Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լոյս Տեսաւ Մեծարենցի, Վարուժանի, Դուրեանի, Թէքէեանի, Բանաստեղծութիւնները Պարփակող Յունարէն Հատոր

November 30, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

armeniki-mousa-22-11-2016

Նոր Ու Արդիական Հրատարակութեամբ Լոյս Տեսաւ Յոյն Բանաստեղծ Քուլիս Ալեփիսի «Արմենիքի Մուսա» Գիրքը

Յոյն շնորհալի բանաստեղծ ու հայ մշակոյթի մեծ սիրահար Քուլիս Ալեփիսի «Արմենիքի մուսա» երկերու հաւաքածոն, իր սկզբնական հրատարակութենէն 78 տարիներ ետք, դարձեալ լոյս կը տեսնէ` «Արմենիքա» եռամսեայի կողմէ վերահրատարակութեամբ:

Քուլիս Ալեփիսի կողմէ զգայուն վարպետութեամբ յունարէնի թարգմանուած հայ բանաստեղծներու քերթուածները գերազանց հաւաքածոյ մը կը կազմեն, ուր կը տողանցեն հայ մեծագոյն բանաստեղծներու հոգիներէն բխած հայաշունչ կտորներ:

Յոյն բանաստեղծի հոյակապ աշխատանքը օրին ընդունուած էր մեծ խանդավառութեամբ, յոյն մտաւորական ու մշակութային շրջանակներուն կողմէ:

Նոր ու արդիական հրատարակութիւնը իր շարքի չորրորդն է 1938-ի սկզբնական, ապա` 1939-ի ու 1956-ի վերահրատարակութիւններէն ետք:

Քուլիս Ալեփիս Եւ «Արմենիքի Մուսա»

«Հետաքրքրական է, թէ ինչպէ՛ս բանաստեղծութիւնը, որ իրապէս այնքան քիչ անհրաժեշտ է մարդոց, համաշխարհային արուեստի մէջ այնքան բարձր դիրք կը գրաւէ: Բանաստեղծութիւնը հոգիներու երաժշտութիւնն է, մանաւանդ` զգայուն ու վեհ հոգիներու»:

Ֆրանսացի բանաստեղծ Վոլթերի այս խօսքերուն համահունչ անձնաւորութիւն մը` Քուլիս (Քիրիաքոս) Ալեփիս Յունաստանի Լաքոնիայի Արէոփոլիս քաղաքին մէջ ծնած է 1903-ին: Աթէնքի մէջ իրաւագիտութիւն եւ փիլիսոփայութիւն ուսանելէ ետք, ան բանաստեղծութիւններ կը սկսի հրատարակել յունական հանդէսներու մէջ:

27 տարեկան հասակին ան պաշտօն կը ստանձնէ Արղոսի տնտեսական նախարարութեան մէջ, ուր կը սիրահարի երիտասարդ աղջկան մը, որ սակայն կը տառապի թոքախտէ: Քուլիս Ալեփիս օրական կ՛ընկերանայ իր սիրահարին` մինչեւ ճակատագրական վերջը: Այդ ժամանակ կը յղանայ իր ամէնէն ծանօթ բանաստեղծութիւնը, որ յոյն գրական շրջանակներուն կողմէ կ՛ընդունուի որպէս յունական բանաստեղծութեան գլուխ գործոցներէն մին:

Աղջկան վաղաժամ կորուստը, տխրութիւնն ու մելամաղձոտութիւնը իրենց ծանր կնիքը կը ձգեն զգայուն բանաստեղծի սրտին վրայ` իր կեանքը նշանաւորելով մինչեւ իր մահը:

1935-ին, Քոսթիս Փալամասի դրդումով, ան կը սկսի սերտել հայ մշակոյթի գոհարները` կարդալով հայ բանաստեղծներու ֆրանսերէն թարգմանութիւնները: Առաջին ծանօթութեան խանդավառութիւնը աւելի կը խորանայ, երբ փափաքելով աւելի եւս տեղեկանալ այս մասին, կ՛այցելէ «Նոր Օր» օրաթերթի խմբագրատունը, ուր կը հանդիպի երիտասարդ խմբագիր եւ բանաստեղծ Վազգէն Եսայեանին:

Այս հանդիպումը ճակատագրական կը դառնայ երկուքին համար, քանի որ խոր արմատներով երկար բարեկամութեան մը կը յանգեցնէ: Երկու երիտասարդ բանաստեղծներուն հանդիպումները կը դառնան ծայր աստիճան հոգեդղորդ, մանաւանդ որ Վազգէն Եսայեան կը յորդորէ Քուլիս Ալեփիսը, որ հայերէն սորվի եւ սկսի յունարէնի թարգմանել հայկական բանաստեղծութիւնները: Այս գաղափարը մեծապէս կը խանդավառէ Քուլիս Ալեփիսը, որ անսովոր եռանդով կը սկսի շուտով հմտանալ հայերէնին մէջ (ան արդէն կը խօսէր լատիներէն, իտալերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն):

Անոր ջանքերուն արդիւնքը կ՛ըլլան հայ բանաստեղծներու հոյակապ թարգմանութիւնները, որոնք հատուածաբար լոյս տեսնելէ ետք գրական տարբեր հանդէսներու մէջ, կ՛ամփոփուին «Արմենիքի մուսա» խորագիրը կրող հաւաքածոյի մը մէջ` հայ քնարական աշխարհը ներկայացնելով յոյն հասարակութեան: Յոյն բանաստեղծին աշխատանքը մեծ խանդավառութեամբ կ՛ընդունուի յոյն մտաւորական ու մշակութային շրջանակներուն կողմէ` ստիպելով Քուլիս Ալեփիսին, որ 1936-ի սկզբնական հրատարակութենէն ետք, երկրորդ ու երրորդ հրատարակութիւններ կատարէ 1938-ին եւ 1956-ին:

«Արմենիքի մուսա»-ն կը բովանդակէ` Դանիէլ Վարուժանի, Աւետիս Ահարոնեանի, Պետրոս Դուրեանի, Վահան Թէքէեանի, Գէորգ Կառվարենցի, Քամառ Գաթիպայի, Մատթէոս Զարիֆեանի, Եղիշէ արք. Դուրեանի, Արշակ Չոպանեանի, Մեծարենցի եւ ուրիշ գրողներու ստեղծագործութիւններու թարգմանութիւններ: Քուլիս Ալեփիս փորձած է ծանօթացնել հայ սիրուած բանաստեղծներու գործերը` արժանաւորապէս գնահատելով անոնց արուեստագէտի խառնուածքը, իւրաքանչիւրի կեանքի պայմաններուն ընդմէջէն:

 

Նախորդը

Մինաս Թէօլէօլեան (1913-1997). Մեծավաստակ Գրականագէտը, Հրապարակագիրը Եւ Ուսուցիչը

Յաջորդը

Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մասնակցութիւնը Հոնկ Քոնկի Մէջ Երկու Քորէաներու Միջեւ Խաղաղութեան Նուիրուած Խորհրդաժողովին

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅ Դաշնակցութիւնը` Պատնէշին Վրայ, Աւելի Քան Երբեք

November 25, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն. Դաշնակցական Ընկերոջ Օրինակը Ընկեր Մ. Պարոնեան

November 25, 2026
Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը` Հաստատութենական Հեռանկարով

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։