Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայուն Երկուութիւնը

Նոյեմբեր 10, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

img11_111016

Այս երկրին մէջ ապրիլը երկուութիւններու առջեւ կը դնէ քեզ:

Այդ զգացումն է, որ կ՛ապրիս ամենաչնչին պատահարի իսկ առջեւ. կ՛ունենաս երկրի ղեկավար մը, որ մէկ կողմէ քու ազգային պատկանելիութիւնդ իր ամօթը կը համարէ, միւս կողմէ, սակայն, ունեցած, անցեալէն ժառանգուած քանի մը շէնք ու շինութիւնդ գործածելի ու եկամտաբեր դարձնելու որոշումներ կ՛ընդունի (հոգ չէ թէ ապիկար վարիչներդ ոչինչ կրնան ընել ատոնցմով): «Հայու փիճեր» պոռացող ամբոխին առջեւ ծպտուն իսկ չհանող մարդը կը բարձրացնես մինչեւ երկինքի եօթներորդ յարկը` Ցեղասպանութեան զոհերու սերունդներէն կէս-բերան ներողութիւն խնդրած ըլլալուն համար: Ապրած երկուութիւնդ ծածկելու տարազն ալ պատրաստ է. «Սոխին անուշը չ՛ըլլար, թուրք է»: Չես մտածեր իսկ, որ նոյն վարքը քու վարիչներդ ալ կ՛ունենան. ինքզինք համայնքին ղեկավարը հռչակած անձը չէ՞ր, որ եղբայրասպան կռիւ մը սոսկ կոչած էր 1915-ի պետական յանցագործութիւնը, նոյն անձը չէ՞, որ դպրոցները փակել տալու համար հազար ու մի խաղեր կ՛ընէ, հայերէնի ուսուցիչներ վռնտել կու տայ վարժարաններէն, կամ քու հոգեւոր առաջնորդդ չէ՞ր, ոճրագործին իսկ լեզուով, որպէս կայսերապաշտ ուժերու գործիք բնութագրողը 1915-ի զոհերը (այս պատճառով նոյնիսկ Հայաստանի կէս ճամբայէն ետ դարձուցած էին զինք):

Երկուութիւնդ աւելի կը խորանայ երբ կարգը հասնի այնպիսի նիւթերու, որոնք բնաւ քեզ չեն հետաքրքրեր, այսինքն որեւէ կապ չունին հայուն հետ: «Մեզ չի հետաքրքրեր»-ը ըսելու ձեւ մըն է անշուշտ: Արեւելքի մէջ քաղաքներ կը կործանին, մարդիկ հարիւրներով կը մեռնին` «մեզ չի հետաքրքրեր»: Անգարայի մէջ, մայրաքաղաքիդ իսկ սրտին վրայ, ահաբեկչութիւն կը կատարուի, աւելի քան 100 մարդ կը զոհուի` «մեզ չի հետաքրքրեր»: Թերթեր, հեռատեսիլի կայաններ կը փակուին, լրագրողներ կը ձերբակալուին` «Ամա՜ն, մեզի ինչ ճանը՛մ»: Ընտրեալ քաղաքապետներ, ակադեմականներ, գրողներ, լեզուաբաններ, այլախոհ մարդիկ մէկիկ-մէկիկ բանտ կ՛առաջնորդուին` «Մեզի՜ ինչ, թող զիրար ուտեն»: Վաղը մէկալ օր քու իսկ քուէներով ընտրեալ երեսփոխաններ թերեւս բանտարկուին, եւ ես գիտեմ, որ նոյն հակազդեցութիւնը պիտի տաս, պատրաստի այդ նախադասութիւնը պիտի թռի բերնէդ` «Մեզի ի՛նչ»:

«Մեզի ի՛նչ»-ը, գիտեմ, երկուութեանդ ծփացող մասն է: Սառցալերան մեծը ծովուն տակն է: Գիտե՛մ: Այս երկրին համար մեծագոյն զոհը դուն եղած ես: Այն մտայնութիւնը, որ այսօր խաւար օրերու կ’առաջնորդէ մեզ, աւելի քան 100 տարի առաջ մարդկային պատմութեան մեծագոյն ու սոսկալի յանցագործութիւններէն մէկը կը դարբնէր մութին մէջ: Գիտեմ, վիրաւոր ես հոգիիդ խորքին մէջ: Ո՞վ ձայն հանեց, երբ միլիոններով կը նահատակուէինք, կը մտածես, իրաւա՛մբ: Չլռեցի՞ն, չուրացա՞ն, չծածկեցի՞ն ու դեռ չե՞ն լռեր, չե՞ն ուրանար, չե՞ն ծածկեր կատարուածները: 1915-ը մոռցի՛ր պահ մը, հապա՞ Ունեւորութեան տուրքը, 6-7 սեպտեմբերը, Հրանդ Տինքին ոճիրը… Ո՞վ է հաշիւ տուողը եւ ո՞վ է պահանջողը:

Անտարբերութիւնդ անհետաքրքրութենէ չի բխիր, խռովք կայ լռութեանդ մէջ: Մութին մէջ ձեռքերը շփելով` այս մեծ խաւարին դիմաց երջանկացող նենգամիտն ալ չես, գիտե՛մ, երկուութիւնդ, երկմտութիւնդ է քեզ անգործութեան դատապարտողը թերեւս: Սակայն հիմա՛, ա՛յժմ, ներկայի՛ս, կատարուած անարդարութեան առջեւ պոռացողը, աղաղակողը դուն պէտք չէ՞ր ըլլայիր: Դո՛ւն, որ պատմութեան մեծագոյն անարդարութեան զոհն ես: Նահատակութիւնդ ուժ պիտի չտա՞յ ընդդէմ բռնապետութեան` ժողովուրդներու համակեցութեան պայքարին:

Այսօր ինչպէ՞ս լռութեամբ ընդունիս բանտարկութիւնը փորձառու լրագրող Այտըն Էնկինի, մէկը, որ Հրանդին նահատակութենէն ետք ալ շարունակած էր ձեռք մեկնել, օժանդակել քեզի, «Ակօս»-ին միջոցով: Հապա՞ լրագրող Քատրի Կիւրսելը, որ Ծիծեռնակաբերդի յուշարձանը բարձրացած ու յարգանքի իր տուրքը մատուցած էր Մեծ եղեռնի զոհերու յիշատակին: «Մեր հայ եղբայրները, հայ ժողովուրդը անմոռուկ ծաղիկը գործածեր են, որպէսզի ապրուած ցաւերը, Ցեղասպանութիւնը, կորուստները չմոռցուին: Մենք երբեք չենք մոռցած ու պիտի չմոռնանք ալ: Մեր հոգիի խորքը կ՛ապրինք այս ցաւը, այս կոտորածը, այս Ցեղասպանութեան պատճառով ստեղծուած ողբերգութիւնը»: Տիգրանակերտի քաղաքապետ Կիւլթան Քըշանաքի խօսքերն են` Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման առթիւ Տիգրանակերտի մէջ կայացած սգահանդէսին: Հիմա բանտարկուած է, հեռացուած` պաշտօնէն, ուր կոչուած էր տիգրանակերտցիներու 55 առ հարիւրի քուէով: Արժանի չէ՞ ուշադրութեանդ, հետաքրքրութեանդ: Կամ` արձակագիր Ասլը Էրտողանը, որո՞ւ մէկ յօդուածը թարգմանած ու տպած էի` ցոյց տալու համար մարդասիրական իր կեցուածքը նաեւ Մեծ եղեռնի զոհերուն առջեւ, մտածելով, որ թերեւս կը թրթռացնեմ հետաքրքրութեանդ ջիղը: Եւ դեռ` Նեպիլ Էօզկենթիւրքը, Ճան Տիւնտարը, Նեճմիյէ Ալփաեյը, Ալթան եղբայրները, միւսները, մարդիկ, որոնք այս բարդ հասարակութեան լուսատուներն են: Եւ հիմա բանտարկուած են կամ բանտարկուելու սպառնալիքին տակ կը գտնուին:

Չե՞ս կարծեր, այս ճնշումները նաեւ քեզի կը վերաբերին: Երկուութիւնը ո՛չ թէ անտարբերութեան, այլ յարմարուողականութեան կ՛առաջնորդէ քեզ: Եւ վաղ թէ ուշ այս խաւարը քեզ ալ պիտի պատէ ու այն ժամանակ խօսելու կամ բողոքելու առիթ երբեք պիտի չունենաս:

Նաեւ սփիւռքահայերուն է խօսքս: Կը սիրէք Թուրքիա գալ, այցելել մեր հայրենի բնակավայրը, յուշարձանները, որոնք դեռ կանգուն են, ցուցահանդէսներ, համերգներ սարքել այստեղ, համագործակցիլ տեղացի արուեստագէտներուն, մտաւորականներուն հետ: Ուժ կու տաք մեզի այս կերպով: Սակայն այսօր վտանգուած են այն բոլոր վայրերը, ուր կ՛այցելէք, այն բոլոր անձերը, զոր կը սիրէք, եւ որոնց հետ կը համագործակցիք:

Ձայն մը… Պզտիկ նեցուկ մը:

Գոնէ ըսելու համար, թէ չէք ընդունիր կատարուած անարդարութիւնները:

Գոնէ յաջորդ սերունդները գիտնան, որ յանցակիցը, ընդունողը, վաւերացնողը չէիք կատարուածներուն:

narekian2000@yahoo.com

Նախորդը

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Երեխայի Դաստիարակութեան 19 Պատուիրան Մարիա Մոնթեսորիէն

Յաջորդը

«Քուէյթի Ազգային Վարժարանը Քուէյթահայութեան Բաբախող Սիրտն Է», Կ՛ըսէ Տոքթ. Ներսէս Սարգիսեան

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?