Յօդուածներ

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն

Հայաստան Վերջապէս Կը Հակազդէ Փաքիստանի Հակահայկական Քաղաքականութեան

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Ուրախութեամբ իմացայ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը վերջապէս որոշած է հակազդել Փաքիստանի վարած ազրպէյճանամէտ, թրքամէտ եւ հակահայկական շարունակական քաղաքականութեան: Անցեալ շաբաթ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Հայաստան արգելք դրած է  Փաքիստանի` Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ դիտորդի կարգավիճակ ստանալու խնդրանքին դէմ` ի պատասխան Փաքիստանի հակաարցախեան դիրքորոշման: Հայաստան բացատրած է, որ «Փաքիստան...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  «Պիելոռուսական Ռուլեթ»…

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. «Պիելոռուսական Ռուլեթ»…

«Ռուսական ռուլեթ»-ին մէկ տարբերակն է «Պիելոռուսական ռուլեթ»-ը: Տարբերակ ըսելով` իսկապէս կը տարբերի ռուսական նախատիպէն: Տարբերութիւնն ալ, իր կարգին, ունի երկու բոլորովին տարբերակներ. առաջինը` շրջահարին փամփուշտի բոլոր սենեակներն ալ կը պարունակեն փամփուշտներ, իսկ երկրորդը` անոնք բոլորովին դատարկ են: Այսինքն այս տարբերակները ցոյց կու տան, որ բոլորովին անյոյս է այդ խաղին մասնակցողը, եւ միայն ճակատագիրն է, որ կը տարբերի... Այս բացատրականը լաւապէս...

Սադրանք Հայաստանի Դէմ

Սադրանք Հայաստանի Դէմ

ԳԷՈՐԳ ԴԱՐԲԻՆԵԱՆ Պիելոռուսիայի նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոն Ազրպէյճան կատարած երկօրեայ պաշտօնական այցի շրջանակում այսօր Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ համատեղ յայտարարութիւն է ընդունել ԼՂ հիմնահարցի կարգաւորման վերաբերեալ: Յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս նշւում է. «Կողմերը կարեւորում են ԼՂ խնդրի կարգաւորումը, որը պէտք է համապատասխանի միջազգային իրաւունքի կանոններին, առաջին հերթին` ինքնիշխանութեան ապահովման, տարածքային ամբողջականութեան եւ պետութեան սահմանների անխախտելիութեան սկզբունքներին, ինչպէս նաեւ` ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհրդի...

Խենթանոց

Մանկական Երգեր (4)

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ Հայերէն մանկական երգերու եւ մեկնաբանողներու չգոյութեան պատճառով երկար տարիներ հայ երեխան ձեւով մը «անտեսուած» էր երաժշտական բնագաւառէն ներս: Հայ մանուկին ականջը կը լեցուէր այն տեսակի երաժշտութեամբ, որ կ՛ունկնդրուէր իր տան մէջ: Շատ մը փոքրիկներ, հասակ առած են դասական երաժշտութեան մթնոլորտին մէջ, ուրիշներ` եւրոպական երգերով: Եղած են նաեւ թրքերէն երգեր ունկնդրող ընտանիքի զաւակներ, եւ անոնք խելահաս տարիքի հասնելէ ետքն...

Նշմար.  Ո՞վ Է Խնդրարկուն

Նշմար. Ո՞վ Է Խնդրարկուն

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի մեծամտութեան չափն ու սահմանը այնքան անցած է, որ վերջերս անոր կատարած յայտարարութիւնները սկսած են անմտութիւն բուրել եւ վկայել հոգեբանական վատառողջութեան մասին: Այդ յայտարարութիւններէն մէկն էր Սուրիա գտնուող թրքական զինեալ ուժերու նպատակին մասին անոր կատարած ձախաւեր յայտարարութիւնը, որ գայթակղութիւն յառաջացուց եւ քիչ մնաց, որ տակաւին երէկ բնականոնացած ռուս-թրքական յարաբերութիւններուն լուրջ վնաս պատճառէր: Էրտողան այլ...

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահի Տնօրէն Յակոբ Հաւաթեանի Դամբանականը` Լիբանանահայ Արուեստագէտ Կիւվտէրի Յուղարկաւորութեան Արարողութեան

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահի Տնօրէն Յակոբ Հաւաթեանի Դամբանականը` Լիբանանահայ Արուեստագէտ Կիւվտէրի Յուղարկաւորութեան Արարողութեան

Սիրելի՛ Կիւվտէր, Առաջին անգամ ըլլալով քու ներկայութեամբ հաւաքուած ենք եւ քու բարձրաթռիչ ձայնդ, համակող զգացումներդ եւ յուզումներդ, անհանգիստ շարժումներդ ու աչքերէդ փայլատակող յուզումի եւ ուժականութեան անխառն զգացումները չենք լսեր ու տեսներ: Յոգնատանջ մարմինդ կը հանգչի այսօր: Եկած ենք վերջին հրաժեշտ տալու քեզի, վարձքդ կատար ըսելու եւ հաստատելու, որ մեր հաւաքական կեանքին մէջ մեծ տառերով դրոշմեցիր քու ներկայութիւնդ: Եկած ենք սակայն...

Լիբանանահայ Արուեստագէտ, Գեղանկարիչ Կիւվտէրի Յիշատակին

Լիբանանահայ Արուեստագէտ, Գեղանկարիչ Կիւվտէրի Յիշատակին

ՎԱՀԷ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Կիւվտէր, բուն անունով Ճոն Կիւվտէրէլեան,   հօրաքրոջս տղան կ՛ըլլայ: Հօրաքրոջս ընտանիքը եւ մենք ամառ մը Լիբանանի մէջ Պհամտուն գիւղը բարձրացած էինք, այդ օրերուն Կիւվտէր Փարիզէն կը վերադառնար հետը բերելով տետրակներ, զանազան տեսակի մատիտներ, եւ այլն: Մեզ` փոքրիկներս, կը նստեցնէր, որպէսզի մեր դիմանկարները գծէ: Յաջորդաբար կը գծէր ու մեզի կ՛ըսէր` «Ասոնք ուսումնասիրութիւններ են` étude-ներ»: Հինգ տարեկան էի, եւ Կիւվտէր արուեստին...

«Ալպա» Համալսարանի Նախագահ Փրոֆ. Անտրէ Պըխազիի Դամբանականը` Լիբանանահայ Արուեստագէտ Կիւվտէրի Յուղարկաւորութեան Արարողութեան

«Ալպա» Համալսարանի Նախագահ Փրոֆ. Անտրէ Պըխազիի Դամբանականը` Լիբանանահայ Արուեստագէտ Կիւվտէրի Յուղարկաւորութեան Արարողութեան

  Թարգամանեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Այսօր մութ օր մըն է, շատ մութ, արուեստի, «Ալպա»-ի, Կիւվտէրի ընտանիքին, աշակերտներուն, ուսանողներուն եւ բարեկամներուն համար: Շատ յուզուած եմ եւ տխուր` կանգնելով այստեղ, ձեր առջեւ, արտասանելու համար այս խօսքերը ի պատիւ այս իւրայատուկ մարդուն, որուն գործընկերը, ապա բարեկամը եղած եմ: Ան «Ալպա» կը հասնի 1980-ին, ճակատը արդէն իսկ զարդարուած շքեղ դափնեպսակներով, սրընթաց կը ձեռնարկէ իր նախասիրած...

«Ականեալ Ձայներ»-ի Զօրութիւնը

Արդի Հայ Արձակի Առինքնող Երեւոյթը

ԹԱՄԱՐ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ Արուեստագիտութեան դոկտոր Օրերս Երեւանում նշւում է անուանի արձակագիր, հրապարակագիր Ալիս Յովհաննիսեանի ծննդեան 70-ամեակը: Ալիս Յովհաննիսեանը երկար տասնամեակներ իր բազմաբեղուն (արձակագիր, հրապարակագիր, մշակութաբան, մանկավարժ, Հայաստանի Գրողների միութեան արձակի բաժանմունքի վարիչ) ազգանուէր գործունէութեամբ իր ուրոյն տեղն ունի ներկայիս հայ մշակութային կեանքում: Հայաստանի Գրողների միութիւնում կայացած յոբելենական միջոցառման ուշադրութեան կենտրոնում էր նաեւ Ալիս Յովհաննիսեանի վերջերս հրատարակուած «Ամենակարգին մարդիկ եւ ագռաւները» ժողովածուն,...

Թուրքիոյ Նախագահի Սպառնական Շեշտը  Ընդարմացումէ Դուրս Կը Բերէ՞ Արեւմուտքը

Թուրքիոյ Նախագահի Սպառնական Շեշտը Ընդարմացումէ Դուրս Կը Բերէ՞ Արեւմուտքը

ՄԱՐՔ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ Ազգայնամոլ եւ կրօնամոլ ամբոխին կռթնած, հաշուեյարդարի ենթարկելէ ետք բարենորոգչական ամէն կարգի ընդդիմութիւն, Թուրքիոյ նախագահը կը սպառնայ: Սպառնալիքներ: Եթէ Եւրոմիութիւնը փակ պահէ իր դռները Թուրքիոյ առջեւ, Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան  կը յայտարարէ, որ երկրի խորհրդարանը եթէ ընդունի մահապատիժի օրէնքը, ինք անմիջապէս պիտի վաւերացնէ` ձեռնոց նետելով Եւրոմիութեան: Ինչպէ՞ս կը հակազդէ Եւրոմիութիւնը: Եթէ Եւրոմիութիւնը կը շարունակէ ըսել, որ Թուրքիան տեղ չունի իր...

Ժունիէի Ս. Յարութիւն  Եկեղեցւոյ Մէջ.  Լիբանանի Թեմի Դպրաց Դասերու Համագումար

Ժունիէի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Մէջ. Լիբանանի Թեմի Դպրաց Դասերու Համագումար

Երկուշաբթի, 21 նոյեմբեր  2016-ին, տեղի ունեցաւ Լիբանանի թեմին մէջ եկեղեցիներուն  դպրաց դասերու համագումարը, Ժիւնիէի Ս. Յարութեան եկեղեցւոյ մէջ: Համագումարին մասնակցեցան թեմի ինը եկեղեցիներէն 60 անդամներ: Համագումարին աշխատանքը սկսաւ առաւօտեան ժամերգութեամբ, որուն բոլոր ներկաները մասնակից դարձան շարականներու     երգեցողութեամբ: Ապա, նախաճաշի կարճ դադարէ ետք, համագումարին մասնակցողները ամփոփուեցան եկեղեցւոյ սրահը` սկսելու օրուան ծրագիրը: Բացման եւ բարի գալուստի խօսքը արտասանեց դպրաց դասերու վարիչ Խաչիկ...

Մեր Շուրջը Ամասիացիներ Մնացի՞ն

Խոզ, Խոզակ Եւ Խոզանակ

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ Յառաջադէմ երկիրներու մէջ` Եւրոպայէն մինչեւ Ամերիկաներ, ամէնէն շատ սպառող ու սիրուած մսեղէններէն մին է խոզի միսը: Միւս կողմէ, սակայն, զարմանալի է, որ այսքան սիրուած մսեղէնը հայթայթող անասունը` խոզը, ենթակայ է անարգանքի, նուաստացումի: «Խոզ» բառը, որ հնչիւնային տեսակէտէ ալ սիրուն կազմութիւն մը չունի արդէն, մեր բերնին մէջ կը գործածուի բացառաբար ժխտական իմաստով ու երանգներով. - Խոզի պէս մարդ մըն...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի` Յունուար Ա.  Հայրենիքի Վերանկախացման 25-Ամեակը Դիմաւորենք Նորանոր Ծրագիրներով

«Գանձասար»-ի Խմբագրական. Հալէպ Պատմական Օրեր Կ՛ապրի

Սուրիոյ տնտեսական մայրաքաղաք Հալէպը վերջին չորս տարիներուն պատերազմի դառնագոյն հետեւանքները կրեց: Զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն Հալէպ թափանցումով քաղաքի բոլոր շրջանները ենթարկուեցան անխնայ հրթիռակոծումներու: Ահաբեկիչներ մարդասպանութիւնն ու քանդումը իբրեւ միջոց օգտագործելով` ո՛չ մարդոց կեանքին խնայեցին, ո՛չ անոնց բնակարաններուն, ո՛չ դպրոցներուն, ո՛չ հիւանդանոցներուն եւ ո՛չ ալ քաղաքացիներուն ապրուստի հիմնական ազդակներուն` աշխատավայրերուն ու արհեստանոցներուն: Նպատակը մէկ էր` ամայացնել Սուրիոյ տնտեսական մայրաքաղաքը, տարտղնել ու տարհանել...

Միա՛յն Կամաւորը Արքայ Կ՛ըլլայ

Միա՛յն Կամաւորը Արքայ Կ՛ըլլայ

ՏՕՆԻԿ Տ. Կամաւորը անուն չունի, անոր վեհութիւնը կ՛ընդգրկէ բոլոր անունները: Յաճախ խօսուած է «կամաւոր»-ի գործի արժէքին մասին, այդ գործին արդիւնքին, չափին մասին, թէ կամաւոր աշխատանք մը որքանո՞վ եւ ի՞նչ տարողութեամբ իր ազդեցութիւնը ձգած է անհատի մը, հաւաքականութեան մը, կամ նոյնիսկ համամարդկային արժէքի մը վրայ: Շրջենք պատկերը: Կամաւոր աշխատանքով մը որքա՞ն ճիգ թափուած է ազդեցութիւն մը, կամ փոփոխութիւն մը կատարելու: Ճի՞շդ...

Մեր Ընկերուհիներուն Ճամբա՛յ Բացէք

Մեր Ընկերուհիներուն Ճամբա՛յ Բացէք

ՀՐԱԿ Թ. ԱՒԵՏԱՆԵԱՆ Կամաւոր աշխատանքը ազնուական եւ առողջ ընկերութեան մը ազդանշանն է: Այն ընկերութիւնը, որ ունի իրենց անձնական կեանքերը, շահերը, փառքերը եւ հաշիւները մէկդի դրած անդամներ, որոնք կը լծուին միութենական եւ կամաւոր աշխատանքի, կ՛ապացուցէ հաւաքականութեան մը պատուական ըլլալը: Միութենական աշխատանքը անշուշտ ինքնանպատակ չ՛ըլլար: Կը ձգտի աւելի լաւ, արդար եւ հաւասար ընկերութեան մը: Աւելի՛ն. միութենական կեանքը կրնայ ռազմավարական կարեւորութիւն ունենալ: Պահ...

Հոգեպէս  Հարստանանք Բարի Գործերով

Հոգեպէս Հարստանանք Բարի Գործերով

ՍՕՍԷ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ «Եսական եւ այլամերժ ախորժակներով գերյագեցած մարդկային ընկերութեան մէջ, իսկական մխիթարանքի եւ սիրոյ յուսատու շող մըն է, ծառայութեան եւ նուիրումի նման շարժում մը», իր կամաւորներով: ԼՕԽ-ականներս ամէն տարի կը տօնենք կամաւորներու օրը, որպէսզի առիթ ընծայենք մեզի` խորհելու, մտածելու կամաւորական աշխատանքի մասին, վերանորոգելու համար մեր կենսունակութիւնն ու եռանդը եւ մենք մեզ հաշուեյարդարի հրաւիրելու եւ խոկալու մեր կատարած սխալներուն մասին, միասնական...

«Կամաւորին Վարձքը Կատար»

«Կամաւորին Վարձքը Կատար»

ՀԵՐԱ ՆԱՃԱՐԵԱՆ Ամէն տարի դեկտեմբերի առաջին շաբաթը կը նշուի Օգնութեան խաչի կամաւորներու օրը: Այդ հանդիսութիւնը կու գայ անգամ մը եւս հաստատելու, թէ հայ ժողովուրդը որքա՛ն մօտ կը զգայ այս մեծ կազմակերպութեան, որ ծնած է իր իսկ գաղութէն, հասակ նետած` մեր գուրգուրանքով եւ ուռճացած` տարուէ տարի ընդարձակելով իր գործունէութեան դաշտը: Կամաւորներու օրը նշելով` Օգնութեան խաչը իսկական արժէքը կու տայ այդ անձնուէր...

Երդումը` Ծառայելն Է

Երդումը` Ծառայելն Է

ՆԱԹԱԼԻ ՔԷՆՏԻՐՃԵԱՆ «Ծառայութիւնը կեանքի որակ է, ճանապարհ է եւ նպատակ»: ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Ամէնօրեայ աշխարհի լուրերը այնքան կը ճնշեն մեզ, որ մենք յաճախ կը դառնանք անկարող` մարդկութեան տառապանքին ձեռք երկարելու: Քանի մը ամիս առաջ էր տակաւին, սուրիացի փոքրիկ տղուն (Օմրանին) պատկերը մեր յիշողութեան մէջ դրոշմուած է` արիւնլուայ, ցնցուած վիճակի մէջ, անորոշութեան ուրուականը աչքերուն մէջ, գամուած էր աթոռին, կորսնցուցած ընտանիքը, ապահովութիւնը...

«Կամաւորին Վարձքը Կատար»

Այդ Մենք Ենք

ԱԶՆԻՒ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Մենք ենք կամաւոր խաչուհիներ ուխտաւոր Դաշտին մէջ տանջանքի - հոգեմաշ քաղցի - Տենչանքով լեցուն վաղուան գալիքի Տեսիլքով գունեղ սփոփանք որպէս ահեղ զրկանքի պապակն յագեցնող Ապրելու համար մաքառող մամիկներ Ուսման ծարաւի մատղաշ բողբոջներ Յանուն մարդկութեան սաւառնող թեւեր Գրկաբաց պատրաստ կամաւոր քոյրեր բերկրալի վշտի, կսկիծի որպէս բալասան - կանայք գթութեան - Մենք ենք կամաւոր անխախտ տեսլականով Յանուն գալիքի բարւոք օրերու...

«Կամաւորին Վարձքը Կատար»

Կամաւոր Հայ Խաչուհին` Մշտավառ Կանթեղը Հայուն

ԳՈՀԱՐ ՈՒՆՃԵԱՆ-ԿԻՒՎԼԷՔՃԵԱՆ 1910-ին հիմնադրուեցաւ Հայ օգնութեան միութիւնը, որով առաւել իմաստաւորուեցաւ կամաւոր բառը: 1930-ին հիմը դրուեցաւ ԼՕԽ-ին, որ հետզհետէ ընդարձակեց իր աշխատանքային դաշտը` 26 մասնաճիւղերուն ընդմէջէն: Անիկա ո՛չ միայն լծուեցաւ ժողովուրդին ծառայութեան, այլ նաեւ անոր մէջ վառ պահեց պահանջատիրական ոգին: Պարման տարիքիս` 1975-ին, կը յիշեմ, որ տարուան ընթացքին տարբեր առիթներով դուռը կը թակէին գեղադէմ տարեց ու երիտասարդ կիներ, որոնք ժպտուն դէմքերով...

Page 867 of 1110 1 … 866 867 868 … 1,110

Արխիւներ