Պատրաստեց՝ ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ
«Ձայնը ներկայ է, բայց չի լսուիր. ձայնը լուռ է. Ցեղասպանութեան իբրեւ հետեւանք լռած ձայները, եւ այդ ձայները, որոնք պիտի լսուէին, բայց չհնչեցին, լուռ են. ձայները Ցեղասպանութեան պատճառով լոյս աշխարհ չեկած հայերուն, որոնք գիտնական կամ արուեստագէտ կամ մարդկութեան բարեկեցութեան համար ներդրում ունեցող որեւէ այլ մասնագիտութիւն պիտի ունենային, չկան այլեւս, լուռ են: Լուռ ձայներուն մէջ կան նաեւ ներկայ իրավիճակէն բխած բազմաթիւ երեւոյթներ, ինչպէս տարածաշրջանային պատերազմները եւ ժողովուրդներուն լուռ ձայները, մանաւանդ անոնց մէջ Ցեղասպանութեան վերապրողներուն զաւակներունը, որոնց ձայները անգամ մը եւս կ՛ենթարկուին լռութեան»:
Միսաք Թերզեանին հետ կը դիտենք իր գործերէն մէկը: Պաստառին վերի` աջ անկիւնին վրայ, կ՛երեւի դաժան դէմք մը, գլխուն ֆէս մը եւ անկէ քիչ մը վար, անկիւնագիծի վրայ, կը գտնենք կարծես տապալող կնոջ մը գլխիվայր մերկ մարմինը, կնոջ ձեռքերն ու ոտքերը անզօր կ՛երեւին վերի անկիւնը գտնուող կիտած յօնքերուն տրամադրութեան տակ, իսկ այս ամբողջը` պատուած կանաչի, սրճագոյնի, նարնջագոյնի խառնուրդին մէջ: «Ասոր անունը «Ի յիշատակ 1915-ին չծնածներուն» է: Հոս յղի կին մըն է, զոր կը դանակահարէ թուրքը. կը տեսնե՞ս ինչպէս է թուրքը հոս` ֆէսով»:
«Մենք Ատանայէն ենք: Քանի մը անգամ այցելած եմ Ատանա: Իւրաքանչիւր անգամ ոխով կ՛երթայի եւ նախանձով կը վերադառնայի: Անշուշտ ներկայիս թուրքերը գործերուս մէջ նկարագրուած ֆէսով չեն, մեծ մասն ալ չի գիտեր իր պատմութիւնը, բայց ինծի համար միշտ անցեալի թուրքն է, որ պաստառիս վրայ կ՛երեւի: Ատանայէն վերադարձիս միայն մէկ գործ կրցած էի արտադրել, այդ ալ` իմ մեծ հօր եւ մեծ մօր պատմածներէն մեկնած: Անոնք կը պատմէին, որ Ատանայի մէջ բամպակի դաշտ մը ունէին, եւ մեծ հայրս կը պատմէր, որ ան շաբաթը անգամ մը, առաւօտուն, նախքան արեւագալը, ձի կը նստէր, որպէսզի կատարէ գործաւորներուն իր այցելութիւնը, ու երբ արեւը մայր մտնէր միայն կը հասնէր դաշտին միւս կողմը. հոն կը գիշերէր ու յաջորդ առտու տուն կը վերադառնար նոյն ձեւով: Այսինքն` որքան ընդարձակ եղած է իրենց այդ դաշտը: Այս տպաւորութեամբ եւ Ատանայի այցելութեանս տպաւորութեամբ նկարեցի, միայն մէկ գործ, որ կը կոչուի «Մեծ հայրերուս բամպակէ դաշտը»:
«Լուռ ձայները են նաեւ մեր չերգուած երգերն ու չնուագուած երաժշտութիւնները: Ատոր համար հոս շարք մը ունիմ երաժիշտներու: Այս մէկը, օրինակ, կը կոչուի «Սպիտակ կօշիկը»: Հոս կ՛երեւին չորս երաժիշտներ իրենց երաժշտական գործիքներով: Հիմա հոս, այո՛, երաժիշտներուն նկարը կայ եւ անոնք նկարին մէջ կը նուագեն իրենց գործիքներով, բայց անոնց ձայնը չկայ, լուռ է ձայնը: Մենք պիտի երեւակայենք ձայնը: Ձայնը միայն չի լսուիր, այլ նաեւ կ՛երեւակայուի: Երաժշտութիւնն ալ նոյնպէս կարելի է արտայայտել գոյներով. այդպէս կը մարմնաւորեմ երաժշտութիւնը, հետեւաբար ո՛չ միայն աչքով, այլ նաեւ ականջով պիտի զգանք երաժշտութիւնը մեր երեւակայութեան մէջ»:
«Գիտե՞ս, լուռ ձայները միայն պատերազմներու կամ Ցեղասպանութեան չի վերաբերիր: Անոր մէջ կան նաեւ մարդոց կողմէն կենսոլորտին հանդէպ ո՛չ միայն անհոգութիւն, այլ նաեւ ոճրագործութիւն: Մեր շուրջ տեղի կ՛ունենան բնութիւնը կործանող եւ կենսոլորտը ապականող բազմաթիւ նախաձեռնութիւններ, որոնց պատճառով կը փճանան երկրագունդին մեզի պարգեւած բարիքները, եւ ատոր փոխարէն մենք կը դառնանք հիւանդ էակներ: Այս պաստառը` «Կտուցով թեթեւ համբոյր» խորագիրով, որ նաեւ ընտրած եմ ցուցահանդէսին գրքոյկին կողքին համար, լաւագոյնս կը դրսեւորէ ատիկա: Մենք կը քանդենք մեր երկրագունդը եւ ոչ ոք կը խօսի կենսոլորտին առողջութեան մասին: Կառավարութիւնները ունին իրենց ծրագիրները, եւ աշխարհը լեզու չունի այս անարդարութիւններուն դէմ»:
«Անցեալին այս հարցերը գոյութիւն չունէին, արուեստագէտները պէտք չունէին պաստառին վրայ ասոնց մասին արտայայտելու: Անցեալին անասունները մեզի համար հոգ տարին բնութեան, իւրաքանչիւրը իր բնազդով իր հիմնական պէտքերը հոգաց եւ երկրագունդը կտակեց մեզ, բայց հիմա մարդուն գործած աւերները աներեւակայելի են: «Աշնան տերեւները» գործիս մէջ, ամէն բան դեղնած է, տժգոյն. գոյները յստակօրէն կը դրսեւորեն վախճան մը: Իմ գոյներս շատ կարեւոր են ինծի համար, հոն ներդաշնակութիւն մը կայ, ատիկա առաջնահերթութիւն է: Այս երկու պաստառներուն նայէ անգամ մը. արդէն հոս կողք-կողքի դրած եմ: Ձախ կողմինը` «Առաւօտը կը բարձրանայ», տե՛ս ինչպէս են գոյները, հանդարտ, պաղ, բայց ձախ կողմինը` «Անվերնագիր»-ը, նոյն գոյներուն պայթումն է, գոյնին մասնիկներու վերածուիլն ու տարածուիլն է հոս»:
«Գործերս կը պատկանին կիսավերացական այլաբանական արտայայտապաշտութեան «semi abstract figurative expressionism» եւ ատոր համար ալ իւրաքանչիւր անձ, որ պաստառին առջեւ կը կանգնի եւ կը խորհրդածէ, իրեն յատուկ մեկնաբանութեամբ դուրս կու գայ: Այսինքն այս գործերը դասականի պէս չեն, իւրաքանչիւր գործ քեզ կը պարտադրէ, որ ժամանակէդ տրամադրես` եթէ կ՛ուզես անշուշտ»:
«Այս երկու գործերուն նայէ, երկուքին մէջն ալ նկարուած են երաժիշտներ` քով-քովի: «Կարմիրով երաժշտական գործիքներ» եւ «Մայրամուտը», բայց անոնք կը զանազանուին անով, որ մէկուն լոյսը առջեւի կողմէն է եւ, միւսինը` ետեւի: Լոյսը կարեւոր է ինծի համար: Նախապէս մոխրագոյն շատ կը գործածէի, քանի որ դիւրին է մոխրագոյնին վրայ լոյսերուն եւ գոյներուն ներդաշնակութիւնը ցոյց տալ, ներկայիս չեմ գործածեր մոխրագոյն»:
«Գործերուս եթէ լաւ նայիս, երկու անձեր կը տեսնես հոն, զոյգ մը, մէկը` կին, միւսը` տղամարդ: Պաստառս երկու սիւնակի բաժնուած է: Անշուշտ պէտք է 1984-էն ի վեր ձեռք ձգած իմ փորձառութիւնս ունեցած ըլլաս, որպէսզի հասկնաս ինչ ըսել կ՛ուզեմ, բայց տե՛ս, հոս «Հպում»-ին մէջ, այս կլորները տղամարդու կուրծքերն են, մկանոտ, իսկ այս կողմ կինը կայ, կուրծքերը` հոս, վարը` սրունքը: 1990-ին սկսայ այս զոյգը գաղտագողի նկարել գործերուս մէջ: Կիսավերացական գործեր ըլլալով պէտք է պահ մը կանգ առնել ու լաւ նայիլ գործին: Այս զոյգը եւ անոնց կին ու տղամարդ ըլլալը շարունակականութեան խորհրդանիշն են, մանաւանդ Ցեղասպանութենէն ետք: «Մենք պէտք ունինք գոյատեւելու, ուրեմն պէտք է վերապրելու կողքին նաեւ վերարտադրենք: Կրնա՞ս երեւակայել այդ բոլոր զաւակները, որոնք չծնան Ցեղասպանութեան իբրեւ հետեւանք: Միջին հաշուով իւրաքանչիւր 40 տարի ազգի մը թիւը վեցնապատիկով կ՛աւելնայ, հարիւրմէկ տարի ետք մէկուկէս միլիոնէ աւելի նահատակներուն թիւը ա՛լ ինչ պիտի ըլլար…»:
«Լուռ ձայներ»-ուն գործերը բոլորն ալ 2016-ի գործերս են, բացի քանի մը հատէն, որոնք 2015-ին գծուած են, եւ ուզեցի անգամ մը եւս լոյս սփռել անոնց վրայ: Ստեղծագործութեանս ընթացքը կը սկսի պաստառիս առջեւէն, պէտք է անգամ մը կոյս պաստառիս առջեւ կանգ առնեմ ու դիտեմ այդ անաղարտ կտորը: Ուղեղիս մէջ դրոշմուելէ ետք այդ սպիտակութիւնը, կրնամ տեսնել, թէ ինչի պիտի վերածուի գործս: Ստեղծագործութիւնը շարունակական ընթացք մըն է, միշտ ստեղծագործելու աշխատանքին մէջ պէտք է ըլլալ, որպէսզի կարենալ ստեղծագործել: Նաեւ մէկ բանը միւսին ծնունդ կու տայ, եւ նոյնիսկ 15 տարի առաջուան գործս անգամ մը եւս գծել ուզեմ, բնականաբար ուրիշ բնութագրութեամբ մը մէջտեղ պիտի գայ: Այս բանը զիս կը զարմացնէ, կը հիացնէ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է նոյն անձը նոյն գործին շուրջ տարբեր ստեղծագործութիւններ ծնի: Արդիւնքը, որ կը տեսնենք պաստառին վրայ, ինծի ուրախութիւն կը պատճառէ: Անշուշտ ուրախ կ՛ըլլամ ստեղծագործութեան ամբողջ ընթացքին: Վրձինս պաստառին վրայ զարկած ժամանակ երաժշտութիւն լսելով իմ անձս, անցեալս, մտածումներս բոլորը կը յանձնեմ այդ պաստառին: Ասոնք իմ գոյներս են, իմ վրձինի զարկերս են: Պայման չէ մարդ մը անունս տեսնէ, որպէսզի գիտնայ, թէ ով է գծողը, արդէն գծագրութեան ոճին մէջ ստորագրութիւնս կայ, եւ յատուկ բան մըն է ատիկա: Նաեւ հետաքրքրութիւնն է իմ ներշնչման աղբիւրս: Հետաքրքրուած կ՛ըլլամ, թէ յաջորդ վրձինի զարկս ինչ պիտի արտադրէ եւ ատոր համար կ՛ուզեմ գծել»:
«Ես ուրախ մարդ եմ, տխրութեան մէջէն իսկ ուրախութիւն կը տեսնեմ: Քիչ առաջ մեր զրոյցին մէջ յիշած տագնապներս կան անշուշտ, անոնք գործիս մէջէն կ՛երեւին, բայց աշխարհը որքան տխուր ըլլայ, ես միշտ ալ ուրախութիւն կը գտնեմ կեանքին մէջ, պարզ այն պատճառով, որ մեր կեանքերը հոս յաւիտենական չեն: Ժամանակ պէտք չէ տրամադրել տխրելու: Եթէ լուծում ունիս, ինչո՞ւ պիտի մտահոգուիս, եթէ լուծում չունիս, ինչո՞ւ պիտի մտահոգուիս: Ամէն մարդ կարողութիւն ունի իր շուրջ ուրախութիւն ստեղծելու: Մեզի պատահածն ալ դիւրին աղէտ մը չէ եւ ատոր հանդերձ տակաւին կը գոյատեւենք եւ ատոր մէջ ուրախութիւն մը կը տեսնեմ, յոյսս ալ չեմ կորսնցներ, որ օր մը պիտի վերատիրանանք այն բոլորին, զոր ունէինք»:
«Այս ամէնը կ՛ընեմ, քանի որ կը սիրեմ, բայց ամէնէն շատ քանի որ իմ գործերովս ես արուեստի պատմութեան մէջ պատմութիւն մը կ՛աւելցնեմ: Տասը տարուան համար չէ, որ կ՛աշխատիմ, այլ հարիւր-երկու հարիւր տարուան համար: Պաստառի, կտորը, կտաւը, այն ինչ որ շօշափելի է կը դիմանայ, բացի եթէ կրակն ու ջուրը եւ կամ անհոգութիւնը չփճացուցին գործը: Գիտէ՞ք, երբեմն թանգարաններու մէջ արուեստի ցուցադրութեան կ՛երթամ եւ կ՛ընդվզին, թէ որքան արուեստի հետ առնչուած է տուեալ գործ մը: Բնաւ չէի երեւակայած, որ օր մը կովի թրիքի պիտի հանդիպիմ ցուցահանդէսի մը մէջ եւ ինծի ըսուի, թէ ատիկա արուեստի գործ է: Ատկէ բացի մտահոգութիւն ունիմ «installation»-ներուն վերաբերեալ: Հոն ժապաւէններ կը ցուցադրուին, որպէս արուեստի գործ, բայց քանի՞ տարի կը դիմանայ այդ ժապաւէնը, եւ քանի՞ տարի պիտի կարենանք իրեն յատուկ գործիքներով դիտել ատիկա այս դարուս արհեստագիտական արագ յառաջդիմութեան մէջ, չեմ գիտեր: Կտաւի վրայ նկարչութիւնը դժբախտաբար հետզհետէ կը նօսրանայ: Անշուշտ որակը շատ աւելի կարեւոր է, քան քանակը, բայց եւ այնպէս ես կը կարծեմ, թէ ինչպէս նախապէս գոյութիւն ունեցող արուեստներ այլեւս գոյութիւն չունին, նոյնը կրնայ պատահիլ գեղանկարչութեան պարագան»:
«Ներկայիս երիտասարդութեան, պատանիներուն մեծամասնութիւնը ունի արհեստագիտութեան ընծայած կարելիութիւնները եւ, չեմ գիտեր որքանով հետաքրքրուած են զարգանալով եւ զարգացնելով իրենց ձիրքերը: Չեմ գիտեր հայ երիտասարդութեան պարագային որքանով պիտի շարունակեն մեր գծած ճանապարհը եւ խօսին Ցեղասպանութեան մասին: Նորիկեանին, Ժանսեմին, Հրայրին, Զոհրապին գործերը, ինչպէ՞ս շարունակականութիւն պիտի գտնէ ներկայ իրավիճակով, չեմ գիտեր»:
«Վաղը ցուցահանդէսիս բացումը պիտի կատարուի եւ պիտի տեսնէք, որ նոյն դէմքերը պիտի գան: Կրնամ հասկնալ, որ գործերը կրնան սուղ ըլլալ եւ բոլորին մատչելի չըլլայ, բայց կայ նաեւ արուեստասէրի ծարաւը յագեցնելու բաժինը, գալու եւ ճաշակելու գործ մը: Անշուշտ ալ կան ոմանք, որոնք կարելիութիւն ունին արուեստի գործ մը գնելու, բայց հետաքրքրուած չեն: Բայց հոս մտահոգութիւնս այդ է, որ անկարելի է ժողովուրդին քով արուեստի ճաշակ մը մշակել, եթէ անոնք գալով չճաշակեն այն, ինչ որ կը հրամցուի իրենց»:
Միսաք Թերզեանին 127-րդ ցուցահանդէսը` «Լուռ ձայներ» անուան տակ իր դռները պիտի բանայ հինգշաբթի, դեկտեմբեր 1-ին երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ: Ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մինչեւ դեկտեմբեր 12 եւ բաց է առաւօտեան ժամը 10:00-էն 7:00:
Հիանալի, Հիանալի եւ դարձեալ ՀԻԱՆԱԼԻ:
Վարձքդ կատար սիրելի Միսաք: