Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հիւրրիյէթ» Կազմած Է Թուրքիոյ 10 Ամէնէն Գեղեցիկ Գիւղերուն Ցանկը, Անոնց Մէջ Տեղ Գտած Են Նաեւ Հայկական Գիւղեր

November 30, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

vakifli_113016

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը հրապարակած է Թուրքիոյ 10 ամէնէն գեղեցիկ գիւղերու ցանկը, որուն մէջ շարք մը հայկական գիւղերու անուններ եւս տեղ գտած են:

Աչքի զարնող առաջին հայկական շրջանը Էրզինճանի (հայկական Երզնկա) հայկական Ապչաղա գիւղն է: Թուրքիոյ մէջ շատեր անգիր գիտեն Ահմեթ Քուցի Թեճերի հրատարակած «Այնտեղ հեռուն գիւղ մը կայ» բանաստեղծութիւնը, որ նուիրուած է նոյն ինքն Ապչաղային: Սակայն քիչերը գիտեն, որ գիւղին հայկական իսկական անունը Աբուջեղ է, այս մասին կը նախընտրէ լուռ մնալ նաեւ «Հիւրրիյէթ»-ը: Կ՛ըսեն, թէ Եփրատ գետի ամէնէն գեղեցիկ տեսարաններէն մէկը այս բարձր լեռնային գիւղէն կ՛երեւի:

«Հիւրրիյէթ» նաեւ անդրադարձած է հայկական Վագըֆ (թրքերէն Վագըֆլը, Մուսա լեռ) գիւղին, որ պաշտօնապէս արձանագրուած է իբրեւ Թուրքիոյ տարածքին մէջ գտնուող միակ հայկական քրիստոնէական գիւղը: Թերեւս այս փաստը թոյլ տուած է թերթին համարձակօրէն գիւղին հայկական ըլլալը նշելու: Գիւղը ունի իր եկեղեցին եւ պանդոկը: Կիլիկիոյ վերջին հայաբնակ գիւղը նկատուող Վագըֆի մասին թրքական թերթը կը գրէ. «Նարինջի եւ կիտրոնի իր ծառերով առանձնայատուկ գեղեցկութեան մէջ ընկղմած Վագըֆլը գիւղին մէջ կրնաք հայկական մշակոյթին ծանօթանալ եւ տեղական խոհանոցի համերը ճաշակել»: Նշուած է, որ այդ գիւղին մէջ տակաւին կ՛ապրին մօտ 80 հայեր:

Ցանկին մէջ տեղ գտած է նաեւ համշէնական Մարալ գիւղը, որ Արդուինի զմրուխտապատ լեռներուն մէջ կը գտնուի: Գիւղին ամէնէն յայտնի տեսարժան վայրը Մաճահել կոչուող ջրվէժն է: Այստեղ հին համշէնական փայտէ տնակները եւ խիտ անտառները պահպանուած են: Ինչպէս կը նշէ թերթը` մարդկային ձեռքը տակաւին չէ դպած Մարալի բնութեան:

Նախորդը

Հայաստանից Ու Միացեալ Նահանգներից` Սիրիահայերին. Նիւթական Օգնութիւն, Տեղափոխութիւն, Աշխատանք

Յաջորդը

Մինաս Թէօլէօլեան (1913-1997). Մեծավաստակ Գրականագէտը, Հրապարակագիրը Եւ Ուսուցիչը

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ

February 3, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը

February 3, 2026
Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը
Անդրադարձ

Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.