Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զարեհ Խրախունիի Ծննդեան 90-Ամեակին Առթիւ

Նոյեմբեր 8, 2016
| Գրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍՕՍԻ ՄԻՇՈՅԵԱՆ-ՏԱՊՊԱՂԵԱՆ

khrakhouni_1108162016 թուականը կը զուգադիպի Զարեհ Խրախունիի ծննդեան 90-ամեակին: Պոլսահայ մեծանուն գրողը ծնած է 1926-ին եւ իր մահկանացում կնքած` 2015 թուականի նոյեմբեր 27-ին:

Ան հեղինակն է բանաստեղծական ժողովածուներու, արուեստաբանական ու գրականագիտական ուսումնասիրութիւններու` («Լուսնապարտէզ» 1968, «Տօնակարգ» 1973, «Զբօսապտոյտ» 1978, «Ամպ ու աւազ ափերուս» 1982, «Ստուեր եւ արձագանգ» 1988): Իր բանաստեղծութիւններու ժողովածուներն են` «Ես եւ ուրիշներ» Երեւան, 1982, «Ազատերգութիւն» Ե. 1993, «Քար Հայաստանի» Էջմիածին, 1997, «Դիւցահանդէս» եւ «Քար կաթիլներ»:

Խրախունիին գործերը թարգմանուած են` ֆրանսերէնի, գերմաներէնի, անգլերէնի, վրացերէնի եւ ռուսերէնի: Առաջին հրատարակած գործը` «Յաղթականը» լոյս տեսած է 1948-ին, Մխիթարեան սանուց միութեան «Սան» գրական ամսաթերթին մէջ:

Պոլսահայ նորագոյն գրականութեան կարկառուն ներկայացուցիչ Խրախունիի բանաստեղծութիւնը կը յատկանշուի իր փիլիսոփայական ընբռնումներով: Իր գրչակից Զահրատին նման` սովորական առարկաները մարմնաւորելու, անձնաւորելու ու կեանք ու ոգի ներշնչելու կարողականութեամբ ու արուեստի նուրբ ճաշակով կը ստեղծէ այլաբանական բանաստեղծութիւններ: Խրախունիի բանաստեղծական ընկալման կերպը կը բխի այն համոզումէն, որ բանաստեղծը պիտի ներկայացնէ իրերն ու երեւոյթները` իրապաշտական պարզ պատումով ու նկարագիրով, որոնք պիտի գործածուին որպէս խորհրդանշաններ` որեւէ միտք կամ խոհ արտայայտելու: Ան այնպիսի վարպետութեամբ մը պիտի քողարկէ, որ իւրաքանչիւր ընթերցող ազատ ըլլայ իր մեկնաբանութիւններուն մէջ: «Ինձմէ երազ պատմելը, ձեզմէ` մեկնաբանելը» «Երազ» բանաստեղծութեան առիթով ըսած է Խրախունին:

khrakhouni2_110816

Խրախունին, ինչպէս այս նոր շարժման միւս գրողները, հետեւելով եւրոպական բանաստեղծական նորագոյն դպրոցներու նորագոյն ձեւերուն, հրաժարեցան աւանդական կառոյցներէն, դիմեցին ազատ ոտանաւորի սկզբունքներու ձեւին, եւ որպէս սկիզբ նման դպրոցի` քննադատութիւններու արժանացան, սակայն ժամանակը եկաւ ապացուցելու իրենց մեծութիւնն ու տաղանդը: Խրախունիի բանաստեղծական պարզութեան մէջ խոհը կը դառնայ աւելի տպաւորիչ ու հաղորդական:

Ահա տեսէք սովորական ծխամորճին դիմելով` ինչպիսի խորունկ այլաբանական մտքեր կը հաղորդէ բանաստեղծը.

Երկուքիս ալ Փայտին տեսակը լաւ է-
Լաւ մը տաշուած նրբացած
Գոյն ջնարակ անթերի
Ոչ այնքան մեծ, ոչ այնքան փոքր
Լայն չէ նեղ չէ- կատարեա՛լ
Ինչ որ պէտք է վերջապէս…
Բայց նորէն ալ
Ատեն ատեն կը բարկանամ
Կը նախանձիմ, կ՛անիծեմ
Ծխամորճիս չա՛փ ալ չկամ ես – կ՛ըսեմ-
Երբ կը տեսնեմ թէ չ՛այրիր
Իր մէջ վառող կրակէն: («Ծխամորճ»)

khrakhouni33_110816

իր բանաստեղծական ժողովածուներուն ընդմէջէն Խրախունի հայու դառն ճակատագրին համար տառապողի մը կերպարը կը մարմնաւորէ: Բանաստեղծը հայոց պատմութիւնը վերակոչելով` իր երեւակայութեամբ մատնանիշ կ’ընէ թէ՛ օտարին նուաճողական կեցուածքը եւ թէ՛ հայու բախտն ու պատմական հերոսներուն սխալները: Լռակեաց զաւակներուն կրաւորական մօտեցումներուն դիմաց հեգնանքով կը դիմէ` ըսելով.

Ապրի հայը, որ գիտէ լռել միայն-
օտարին դիմաց
Որ գիտէ կրել միայն-
օտարին համար
մինչդեռ անոնք մէկ բառ գիտեն
Մէկ բառ կ՛ուզեն-
տիրել միայն» («Ստուեր եւ արձագանգ»)

Չհանդուրժելով իր ազգի զաւակներուն կրաւորական ու անմիաբան կեցուածքը, միասնութեան կոչ կ՛ընէ բանաստեղծը` հաւատալով, որ միայն մեր հաւաքական ուժով կարելի է բարձրանալ ու նուաճումներ իրագործել. եթէ մենք ազգովին ձեռք ձեռքի տանք, յայնժամ այլընտրանք չկայ. աշտարակը «ստիպուած է բարձրանալ ու հասնիլ մինչեւ ոլորտն աստղային»: («Ձեռք Ձեռքի»)

Այս դարուս դառն ու ապիրատ աշխարհին մէջ, ուր պատերազմ ու վայրագութիւն կը տիրէ, ազատատենչ բանաստեղծը խաղաղութեան ելքեր կ՛որոնէ, հրաշքի մը կը սպասէ… փոփոխութեան մը, ու այդ փնտռտուքին մէջ ան կը դիմէ նոյնիսկ աճպարարին, որ իր ճարտարախաղի ճամբով «խորքը ծակած հին գլխարկէն խաղաղութեան աղաւնիներ հանէ, եւ արցունքով թրջուած թաշկինակէն քրքջանքի թիթեռնիկներ թռցնէ…»: («Աճպարար»)

Աշխարհին հանդէպ ու մարդկութեան համակ սէր տածող բանաստեղծ է Խրախունին: Ան կը ձգտի գեղեցիկին ու լաւագոյնին, անթերիին ու կատարեալին.

Սէրն ու կարօտն այս անսահման տիեզերքի միակ Տիրոջ զօրութեան
Սէր ու կարօտ` Անկէ պարգեւ հրաշագեղ մեր աշխարհին
Իւրաքանչիւր երեւոյթին, անկիւնին
Եւ անոնց տէր կարգուած
Հաւատարիմ ու հանճարեղ գերմարդուն: («Խոստովանութիւն»)

Իր ինքնութիւնը փնտռող բանաստեղծը հարցադրումներ կ՛ընէ ու կ՛ուզէ աւելի խոր ճանաչում ունենալ ինքն իր մասին: Ի վերջոյ, ո՞վ է հայը եւ ո՞ւր է ան երկրագունդի երեսին: Բանաստեղծը պահ մը կը տարակուսի ու Սեւակի բառերով կը հարցնէ. «Քի՞չ ենք մենք, թէ՞ պարզապէս` ոչինչ: Ի վերջոյ, ի՞նչ ենք մենք եւ ո՞ւր ենք մենք»: Հարցումներու տարափին տակ տակաւին բանաստեղծը հարց կու տայ, թէ ինչո՞ւ մենք այսպէս երկրէ երկիր գաղթեր ենք, լեռներ-դաշտեր կտրեր, երկրամասէ երկրամաս, ծովերէ ծով անցեր ենք` միշտ ուրիշին նաւերով:

Պատասխանը չ՛ուշացներ սակայն, եւ օրինակներ բերելով պատմութեան էջերէն, մեզ լաւատեսութեան առաջնորդելու միտումով, կը յիշեցնէ շատ մը աշխարհակալ կայսրութիւններու մասին, որոնք ժամանակին «աշխարհացունց արշաւանքի փոթորիկներ յարուցած»են, սակայն այսօր գոյութիւն չունին, վերացած են անոնք, մինչդեռ մենք` հայերս, թէեւ որպէս «եղէգ ազազուն» խոնարհեցանք, ճկեցանք… սակայն իսկոյն ոտքի կանգնէր, տուն տեղ շինէր:

Աշուն է: Ամէն անգամ անձրեւ գալուն կ՛արժէ հրճուիլ ու յիշել եւ կեանքի կոչել Խրախունիի համանուն քերթուածը, որուն մէջ խորունկ վերլուծումով անձրեւին պարգեւած բարիքին մասին կը խօսի: Անձրեւը պիտի տեղայ, որպէսզի մաքրէ փոշին: Այն փոշին, որ բռնի կը փչէ, կը ծածկէ «արեւ ծծող ծառ ու ծաղիկ ու ծղօտ քարացումի վտանգով…»:

Անձրեւը պիտի տեղայ, որպէսզի ոռոգէ «վէրք վէրք վառող ծարաւի» դաշտը: Եւ վերջապէս անձրեւը պիտի տեղայ, որ լուայ այն սալայատակները, որոնք արիւնեցան, «պիտի լուայ այն արիւնը, որ սեւցաւ կպրուղիին վրայ` կուպրի պէս… եւ որ կը լուացուի հիմա»:

Խաղաղութեան, ազատութեան, ուրախութեան ջատագով սիրելի՛ բանաստեղծ, դուն, որ «Հոգեհանգիստ» երգեցիր բոլոր անոնց, որ գերեզման չունեցան, աղօթք ու արցունք բաշխեցիր «բոլոր անոնց, որ աշխարհով մէկ ցրուած, լքուած մնացին», խաչ ու խորան եղար այն «հաւատքին համար, որ աւերակ հին տաճար մ’է դեռ կանգուն…» Անդորրութեան ու յաւերժութեան գաղափարին հաւատալով,  խորարմատ ծառ տնկելու պատգամը փոխանցեցիր մեզի` հաւատալով մանաւանդ անոր աճումին ու ապա ծաղկումին: Հաւատացինք ու համոզուեցանք այո՛, որ`

Գետնաքարշ ծառ չկայ բնաւ-
Ծառը ան է որ հպարտ
Կը բարձրանայ գեղուղէշ
Միշտ աւելի դէպի վեր.
Չհասնի ալ աստղերուն
Կը վերանայ իր անհնար երազով… «Իբրեւ ծառ»

Թող հոգիդ միշտ խաղաղութեան մէջ ննջէ:

 

 

Նախորդը

Հայագէտ Ժան-Փիեռ Մահէ 6 Տարի Տրամադրած Է «Մատեան Ողբերգութեան»-ը Ֆրանսերէնի Թարգմանելու

Յաջորդը

Փակուղիի Խորութեան Անհամապատասխան «Փակուղի»-ն

RelatedPosts

Մայրենի Լեզու – Վերասահմանումի Անհրաժեշտութիւն Եւ Դպրոց*
Գրական

Մայրենի Լեզու – Վերասահմանումի Անհրաժեշտութիւն Եւ Դպրոց*

Նոյեմբեր 4, 2023
Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Վահրամ Թորգոմեան
Գրական

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Վահրամ Թորգոմեան

Մարտ 3, 2023
Եագուպիէ. Ապրուած Օրերու Յուշեր – Սուրբ Աննա
Գրական

Սփիւռքի Մրցունակ Գիտական Կեդրոնները` Այլընտրանքային Անհրաժեշտ Թթուածին

Հոկտեմբեր 13, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?