Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լրագրողներու Համահայկական 8-րդ Համաժողովին Առիթով

Նոյեմբեր 10, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

hamawxwv

ՄԱՐԱԼ ՍԻՄՍԱՐ

Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ եւ  Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող մարմինի աջակցութեամբ կազմակերպուած «Հայոց պետականութիւնը` միասնութեան առանցք» խորագրով Լրագրողներու համահայկական 8-րդ համաժողովը անկասկած անջնջելի տպաւորութիւններ ձգեց մասնակիցներու սրտերուն մէջ:

Հանդիպելով աշխարհի տարբեր երկիրներէ ժամանած մեր գործընկերներուն` մենք առիթը ունեցանք փոխադարձաբար ծանօթանալու հայկական համայնքներու մէջ կատարուող աշխատանքներուն, լրատուական դաշտը զբաղեցնող նիւթերուն եւ լրագրողներու դիմագրաւած դժուարութիւններուն: Համաժողովի քննարկման դրուած եւ այլ նիւթերու վերաբերեալ տեսակէտներու եւ մօտեցումներու հետաքրքրական փոխանակումները նպաստեցին հայկական նիւթերու մեր տեսադաշտի ընդլայնումին:

Դժբախտաբար մասնակիցներուն մէջ փոքրամասնութիւն կը կազմէին Հայաստանի եւ Արցախի լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները, ինչ որ անհասկնալի էր` հաշուի առնելով համաժողովին համահայկական բնոյթը: Կը կարծեմ, որ մեզի` սփիւռքի լրագրողներուս համար հետաքրքրական պիտի ըլլար աւելի շատ շփումներ ունենալ տարբեր հոսանքներ ներկայացնող մեր տեղացի գործընկերներուն հետ, լսել անոնց կարծիքները սփիւռքեան իրականութիւններուն շուրջ և նաեւ իրենց առիթը տալ, որ լսէին սփիւռքի լրագրողներու տեսակէտները Հայաստանի ու Արցախի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն մասին:

Գործնական գետնի վրայ խիստ օգտաշատ ու բովանդակալից էին «Տեղեկատուական անվտանգութեան խնդիրներն արտակարգ իրավիճակներում» նիւթին շուրջ Արման Սաղաթելեանին, Սամուէլ Մարտիրոսեանին, Կարէն Վրթանէսեանին եւ Անժելա Էլիբեկովային ելոյթները:

Անկեղծ ըլլալու համար, վերլուծական ու հետաքրքրական գաղափարներ առաջադրող զեկուցումներուն կողքին քիչ չէր նաեւ թիւը լոզունգային, մակերեսային կամ բոլորիս գիտցած բաները կրկնող ելոյթներուն: Եթէ այդ ելոյթները զեղչուէին, աւելի շատ ժամանակ պիտի ունենայինք լուրջ քննարկումներու եւ կարծիքներու փոխանակումի:

Սուրիահայութեան խնդիրներու լուսաբանման հարցով, Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի «Գանձասար» շաբաթաթերթի լրգրողը մեզի թելադրեց հիմնուիլ մի միայն պաշտօնական լրատուութեան վրայ, ինչ որ անյարիր է տեղեկատուութեան ազատութեան սկզբունքներուն և անընդունելի` լրատուական ազատ դաշտի մէջ գործող անկախ լրագրողներուս համար:

Յարգելի նախարարը քանի մը առիթներով յորդորեց մեզ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ներդրումները խրախուսող նիւթեր հրատարակել մեր լրատուամիջոցներուն մէջ եւ քաջալերել սփիւռքի մեծահարուստները, որ իրենց գրպանները լայն բանան Արցախի համար: Բնականաբար բոլորս ալ համաձայն ենք Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ներդրումներու խիստ կարեւորութեան ու մեր կարելին կ’ընենք մեր համայնքներուն մէջ հայաստանակեդրոն հանրային կարծիք ձեւաւորելու համար: Այդուհանդերձ, պէտք է նկատի ունենալ, որ ամէն գործարար մարդ, անկախ իր ազգութենէն, նախ եւ առաջ գործնական մարդ է եւ իր որոշումներուն համար չ՛ապաւինիր մի միայն հայկական մամուլին մէջ լոյս տեսած գրութիւններուն: Արդարեւ, մեր կոչերն ու առաջնորդող յօդուածները կրնան արդիւնաւէտ ըլլալ այն պարագային, երբ գործարար մարդը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ կը գտնէ ներդրումները խթանող գրաւիչ ու շօշափելի պայմաններ:

Տեղեկատուական համացանցային աղբիւրներու առատութեան ու դիւրամատչելիութեան պայմաններուն  մէջ, այսօր մեր ընթերցողներն ու լսարանները մեր սփիւռքեան լրատուամիջոցներուն առընթեր կ’օգտուին նաեւ տեղեկատուական այլ աղբիւրներէ: Կէսը լեցուն բաժակին օրինակով, որքան որ ալ մենք շեշտը դնենք բաժակին լեցուն մասին վրայ, լրագրողական ազնուութիւնը մեզի կը պարտադրէ չանտեսել նաեւ բաժակին դատարկ մասը: Հակառակ պարագային, լրատուամիջոցը կը դառնայ միակողմանի քարոզչութեան գործիք ու կը կորսնցնէ իր վարկը: Հետեւաբար լրագրողին կ’իյնայ ընտրել այն նիւթերն ու աղբիւրները, որոնք իրապաշտ ու առարկայական կերպով կրնան ներկայացնել բաժակին լեցուն եւ դատարկ մասերը` միաժամանակ ջանալով ուղղորդել սփիւռքի ներուժը ի նպաստ հայկական պետականութեան հզօրացումին եւ Հայաստանի ու Արցախի քաղաքացիներուն արժանապատիւ կեանքի պայմաններ ապահովելուն:

Ինչ կը վերաբերի թրքական ու ազրպէյճանական յարձակողական քարոզչութեան դէմ պայքարելու միջոցներուն, բոլորս համաձայն ենք, որ ընելիք շատ բան կայ մանաւանդ օտարագիր լրատուամիջոցներուն համար: Ահա այստեղ է, որ չափազանց կարեւոր է միջազգային ԶԼՄ-ներուն մէջ աշխատող հայ լրագրողներու խորհուրդները, ինչ կը վերաբերի ոչ հայկական միջավայրի մէջ հայանպաստ տեղեկատուութեան մատուցման ձեւին: Սակայն շատ ափսոս, որ անոնք ներկայ չէին այս համաժողովին, հակառակ որ իրենց ներկայութիւնը յայտարարուած էր նախարարի հրաւէրին մէջ: Մաղթելի է, որ յառաջիկային աւելի աշխատանք տարուի ապահովելու համար քանի մը ոչ հայկական ԶԼՄ-ներու մէջ աշխատող լրագրողներու ներկայութիւնը:

Համաժողովին ամենանշանակալի պահերը ապրեցանք` այցելելով Արցախի սահմանային դիրքերը: Խորապէս երախտապարտ եմ, Հայաստանի  սփիւռքի նախարարութեան, ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակի ղեկավարութեան եւ բոլոր անոնց, որոնք կազմակերպեցին մեր այցը: Առիթը ունեցանք մեր աչքերով տեսնելու սահմանային տարածքները, դիտակէտերը եւ մեր զինուորներուն ծառայութեան պայմանները, ինչպէս նաեւ` աւելի մօտէն զգալու մեր հայրենիքին սպառնացող վտանգը: Մեր մէջ ամրապնդուեցաւ այն համոզումը, որ մեր ազգի գոյատեւման գլխաւոր գրաւականը հայ զինուորն է, որուն կեանքը շատ թանկ է բոլորիս համար` սկսելով բանակի հրամանատարութենէն մինչեւ շարքային հայը:

Կրկին շնորհակալութիւն` սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի անդամներուն, որոնք իրենց կարելին ըրին համաժողովի ծրագիրը իրականացնելու համար:

«Արձագանգ» երկամսեայ հանդէս
Ժընեւ, Զուիցերիա

 

Յ. Գ. «Հայերն այսօր»-ը շնորհակալութիւն կը յայտնէ հեղինակին Լրագրողներու համահայկական 8-րդ համաժողովի մասին հանգամանալից ու կառուցողական հարցադրումներով գրուած յօդուածին համար:

Միայն որպէս պարզաբանում` նշենք, որ սուրիահայերու խնդիրներու լուսաբանման վերաբերող տեսակէտին մէջ. «Սուրիահայութեան խնդիրներու լուսաբանման հարցով Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի «Գանձասար» շաբաթաթերթի լրագրողը մեզի թելադրեց հիմնուիլ մի միայն պաշտօնական լրատուութեան վրայ, որ անյարիր է տեղեկատուութեան ազատութեան սկզբունքներուն եւ անընդունելի` լրատուական ազատ դաշտի մէջ գործող անկախ լրագրողներուս համար», հեղինակը ճիշդ չէ ընկալած առաջակը:

Պարզաբանելով առաջարկուած տեսակէտը` յայտնենք, որ համաժողովին հնչած առաջարկը կը վերաբերի միայն արտակարգ իրավիճակներու մէջ յայտնուած մեր հայրենակիցներու խնդիրներու լուսաբանման (այս պարագային` սուրիահայերուն): Անոնց ապահովութենէն եւ անվտանգութենէն ելլելով եւ հասարակութեան մէջ անհարկի խուճապ չառաջացնելու համար կ’առաջարկուի տեղեկատուութիւն տարածելու համար յենիլ միայն պաշտօնական լրատուութեան վրայ` զերծ մնալով ոչ պաշտօնական եւ անստոյգ տեղեկութիւններ տարածելէն:

 

Նախորդը

ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան Այցելեց Մոնթէվիտէօ

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?