ԿԱՐՕ ՀԷՔԻՄԵԱՆ
Հարաւային Ամերիկա տուած կուսակցական աշխատանքային այցելութեան ծիրին մէջ 1-3 նոյեմբերին Ուրուկուէյի մայրաքաղաք Մոնթէվիտէօ այցելեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Հայ դատի Միջազգային խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, որ առաջին առթիւ այցելեց «Կոմիտաս» ռատիոժամի լսարան, ուր ուղղակի սփռումով շահեկան հարցազրոյց մը տուաւ` կեդրոնանալով Հայ դատի գրասենեակներու եւ ընդհանրապէս բազմաթիւ երկիրներու մէջ գործող յանձնախումբերու կողմէ ծաւալող հսկայական աշխատանքներուն վրայ: Նկատի ունենալով, որ Յ. Տէր Խաչատուրեան նաեւ Հայ դատի Միջազգային խորհուրդի նախագահն է եւ շատ մօտէն կը հետևի աշխարհով մէկ գտնուող Հայ դատի թէ՛ գրասենեակներուն, եւ թէ յանձնախումբերու առօրեայ գործունէութիւններուն, ան ունկնդիրներուն մանրամասնութիւններ փոխանցեց այն աշխատանքներուն մասին, որոնք կը կատարուին յատկապէս Պրիւքսէլի, Ուաշինկթընի, Մոսկուայի, Լիբանանի եւ Հայաստանի մէջ, ուր տիւ ու գիշեր Հայ դատի վերաբերեալ բեղուն եւ հսկայ գործունէութիւն կը տարուի արհեստավարժ եւ այդ կարեւոր նիւթին մէջ մասնագիտացած ընկերներու եւ համակիրներու կողմէ, որոնք հոսանքն ի վեր թիավարելով, մարտահրաւէրներ դիմագրաւելով, յառաջ կը տանին մեր արդար եւ անյետաձգելի իրաւունքներու ու մեր պահաջատիրութեան տիտանական գործունէութիւնը:
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան շեշտը դրաւ Եւրոպական Միութեան մայրաքաղաք Պրիւքսէլի մէջ հաստատուած Հայ դատի գրասենեակի կարեւոր գործունէութեան վրայ, ի մասնաւորի Արցախի հարցով, որուն համար պատասխանատու ընկերները տարիներէ ի վեր լայնածաւալ ծրագրուած աշխատանք կը տանին` բազմաթիւ հանդիպումներ ունենալով Եւրոպական Միութեան բարձրաստիճան քաղաքական գործիչներու եւ միջազգային զանազան կառոյցներու ղեկավարներու հետ, զանոնք իրազեկ պահելով Արցախի հարցին եւ անոր իրականութեան մասին եւ այդպիսով` ճամբայ հարթելով Արցախի անկախութեան եւ միջազգային ճանաչման:
Անդրադառնալով Ուաշինկթընի մէջ տարուող Հայ դատի աշխատանքներուն կողքին` հայ երիտասարդական ներուժը օգտագործելու եւ զանոնք մեր արդար դատի ապագայ զինուորներու վերածելու գործին, Յ. Տէր Խաչատուրեան տեղեկացուց, թէ այդտեղ ունինք խումբ մը համալսարանական երիտասարդներ, որոնք յատուկ ծրագրաւորուած կերպով կը պատրաստուին, եւ իբրեւ արդիւնք` այդ երիտասարդները ապագային հնարաւորութիւն պիտի ունենան աշխատանքի լծուելու Համաշխարհային դրամատան, տնտեսական միջազգային կառոյցներու, Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչներու տան գրասենեակներուն մէջ, պաշտօններ ստանձնելու համար, որպէսզի անոնք հող պատրաստեն Հայաստանի եւ Հայ դատին ի նպաստ, թէ՛ պետական, եւ թէ տնտեսական զօրակցութեան ապահովման:
Յաջորդ օրը Բիւրոյի անդամը այցելեց Հայ առաքելական Ս. Ներսէս Շնորհալի եկեղեցին եւ հանդիպում ունեցաւ Ուրուկուէյի Հայոց թեմի առաջնորդ Յակոբ արք. Գլընճեանի ու Գաղութային Կեդրոնական վարչութեան անդամներուն հետ: Զրոյցին առանցքը հանդիսացան գաղութին մէջ տարուող աշխատանքներն ու կրթական մարզը: Յ. Տէր Խաչատուրեան շեշտը դրաւ հայեցի դաստիարակութեան կարեւորութեան վրայ, յատկապէս` հայոց լեզուի եւ հայոց պատմութեան դասաւանդման մէջ նոր մեթոտներ կիրառելու հրամայականին անդրադառնալով: Ան ներկայացուց Քանատայի մէջ իրենց ունեցած փորձառութիւնը եւ այնտեղ օգտագործուող հայկական դասագիրքերէն օրինակներ առաքելու պատրաստակամութիւն յայտնեց մեր վարժարանին, ինչ որ գոհունակութեամբ ընկալուեցաւ:
Ան հանդիպում ունեցաւ նաեւ Հայ դատի յանձնախումբի անդամներուն հետ, «Վռամեան» ակումբին մէջ, ուր ծանօթացաւ կատարուող եւ ծրագրուած աշխատանքներուն եւ ըրաւ կարգ մը առաջարկներ այդ առնչութեամբ:
Աւելի ուշ, Յ. Տէր Խաչատուրեան հանդիպեցաւ նաեւ «Վռամեան» կոմիտէութեան անդամներուն հետ եւ կարճ զեկոյցով մը ելոյթ ունեցաւ թէ՛ հայութեան, թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ կուսակցութեան, եւ թէ Արցախի մասին: Ապա, կարգ մը ընկերներու կողմէ եղան կուսակցական, ազգային եւ առհասարակ ապագայի մեր գործունէութեանց մասին հարցումներ, որոնց սպառիչ կերպով պատասխանեց հիւրը:
Մեկնումէն ժամեր առաջ, հինգշաբթի օրը, Յ. Տէր Խաչատուրեան այցելեց գաղութիս պատկանող Ներսէսեան հիմնարկութեան Երուանդ Գսաճըքեան նախակրթարանը, ուր աշակերտութեան կողմէ ընդունուեցաւ հայ երգի ու պարի կատարումներով, ինչ որ յուզեց մեր հիւրը` տեսնելով, թէ աշխարհի այս հեռաւոր անկիւնին վրայ ինչպէ՛ս կը շարունակուին հայոց լեզուի եւ մշակոյթի պահպանումն ու տարածումը: Այցելութեան աւարտին, Յ. Տէր Խաչատուրեան «Ներսէսեան»-ի աշակերտներէն իր ստացած տպաւորութիւնները արձանագրեց վարժարանի «Ոսկի մատեան»-ին մէջ:
Ողջոյններս Կարօ, վարձքդ կատար: