարելիութիւններու մասին, եւ ընդգծեց, որ գրեթէ ոչ ոք մտահոգութիւն յայտնեց լրագրողի գրելու, գրագիտութեան եւ ստեղծագործական շնորհի, հայոց լեզուով ոչ ճիշդ արտայայտուելու մասին:

Ի հարկէ, մասամբ հարցման մէջ էր պատասխանը: Այս մասին խօսիլ` կրկնութիւն պիտի ըլլայ: Միշտ խօսած եւ գրած եմ, որ մեր զանգուածային լրատուամիջոցները, հեռատեսիլը, համացանցային ելեկտրոնային պարբերականները, մամուլը, հանրակրթարաններ են, եւ հոն է, որ կ’աղաւաղուի մեր լեզուն: Յարգելի բացառութիւններ կան: Կ’օգտագործուին անգլերէն բառեր, որեւէ մարզի, գիւղի բնակիչը ինչպէ՞ս պիտի հասկնայ արդիական, մասնագիտական կամ նորոյթ համարուող բառը կամ ասութիւնը, համեստ մարդիկ ի՞նչ պիտի հասկնան:

Անցեալին թերթի առաջին օրինակը երբ տպուէր, տպագրութիւնը կանգ կ’առնէր, սրբագրիչը ծայրէ ի ծայր կը կարդար, ապա միայն կը տպագրուէր թերթը եւ կը հասնէր ընթերցողին: Հիմա այդ սրբագրութիւնը չկայ, մին արաբաբանութիւն կը դնէ, միւսը ֆրանսաբանութիւն եւ այլն: Լրատուամիջոցներու լեզուն չի հսկուիր, եւ այսպէս կարելի չէ շարունակել: Համաժողովը պէտք է եզրակացութեան յանգի լեզուի հսկողութեան հարցով: Լեզուն ինքնութիւն է. երբ լրագրողը  գեղեցիկ, ճիշդ հայերէնով կը խօսի եւ կը գրէ, ան ժողովուրդի հիացումը եւ վստահութիւնը կը շահի:

Ինչ կը վերաբերի լրագրողի շնորհին, ան օժտուած պէտք է ըլլայ ստեղծագործելու, գրելու շնորհով, ունենայ լայն մտահորիզոն եւ քաջութիւն` ճշմարտութիւնը ըսելու, հրապարակելու, խօսելու անարդարութեան մասին: Այդպէս կ’ըլլայ իսկական լրագրողը, քանի որ ան հանրային ծառայութեան կոչած է ինքզինք:

Կարինէ Աւագեան ինք եզրակացուց մեր զրոյցը. «Շնորհակալութիւ՛ն, պարո՛ն Պալեան. ձեր խօսքը լրագրութեան եւ լրագրողների մասին, յիրաւի, հոգու խօսք է. կարծում եմ` այն  նաեւ ուսուցողական է` ամենալայն իմաստով»:

Իսկ համաժողովը եթէ աւելի կեդրոնանար հիմնահարցերու վրայ եւ խնայուէին ազգասիրական-հայրենասիրական-սեղանապետական ճառերը, մեր մամուլը հաւանօրէն որակի նուաճում կ’ունենար, գէթ այդ մասին աւելի կը խօսուէր:

 նոյեմբեր 2016, Նուազի-լը-Կրան

Նախորդը

Քլինթը՞ն, Թէ՞ Թրամփ Հարցումէն Անդին

Յաջորդը

Կացութիւնը Հալէպի Մէջ

RelatedPosts

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական.  Շուշին Ազգային Վերազարթօնքի Խորհրդանիշ. Վերադարձն Անխուսափելի Է, Համախմբուել Եւ Պայքարել, Սա Է Օրուայ Հրամայականը
Անդրադարձ

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Շուշին Ազգային Վերազարթօնքի Խորհրդանիշ. Վերադարձն Անխուսափելի Է, Համախմբուել Եւ Պայքարել, Սա Է Օրուայ Հրամայականը

Մայիս 15, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

«Հայհոյութիւնը Փաստի Սով Է»

Մայիս 14, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին Յառաջաբանի Փոխարէն

Մայիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?