ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
1915-ի հայոց ցեղասպանութենէն տարիներ առաջ մեծ թիւով պանդուխտ հայեր, մեծամասնութեամբ` Խարբերդի եւ շրջակայ գաւառներէն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, առաւելաբար` Պոսթընի եւ Նիւ Եորքի շրջաններուն մէջ, հիմնած էին փոքրիկ հայկական գաղութներ:Դաշտահանդէսներու կամ այլ տեսակի միութենական ձեռնարկներուն, կ՛երգէին իրենց պապենական տուներէն սորված երգերը: Երաժշտական գործիքները առաւելաբար արեւելեան նուագարաններ էին` ուտ, սրինգ, սազ,մանտոլին, քլարինեթ, տհոլ եւ զուռնա:
Քանի մը օրինակ` այդ տիպի երգերէն:
«Բաց քուչինը, տուր դանակը,
խնձոր կիսեմ, տամ եարիս տիլիմ տիլիմ»:
«Դուռը բաց, Տիգրան,
Տիգրան ինչո՞ւ դուռը չես բանար»:
«Գիւղէն իջաւ Ղազարը,
Լէպլէպուներ կը ծախեմ,
Աղջիկները կը խաբեմ»:
Կային նաեւ երգիչներ, որոնք գոհ էին իրենց կեանքէն, եւ Ամերիկայի գովքը կը հիւսէին:
«Մէկ փափաք մը ունէի, Ամերիկա գալ, Ամերիկա գալ.
Նիւ Եորք, Պոսթոն, Քալիֆորնիա
Ի՜նչ աղուոր, ի՜նչ սիրուն, ի՜նչ աղուոր քաղաք»:
Այս տիպի երաժշտութեան կու տան «ալաթուրքա» անունը, եւ ամենաճանչցուած երգիչներէն կարելի է յիշել` Ճան Պիլեզիկեանը, Օննիկ Տինքճեանը, եւ Կի Չուքուրեանը:
Լիբանան միշտ նախաձեռնողը եղած է նորութիւններու:
Մանկութեանս լսած էի երգչուհի Մաթիլտ Պուտաքեանին անունը, որ այդ ժամանակներէն «յանդգնութիւնը» ունեցած էր հայերէն երգեր ձայնագրելու եւ ելոյթ ունեցած էր Լիբանանի պետական ձայնասփիւռէն:
Երբ Շթորա օդափոխութեան ելլէինք, ամէն երեկոյ հայ գիւղագնացներէն երիտասարդները «Սերենատ»-ի կ՛ելլէին ու երգելով` գիւղին շուրջը կը դառնային, իսկ մենք` փոքրերս, կը հետեւէինք անոնց:
«Մի անգամ նայուածքովդ» ամենաշատ երգուածն էր, որուն կը յաջորդէր «Գիշերն անուշ է»:
Տարիներ ետք լսեցի, որ անոնք երգուած եւ ձայնապնակի վերածուած էին Մաթիլտ Պուտաքեանին կողմէ:
Մանկութեանս տարիներուն մեր տան մէջ ձայնասփիւռ կամ ֆոնոկրաֆ չենք ունեցած: Ինձմէ աւելի տարեցներէն լսած եմ, որ նախապէս կը յայտարարուէր իր ելոյթի մասին, եւ լիբանանահայութեան մեծ մասը, այդ օր, ձայնասփիւռին դիմաց անհամբեր կը սպասէր` ունկնդրելու հայերէն մէկ կամ երկու երգեր, մեկնաբանութեամբ Մաթիլտ Պուտաքեանի:
Ան եղած է Լիբանանի առաջին հայերէն երգեր մեկնաբանողը:
Անժխտելի իրողութիւն մը:
Աւելի ուշ` քանի մը երգիչներ, որոնց շարքին Վարդիվառ Անթոսեան եւ Արա Քեքեճեան, որոնք առաւելաբար կ’երգէին նշանախօսութիւններու եւ խրախճանքներու ընթացքին, քանի մը հայերէն երգեր սկսան աւելցնել իրենց եւրոպական երգացանկին մէջ:
1960-ական թուականներու կէսերուն Նշան Փալանճեան Ճեմարանի դասընկերներէս քանի մը տղաք «Brown Bros» անունով նուագախումբ մը կազմած էին, եւ «Վասպուրական» սրահին մէջ ելոյթ ունեցան` մեծամասնութեամբ եւրոպական երգացանկով: Նուագախումբի երգիչ, ողբացեալ Բենօ Թոնդեանի այդ օրուան երգած միակ հայերէն երգը «Գիշերն անուշ Է», մեծ աղմուկ բարձրացուց կարգ մը ուսուցիչներու մօտ: Ճեմարանի «Մատամ»-ը` Ֆրանսական գրականութեան ուսուցչուհին, տիկին Եոլանտ Աճէմեան, ընդվզած երգահանդէսը կէս ձգելով հեռացաւ սրահէն: Այդ տարիներուն մեզմէ տարեցներուն համար անընդունելի էր հայկական երգ մը արեւմտեան նուագարաններով ունկնդրելը:
Տասնեակ մը տարի ետք, անհատի մը նախաձեռնութեամբ, ծնունդ առաւ երաժշտութեան նոր, տարբեր ոճ մը եւ շուտով տարածուեցաւ համայն աշխարհի հայկական գաղութներէն ներս:Շատ հաւանաբար այդ անհատը ինքն ալ անտեղեակ էր, թէ հիմնովին պիտի փոխէր հայկական երաժշտութեան ոճը եւ նոր շարժում մը պիտի սկսէր, որ պիտի կոչուէր հայերէն «Էսդրատային» Երգ:
«Էսդրատային», խորքին մէջ, շինծու բառ մըն է, զոր մենք հայացուցած ենք: Կը նշանակէ հայկական արդի երաժշտութեան ոճի տեսակ մը, ուր կը գործածուին արեւմտեան նուագարաններ, օրինակ` ելեկտրական կիթառ, երգեհոն, «ճազ» տիպի թմբուկ, սաքսոֆոն, թրոմբեթ եւ այլն:
Փակագիծ մը:
Յասմիկ Մանասերեան` Երեւան ծնած ու հասակ առածերիտասարդ ինքնուս երգահան մը, որուն յօրինած տասնեակներով սիրային երգերը, որքան ալ հաճելի ու դիւրամատչելի, Երեւանի մէջ միշտ ալ մերժուած էին արհեստավարժ երգիչներու կողմէ եւ բնաւ չէին ձայնասփռուած Երեւանի պետական ռատիոկայանէն, երաժշտանոց յաճախած չըլլալու «յանցանքով»:
Ատիս Հարմանտեան:
Պուրճ Համուտ ծնած ու հասակ առած երիտասարդ երգիչ մը, որուն երգացանկին մէջ միայն եւրոպական երգերու կը հանդիպէինք: Իբրեւ եւրոպական երգացանկով երգիչ` բնաւ չէր ունեցած Էտի Քեւի (Գէորգ Խաչերեան) կամ Մանուէլ Մենենկիչեանի ժողովրդականութիւնը, եւ ահա առիթը կը տրուի հայերէն երգելու եւ քանի մը ամիսէն արդէն կը դառնայ համայն հայութեան ամենափնտռուած երգիչը`շնորհիւ Յասմիկ Մանասերեանի յօրինած ա՛յն երգերուն, որոնք երկար տարիներ մերժուած ու անտեսուած էին Երեւանի մէջ:
Որո՞ւ միտքէն պիտի անցնէր,որ 1968-ին, յանկարծ «հրաշք»ով մը տարիներ ժողովրդականութիւն չունեցող երգիչ մը, երգելով Յասմիկ Մանասերեանի անտեսուած երգերը, յանկարծ պիտի դառնար հայութեան ամենասիրուած երգիչը, իսկ Յասմիկ Մանասէրեանի գրած երգերը` ամենասիրուած հայերէն էսդրատային երգերը:
Ինչպէ՞ս տեղի ունեցաւ այդ «հրաշք»-ը:
Գալուստ ճանսըզեան ծանօթ անուն մըն է լիբանանահայ թատերասէրներու մօտ` իբրեւ լաւ դերասան: Յաջող դերեր վերցուցած է Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին մէջ:
Գալուստ կը սիրէր, նաեւ երգել: Կ’ուզէ արձանագրել հայերէն ձայնապնակ մը, Յասմիկ Մանասէրեանի յօրինումներէն «Ծաղիկներ» երգը: Կը դիմէ Դանիէլ Տէր Սահակեանին, որ արաբական ձայնապնակներու արտադրիչ էր, եւ կու տայ հայերէն երգ մը արձանագրելու գաղափարը: Դանիէլ, հետաքրքրական կը գտնէ առաջարկը: Յայտնի իտալացի երաժիշտ Reddy Bobbio-ին կը վստահին «Ծաղիկներ»-ը դաշնաւորելու եւ արձանագրելու գործը: Արձանագրութիւնը յաջող կ՛ընթանայ, եւ հիմա ժամանակն է, որ այդ երաժշտութեան վրայ երգուի: Ամէն երգ նախ` երաժշտութիւնը կ’արձանագրուի, ապա փլէյ պաքի վրայ է, որ երգիչը կ’երգէ, եւ հետագային այդ ձայնագրութիւնը կը վերածուի ձայնապնակի: Հիմա, որ արձանագրութիւնը պատրաստ է, Գալուստ կը փորձէ երգել, սակայն դժբախտաբար այդ կարողութիւնը չունի: Բազմաթիւ անգամներ դարձեալ կը փորձէ, սակայն` ապարդիւն: Գալուստ սթիւտիոյի մէջ երգելու ո՛չ փորձառութիւնը, ոչ ալ կարողութիւնը ունի:Դանիէլ, որ կոկիկ գումար մը ծախսած է, չ’ուզեր տեղի տալ: Կը փնտռէ տարբեր երգիչներ, որ երգեն այդ ձայնագրութեան վրայ: էտի Քեւ եւ Մանուէլ Մէնէնկիչեան բացարձակապէս կը մերժեն հայերէն երգել: Կը դիմէ Արա Կիրակոսեանին, որ դասական երգիչ էր, եւ երգելու ոճը օփերա կը բուրէ, ինչ որ չի համապատասխաներ «Ծաղիկներ»-ու նման երգի մը:
Կը դիմէ Արա Քեքեճեանին: Շատ մանկական երգի բնոյթ ունի: Լեւոն Գաթրճեանի: Էսդրատային բնաւ չէ երգած, երգչախումբի մենակատար երգիչ է.դարձեալ անյաջող: Յուսահատելու վրայ է, երբ Անդրանիկ Մարտիրոսեան, որ Պուրճ Համուտի մէջ առաջին «տիսքոթեք»-ը ունէր, Դանիէլին կ’ըսէ. «Ես տղայ մը կը ճանչնամ, որ բաւական լաւ կ’երգէ եւ ֆրանսերէն ձայնապնակ մըն ալ արձանագրած է, կ’ուզե՞ս փորձել: Խօսքը կը վերաբերէր Ատիս Հարմանտին, բուն անունով` Աւետիս Հարմանտեան, որ օտար լեզուներով կ’երգէր, յատկապէս` ֆրանսերէն, եւ մտքէն իսկ չէր անցըներ հայկական երգիչ դառնալ:
Ատիս, որ սթիւտիոյի մէջ երգելու փորձառութիւն ունէր եւ մանաւանդ բախտով, երգը, որ արձանագրուած էր, իր ձայնին յարմար բարձրութեան էր, ինչ որ շատ կարեւոր է: Առաջին անգամէն իսկ յաջող դուրս կու գայ եւ «Ծաղիկներ»-ու հրապարակ իջնելն ու հազարաւոր ձայնապնակ ծախուիլը միայն շաբաթներու հարց կ՛ըլլայ: «Ծաղիկներ»-ը թարմ հացի նման կը սկսի ծախուիլ: Մեծ թիւով լիբանանահայեր, որոնք թրքերէն կ’ունկնդրէին, հիմա արդէն հայերէն կ՛ունկնդրեն: Ժամանակ պէտք չէ կորսնցնել: Անմիջապէս կ’արձանագրեն երկրորդ ձայնապնակը` «Մանուշակ», ապա երրորդը, չորրորդը` «Մթնշաղ», «Ծաղիկներս ու՞մ նուիրեմ», «Այլ աչեր» եւ շատ ուրիշներ: Ատիս ներկայանալի երիտասարդ էր, այդ ժամանակ` հազիւ 20-21 տարեկան: Ժողովուրդը, երգիչի մը ձայնին չափ, երբեմն ձայնէն ալ աւելի, արտաքինին կարեւորութիւն կու տայ: Ատիսի լաւ երգելու, լաւ ձայն ունենալու կողքին, իր յաջողութեան նպաստեց իր արտաքինը: Յասմիկ Մանասէրեանի գրած երգերը, մեծամասնութեամբ պարզ եւ դիւրին ըմբռնելի երգեր էին: Ամէն ինչ ի նպաստ գնաց, որ Ատիս յաջողի, եւ կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ ան դարձաւ ոչ միայն լիբանանահայութեան, այլ Միջին Արեւելքի եւ ապա համայն աշխարհի հայութեան ամենասիրուած երգիչը:
Ճիշդ է, որ գաղափարը յղացողը եղաւ Գալուստ Ճանսզեան, սակայն Ատիս եղած է, եւ է՛ հայ էսդրատային երգի ռահվիրան:
Reddy Bobbio, որուն վստահուած էր երաժշտական դաշնաւորումը, ժամանակաւորապէս Պէյրութ կը գտնուէր եւ կարճ ժամանակ ետք մեկնեցաւ եւ այս անգամ երգերու դաշնաւորումը վստահուեցաւ լիբանանահայ նշանաւոր դաշնակահար Ժաք Գոճեանին, որ երկար տարիներ եղաւ նաեւ Ատիսի նուագախումբին դաշնակահար-խմբավարը: Ատիս սկսաւ հրաւէրներ ստանալ նախ հալէպահայութենէն, ապա Եգիպտոսէն, եւ աւելի ուշ` Պարսկաստանէն, ուր մնաց բաւական երկար: Պէյրութ վերադարձին շրջապտոյտի ելաւ դէպի Միացեալ Նահանգներ: Ասկէ մօտ 50 տարիներ առաջ հիմակուան պէս Ամերիկա-Պէյրութ «ջուրի ճամբայ» չէր դարձած տակաւին, եւ Ատիսի Ամերիկա շրջապտոյտի ելլելը խաղալիք բան չէր: Ատիս երգահանդէսներ տուաւ աշխարհի չորս ծագերուն: Միջին Արեւելքէն` Եւրոպա, Միացեալ Նահանգներ, Հարաւային Ամերիկա, Քանատա, Ափրիկէ, Աւստրալիա, մէկ խօսքով` ամէն տեղ, ուր հայ կայ: Ատիսի բարձունքի տարիներուն, որոշ շրջան մը պատիւը ունեցայ մաս կազմելու իր հիանալի նուագախումբին: Գրիչով կարելի չէ նկարագրել Ատիսի ժողովրդականութիւնը: Դարձած էր հայութեան կուռքը:
* * *
Ատիսի յաջողութենէն կարճ ժամանակ ետք, Լեւոն Գաթրճեան, որ երգչախումբերու մենակատար երգիչ էր, աշուղական երգացանկով հրապարակ իջեցուց ձայնապնակներու շարք մը: Լեւոնին երգերը նմանապէս մեծ ընդունելութիւն գտան առաւելաբար աւելի տարեցներու քով: Ամէնուրեք հայ երգն էր, որ կը հնչէր, տուներէն ներս, ինքնաշարժներու եւ հայկական գործատեղիներու մէջ:
Մեծ թիւով հայ երգիչներ, որոնք ժամանակին ոչ իսկ մէկ հայերէն երգ կ’երգէին, մինչեւ իսկ օտարացուցած էին իրենց անունները, քաջալերուած` սկսան հայերէն երգեր արձանագրել եւ վերադարձան իրենց իսկական հայկական անուններուն:
Քինկ Արթըրը, դարձաւ Յարօ Բուրեան (բուն անունով Յարութիւն Հոբուրեան), Փոլ տը փինս, (բուն անունով` Գոգօ), դարձաւ Փոլ Պաղտատլեան, Մաքսիմ (բուն անունով` Յարութ) աւելցուց իր մականունը` Փանոսեան, եւ անշուշտ Ատիս Հարման,(բուն անունով Աւետիս Հարմանտեան) աւելցուց իր մականունի վերջաւորութեան «եան»-ը, դառնալով Ատիս Հարմանտեան:
Հայերէն երգերը ընդունելութիւն գտան նաեւ տեղացի արաբներու մօտ, եւ շատ էր հայերէն ունկնդրողներուն թիւը:
Մեծահամբաւ երգչուհի Ֆէյրուզի քոյրը` Հուտա Հատտատ, մինչեւ իսկ հայերէն երգ մը ձայնագրեց Ալեքս Մնակեանի դաշնաւորումով: «Սեւորակ տղայ»:
Քանի մը հայերէն երգեր թարգմանուեցան եւ երգուեցան արաբերէնով, որոնցմէ կարելի է յիշել «Գարուն, գարուն» եւ «Եարս տարան»:
1960-ականներու սկիզբն էր, երբ Զաւարեան աշակերտական միութիւնը, հրապարակ հանեց «Թրքերէն խօսողին հայերէն պատասխանէ» լոզունգը, եւ սկսանք զետեղել Պուրճ Համուտի բոլոր խանութներուն ցուցափեղկերուն մէջ` կասեցնելու համար թրքախօսութիւնը:
«Թրքերէնի տեղ հայերէն ունկնդրէ» լոզունգին կարիքը չունեցանք: Էսդրատային երգերը ինքնաբերաբար զգալիօրէն նուազեցուցին եւ աւելի ուշ արմատախիլ ըրին թրքերէն երաժշտութիւնը: Ատիս Հարմանտեան իր «Ծաղիկներ»-ով, Լեւոն Գաթրճեան «Տլէ Եաման»-ով, Արա Քեքեճեան իր «Շոգեկառք»-ով, Ճորճ Թիւթիւնճեան եւ Գառնիկ Սարգիսեան յեղափոխական երգերով հայ տուներէն դուրս նետեցին թրքերէն երգը:
Ամէնուրեք հայ երգն էր, որ կը հնչէր:
Թրքերէն երգը հեռացաւ հայ տուներէն ու հայ շրթներէն:
Լոս Անճելըս 2016
Շար. 2
Good job sireli Boghos, mintchev aysor yev havidian bidi sharounagvi Hayeren yerke leselov, yerkelov yev nor serountin pokhantselov…