Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նարոդնիկականութիւնը Եւ ՀՅԴ-ն

Դեկտեմբեր 2, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Երբ կը խօսինք իր հիմնադրութեան օրերուն ՀՅ Դաշնակցութեան կրած գաղափարական ազդեցութեանց մասին, չենք կրնար անտեսել ռուսական նարոդնիկական շարժումին ազդեցութիւնը. շարժում մը, որ ցնցեց ամբողջ Ռուսական կայսրութիւնը` 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարու սկիզբը. շարժում մը, որ առաջնորդեց գիւղացիութեան ընկերային-տնտեսական ազատագրական պայքարը եւ ընդլայնեց զայն բռնակալ ցարի իշխանութեան դէմ` տապալելով անձնիշխանական կարգերը եւ հաստատելով ընկերվարական ու ժողովրդավարական կարգեր: Առ այդ, այս յօդուածը նուիրուած է ՀՅԴ-ի 126-ամեայ գաղափարախօսական վեհ երթին վրայ այդ շարժումին ունեցած ազդեցութեան:

Ի՞նչ Է Նարոդնիկականութիւնը

Նարոդնիկականութիւնը ռուսական ընկերային շարժում մըն էր, որ ծնունդ առաւ 1870-ական թուականներուն` իբրեւ գիւղացիական-ընկերվարական շարժում: Շարժումը նպատակ ունէր համայնացնել հողը` զայն յանձնելով մշակող հանրութեանը, որ ցերեկ թէ գիշեր կ’օգտագործուէր հողատէրերուն կողմէ: Ըստ նարոդնիկականութեան, համագործակցականներն էին, որ պիտի ղեկավարէին հողային յարաբերութիւններու հարցը: Նարոդնիկականութեան գլխաւոր դէմքերէն մէկն էր մտաւորական եւ գրագէտ Ալեքսանտր Կերցենը, որ ծանօթ էր իբրեւ «ռուսական ընկերվարութեան հայրը»` իր գիւղացիական համագործակցական ընկերային կառոյցի իտէալով, որ հանդիսացաւ ապագայ ռուս ընկերվարական շարժումներու գաղափարախօսական հիմքը: Այլ կարեւոր դէմք մը` փիլիսոփայ եւ ընկերաբան Պիոտր Լաւրով, ազդուած ըլլալով արեւմտեան ընկերվարութեան միտքերէն, կը հաւատար, որ Ռուսիան ընկերվարութեան կրնայ հասնիլ միայն յեղափոխական մարտավարութիւններով: Նարոդնիկականութիւնը կազմուած է ռուսերէն «նարոդ» բառէն, որը կը նշանակէ ժողովուրդ: Շարժումին նշանաբանն էր` «Կանչ ժողովուրդին»:

Պատմական ակնարկ

Ցարական իշխանութեան վարած բռնակալական, միապետական եւ սակաւապետական քաղաքականութիւնները հանդիսացան դրդապատճառները նարոդնիկական շարժման ձեւաւորման եւ աճումին: Ընդդիմադիրներու նկատմամբ հալածանքներէն ու աքսորէն, խօսքի ու հաւաքի ազատութիւններու կաշկանդումներէն ծնունդ առաւ յեղափոխաշունչ հոսանք մը, որ գիւղացի ժողովուրդին յեղափոխութեան դրօշը պարզեց` ընդդէմ անարդար պետական կարգերուն: 1875-ին վրացական Թիֆլիս եւ Քութայիսի քաղաքներուն մէջ ծնունդ առին նարոդնիկական առաջին կազմակերպութիւնները, որոնք տարածուեցան եւ գործեցին գաղտնի ձեւով` դպրոցներուն եւ համալսարաններուն մէջ (մանաւանդ` գիւղատնտեսական ճիւղին մէջ):

Հիմա խօսինք նարոդնիկական գլխաւոր կազմակերպութիւններուն մասին.

– Զեմլիա ի վոլիա (հող եւ ազատութիւն).- Ասիկա զուտ գիւղացիական յեղափոխական կազմակերպութիւն մըն էր, հիմնուած` 1876-ին: Անիկա կը մերժէր բանուոր դասակարգի գլխաւոր դերը` յեղափոխութեան մէջ: Կազմակերպութեան նպատակն էր յեղափոխական միտքերու քարոզչութիւնը գիւղացիներուն մէջ` յեղափոխութեան համար կորիզներ պատրաստելու նպատակով:

– Նարոդնայա վոլիա (Ժողովուրդի ազատութիւն).- Յաջորդեց առաջինին` 1879-ին: Նոր կազմակերպութեան մարտավարութիւնը հիմնուած էր ահաբեկչութեան (տեռոր) վրայ. ահաբեկչութեան կ՛ենթարկուէին բոլոր անգութ զինուորականները եւ զորպա պաշտօնեաները:

– Ընկերվար-յեղափոխականներ.- 1880-ականներու կէսերէն սկսեալ նարոդնիկական շարժումը ճգնաժամ ապրեցաւ արդիականացման հետ: 1902-ին տեսաբան Վիքթոր Չեռնով կրցաւ արդիականացնել շարժումը` անոր գաղափարներուն համադրումը կատարելով մարքսականութեան հետ եւ հիմնելով Ընկերվար-յեղափոխական կուսակցութիւնը: Ընկերվար-յեղափոխականները 1905-ի ռուսական յեղափոխութեան ամէնէն աշխուժ ուժերէն էին. իսկ 1917-ի Փետրուարեան յեղափոխութեան ժամանակ առաջնորդեցին յեղափոխական ժամանակաւոր կառավարութիւնը` Ալեքսանտր Կերենսքիի ղեկավարութեամբ: Հոկտեմբերեան յեղաշրջումէն ետք Ընկերվար-յեղափոխական կուսակցութիւնը արգիլուեցաւ, անոր անդամները աքսորուեցան, հակառակ ասոր, սակայն, կուսակցութիւնը գործեց մինչեւ 1940 թուական, որմէ ետք լուծուեցաւ:

Նարոդնիկականութիւնը,
Հայկական Իրականութիւնը Եւ ՀՅԴ-ն

Հայ գիւղացիութիւնը, ռուս գիւղացիութեան նման, հողազուրկ էր, զրկուած` կեանքի տարրական պայմաններէն եւ շահագործուած` հողատէրերուն կողմէ: Հայութիւնը չէր կրնար հեռու մնալ նարոդնիկականութենէն: Հայ անհատները ոչ միայն մասնակից էին նարոդնիկական անդրանիկ կազմակերպութիւններու հիմնադիր ժողովներուն, այլ նաեւ աշխուժ անդամներ էին: 1880-ական թուականներէն սկսեալ, հայ նարոդնիկականները սկսան հիմնել ազգային-յեղափոխական կազմակերպութիւններ, որոնց նպատակն էր մէկ կողմէ հայ գիւղացիի ընկերային-տնտեսական, իսկ միւս կողմէ` քաղաքական-մշակութային ազատագրութիւնը. 1884-ին Քրիստափոր Միքայէլեան կը հիմնէ «Միութիւն հայրենասիրաց»-ը, իսկ 1889-ին` «Երիտասարդ Հայաստան»-ը. երկու կազմակերպութիւններն ալ նպատակ ունէին միացնել հայ իրականութեան մէջ գործող բոլոր յեղափոխական կազմակերպութիւնները, եւ այդ նպատակը կարելի կ՛ըլլայ յաջողցնել տարի մը ետք` Հայ յեղափոխականների դաշնակցութեան հիմնադրութեամբ:

ՀՅԴ-ն սկզբնական շրջանի իր ծրագրային հասկացողութիւններուն մէջ նարոդնիկական շարժումէն ժառանգած է իր գիւղատնտեսական համագործակցական դրութեան, կարգապահութեան եւ տեռորի մարտավարութիւնները: Նշանաւոր հայ նարոդնիկականներ էին` Քրիստափոր Միքայէլեան, Սիմոն Զաւարեան, Ստեփան Զօրեան, Աւետիք Սահակեան եւ բազմաթիւ ուրիշ դէմքեր, որոնք մեծամասնութեամբ դաշնակցական դարձան: Կ՛արժէ յիշեցնել, որ ՀՅԴ-ն սերտ կապեր պահած էր նարոդնիկական կազմակերպութիւններուն, մասնաւորապէս Ընկերվար-յեղափոխական կուսակցութեան հետ: 1905-ի յեղափոխութեան օրերուն երկու կուսակցութիւնները մէկ ճակատի վրայ կը գտնուէին` ընդդէմ միապետ ցարին: Ինչ կը վերաբերի 1917-ի Փետրուարեան յեղափոխութեան, յեղափոխական ժամանակաւոր կառավարութիւնը արժանացաւ ՀՅԴ-ի համակրանքին. ըստ Ալեքսանտր Խատիսեանի, Ընկերվար-յեղափոխական կուսակցութեան հայ անդամները նաեւ անդամակցած էին ՀՅԴ-ին, եւ յիշեալ կուսակցութեան «հայկական թեւը» ծնունդ առած է ՀՅԴ-էն. ըստ Միքայէլ Վարանդեանի, երկու կուսակցութիւնները իրարու հետ հանդիպումներ ունեցած են արտասահմանի մէջ: ՀՅԴ-ն եւ ընկերվար-յեղափոխականները նաեւ քոյր կուսակցութիւններ էին միջազգային գետնի վրայ, որովհետեւ երկուքն ալ անդամակցած էին Ընկերվարական Բ. միջազգայնականին (ՀՅԴ-ն վերջինիս անդամակցած է 1907-ին) եւ` աշխատաւոր ու ընկերվարական միջազգայնականին (երկուքն ալ անդամակցած են 1923-1940):

 

 

 

 

 

Նախորդը

Գիւտերու Մրցավազքը Մինչեւ Ո՞ւր

Յաջորդը

Հալէպահայ Աւօ Գաբրիէլեան` Մրցանակակիր Թորինոյի Շարժապատկերի Փառատօնին

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?