Կամաւոր Հայ Խաչուհի
ՅԱՍՄԻԿ ՀԱՆԷՇԵԱՆ (ԱՖԱՐԵԱՆ) Դուն կամաւոր հա՛յ խաչուհի, Անվարան ծառայող կարօտեալին, Դուն շտապ հասնող չքաւորին, Պնակ մը ճաշի կամ դարմանումի: Դուն աստուածահաճոյ գործին զոհուած, Անսակարկ նուիրուած ես ժողովուրդին, Դուն փարոսն ու յոյսը տարեցին ու փոքրին, Միշտ նեցուկ կանգնող աղքատին: Դուն բարեսէր հայուհի, Որքա՜ն բարի եւ զոհուած, Սիրայօժար ամէն անգամ Ժպիտով կը բախես դուռը օգնելու համար:




















