ՅԱՍՄԻԿ ՀԱՆԷՇԵԱՆ (ԱՖԱՐԵԱՆ)
Դուն կամաւոր հա՛յ խաչուհի,
Անվարան ծառայող կարօտեալին,
Դուն շտապ հասնող չքաւորին,
Պնակ մը ճաշի կամ դարմանումի:
Դուն աստուածահաճոյ գործին զոհուած,
Անսակարկ նուիրուած ես ժողովուրդին,
Դուն փարոսն ու յոյսը տարեցին ու փոքրին,
Միշտ նեցուկ կանգնող աղքատին:
Դուն բարեսէր հայուհի,
Որքա՜ն բարի եւ զոհուած,
Սիրայօժար ամէն անգամ
Ժպիտով կը բախես դուռը օգնելու համար: