Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի Մասնաճիւղի Պաշտօնական Վերամուտ

December 1, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

hmem-veramoud_102916

«Սկսա՜նք…»:

Այս ուրախ բառով շաբաթ, 29 հոկտեմբեր 2016-ին ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի սկաուտներս միաժամանակ սկսանք մեր գեղարուեստական յայտագիրն ու տարեշրջանի պաշտօնական վերամուտը:

ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի ակումբէն ներս, ծնողներու եւ բարեկամներու հոծ բազմութեան մը եւ ՀՄԸՄ-ի  Շրջանային սկաուտական խորհուրդին ու խմբապետութեան ներկայութեամբ, տեղի ունեցան` սկաուտական տողանցք, պաշտօնական արարողութիւններ եւ գեղարուեստական յայտագիր, որոնցմով նշեցինք 2016-2017 տարեշրջանի սկիզբը:

Ակումբի մուտքին ներկաներուն բաժնեցինք մեր պատրաստած փոքր ձեռային աշխատանքը, իսկ դաշտին մէջ շինած էինք սկաուտական մեծ ձեռային մը` լուսաւորուած եւ հարուստ պարանի խաղերով:

Տողանցքէն եւ փոխանցման ու դրօշակի արարողութիւններէն ետք, խօսք առին յաջորդաբար Շրջանային խմբապետութիւնը, մասնաճիւղիս սկաուտական խորհուրդը եւ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ  հոգեւոր հովիւ Մեսրոպ Ա. քհնյ. Քերքեզեանը: Մեծ ուրախութիւն էր տեսնել մասնաճիւղիս վերակազմուած մարզական խումբերը, որոնք մեզի միացան արարողութենէն ետք` մասնաճիւղային խմբանկարին: Քահանային քաջալերական խօսքերէն եւ խմբանկարէն ետք ընթացք առաւ ֆլաշմոպ ոճի թատերական անակնկալներով լեցուն յայտագիրը: Հետաքրքրական էր, որ գեղարուեստական յայտագրի առաջին մասը հիմնուած էր «սկսա՜նք» բառին վրայ. շփոթ ստեղծող, իրարու յաջորդող թատերական արարքներ ի վերջոյ յանգեցան մասնաճիւղի բոլոր անդամներու մասնակցութեամբ ներկայացումի մը սկզբնաւորութեան, որուն կ՛ընկերակցէր «Սկսա՜նք» գրութեամբ պաստառի մը պարզումը, որ կ՛ակնարկէր տարեշրջանը սկսելուն: Մեր մարմիններով ձեւաւորուած մարդկային ժամացոյցին համրանքէն ետք ներկայացուցինք ձեռքերու եւ ոտքերու հարուածներով ստեղծուած բարդ կշռոյթ մը: Վերջաւորութեան, հայկական խանդավառող եղանակի մը ընկերակցութեամբ, մասնաճիւղի բոլոր անդամներով պարեցինք եւ այդպէս փակեցինք մեր վերամուտի յայտագիրը:

Յայտագիրը փակեցինք, բայց տարեշրջանը նոր սկսանք, եւ դեռ շա՜տ նման հաւաքոյթներ, ներկայացումներ եւ նոր յայտագիրներ կը սպասեն մեզի: Ի դէպ, պաշտօնական վերամուտէն մէկ շաբաթ ետք, շաբաթ, 5 նոյեմբերին, քաղաքի Ճեմարանի շրջափակէն ներս կազմակերպեցինք միջազգային ընթրիքի երեկոյ մը: Հինգ տարբեր երկիրներու ճաշատեսակներով, հայկական կամ այլ մշակոյթներու պատկանող երաժշտութիւններով, եւ ներկայութեամբ մեր ծնողներուն ու բարեկամներուն, պարեցինք, կերանք, զրուցեցինք եւ անցուցինք շատ հաճելի ընկերական մտերմիկ ժամեր:

Պաշտօնական վերամուտի եւ ընթրիքի խանդավառ մթնոլորտները պիտի ընկերակցին մեզի այս տարեշրջանի բոլոր հաւաքներուն, բանակումներուն եւ տարբեր հանդիպումներուն: Կը սպասենք, որ դուք ալ վայելէք այս մթնոլորտը. մաս կազմեցէ՛ք մեր աշխատանքներուն:

Մեր հաւաքները տեղի կ՛ունենան ամէն շաբաթ օրերը, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-6:30, ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի ակումբէն ներս, Զոքաք Պլաթ:

ՍԿԱՈՒՏ            

Նախորդը

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Գովասանքին Կարեւորութիւնը

Յաջորդը

Հնդկացորենին Օգտակարութիւնը

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.