Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Հալէպի Մէջ Արձանագրուող Տեղաշարժին Քաղաքական Բաժինը

Դեկտեմբեր 1, 2016
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

cycejhbweaaf-on

Հաւանաբար առաջին անգամ ըլլալով է, որ Հալէպի շուրջ ընթացող մարտերուն կ’արձանագրուին գետնի վրայ նկատելի տեղաշարժեր: Կառավարական ուժերը կ’արձանագրեն յստակ առաւելութիւն եւ իրենց վերահսկողութեան տակ կ’առնեն Հալէպի այն շրջանները, որոնք կը  գտնուէին առաւելաբար կրօնական անուան տակ կռուող տարբեր, բազմատեսակ զինեալ խմբաւորումներու տիրապետութեան տակ:

Մինչ այս արձանագրուած տեղաշարժը, թէժ մարտերը, ռուսական կործանիչներու աշխուժ ներգրաւումը եւ կառավարական ուժերու թափանցման փորձերը չէին յաջողեր գետնի վրայ դիրքերու գրաւման տեղաշարժեր ապահովել: Հայկական թաղամասերէն որոշ հատուածներ կը գտնուէին շփման գիծերու անմիջական շրջակայքը, եւ այդ սահմանագիծը փաստօրէն կը մնար անշարժ` երկկողմանիօրէն քարացած պահելով նաեւ զինուորական դիրքերը:

Հիմա փոխուած է կացութիւնը. աւելի ճիշդը փոփոխութեան ընթացք մը ծայր առած է, որ զինուորական բացատրութեան առընթեր ունի նաեւ իր քաղաքական տրամաբանութիւնը: Սուրիական կառավարական ուժեր-Իրանի զինուորական ներկայութիւն, գումարած լիբանանեան Հըզպալլայի ցուցական մասնակցութիւն եւ այս բոլորին վրայ աւելցող ռուսական կործանիչներ ամիսներ շարունակ Հալէպի պարագային չէին կրցած գետնի վրայ տեղաշարժ ապահովել մինչեւ օրեր առաջ արձանագրուածը:

Զինուորական ուժերու այս հանրագումարային պատկերը տրամաբանօրէն պիտի յաջողէր նահանջի մատնել ահաբեկչական խմբաւորումները, եւ անոնց հետ նաեւ երկրորդ գիծի վրայ կռուող հակակառավարական ուժերը, ճանչցուած` «ընդդիմադիր ուժեր» տարազով:

Ուղղակի-անուղղակի հովանաւորչութիւն, աջակցութիւն եւ պաշտպանութիւն գոյութիւն ունէր փաստօրէն զինեալ խմբաւորումներուն: Այն երկուութիւնը, թէ զինեալ խմբաւորումները չէզոքացնելով նպաստած պիտի ըլլային Սուրիոյ նախագահով մարմնաւորուած վարչակարգին, պատճառ էր հիմնական քաղաքական համաձայնութիւններու ուշացման, ձգձգման եւ անոր առընթեր զինուորական գործողութիւններու սահմանափակման:

Միայն որոշ ժամանակի համար կայացած քաղաքական համաձայնութիւն մը գերտէրութիւններու միջեւ կրնար յանգիլ տեղաշարժային այս արդիւնքին: Այլապէս, նախորդ ամիսներուն վրայ երկարող սթաթիւս քոն (գոյավիճակը) կամ գրաւում-նահանջ պարանաձգութիւնը պիտի շարունակուէր:

Երեւոյթները մտածել կու տան, որ իրար հակակշռող զսպիչ գօտիներու ընդհանուր դաշտին մէջ կ’արձանագրուէին զինուորաքաղաքական գործողութիւնները եւ ընդհանուր միջգերտէրութենական վերահսկողութիւնը կը պահպանուէր: Այս տեղաշարժը կը նախանշէ բարձր մակարդակի վրայ համաձայնեցուած վերահսկողութեան տակ ռուս-իրանեան դաշինքի զինուորաքաղաքական գործողութիւններու արդիւնաւէտութիւնը: Եւ այնպէս չէ, որ միայն ռուս-թրքական կարճաժամկէտ մերձեցման արդիւնքն է, որ Անգարան աւելի կրաւորական դիտեց ռուսական կործանիչներուն կամ իրանեան ռազմական միջամտութիւններուն հետեւանքով Հալէպի որոշ հատուածի ազատագրումը ահաբեկչական խմբաւորումներէն: Առանց Ուաշինկթընի լուռ համաձայնութեան դժուար թէ իրականանար տեղաշարժը, կամ Հալէպի ռազմավարական հատուածին ռուս-իրանեան գործօնի ճամբով կառավարական ուժերուն վերահսկողութեան տակ առնուիլը:

Ինչ կը վերաբերի ռուս-թուրք կարճաժամկէտ մերձեցման, ապա գէթ յայտարարողական մակարդակի վրայ արդէն իսկ կ’երեւի սուր հակասութիւն: Թուրքիոյ նախագահը սուրիական պատերազմին իր ներկայութիւնը կը պայմանաւորէ Ասատի վարչակարգի հեռացման նպատակով: Բնական է նաեւ, որ դէպի Մոսկուա շրջադարձ կատարած, ներողութիւն խնդրած-չխնդրած, Սոչիի մէջ ռուսական ձայները շատ արագ լսող Անգարան այս բոլորը նաեւ կը գործադրէր սպառնական ուղերձներ ուղղելու համար ընդհանրապէս Արեւմուտքին: Հիմա նաեւ Հալէպի ազատագրումը կրաւորական դիտող Անգարան ներգործօն դեր կը փորձէ ստանձնել այս անգամ Դամասկոսի մէջ իշխանափոխութիւն իրականացնելու Արեւմուտքի պահանջը իր սեփականը նկատելով:

Անգարայի այս խաղերը արդիւնաւորուելու շատ տեղ չունին փաստօրէն: Անգարան ինքը յայտնուած է այլեւս այլոց խաղի կանոններուն հետեւելու, իբրեւ խաղաթուղթ օգտագործուելու տուեալ պահուն զինուորաքաղաքական գործողութիւն իրականացնելու համար: Մնացեալը զուտ յայտարարողական սպառնական ուղերձներ են, որոնք առարկայացում չեն գտներ յաճախ:

Իսկ թէ ի՛նչ պատճառով ի յայտ եկաւ ամերիկեան կողմի այս «կրաւորական» կեցուածքը, թերեւս նոյնպէս լայն անդրադարձի նիւթ է: Կարելի է այս երեւոյթը կապել նոր նախագահի ընտրութեան հետ: Ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան վերաբերեալ նորընտիր նախագահ Թրամփի արտայայտութիւններուն արդէն ծանօթ ենք: Եւ գուցէ Սուրիոյ մէջ  դրսեւորած դիրքորոշման փոփոխութեան մէջ արտայայտուիլ սկսած է  ամերիկեան նոր քաղաքականութիւնը: Շատ ժամանակ չէ մնացած այս ենթադրութեան ճիշդ կամ սխալ ըլլալու ուղղութեամբ համոզուելու համար:

«Ա.»

 

Նախորդը

Հայաստանն Ու Ռուսիան Ստորագրեցին Երկու Երկիրներու Միացեալ Զօրախումբի Համաձայնագիրը

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ». Լոս Անճելըս Քաղաքի Երկու Կազմերը Պարտուեցան

RelatedPosts

Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 21, 2025
Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին Կողմէ Մալոյեանի Սրբադասման Եւ Պապի Լիբանան Այցելութեան Առիթներով Նամակ` Պապական Նուիրակին

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?