Յօդուածներ

Հայաստանի Երեխաներուն Մէկ Երրորդը Թէ՛ Աղքատ Է Եւ Թէ՛ Բազմաթիւ Առումներով Խոցելի

Հայաստանի Երեխաներուն Մէկ Երրորդը Թէ՛ Աղքատ Է Եւ Թէ՛ Բազմաթիւ Առումներով Խոցելի

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻԱ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ ՄԱԿ-ի Մանկական հիմնադրամի (ԵՈՒՆԻՍԵՖ) հայաստանեան գրասենեակը եւ Հայաստանի Ազգային վիճակագրական ծառայութիւնը 26 սեպտեմբերին հրապարակած են Հայաստանի մէջ առաջին ամբողջական ազգային վերլուծութիւնը` մանկական բազմաչափ աղքատութեան վերաբերեալ: Իր տեսակին մէջ այս ուսումնասիրութիւնը առաջինն է մեր շրջանին մէջ եւ հիմնուած է ազգային բազմակի համընկնող խոցելիութեան վերլուծութեան մեթոտաբանութեան վրայ, որ մշակուած է ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Ինոչենթի հետաքննութիւններու գրասենեակին կողմէ (Ֆլորանս): Զեկուցումը մանկական աղքատութեան...

ՏԱՀԵՇ-էն Փախուստ Տուած Նատիա Մուրատ Եւ Լամիէ Աճի Պաշար Արժանացած Են Սախարովի Մրցանակին

ՏԱՀԵՇ-էն Փախուստ Տուած Նատիա Մուրատ Եւ Լամիէ Աճի Պաշար Արժանացած Են Սախարովի Մրցանակին

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻԱ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ Եւրոպական Միութեան մարդու իրաւունքներու բարձրագոյն` Անտրէյ Սախարովի անուան մրցանակին արժանացած են ՏԱՀԵՇ-էն փախուստ տուած եզիտիներ Նատիա Մուրատ եւ Լամիէ Աճի Պաշար: Այս մասին կը գրէ «Պի.Պի.Սի.»-ին: Տարեկան դրութեամբ մրցանակաբաշխութեան յաղթողներուն անունները յայտարարուած են 31 հոկտեմբերին Սանթ Փեթերսպուրկի մէջ Եւրոպական խորհրդարանի նիստին ընթացքին: Մրցանակին պաշտօնական տուչութեան արարողութիւնը պիտի կայանայ 14 դեկտեմբերին: «Յանուն ազատ միտքի» մրցանակի յաւակնորդներու ցանկին մէջ...

Արցախի Մէջ  Ապրիլեան Պատերազմին Պատճառով Վնասուած Շրջաններու Վերակառուցման Աշխատանքները Աւարտական Փուլի Մէջ Են

Արցախի Մէջ Ապրիլեան Պատերազմին Պատճառով Վնասուած Շրջաններու Վերակառուցման Աշխատանքները Աւարտական Փուլի Մէջ Են

Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին պատճառով եւ անոր յաջորդող զինուորական գործողութիւններէն վնասուած շրջաններու վերակառուցման աշխատանքները աւարտական փուլի մէջ են: Այս մասին «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց Արցախի քաղաքաշինութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Յունան Թադեւոսեան: «Ապրիլեան զինուորական գործողութիւններուն պատճառով վնասուած էին` Մարտակերտ քաղաքը, Թալիշը, Մատաղիսը եւ Մարտունիի շրջանի Ներքին Ճարտար գիւղը: Զինադադարէն անմիջապէս ետք չափագրումի եւ գոյքագրումի աշխատանքները կատարուած են: Մարտակերտի մէջ արձանագրուած...

Երկրագունդի Բնակչութեան 92 Առ Հարիւրը Ապականած Օդ Կը Շնչէ

Երկրագունդի Բնակչութեան 92 Առ Հարիւրը Ապականած Օդ Կը Շնչէ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻԱ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը հրապարակած է արդիւնքները այն ուսումնասիրութեան, որուն համաձայն, մոլորակի տասը բնակիչներէն ինն կ՛ապրի խիստ ապականած օդով շրջաններու մէջ: Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը կը նախազգուշացնէ այդ մարզին մէջ տիրող «արտակարգ դրութենէն», կը հաղորդէ «Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը: «Օդի ապականութիւնը կը շարունակուի սպառնալի չափերով` ազդելով տնտեսութեան վիճակին եւ մարդկային կեանքի որակին վրայ: Ատիկա արտակարգ դրութիւն մըն է առողջապահութեան համար»,...

Սրբոց Թարգմանչաց Տօնը` Մեսրոպեանի Մէջ

Սրբոց Թարգմանչաց Տօնը` Մեսրոպեանի Մէջ

Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարք. «Մեսրոպեանը Հայ Կաթողիկէ Մեծագոյն Եւ Ամենակարեւոր Հաստատութիւնն Է» 2016-ի հոկտեմբեր 28-ին տեղի ունեցաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի Թարգմանչաց տօնին նուիրուած աշակերտական հանդիսութիւնը, որուն նախագահեց Գրիգոր Պետրոս Ի. պատրիարքը: Հանդիսութեան ընթացքին իր հայրական խօսքը ուղղելով աշակերտութեան եւ Մեսրոպեանի անձնակազմին` Գրիգոր Պետրոս Ի. դիտել տուաւ, որ բախտաւոր ու երջանիկ է այն հայ մանուկը, որ հասակ կը...

Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանը Կը Նշէ Հայ Գիրի Եւ Դպրութեան Տօնը

Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանը Կը Նշէ Հայ Գիրի Եւ Դպրութեան Տօնը

Հայ ժողովուրդը իր ազգային ու եկեղեցական տօներու շարքին ունի նաեւ իր լեզուին ու մշակոյթին տօնը: Իւրաքանչիւր տարուան հոկտեմբեր ամսուն մենք իւրայատուկ խանդավառութեամբ կը նշենք հայ մշակոյթի, գիրի ու գրականութեան ծնողները հանդիսացող մեր Սրբոց Թարգմանչաց վարդապետներու անմոռաց յիշատակելի օրը: Ուրբաթ, 28 հոկտեմբեր 2016-ի ատենամարզանքը նուիրուած էր Թարգմանչաց տօնին: Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, 11-րդ դասարանի աշակերտ Թամար Կանիմեան բացման...

Ներշնչուելով Լիբանանի Ապրած Արտակարգ Ու Անկրկնելի Զարգացումներու Շաբաթէն

Ներշնչուելով Լիբանանի Ապրած Արտակարգ Ու Անկրկնելի Զարգացումներու Շաբաթէն

ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ Արդեօք իրականութի՞ւն է, թէ՞ ցնորք: Հաւանաբար լիբանանցի քաղաքացին, որ իր տեսակին մէջ լուրերու եւ հեռատեսիլէն սփռուող քաղաքական զրոյցներու հետեւող է, վերջին երկու շաբթուան ընթացքին օրական քանի մը անգամ այս հարցը կու տայ ինքզինքին` մերթ միտքէն, մերթ ներքուստ, մերթ բարձրաձայն մտածելով: Հաւանաբար առաջին օրերուն, այսինքն երբ նախագահական ընտրութեան կարելիութեան մասին շրջանառութեան մէջ դրուեցան լուրեր, ան աւելի կասկածամիտ էր, այդ...

Շահէն Մեղրեանի Յիշատակին Նուիրուած Ձեռնարկ

Շահէն Մեղրեանի Յիշատակին Նուիրուած Ձեռնարկ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շահէն Մեղրեան» մասնաճիւղին, կիրակի, 30 հոկտեմբեր 2016-ին, տեղի ունեցաւ արցախեան հերոս Շահէն Մեղրեանի յիշատակին նուիրուած ձեռնարկ մը, Զալքայի «Գարեգին Նժդեհ» ակումբի շրջափակին մէջ: Բացման խօսքը կատարեց Վանայ Ճենանեան, որ ամփոփ կերպով խօսելէ ետք Շահէն Մեղրեանի գործունէութեան մասին, անդրադարձաւ հերոսին ու անոր նմաններուն ունեցած ազդեցութեան մասին` մեր առօրեայ կեանքերուն մէջ. ան ըսաւ, որ  հերոսին անունը կրող մասնաճիւղի ԼԵՄ-ականները...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Քուէն…Ո՛չ Ոքի

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Քուէն…Ո՛չ Ոքի

Վճռական ժամը կը մօտենայ, եւ քանի մը օրէն` յառաջիկայ երեքշաբթի, նոյեմբեր 8-ին, Միացեալ Նահանգները պիտի ընտրեն իրենց 45-րդ նախագահը: Արդեօք որքանո՞վ մնացած է հետաքրքրութիւն, պայքար եւ ամէնէն կարեւորը` մակարդակ: Յստակ է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններու պատմութեան մէջ ամէնէն արտառոց կացութիւնը ստեղծուած է, երբ երկու թեկնածուները, փոխանակ յառաջիկայ չորս տարիներու յատուկ փլաթֆորմ, գործընթաց եւ թղթածրար պատրաստելու եւ ներկայացնելու, ընդհանրապէս ցեխարձակումներ...

Լրագրողներու Համահայկական 8-րդ Համաժողովին Արտասանուած Խօսքեր

Լրագրողներու Համահայկական 8-րդ Համաժողովին Արտասանուած Խօսքեր

Համազգային Հայեցակարգի Անհրաժեշտութիւնը Հայ Մամուլի Մէջ ԱՀԱՐՈՆ ՇԽԸՐՏԸՄԵԱՆ Հայ երիտասարդաց ընկերակցութեան մամուլի եւ տեղեկատուութեան պատասխանատու Մամուլը ոչ միայն մարդկանց լուսաւորելու միջոց է, այլ նաեւ` առաջնորդող, գաղափարներ մատուցող, աշխարհահայեացք եւ հասարակական կարծիք ձեւաւորող: Հայաստանեան ու սփիւռքեան մամուլը մտահոգութիւններով, առաջնահերթութիւններով գտնւում են տարբեր հարթութիւնների վրայ: Իւրաքանչիւրն ունի իր սեփական աշխատանքային դաշտը, միջավայրը, դժուարութիւններն ու դրանց լուծման եղանակները: Որքանո՞վ է հայ մամուլը գտնւում...

«Հայ Պարբերական Մամւոլի Դերն Օտար Միջավայրում Ազգային Եւ Մշակութային Արժէքների Տարածման Գործում»

«Հայ Պարբերական Մամւոլի Դերն Օտար Միջավայրում Ազգային Եւ Մշակութային Արժէքների Տարածման Գործում»

  ԱՆՆԱ ԳԻՎԱՐԳԻԶԵԱՆ Մոսկուայի «Ժամ» ամսագրի գլխաւոր խմբագիր Ազգային եւ մշակութային արժէքների տարածման գործում հայ պարբերական մամուլի դերն օտար միջավայրում դժուար է գերագնահատել: Համայնքը, որպէս այդպիսին, կայանում է նախ եւ առաջ որպէս հոգեւոր կառոյց, ուստի տպագիր խօսքի ու պարբերականի միջոցով հաղորդակցուելը, տուեալ համայնքի համախմբելը, նրան այլ համայնքների հայութեան հետ մամուլի միջոցով կապելը միշտ էլ եղել եւ մնում է կենսական անհրաժեշտութիւն,...

Կը Փակենք, Հա՛ Կը Փակենք

Ընտրական Ուղեցոյց

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ Նախագահական թեկնածուներէն ո՛չ մէկուն իր զօրակցութիւնը շնորհած Հայ դատի յանձնախումբը, այնուհանդերձ, ոգի ի բռին կ՛աշխատի հայ քուէարկողներուն թիւը աւելցնել եւ զանոնք մղել յառաջիկայ երեքշաբթի օր անպայմա՛ն քուէարկելու: Առաջին հերթին, Հայ դատի յանձնախումբը նախանձախնդիր է իր զօրակցութիւնը վայելող թեկնածուներուն համար առաւելագոյն քուէն ապահովելու: Նահանգային նշանակութեան ընտրութիւններուն չափազանց կարեւոր է քուէարկել Արտի Քասախեանի եւ Էնթընի Փորթանթինոյի օգտին: Հայ դատի յանձնախումբը...

ԼՕԽ-ի Բազմաճիւղ Գործունէութեան Մասին  Հարցազրոյց` ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան  Ատենապետ Մարալ Մխճեանի Հետ

ԼՕԽ-ի Բազմաճիւղ Գործունէութեան Մասին Հարցազրոյց` ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Ատենապետ Մարալ Մխճեանի Հետ

Հարցազրոյցը վարեց` ՀՈՒՐԻ ՓԱՓԱԶԵԱՆ-ԷՄՄԻԵԱՆ ԼՕԽ-ը եղած է ու կը շարունակէ ըլլալ լիբանանահայ իրականութեան ամէնէն աշխուժ եւ արդիւնաւէտ, լայնածիր աշխատանք տանող կառոյցներէն մէկը, որուն գործունէութեան մէջ ներառուած են տարբեր բնագաւառներ, տարբեր տարիքի եւ խմբաւորումներու պատկանող անհատներ: Այս բոլորին, տարուող աշխատանքին, առկայ դժուարութիւններուն եւ ապագայի ծրագիրներուն մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց ԼՕԽ-ի  Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մարալ Մխճեան` իրեն հետ կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին: Լիբանանահայութեան...

ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն

ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն

ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը անցնող ամիսներուն տարբեր բնագաւառներու մէջ գործակցեցաւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ, ինչպէս` «Catholic Relief Services» (CRS), UNDP, MECC, YMCA, WHO, UNICEF-ի, տեղական եւ պետական կառոյցներու հետ, ինչպէս` Լիբանանի առողջապահութեան եւ ընկերային բարօրութեան նախարարութիւններուն եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան հետ: Այս գործակցութիւնը նաեւ առիթ ընծայեց, որ կեդրոնի անձնակազմը մասնակցի վարչական, առողջապահական եւ ընկերային զանազան նիւթերու առնչուած վերաորակաւորման վարժանիստերու դասընթացքներու...

ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» Մանկապատանեկան Գրադարանի Ամառնային Աշխատանքները

ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» Մանկապատանեկան Գրադարանի Ամառնային Աշխատանքները

  ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութիւնն ու հոգածութիւնը վայելող «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանը իր ամառնային շրջանը ունեցաւ 4 յուլիսէն մինչեւ 16 սեպտեմբեր: Գրադարան յաճախող 6-12 տարեկան պատանիներուն համար ծրագրուեցան եւ գործադրուեցան տարբեր տեսակի յայտագիրներ` երկուշաբթիէն ուրբաթ, ժամը 9:00-1:00: 2016-ի ամառնային յայտագիրին մէջ իր կարեւոր տեղը ունեցաւ Յովհաննէս Թումանեանը, որուն ծանօթացման տարբեր նախաձեռնութիւններ կատարուեցան` յատկապէս անոր հեքիաթներուն ճամբով: Կատարուեցան նաեւ` երգերու եւ...

Կազդուրման Կայանին Յարկին Տակ Իրենց Արձակուրդը Անցուցին 41 Մանուկներ

Կազդուրման Կայանին Յարկին Տակ Իրենց Արձակուրդը Անցուցին 41 Մանուկներ

ԼՕԽ-ի համար կարեւոր աւանդութիւն նկատուող աշխատանքներէն է Կազդուրման կայանի կազմակերպումը, որուն ընդմէջէն առիթ կը տրուի ընկերային հարցեր դիմագրաւող ընտանիքներու զաւակներուն հաճելի արձակուրդ անցընելու այս նպատակին համար Այնճարի մէջ կառուցուած «Ալեքսան եւ Արաքսի Գլպաշեան» կեդրոնին մէջ, նաեւ` գիտելիք ամբարելու եւ պտոյտներու մասնակցելու: Այս տարի 41 մանուկներ 25 յուլիսէն 14 օգոստոս բաժնուեցան տարիքային չորս խմբակներու` իբրեւ պատասխանատու ունենալով ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ընկերային...

634 Հայ Աշակերտներ` «Հաուըրտ Գարակէօզեան»-ի Հոգատար Երդիքին Տակ

634 Հայ Աշակերտներ` «Հաուըրտ Գարակէօզեան»-ի Հոգատար Երդիքին Տակ

«Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան  Ուսումնական յատուկ կարիքներ ունեցող մանկավարժական կեդրոնը 2015-2016 տարեշրջանին մանկավարժական մասնագիտական ծառայութիւն մատուցեց ընդհանուր 634 հայ աշակերտներու: Մեկնելով այս տուեալէն եւ հայ վարժարաններուն մէջ մանկավարժական մասնագիտական եւ ներառական կրթութիւնը քաջալերելու նպատակով  կեդրոնը կազմակերպեց հայկական վարժարաններու տնօրէններու եւ պատասխանատուներու ժողով-հաւաք, որ տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 27 հոկտեմբեր 2016-ին: Հրաւիրուեցան Լիբանանի տարածքին գործող 22 հայկական վարժարաններու տնօրէններու մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի պատասխանատուները:...

«Լիպանիզ Միուզիք Սքուլ» Երաժշտական Դպրոցի 6-րդ Վերամուտ

«Լիպանիզ Միուզիք Սքուլ» Երաժշտական Դպրոցի 6-րդ Վերամուտ

«Լիպանիզ միուզիք սքուլ» երաժշտական դպրոցը իր 6-րդ տարեշրջանի վերամուտի արարողութիւնը կատարեց 29 հոկտեմբերին: Դպրոցի աշակերտները, իրենց ամէնօրեայ դասերուն զուգահեռ, մասնակցեցան նաեւ տարեկան վերամուտին, որ այս տարի յատկանշուեցաւ գեղանկարչական ցուցահանդէսով մը: Ցուցադրուեցան դպրոցի գեղանկարչութեան դասընթացքներուն հետեւած աշակերտներուն գծագրութիւնները, ինչպէս նաեւ դաշնակի եւ ջութակի վրայ երաժշտական կտորներ մատուցուեցան: Ներկաներուն բարի գալուստի խօսք ուղղեց դպրոցի գլխաւոր պատասխանատուն, որ խօսեցաւ արտերկրի, յատկապէս Իտալիոյ «Անթոնիօ...

Անդրադարձ.  Քաղաքական Հոլովոյթի Աւարտը

Անդրադարձ. Քաղաքական Հոլովոյթի Աւարտը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Թուրքիան օրըստօրէ կը մխրճուի բռնատիրութեան ու խաւարի անդունդին մէջ: Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ 4 նոյեմբերի կանուխ առաւօտեան ձերբակալած է քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ 11 անդամները, ներառեալ կուսակցութեան համանախագահներ Սելահեթթին Տեմիրթաշն ու Ֆիկեն Եիւքսեքտաղը: Տիարպեքիրի դատախազի գրասենեակը յայտարարութիւն մը հրապարակելով նշեց, որ ձերբակալութիւններու եւ խուզարկութիւններու հրամանագիրները հիմնուած են «հաստատ փաստերու վրայ հիմնուած ուժեղ կասկածներու վրայ»` աւելցնելով,...

Քեսապի Նշանաւոր Դափնիի Իւղը Եւ Գիւղատնտեսութեան Ամփոփ Հոլովոյթը

Քեսապի Նշանաւոր Դափնիի Իւղը Եւ Գիւղատնտեսութեան Ամփոփ Հոլովոյթը

ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Մեծ եղեռնի տեղահանութենէն ետք, երբ քեսապցիք վերադարձած են գիւղ, անոնց թիւը նուազած է 8500-էն մինչեւ 2300, եւ ընդհանրապէս  ապրած են հացահատիկներու վարուցանէն: Կ՛ըսուի, թէ լեռներու ծերպերուն վրայ, երբ գտած են փոքրիկ` 50սմx50սմ ծաւալով փոքրիկ գոգ մը, իրենց բաճկոնին գրպանի («ջըպըգուն» կոչուած) ափ մը ցորենը ցանած, հնձած, ապա ալիւրի ու հացի վերածած` կրցած են քարշ տալ իրենց տառապալի...

Page 877 of 1110 1 … 876 877 878 … 1,110

Արխիւներ