Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Պառակտուած Ընկերութեան Ամրագրումն Ու Ժողովրդավարութեան Յաղթանակը

November 10, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

vaho_111016

Հակառակ լրատուամիջոցներու ջախջախիչ մեծամասնութեան եւ հոլիվուտեան աստղերու Հիլըրի Քլինթընի նկատմամբ ցուցաբերած աջակցութեան, մեծաթիւ ականաւոր հանրապետականներու աջակցութեան բացակայութեան եւ իրերայաջորդ հարցախոյզներու բացասական նախատեսութիւններուն, Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան յաղթանակ արձանագրեց Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածուն` Տանըլտ Թրամփը, իրողութիւն մը, որ կարելի է նկատել ժողովրդավարութեան յաղթանակը: Սակայն հարցականի տակ առնուեցաւ մինչեւ 1956 Միացեալ Նահանգներու նշանաբանը եղած «Է Փլուրիպուս Ունում»-ը` «բազմաթիւ (ժողովուրդներէն) մէկ»-ը, որովհետեւ ամերիկացի ժողովուրդը այս ընտրութիւններէն դուրս կու գայ խիստ պառակտուած:

Արդարեւ, ըստ «Սի.Էն.Էն.»-ի կատարած հարցախոյզին, այր մարդոց 53 առ հարիւրը քուէարկած է ի նպաստ Թրամփի, իսկ կիներուն 54 առ հարիւրը` Քլինթընի: 18-29 տարեկան քաղաքացիներուն 55 առ հարիւրը եւ 30-44 տարեկան քաղաքացիներուն 50 առ հարիւրը քուէարկած է Քլինթընի, իսկ 45 տարեկանէն վեր եղող քաղաքացիներուն 53 առ հարիւրը` Թրամփի: Այլ հարցախոյզներ ցոյց տուին, որ ափրիկեան ծագումով 10 ամերիկացիներէն 9-ը եւ լատին ամերիկացիներու երկու երրորդը քուէարկած է ի նպաստ դեմոկրատականներուն, իսկ սպիտակամորթներուն կէսէն աւելին` Թրամփի:

Ճիշդ է, որ, ինչպէս երկրի տարածքին ոստիկաններու կողմէ սեւամորթներու սպանութեան դէմ արձանագրուած բողոքի բուռն ցոյցերը կը վկայեն, պառակտումի մթնոլորտը արդէն գոյութիւն ունէր նախագահական ընտրապայքարի սկիզբէն առաջ, սակայն Թրամփի սուր եւ կարծր կեցուածքները անհամեմատ կերպով հրահրեցին, թերեւս ալ երեւան հանեցին այդ պառակտումին տարողութիւնը: Բարացուցական է մեծաթիւ ամերիկացիներու Քանատայի քաղաքացիութեան դիմելու արշաւը, որուն տարողութիւնը պատճառ դարձաւ Քանատայի ներգաղթի կայքի աշխատանքի խանգարման: Ծանօթ է, որ ամերիկացիներուն համար քանատացիները յաճախ հեգնանքի առարկայ են, եւ ահա Միացեալ Նահանգներու մեծաթիւ քաղաքացիներ կը նախընտրեն քանատացի ըլլալ, քան թէ ապրիլ «թրամփեան արժէքներ»-ով ղեկավարուող երկրի մը մէջ:

Աւելի՛ն, ընտրութեան արդիւնքներու յայտարարութենէն ետք, Քալիֆորնիոյ Օքլընտ շրջանին մէջ արձանագրուեցան անկարգութիւններ եւ բողոքի ցոյցեր, որոնց մասնակիցները կը բացագանչէին. «Ան մեր նախագահը չէ»: Նշեալ երկու դէպքերը կու գան վկայելու, թէ հակառակ վէրքերը դարմանելու եւ բոլորին նախագահը ըլլալու մասին յաղթական Թրամփի յայտարարութիւններուն, նախագահական ընտրութիւնը եկաւ ամրագրելու ամերիկեան ընկերութեան պառակտումը: Սան Ֆրանսիսքոյի օրաթերթերէն «Իսթ Պէյ Թայմզ» ընտրութենէն առաջ դիպուկ կերպով նշեց, որ ընտրութիւնը «Ամերիկայի ոգիին համար ճակատում մըն է»:

Հանրապետականները գործադիր իշխանութեան կողքին յաջողեցան իրենց վերահսկողութեան տակ առնել նաեւ օրէնսդիր մարմինը` Քոնկրեսը իր երկու պալատներով: Իրողութիւն մը, որ մէկ կողմէ ազատականութեան պարտութեան եւ պահպանողականութեան յաղթանակին մասին կը վկայէ, սակայն միեւնոյն ժամանակ կարելի չէ զայն անջատել Եւրոպայի տարածքին աջակողմեան ուժերու վերելքի ընդհանուր երեւոյթէն: Հանրապետականներու յաղթանակը հերթական վկայութիւնն է Արեւմուտքին` իր անդրատլանտեան երկու թեւերով դէպի աջ թեքումին:

 

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Մոսկուա. «Հալէպի Մէջ Զինեալները Հարուածելու Համար Պիտի Օգտագործենք «Քալիպըր» Հրթիռներ»

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.