Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Նոյեմբեր 9, 2016
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Համացանցի «Կնքահայր»-ներէն Լուի Պուզեն Հայաստան Կ՛այցելէ

img_7051

«Oփըն Ռու» կազմակերպութեան գլխաւոր տնօրէն, համացանցի համահիմնադիր Լուի Պուզեն Հայաստան կը գտնուի: Ան արժանացած է Հայաստանի նախագահի մրցանակին` տեղեկատուական արհեստագիտութեան բնագաւառին մէջ ունեցած համաշխարհային ներդումին համար: Մրցանակը յանձնուեցաւ 8 նոյեմբերին, նախագահական պալատին մէջ:

7 նոյեմբերին Պուզեն մասնակցած է «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.» ընկերութեան կողմէ մրցանակաբաշխութեան առիթով կազմակերպուած հանդիպումին:

«Անգնահատելի է Լուի Պուզենի, ինչպէս նաեւ մեծանուն միւս մրցանակակիրներուն Հայաստան այցելութիւնը, տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտի ներկայացուցիչներուն եւ ուսանողներուն հետ անոնց հանդիպում-դասախօսութիւններու իմաստը: Այս հանդիպումները չափազանց արժէքաւոր են միջազգային մակարդակի վրայ մեր երկրի վարկանիշը բարձրացնելու, ոլորտի վերաբերեալ նորարարական գաղափարներ ներկայացնելու տեսանկիւնէ, ինչպէս նաեւ կը խթանէ մասնագէտներուն ու սկսնակներու ստեղծագործական միտքն ու կամքը` հասնելու անձնական ու մասնագիտական որակներու կատարելութեան ու համարձակօրէն ձգտելու նոր բարձունքներու», այս առիթով իր խօսքին մէջ ըսած է «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան:

Հանդիպման ներկայ մրցանակաբաշխութեան գործադիր խորհուրդի նախագահ Յովիկ Մուսայէլեանի համաձայն, քիչեր կը հաւատան, որ նման մրցանակաբաշխութիւն կարելի է կազմակերպել Հայաստանի մէջ, եւ որ համաշխարհային արհեստագիտութեան ոլորտի մեծերը ամէն տարի Հայաստան կրնան գալ. «Անցած է եօթը տարիներ, եւ այլեւս թերահաւատներ չկան: Ամէն տարի մենք կարելիութիւն ունինք հիւրընկալելու առասպելական անձեր, որոնք կը բարձրացնեն մեր երկրի վարկանիշն ու ճանաչելիութիւնը ամբողջ աշխարհին մէջ: Այսօր մենք պատիւ ունինք առասպելական այլ անձնաւորութիւն մը հիւրընկալելու Հայաստանի մէջ, ինչպէս միջազգային մամուլը զայն կը կոչէ, համացանցի կնքահայրերէն մէկը` Լուի Պուզենը», դիտել տուած է ան:

«Վիասֆեր Ինթըրնեշընըլ» ընկերութեան նախագահ Թոնի Մորոյեան ըսած է, որ Լուի Պուզենի  գործունէութեան թիրախը եղած է նոր արհեստագիտութեան ստեղծումն ու կիրարկումը, խօսքը կը վերաբերի այնպիսի արհեստագիտութեան, որ օգտագործուած է TCP/IP-ի ձեւաւորման մէջ: Ասոր վրայ կառուցուած է համացանցը. «Զայն կը ճանչնան իբրեւ համացանցի նախահայրերէն մէկը: Այսպիսով` մենք կը շարունակենք բարձր պահել Հայաստանի նախագահի տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտին մէջ համաշխարհային ներդրման համար մրցանակի բարձր նշաձողը»:

Եօթներորդ տարին ըլլալով մրցանակաբաշխութեան հովանաւորութիւնը կը ստանձնէ «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»ը: Ծրագիրի իրականացման համար ընկերութիւնը մինչ օրս տրամադրած է 144,2 միլիոն դրամ:

Կայացաւ Ապրիլեան Պատերազմի Հերոս  Ադամ Սահակեանի Գծանկարչական Ցուցահանդէսը

atam-sahakian_110416

Հայաստանի կառավարութեան առընթեր քաղաքաշինութեան պետական կոմիտէի Ալ. Թամանեանի անուան ճարտարապետութեան ազգային թանգարան-հիմնարկի «Թամանեան» սրահին մէջ 4 նոյեմբերին բացումը կատարուեցաւ ապրիլեան պատերազմի հերոս, Ճարտարապետութեան եւ շինարարութեան Հայաստանի ազգային համալսարանի ուսանող Ադամ Սահակեանի գծանկարչական աշխատանքներու յետմահու ցուցահանդէսին, որ պիտի տեւէ մէկ շաբաթ: Ներկայացուած են Ադամի 20 աշխատանքները, որոնց զգալի մասը անաւարտ մնացած է, ինչպէս նաեւ` Ադամի լուսանկարները:

Լրագրութեան հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Ադամ Սահակեանի մայրը` Գայեանէ Անտոնեանը, նշած է, որ ցուցահանդէսին ներկայացուած իւրաքանչիւր աշխատանք իրեն համար մասունք է, որդիէն  մնացած յուշ: Հայրը` Խաչիկ Սահակեան, ըսած է, որ որդին մանկուց արտայայտած էր շինարար, ճարտարապետ ըլլալու փափաքը, բայց հայրենիքի պաշտպանութեան համար իմացեալ մահը ընտրած էր:

«Անոնք պայքարած են 4-5 ժամ, սպաննած են հակառակորդին յատուկ նշանակութեան աւելի քան 100 ջոկատայինները: Ցաւ ի սիրտ, բոլորը` ութն ալ զոհուած են, ամենավերջը միայն Ադամը մնացած էր, ան ոչ մէկ քայլ չէր նահանջած` կեանքը տալով հայրենիքի համար», յիշեցուցած է Խաչատուր Սահակեան:

Ցուցահանդէսին կը մասնակցէին նաեւ Ազգային ժողովի փոխ նախագահ Հերմինէ Նաղդալեանը, կառավարութեան առընթեր քաղաքաշինութեան պետական կոմիտէի նախագահ Նարեկ Սարգսեանը:

Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Նարեկ Սարգսեան յայտնած է, որ Ադամը կրնար տաղանդաւոր ճարտարապետ դառնալ. «Հպարտ ենք, որ անոր պէս երիտասարդ մը կեանքը զոհած է հայրենիքին համար»:

Կառավարութիւնը Պիտի Շարունակէ Փոխհատուցել Սուրիահայ Ուսանողներու Կրթաթոշակները

Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեանի գլխաւորութեամբ 27 հոկտեմբերին տեղի ունեցած կառավարութեան նիստի ընթացքին տրուած են զանազան որոշումներ:

Կառավարութիւնը որոշած է շարունակել փոխհատուցել սուրիահայ ուսանողներու կրթաթոշակները: Համապատասխան որոշումով անիկա գումար պիտի յատկացնէ սուրիահայ ուսանողներու ուսման վարձքի փոխհատուցման նպատակով: Հիմնաւորման համաձայն, ներկայիս Հայաստան գտնուող 500 սուրիահայ ուսանողներէն կրթաթոշակի տրամադրման կարիք ունին մօտաւորապէս 400-ը: Ինչպէս նախկին տարիներուն, այս տարի եւս «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը պատրաստ են սուրիահայ ուսանողներու 2016– 2017 ուսումնական տարեշրջանի կրթաթոշակի մասնակի փոխհատուցման համար տրամադրել իւրաքանչիւրը 125 հազար տոլար: Սակայն ուսման ամբողջ վարձքի փոխհատուցման համար անհրաժեշտ է 200 միլիոն դրամ:

Կը Վերահրատարակուի «Գարուն» Ամսաթերթը

1101karoun1

Որոշ ժամանակուան ընդմիջումէ ետք լոյս տեսած է «Գարուն» ամսաթերթը`  նուիրուած Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակին: Լրագրողներուն հետ կայացած հանդիպումին ընթացքին «Գարուն»-ի գլխաւոր խմբագիր, բանաստեղծ Աշոտ Գաբրիէլեան ըսած է, որ ամսագիրի վերջին խմբագիր  Վարուժան Այւազեանի մահէն ետք առկախուած էր ամսաթերթին ճակատագիրը. «Մտահոգութիւններ կային, թէ կ՛արժէ՞ ամսագիրը հրատարակել, թէ՞ ոչ: Անանեան ընտանիքի սրտացաւութեան, հետեւողականութեան շնորհիւ որոշուեցաւ, որ «Գարուն» ամսագիրը վերահրատարակուի»:

Ան խօսած է այն մասին, որ «Գարուն»-ը մեծ աւանդ ունեցող ամսաթերթ է, եւ դժուար էր վերցնել պատասխանատուութիւն եւ շարունակել աւանդոյթները:

«Նկատի առնելով, որ մենք կ՛ապրինք նոր ժամանակներու մէջ, կը փորձենք աւանդոյթները պահպանել եւ նոր մօտեցումներով ներկայացնել նոր ամսագիր մը, որ կը համապատասխանէ ժամանակակից մարտահրաւէրներուն», յայտնած է Ա. Գաբրիէլեան:

Ամսաթերթի խմբագրական խորհուրդի անդամ, «Արմէնփրես» լրատուական գործակալութեան տնօրէն Արամ Անանեան յայտնած է, որ «Գարուն»-ը նոր գարուններ պիտի բերէ:

«Հաւատարիմ մնացած ենք երիտասարդական, գրական յառաջապահական ամսագիր ստեղծելու հաւատամքին, բան մը, որ «Գարուն»-ի մէջ միշտ այդպէս եղած է: Ձեւաւորուած է թարմ եւ հետաքրքրական մօտեցումներով ամսագիր մը», յայտնած է Ա. Անանեան:

Նշենք, որ  4 նոյեմբերին կայացաւ առաջին թիւին շնորհահանդէսը եւ մինչեւ տարեվերջ 4 թիւ եւս լոյս պիտի տեսնէ:

Անանեան դիտել տուած է, որ յաջորդ թիւերուն մէջ շեշտը պիտի դրուի հրապարակախօսութեան վրայ, որովհետեւ այդտեղ հարց կայ, ժամանակակից հրապարակախօսերուն առիթ պիտի տրուի արտայայտուելու եւ իրենց մտածումները դրսեւորելու:

Ա. Գաբրիէլեան ըսած է, որ 20-30 հեղինակի աշխատանքներ ներկայացուած են ամսագրի առաջին թիւին մէջ, կան նաեւ թարգմանական աշխատանքներ:

«80 էջի մէջ խտացուցած ենք «Գարուն»-ի լաւագոյն աւանդոյթները: Թիւէ թիւ աւելի զարգացող աշխատանք պիտի տեսնէք», նշած է խմբագիրը:

Ա. Գաբրիէլեան ընդգծած է, որ աշխատանք պիտի տարուի գրականութեան դաշտը ամփոփելու «Գարուն»-ի էջերուն մէջ:  Ըստ անոր, իւրաքանչիւր թիւ պիտի ունենայ յստակ հարցադրում:

Յիշեցնենք, որ «Գարուն» գրական-գեղարուեստական, հասարակական-քաղաքական անկախ ամսաթերթը 1967 թուականէն ի վեր կը հրատարակուի Երեւանի մէջ:

Առաջին Ինը Ամիսներուն Հայաստան Եկած Է Գրեթէ 970 Հազար Զբօսաշրջիկ

Յունուար-սեպտեմբեր 2016-ին Հայաստան եկած է 969 հազար 10 զբօսաշրջիկ:

Հայաստանի Ազգային վիճակագրական ծառայութեան հրապարակած տուեալներով, 2015 թուականի նոյն ժամանակաշրջանին հետ բաղդատելով այդ ցուցանիշը աւելցած է 3,6 տոկոսով: 2016 թուականի յունուար-սեպտեմբերին զբօսաշրջութեան նպատակով Հայաստանէն  մեկնած է 903 հազար 541 մարդ: 2015 թուականի համապատասխան ժամանակաշրջանին հետ բաղդատելով` ցուցանիշը աւելցած է 3 տոկոս:

Հայերէնով Ելեկտրոնային Աստուածաշունչը Ներբեռնած Է Մօտաւորապէս 8000 Օգտատէր

bible_110916

Արարատեան թեմի պաշտօնական կայքի հեղինակ, թեմի ելեկտրոնային քարոզչութեան պատասխանատու Էլզա Մանուկեան տեղեկացուցած է, որ հայերէն Աստուածաշունչը ելեկտրոնային տարբեր ձեւաչափերով իրենց բջիջային սարքերուն մէջ ներբեռնած են 8379 օգտատէրեր:

Ըստ անոր, ելեկտրոնային Աստուածաշունչ ստեղծելու գաղափարը ի յայտ եկած է 10 տարի առաջ, անոր հեղինակը Արարատեան թեմի կայքի այցելուներէն մէկունն է:

«Այդ ժամանակ մեզի դիմած էր օգտատէրերէն մէկը` առաջարկելով սեփական ուժերով հայերէնով ելեկտրոնային Աստուածաշունչ ստեղծել: Այդ օրերուն մենք մեծ կարելիութիւններ չունէինք եւ ուրախութեամբ համաձայնեցանք: Իբրեւ հիմք ընդունուեցաւ Մայր Աթոռի կողմէ հաստատուած Աստուածաշունչի հայերէնի թարգմանութիւնը: Հեղինակը ձեռնամուխ եղաւ ելեկտրոնային տարբերակի ստեղծմանը: Եւ արդէն 9 տարի է ելեկտրոնային Աստուածաշունչը տեղադրուած է Արարատեան թեմի կայքին վրայ: Էջը կը կոչուի «Սուրբ Գիրքը պլանշետներում»: Այնտեղ ամէն փափաքող կրնայ անվճար ներբեռնել Աստուածաշունչը` փափաքած ելեկտրոնային կրիչի վրայ», ըսած է Մանուկեանը: Ան նշած է, որ էջի թարմացման եւ կատարելագործման համար աշխատանքներ կը տանի կամաւորներու 30 հոգինոց խումբ մը:

Կայքին մէջ կայ նաեւ այլ բաժին մը` «Սուրբ Գիրքը մէկ տարուան մէջ», որ բաղկացած է 365 մասէ: Ընթերցողները կրնան ամէն օր հատուած մը կարդալ Հին կամ Նոր Կտակարաններէն եւ մինչեւ տարեվերջ աւարտել Աստուածաշունչի ընթերցումը:

Մանուկեան նշած է, որ շուտով ընթերցողները պիտի կարենան ներբեռնել նաեւ Աստուածաշունչի ելեկտրոնային ձեւաչափը` գրաբարով:

«Այս շատ կարեւոր է, որովհետեւ Աստուածաշունչը գրաբարով կը համարուի Սուրբ Գիրքի թարգմանութեան ամենաստոյգ տարբերակը, այդ թարգմանութիւնը աշխարհի մէջ կ`անուանեն «թարգմանութիւններու թագուհի», եզրափակած է ան:

Հայաստանի Մէջ 54,4 Տոկոսով Նուազած Է Գորգերու, 13,9 Տոկոսով` Հիւսուածեղէնի Արտադրութեան Քանակը

Հայաստանի մէջ կը շարունակէ նուազիլ հիւսուածեղէնի, գորգերու արտադրութեան քանակը: Հայաստանի ազգային վիճակագրական ծառայութենէն յայտնած են, որ յունուար-սեպտեմբեր 2016-ին, նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին հետ բաղդատելով, գորգերու եւ գորգեղէնի արտադրութեան քանակը նուազած է 54,4 տոկոսով:

Այս տարուան 9 ամիսներուն Հայաստանի մէջ արտադրուած է 15,9 թոն գորգեր եւ գորգեղէն, մինչդեռ նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին` 34,9 թոն:

Իսկ հիւսուածեղէնի պարագային, նշենք, որ այս տարուան յունուար-սեպտեմբերին Հայաստանի մէջ արտադրուած է 2 հազար 466  հիւսուածեղէն, իսկ նախորդ տարուան նոյն ամիսներուն այդ թիւը 2 հազար 863 էր: Արտադրութեան քանակը նուազած է 13,9 տոկոսով:

Ազգային վիճակագրական ծառայութեան համաձայն, նշուած ժամանակաշրջանին  նուազած են նաեւ բամպակեայ գործուածքներու արտադրութեան ծաւալները: Եթէ նախորդ տարի 6,6 թոն էր, այս տարի 1,7 թոն արտադրուած է, այսինքն` 74,2 տոկոսով նուազ:

Ըստ Ազգային վիճակագրական ծառայութեան, այս տարուան ութ ամիսներուն 2,5 անգամ աւելցած է միայն գուլպաներու արտադրութեան քանակը. եթէ նախորդ տարուան յունուար-սեպտեմբերին Հայաստանի մէջ արտադրուած է 5 միլիոն 133 հազար 2 զոյգ գուլպայ, ապա 2016-ի նոյն ժամանակաշրջանին` 13 միլիոն 20 հազար 2 զոյգ:

Հայաստանի Մէջ Կրօնական Զբօսաշրջութեան Զարգացման Անհրաժեշտութիւն Կայ

tourism1_110916

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի թանգարաններու եւ արխիւներու տնօրէն  Ասողիկ քհնյ. Կարապետեան 27 հոկտեմբերին «Պիզնըս փարթնըրզ աֆ Արմինիա» ընկերութեան «Ուելքամ թու Արմինիա 2016» հայաստանեան զբօսաշրջութեան համաժողովին ըսած է, որ Հայաստանի մէջ կրօնական զբօսաշրջութեան զարգացման անհրաժեշտութիւն կայ:

vruyr3

Քահանայ հօր համաձայն, Հայաստանի մէջ գործող զբօսաշրջական ընկերութիւնները կրօնական զբօսաշրջութեան արտադրանքը չեն միջազգայնացներ: «Կրօնական զբօսաշրջութեան տեսանկիւնէն, մենք մեր ունեցածը լաւագոյնս չենք սպառեր: Կրօնի եւ հոգեւոր մշակոյթի միջոցով բազմաթիւ ցաւոտ խնդիրներ իրենց լուծումները կը գտնեն», ըսաւ տէր հայրը:

Ասողիկ քհնյ. Կարապետեան օրինակ բերաւ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ հիմնադիրներ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներու տօնը, որ հռչակուած է իբրեւ Ս. Գեղարդի ուխտի օր- նշելով, որ արդէն իսկ այդ տօնը երեք տարիէ ի վեր կը նշուի, բայց ոչ մէկ ձեւով անիկա կը միջազգայնանայ: «Միւս բոլոր ուխտագնացութիւններու շարքին ասիկա եւս կրնայ ուխտագնացութեան օր դառնալ», ըսաւ ան:

Տէր Ասողիկ իր խօսքը աւարտելով` նշեց, որ մեր երկրի զբօսաշրջութեան մարզը այլ ժողովուրդներու համար գրաւիչ է նաեւ կրօնական զբօսաշրջութեան առումով: «Մենք բաց ենք բոլոր առաջարկներուն եւ տարբեր համագործակցութիւններուն համար», աւելցուց ան:

 

Նախորդը

«Ազդակ»` Իննսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ. Արցախի Պաշտպան Ուժերու Յառաջխաղացք Ֆիզուլիի Ճակատին Վրայ

Յաջորդը

«Կանչ Հրեշտակապետին» Տարեգիրքին Գրախօսականը

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում
Հայրենի Կեանք

Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում

Հոկտեմբեր 1, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?