Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազդակ»` Իննսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ. Արցախի Պաշտպան Ուժերու Յառաջխաղացք Ֆիզուլիի Ճակատին Վրայ

Նոյեմբեր 9, 2016
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Քելբաջարի, Ֆիզուլիի եւ Ղուբաթլիի շրջանները բուռն բախումներու ռազմադաշտ էին: Հայկական ուժերը 1993-ի ապրիլի սկիզբը ազատագրեցին Քելբաջարը, որմէ ետք յարձակման անցան երկու առանցքներու վրայ. մէկը` Քելբաջարէն դէպի հիւսիս, իսկ երկրորդը` Ղուբաթլիի շրջանին վրայ (Կապանի սահմանակից): Ֆիզուլիի ճակատին վրայ, քաղաքէն քանի մը քիլոմեթր հեռու, բուռն ճակատումներ տեղի կ՛ունենային:

Ազերիական ուժերը փորձեցին հակայարձակում մը կազմակերպել Ֆիզուլիէն, սակայն անոնք կասեցուեցան քաղաքէն քանի մը քիլոմեթր հիւսիս գտնուող Գովշաալի գիւղի սեմին:

***

%d5%a3%d5%a1%d5%a3%d5%ab%d5%af_%d5%a3%d5%ab%d5%b6%d5%b8%d5%bd%d5%b5%d5%a1%d5%b6%d5%a8_%d5%a1%d6%80%d6%81%d5%a1%d5%ad1993_%d5%a9

«Ազդակ», 6 ապրիլ 1993-ի թիւով եւ «Արցախ-Միջնաբերդը տէրն է հնգամեայ յանձնառութեան» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր, որ Արցախն ու Հայաստանը հսկայական գին վճարեցին Ազրպէյճանի ոտնձգութեանց, բռնադատութիւններուն եւ մարդկային իրաւանց ու միջազգային յարաբերութեանց ամէնէն տարրական օրէնքներու ոտնակոխման անոր ոճիրներուն: Հայ ժողովուրդը, ապա նաեւ` անոր ծոցէն ծնած Արցախի պաշտպան ազատամարտիկները ընկրկումի եւ երկմտանքի ոչ մէկ զգացում ունեցան, ստալինեան կամայականութեան հետեւանքով գործուած պատմական սխալին սրբագրումի իրենց պահանջին ու գործնական պայքարին մէջ: Հայ ազատամարտիկն ու արցախցի ժողովուրդը չյուսալքուեցան մինչեւ անգամ այն օրերուն, երբ Շուշիի ազատագրման ու Ստեփանակերտի եւ շրջակայ գօտիին գլխուն կախուած դամոկլեան սուրին` ազերիական բանակներուն չէզոքացման իբրեւ պատասխան` ազերիները հակադարձեցին հիւսիսային Արցախի մէջ, բռնագրաւելով Շահումեանի ու Մարտակերտի շրջանները: Այնուհետեւ, հայ ազատամարտիկը, կուրծք պարզելով ազերիական գերակշիռ բանակներուն, արդիական զէնքերուն ու օդանաւ-ուղղաթիռներուն դէմ, քայլ առ քայլ, ծաղիկ կեանքերու անսակարկ ու անհաշիւ զոհաբերումի գնով, ձեռնարկեց հայկական հողերու ազատագրման նուիրական պայքարին, այն խոր հաւատքով ու անսասան համոզումով, որ հայկական իրաւունքներու ձեռքբերումը հայուն առաքելութիւնն է առաջին հերթին:

«Ազդակ» կը շարունակէր ըսելով, որ Արցախի հիւսիսային գօտիին մէջ շղթայազերծուած ազատագրական պայքարի էջը մեծ մասամբ խմբագրուած է արդէն քանի մը տասնեակ ազատամարտիկներու արիւնով. այդ էջին վրայ արձանագրուած են Հաթերքէն մինչեւ Մարտակերտի դուռները եւ անկէ մինչեւ Թալիշ ու Գիւլիստան տարածուող հայկական հողերու ազատագրման դիւցազներգութիւնը:

«Ազդակ» կը նշէր, որ Պաքուի իշխանաւորները, որոնք երկրին ղեկը ձեռք առած էին, Շահումեանի ու Մարտակերտի շրջաններուն բռնագրաւումը իբրեւ «դրամագլուխ» օգտագործելով, կը տեսնէին, թէ այդ «դրամագլուխը» մաշած է հայ ազատամարտիկներուն յաջորդական հարուածներուն տակ: Ու անոնք դիմեցին նոր արկածախնդրութեամբ մը. անոնք փորձեցին Արցախը Հայաստանին կապող Լաչինի «անցք»-ը խզել, միշտ սեւեռակէտ ունենալով հայկական Զանգեզուրը եւ անոր կապուած դարաւոր երազը: Գորիսէն Վարդենիս ու աւելի հիւսիս տարածուող Հայաստանի սահմանային շրջանները այլապէս ալ հանգիստ չունէին Արցախեան շարժումին ծնունդէն ի վեր: Արցախ-միջնաբերդը տկարացնելու եւ զայն չէզոքացնելու ազերիական ճիգերը, փաստօրէն, միայն Հայաստանէն անջատուած ու հայ ժողովուրդէն խլուած հողամասին չէին ուղղուած:

«Ազդակ» կ՛ընդգծէր ըսելով որ հայկական պատմական միջնաբերդը, զինուորական իր վէրքերը դարմանելու զուգահեռ, տէր կանգնեցաւ իր պատմական առաքելութեան: Հայաստանն ու Արցախը հաւասարապէս պատուհասող Քելբաջարը, որուն վիճակուած էր հայկական բռնագրաւեալ Շուշիի դերը, պէտք էր չէզոքացնել: Արցախի ազատամարտիկները անսացին իրենց առաքելութեան ու հայ ժողովուրդի կոչին: Քելբաջարը զինուորապէս չէզոքացուած է ու Լաչին-Քելբաջար գօտին այլեւս վտանգ պիտի չսպառնայ Հայաստանի արեւելեան շրջանի տուեալ գօտիին, ոչ ալ պիտի կարենայ կռնակէն դաշունահարել հիւսիսային Արցախը ազատագրած ազատամարտիկները:

m20_75_mm_recoilless_rifle_korean_war-600x480

«Ազդակ» կ՛եզրափակէր ըսելով. զուր են Արցախի ազատամարտիկներուն սխրանքը նսեմացնելու Թուրքիոյ եւ ազրպէյճանի քարոզչական ճիգերը: Անիմաստ են դէպքերը իբրեւ թէ Հայաստան-Ազրպէյճեան ուղղակի ճակատումի բնոյթով ներկայացելու Պաքուի ու Անգարայի փորձերը, անկախ այն իրողութենէն, որ Հայաստանը պաշարող ու անոր արեւելեան սահմաններուն վրայ յարատեւ յարձակումներ գործող Ազրպէյճանը այսօր ճանչցուած է եւ պէտք է ընդունուի իբրեւ միակ նախայարձակը եւ պատերազմ յայտարարող կողմը, որուն բանիւ եւ գործքով մեղսակից է Թուրքիա: Արցախն ու Հայաստանը, խաղաղասէր հայ ժողովուրդն ու հայ ազատամարտիկը միշտ ալ առաջինը եղած են խաղաղատար նախաձեռնութեանց ընդառաջ երթալու մէջ, սակայն միշտ ալ սուղ վճարած են այդ պատրաստակամութեան գինը: Արցախն ու անոր պաշտպան ազատամարտիկները պարզապէս կը յարգեն իրենց տուած խոստումը. «Եթէ Հայաստանը իրեն չմիացնէ Արցախը, մենք Հայաստանը պիտի միացնենք Արցախին»:

***

«Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիր Սարգիս Մահսէրէճեան 7 ապրիլ 1993-ի թիւով եւ «էօզալի թրքական ակռաները…» խորագիրով նշմարով կը գրէր, որ «պէտք է ակռայ ցոյց տանք հայերուն», սպառնացած էր Թուրքիոյ նախագահ Թուրկութ Էօզալ: Ամբողջ աշխարհը իմացաւ թուրքին այդ սպառնալիքը, լրատու աղբիւրներ մեծ կարեւորութեամբ արձագանգեցին թուրք նախագահին յայտարարութեան եւ չծածկեցին իրենց… զարմանքը, յիշեցնելով որ Թուրքիա չէզոք, հաշտարար-խաղաղարար միջնորդի դեր կը խաղայ հայ-ազերի պայքարին մէջ:

Մահսէրէճեան կը շարունակէր ըսելով որ մեզի` հայերուս, ինչպէս նաեւ` հայ-թուրք արիւնոտ պատմութեան ծանօթներուն համար, Էօզալեան այդ սպառնալիքը ոչ մէկ նորութիւն կը բերէ, ոչ ալ զարմանալի բան կայ անոր մէջ:

Մահսէրէճեան կը շեշտէր ըսելով որ հայ ժողովուրդը «համտեսեց» Թուրքիոյ հօրեղբօրորդիներուն` ազերի-թուրքերուն սումկայիթեան փոկրոմը: Պաքուի եւ Գետաշէն-Շահումեան շրջաններուն մէջ տեղի ունեցած ոճիրներուն արիւնը դեռ տաք է: Թուրքիոյ «Գորշ քայլեր»-ուն արձագանգները բանիւ եւ գործքով լսուեցան Ազրպէյճանի մէջ: Միջազգային մամուլը ամբողջ աշխարհին հաղորդեց, որ թուրք զինուորական մասնագէտներ, իբրեւ թէ քողարկուած ակռաներով, մասնակցեցան Ազրպէյճանի բանակներուն կազմակերպման ու հիւսիսային Արցախի դէմ կազմակերպուած արշաւանքներւն: Վերջապէս, նոյն այդ «խաղաղասէր-հաշտարար-չէզոք» Թուրքիան էր որ «գրաքննութեան» ենթարկեց Արեւմուտքէն Հայաստան ղրկուած սննդամթերքը եւ փճացած ցորենով փոխարինեց այդ օժանդակութիւնը:

Մահսէրէճեան կ՛եզրափակէր ըսելով. ալ ի՜նչ ակռայի մասին է Թուրքիոյ նախագահին ակնարկութիւնը: Համիտեան ջարդերէն մինչեւ Եղեռն ու Սումկայիթէն մինչեւ Արցախ ու Հայաստան, Թուրքիա ձգած է քանի մը հազար անգամ 32 ակռայի հետք:… Մենք ծանօթ ենք Էօզալի թրքական ակռաներուն: Կը մնայ, որ աշխարհը եւս աչք չփակէ անոնց վրայ:

***

boi93alachan

Իսկ «Ազդակ» 9 ապրիլ 1993-ի թիւով եւ «Թող չհամարձակին դատապարտել ազատամարտիկները» խորագիրով ակնարկով Մահսէրէճեան կը գրէր, որ թող ո՛չ ոք համարձակի մեղադրել Արցախի պաշտպան հայ ազատամարտիկը, որովհետեւ ան վճռեց չէզոքացնել Քելբաջար կոչուած ազերիական պատուհասը: Թող միջազգային ո՛չ մէկ անձնաւորութիւն կամ մարմին համարձակի դատապարտել Արցախի նահատակ ժողովուրդին ծոցէն ծնունդ առած արծիւները, որովհետեւ անոնք գերագոյն զոհողութեան ուղին ընտրեցին, կոտրելու համար Հայաստանի ու Արցախի սահմանային շրջանները շնչահեղձ ընող ազերիական ձեռք մը: Արցախի հերոսները անպարտ են Քելբաջարի ճակատամարտերուն ինկած անմեղ զոհերուն արիւնէն:

Մահսէրէճեան կը շարունակէր ըսելով. այդ ո՞ր տրամաբանութիւնն է, ի՞նչ կը կոչուի այն օրէնքը, որ կրնայ արգիլել ամէնէն տարրական ինքնապաշտպանութիւնն անգամ: Մարդկային այդ ո՞ր արդարութիւնն է, որ աշխարհի ազդեցիկ ղեկավարներուն ու միջազգային յարաբերութիւնները ներդաշնակողներուն իրաւունք կու տայ ամիսներ եւ ամիսներ շարունակ խուլ ու կոյր ձեւանալ Արցախը եւ Հայաստանը հեղձամահ ընող պաշարումներուն, խաղաղ բնակավայրերու վրայ օդանաւային յարձակումներուն ու «կրատ»-ներով անոնց ռմբակոծումին դիմաց: Միջազգային ո՞ր օրէնքը կ՛արտօնէ լուռ հանդիսատես մնալ ժողովուրդի մը դէմ հաւաքական ոճիրներու, փոկրոմներու ի տես, իբրեւ թէ երկրի մը «ներքին հարցերուն միջամուխ չըլլալու» պատճառաբանութեամբ. մինչդեռ արեւու լոյսէն աւելի պարզ ու յստակ էր, թէ Ազրպէյճանի բանակները օր-աւուր կը պատուհասէին գոնէ իբրեւ ինքնավար միաւոր ճանաչում ունեցող Արցախի հայերը, որոնց խաղաղասիրական տրամադրութեանց դիմաց անգամ պատ հիւսուեցաւ յաճախ, որովհետեւ Պաքու եւ Անգարա կը նախընտրէին տագնապին անպայման տալ Հայաստան-Ազրպէյճան հակամարտութեան պաշտօնական հանգամանքը:

14473_327709997343554_110916

Մահսէրէճեան կը նշէր, որ Քելբաջարը ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ` ազերիական ռազմակայան Խոջալուի եւ Շուշիի մէկ տարբերակը: Ու եթէ միջազգային ամուլ ճիգերը, ինչ-ի՜նչ հաշիւներով, ամէնօրեայ զոհի դրութիւն կը վիճակէին ազերիական այդ պատուհասին շրջակայ գօտիներուն, հայ ազատամարտիկին կը մնար երէկի ազերիական Խոջալուին ու Շուշիին ճակատագիրին մատնել նաեւ Քելբաջարը, ինչո՞ւ չէ նաեւ Ֆիզուլին կամ այլ ռազմակայաններ, որպէսզի Լաչինը, Վարդենիսը, Հատրութն ու Մարտունիի շրջանը կարենային շնչել:

Մահսէրէճեան կը շեշտէր ըսելով, որ Արցախի ազատամարտիկները` հայկական ինքնապաշտպանութեան ուժերը Քելբաջարը չէզոքացնելու համար փոկրոմներ չգործեցին: Թուրքին ու ազերիին վրդովմունքին թութակաբար արձագանգ եղող միջազգային պատասխանատուներն ու մարմինները իրաւունք չունին անտեսելու, խուլ եւ կոյր ձեւանալու նոյնինքն ազերի գաղթականներու այն վկայութեանց ի լուր, թէ հայկական Կարմիր խաչի անդամները օգնած են խուճապահար գաղթականներուն, երբ միջազգային բարեսիրական կազմակերպութիւններ ոչինչ կ՛ընէին իրենց համար:

Մահսէրէճեան կ՛եզրափակէր ըսելով, որ Արցախի ազատամարտիկները մեղադրելի ու դատապարտելի ոչինչ ունին իրենց հերոսական սխրանքին մէջ: Մեղադրելին ու դատապարտելին` ցեղասպան թուրքն ու փոկրոմներ սարքող ազերիներն են, դատապարտելին` Հայաստանն ու Արցախը պաշարման օղակի մէջ առած թուրք-ազերի մեղսակիցներն են, Հայաստանը բնական կազէ եւ ցամաքային փոխադրամիջոցներէ զրկող պետական ահաբեկիչներն են: Դատապարտելիներուն շարքին կրնան անցնիլ նաեւ բոլոր անոնք, որոնք կոյր եւ խուլ կը ձեւանան հայութեան դէմ շարունակուող թուրքին ու ազերիին ոճիրներուն հանդէպ, որովհետեւ այդ կեցուածքով, կ՛ոտնահարեն իրենց իսկ դաւանած մարդկային ու ժողովուրդներու տարրական իրաւունքներու պաշտպանի իրենց հանգամանքը, որ յարգելի է եւ պէտք է յարգանքի արժանի մնայ ընդմիշտ:

***

«Ազդակ», 13 ապրիլ 1993-ի թիւով եւ «Ո՞վ կը հաւատայ Պաքուի խեղաթիւրումներուն» խորագիրով ակնարկով կը գրէր, որ Ազրպէյճան լծուած է Արցախի դատը խեղաթիւրելու աշխատանքին: Պաքուի բանբերները կը փորձեն կրօնական լարերու վրայ խաղալ եւ քողարկել այն իրականութիւնը, որ Արցախի դատը հողի եւ ժողովուրդի մը տարրական իրաւունքներուն հարցն է:

«Ազդակ» կը շարունակէր ըսելով, որ Պաքուի վարիչներուն ոտնձգութիւնը բացայայտուեցաւ ազերիական կոչերով: Ազերի բանբերներ փորձեցին անգամ մը եւս զինուորական գործողութեանց տալ կրօնական հակամարտութեան մը բնոյթը եւ ընդգծեցին, որ «իսլամական երկիրները պէտք է օժանդակութեան ձեռք երկարեն ազերիներուն»:

«Ազդակ» կը շեշտէր ըսելով որ ազերիական այս փորձը չի կրնար յաջողութիւն գտնել, որովհետեւ իսլամական երկիրներու համար Արցախի տագնապն ու անոր ծալքերը նորութիւն չեն այլեւս, անոնք քաջածանօթ են հարցին էութեան: Միակ բացառութիւնը Թուրքիան է, որուն հետ հայ ժողովուրդին թշնամական յարաբերութեանց պատճառներուն եւ ծալքերուն ալ ծանօթ են բոլորը: Մանաւանդ Իրան այլ երկիրներէ աւել քաջածանօթ է Արցախի տագնապին էութեան, որովհետեւ իբրեւ հաշտարար միջնորդ` ան քանի մը հանգրուանով աշխատանք  տարաւ խաղաղ միջոցներով լուծում բերելու տագնապին, սակայն միշտ ալ բախեցաւ Պաքուի անբարեացակամ կեցուածքին եւ ականատես եղաւ հարցը անպայման բիրտ ուժի ճամբով լուծելու Թուրքիոյ դաշնակից Ազրպէյճանի քաղաքականութեան: Բոլորին համար արդէն յստակ է, թէ Ազրպէյճանն է իրաւազրկողը, հայկական հող բռնագրաւողը եւ Հայաստանի սահմանային շրջաններուն վրայ յարձակումներ գործողն ու քաղաքներ եւ գիւղեր ռմբակոծողը:

«Ազդակ» կ՛եզրափակէր ըսելով, որ Ազրպէյճան միշտ ալ անտեսումի պատին գամեց ու ոտնակոխեց խաղաղարար միջամտութիւնները: Գետաշէնէն մինչեւ Մարտակերտ եւ այլուր, ամբողջ աշխարհը ականատես եղաւ տագնապը զէնքի ու բռնագաղթերու ճամբով լուծելու ազերիական մոլուցքին: Արցախի ազատամարտիկները միայն կեանքի ու մահուան երկընտրանքին առջեւ տուին ապրելու եւ ինքնապաշտպանութեան համար նաեւ մարտավարական քայլեր առնելու որոշումը: Եւ անոնք Արցախի յարութեան պատմութիւնը կը կերտեն…:

***

dush29-110916

Արցախի պաշտպան ուժերը 1993-ի ապրիլ 20-էն սկսեալ յառաջխաղացք արձանագրեցին Ֆիզուլիի ճակատին վրայ: Անոնք գրաւեցին տասնչորս գիւղ եւ թափանցեցին ազրպէյճանական գիծերէն ներս: Անոնք նաեւ գրաւեցին Ֆիզուլիի շրջակայ բարձունքները եւ ռմբակոծեցին քաղաքը:

Միւս կողմէ, ազերիական բանակները թափանցեցին Հայաստանի հարաւ-արեւելեան շրջաններէն ներս եւ սպաննեցին սահմանապահ զինուորներ եւ քանի մը քաղաքայիններ:

Հատրութի սահմանային գօտիին եւ Զանգելանի շրջանին մէջ ազերիները նոր ուժեր կեդրոնացուցին:

Ազերիական ուժերը նաեւ Ղուբաթլիէն յարձակում գործեցին Շուռնուխի վրայ եւ ռմբակոծեցին Լաչինի անցքին մօտակայ Տեղ գիւղը: Հայաստան-Արցախ ճամբան բաց կը մնար:

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (9 Նոյեմբեր 1966)

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն
Մշակութային եւ Այլազան

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն

Հոկտեմբեր 10, 2025
Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ
Մշակութային եւ Այլազան

Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ

Հոկտեմբեր 3, 2025
Արհեստական Բանականութեան Վտանգները
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Վտանգները

Սեպտեմբեր 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?